ԴԱՇՏԱԴԷՄԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԱԾ Է
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լին Մ. Թրէյսի Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Տիգրան Գալստեանի հետ, մի քանի օր առաջ, նշանաւորեց Դաշտադէմի ամրոցի պահպանութեան ծրագրին աւարտը: Ծրագիրը, որ հովանաւորուած էր Միացեալ Նահանգներու Դեսպաններու մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին կողմէ, ներգրաւած է պեղումներ եւ Դաշտադէմ ամրոցի համալիրի մասնակի վերականգնումը:
Լին Թրէյսի Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու երրորդ դեսպանն է, որ կը մասնակցի Դաշտադէմի ծրագրին: Նախորդ երկու դեսպաններուն օրով սկսած ծրագիրը աւարտին հասաւ անոր պաշտօնավարութեան առաջին օրերուն:
Հայաստանի երրորդ մեծ ամրոցը եւ Կովկասի տարաքին մեծագոյն ամրոցներէն մէկը ըլլալով պատմական եւ ճարտարապետական մեծ նշանակութիւն ունեցող վայր մըն է Արագածոտնի մարզի Դաշտադէմ գիւղին քով գտնուող Դաշտադէմ ամրոցը: Այստեղ կը գտնուին 7-րդ դարու Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, 12-րդ դարու Խանի պալատը եւ 9-րդ դարուն վերագրուող քրիստոնէական տապանաքարեր: Զարմանալի է, բայց ամրոցին մէջ 20-րդ դարու երկրորդ տասնամեակին բնակելի տուներ կառուցուած են եւ մարդիկ հոն բնակած են, միայն երկարատեւ աշխատանքներէ ետք հնարաւոր եղած է բնակիչները ուրիշ վայրեր տեղափոխել, տուներն ալ քանդել:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան միջոցներով կատարուած վերականգնման այս փուլը 2015 թուականին աւարտած պահպանութեան ծրագրի շարունակութիւնն էր, որուն ծախսերը նոյնպէս հոգացած էր Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը: Համագործակցելով Մշակոյթի նախարարութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը փաստօրէն իրականութիւն դարձուց հնագոյն եւ արժէքաւոր Դաշտադէմ ամրոցի պահպանման նախագիծը՝ մաքրելով, ամրացնելով եւ պեղումներուն աջակցելով:
Դաշտադէմի ամրոցին պատմական ակունքները կը հասնին առնուազն Ն. Ք. 8-րդ դար, երբ կը թագաւորէին ուրարտացիները: Այս սքանչելի պատմական յուշարձանը այսօր զբօսաշրջային վայր մըն է եւ կը գրաւէ մեծաթիւ այցելուներու ուշադրութիւնը:
Ներդրուած մեծ գումարներուն շնորհիւ Դաշտադէմի ամրոցը կը մնայ վայր մը, ուր մարդիկ հաղորդակից կը դառնան միջնադարեան թագաւորութիւններու ստեղծման ու անկման պատմութեան, կը ծանօթանան հայկական երեք արքայատոհմերու՝ Կամսարականներու, Բագրատունիներու եւ Զաքարեաններու կեանքին ու գործունէութեան:
Դաշտադէմի ամրոցը Քաղենի բնակավայրի անունով կը կոչուի նաեւ Քաղենիի ամրոց: Մարդիկ զայն կ՚անունանեն նաեւ Թալինի բերդ:
Անոր մասին յիշատակութիւն կայ Հայաստանի տարածքին արաբական արշաւանքներու առաջին շրջանէն (7-րդ դար)։ Ամրոցին հնագոյն մասը մաքուր տաշուած քարերով, կրաշաղախով շինուած ուղղանկիւն աշտարակ մըն է, որուն 1174 թուականին Անիի Շատտատեան քրտական ընտանիքի վերջին կառավարիչ Սուլթան իպն Մահմուտ իպն Շաւուրին կցած է կառուցել կիսաշրջանակաձեւ եւ բազմանկիւն յատակագիծով բուրգեր (այդ մասին արաբերէն արձանագրութիւն կայ հարաւային բուրգին վրայ)։ Ամրոցին շուրջը յետագային կիսաշրջանակաձեւ աշտարակներով պարիսպներ կառուցուած են, որոնց միայն հետքերը պահպանուած են։ Հիւսիսային պատին կից կայ միանաւ թաղածածկ եկեղեցին, որ կառուցուած է կարմիր սրբատաշ տուֆ քարերով։ Երբեմն Սուրբ Սարգիսի տօնին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի:
1812 թուականին Երեւանի Սարտար Հիւսէյին խանը հին ամրոցը շրջապատած է կոպտատաշ պազալտ կաւէ շաղախով շարուած բազմանկիւն յատակագիծով, անկիւններուն վրայ՝ ութ աշտարակներով, չափազանց հաստ պարսպապատերով։
Յատկանշական է ամրոցին արեւմտեան մուտքին մօտ 14-րդ դարուն պատկանող հայկական արձանագրութիւնը։ Իվանէ Զաքարեանի որդին՝ Աղբուղէնի թողած արձանագրութիւնն է, որ կը պատմէ Թալինը գինիի հարկէն ազատելու նուիրատուութեան մասին: Ամրոցը ունի ստորերկրեայ գաղտնուղի մը, որ սկիզբ կ՚առնէ պարիսպին հարաւ-արեւմտեան պատին կեդրոնէն եւ կը հասնի արեւմտեան կողմի ձորակը: Այս բոլորը կը վկայեն, որ Դաշտադէմի ամրոցը քաղաքական-վարչական կեդրոն մը ըլլալէ զատ եղած է նաեւ Հայաստանի պաշտպանական կարեւոր վայրերէն: Ամրոցները սովորաբար կառուցուած են բնական ամուր գետնի վրայ՝ ժայռերու, բլուրներու գագաթին, սարահարթերու բարձրադիր վայրերուն վրայ, որպէսզի, բացի պարիսպներէն, ամրոցին պաշտպանութեան նպաստէ նաեւ բնական միջավայրը: Դաշտադէմի ամրոցը, այս իմաստով, առանձնայատուկ է՝ չունի բնական պաշտպանուածութիւն եւ կ՚ապաւինի միայն իր պարիսպներուն: Բայց եւ այնպէս, Դաշտադէմի ամրոցը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ամենալաւ պահպանուած եւ ամենաերկարակեաց միջնադարեան ամրոցն է:
Որպէս ամրոց անիկա գոյութիւն ունեցած է մինչեւ 20-րդ դար: Գլխաւոր մուտքին վերի մասը քանդակուած են Բագրատունեաց թագաւորութեան զինանշան յովազները:
ԲԱԶՈՒՄ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը միշտ ուշադրութեան կեդրոնին պահած է Հայաստանի խնամքի եւ վերականգնման կարիք ունեցող յուշարձանները ու նորոգման եւ պահպանման աշխատանքներ իրականացուցած է այդ տարածքներուն վրայ, հովանաւորած մշակութային ձեռնարկներ: Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուները նմանատիպ աշխատանքներ կը տանին նաեւ հարիւաւոր ուրիշ երկիրներու մէջ:
Միացեալ Նահանգներու Դեսպաններու մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամի ստեղծման գաղափարը հաստատած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը՝ 2000 թուականի աշնան եւ այդ ժամանակէն ի վեր Հիմնադրամը իրականացուցած է մշակութային արժէքներու պահպանութեան 640 ծրագիր՝ աշխարհի 100 երկիրներու մէջ: Անոնք մշակութային արժէքներու պահպանութեան ուղղուած բազմազան ծրագիրներ են, մասնաւորապէս՝ պատմական նշանակութեամբ շէնքերու վերականգնում, թանգարանային հաւաքածոներու հաշուառում եւ պահպանում, հնաբանական վայրերու պահպանութիւն, անհետացման եզրին գտնուող աւանդական արուեստներու, տեղական լեզուներու, բարբառներու պահպանութեան աշխատանքներ եւ արխիւներու ու ձեռագիրներու պահպանման պայմաններու բարելաւում:
Դաշտադէմի ծրագիրը աւարտին հասաւ, իսկ այսօր դեսպանատան միջոցներով աշխատանքներ կը տարուին հայկական մշակոյթի գոհարներէն նկատուող Մեղրիի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ տարածքէն ներս:
Սուրբ Սարգիս եկեղեցին (կոչուած է նաեւ Սուրբ Յովհաննէս) հայ-պարսկական ճարտարապետական ոճով ինքնատիպ կառոյց մըն է: Եզակի ու միակն է Կովկասի եւ ընդհանրապէս՝ Միջին Արեւելքի մէջ՝ իր ոճով ու հարուստ ներքին որմնանկարներով, որոնց մէջ զուգորդուած են ուշ միջնադարեան քրիստոնէական ու պարսկական պատկերագրութեան տարրերը եւ միախառնուած զանազան մշակոյթներու մօտեցումները՝ սուրբերու պատկերման վերաբերեալ:
Դեսպանատունը Հայաստանի մէջ վերականգնած է նաեւ երկու որմնանկար. մէկը գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի՝ Կիւմրիի մէջ գտնուող «Լեռներու մէջ. կթուորներ» որմնանկարն է, միւսը՝ նկարիչ Ռաֆայէլ Աթոյեանի «Ջաղացքի ճանապարհին» որմնանկարը, որոնք, զանազան վայրերու մէջ ըլլալով, ենթարկուած էին վնասներու:
Այս հովանաւորական ծրագիրներուն մէջ եղած են նաեւ Նորատուսի միջնադարեան գերեզմանոցի պահպանումն ու այնտեղ առկայ խաչքարերու քարտէսագրումն ու ցուցակագրումը: Նորատուսի գերեզմանատունը Հայաստանի բացառիկ պատմական վայրերէն է, հայկական միջնադարեան գերեզմանոց մըն է՝ Գեղարքունիքի մարզի Նորատուս գիւղի հարաւ-արեւելեան հատուածին վրայ։ Այստեղ կանգուն խաչքարերը կը պատկանին 10-18-րդ դարերուն։ Ջուղայի խաչքարերու ոչնչացումէն ետք Նորատուսի խաչքարերուն գերեզմանոցը կը նկատուի աշխարհի մէջ խաչքարերու ամենամեծ համալիրը: Այստեղ կը պահպանուի շուրջ 800 խաչքար, որոնցմէ ամէն մէկը ունի իր իւրայատուկ փորագրութիւնը՝ կենդանիի պատկեր, տեսարաններ եւ այլն: Հակառակ միջնադարեան ըլլալուն, Նորատուսի ամենահին խաչքարը մեզի հասած է 5-րդ դարէն:
Նորատուսը երբեմն կը կոչեն խաչքարերու անտառ, բացօթեայ թանգարան, որ կը պարունակէ խաչքարային արուեստի եզակի հաւաքածոյ մը: Այս վայրը խորհրդաւոր տպաւորութիւն կը ձգէ Հայաստանի մասին: Այսպիսի աւանդութիւն մը կայ. մոնղոլ-թաթարական յարձակումներուն ժամանակ հարիւրաւոր խաչքարեր զինուորներու պէս կը զգեստաւորուին: Թշնամին կը նահանջէ՝ տեսնելով այդ զարհուրելի տեսարանը:
Ճարտարապետական բարձր ոճով քանդակուած այս խաչքարերը տեսնելու կու գան աշխարհի զանազան երկիրներէն հազարաւոր զբօսաշրջիկներ:
Դեսպանատունը հովանաւորած է նաեւ Գառնիի միջնադարեան կամուրջին պահպանութիւնը: Ազատ գետին վրայ 11-րդ դարուն կառուցուած կամուրջը Գառնի գիւղը կը կապէ գետին ձախ ափին գտնուող Հաւուց Թառ եւ այլ նշանաւոր վանական համալիրներու եւ յուշարձաններու:
Դեսպանատան ծրագիրներուն միջոցաւ նաեւ 9-րդ դարուն պատկանող Տաթեւի գիտա-կրթական կեդրոնին պատերը ամրացուած են, ինչպէս նաեւ հայկական աւանդական պարերու ու երաժշտութեան հաւաքագրում-փաստագրումը հովանաւորուած է:
Այս ծրագիրներուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունի մեծ ձեռնարկ մը, որ Արենիի քարանձաւին մէջ առկայ նշանակալից հնագիտական գտածոներու պահպանութեան աշխատանքներն են:
Նորավանքի ճանապարհէն դէպի վար, լեռներուն մէջ ծուարած կայ քարանձաւ մը, որ ծանօթ է «Արենի-1» անունով: Մարդիկ հոնկէ անցած պահուն թերեւս չնկատեն զայն, բայց երբ հնագէտները սկսան աշխատանքներ իրականացնել, տեղի ունեցան շատ կարեւոր բացայայտումներ. հոս գտնուեցան աշխարհի ամենահին կօշիկը եւ աշխարհի առաջին գինիի հնձանը: Դեսպանատունը անմիջապէս հովանաւորութեան տակ առաւ քարանձաւին պահպանութիւնը, նկատի ունենալով, որ գտածոները համամարդկային ժառանգութիւն են, որ կը միաւորեն աշխարհի բոլոր ժողովուրդները՝ մէկ կողմ ձգելով սահմանները:
Երբ լուրեր տարածուեցան այս բացայայտումներուն մասին, բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ սկսան այցելել այս վայրը, բան մը որ կը վտանգէ հոն գտնուող, սակայն չբացայայտուած գտածոները եւ կը խոչընդոտէ ընթացիկ հնագիտական աշխատանքները: Դեսպանատան միջոցներով տեղը ցանկապատուեցաւ, ապահովուեցան լոյսեր ու քայլուղիներ, որպէսզի այցելուները չվնասեն հնավայրը, եւ իրականացուեցան հնավայրի պահպանման աշխատանքներ:
ԲԱՐԵՒ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Մօտ երկու ամիս առաջ, Հայաստանը հրաժեշտ տուաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին՝ Ռիչըրտ Միլսին եւ ընդունեց նոր դեսպանը: Լին Թրէյսի պաշտօնական երդումով ստանձնեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի պաշտօնը: Ան մասնագիտութեամբ դիւանագէտ է: Մինչ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուիլը՝ զբաղեցուցած է Ռուսաստանի հարցերով աւագ խորհրդականի պաշտօնը՝ Պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիայի պիւրոյին մէջ: 2014-2017 թուականներուն Լին Թրէյսի Ռուսաստանի դեսպանութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխ-դեսպանն էր: Ան զբաղեցուցած է կարգ մը ուրիշ բարձր պաշտօններ. 2012-2014 թուականներուն եղած է Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով պետական քարտուղարի փոխ-տեղակալը՝ Հարաւային ու Կեդրոնական Ասիոյ պիւրոյէն ներս, իսկ 2010-2011 թուականներունն՝ Թիւրքմենիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխ-դեսպանը: 2006-2009 թուականներուն Լին Թրէյսի Փեշաւարի, Փաքիստան, մօտ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի գլխաւոր դիւանագիտական պաշտօնեան էր, եւ այս պաշտօնը վարելու ժամանակ արժանացած է պետական քարտուղարին կողմէ շնորհուող հերոսութեան պարգեւին: 2004-2006 թուականներուն ղեկավարած է Աստանայի, Ղազախիստան, մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան ներկայացուցչութեան գործունէութիւնը: Լին Թրէյսի նաեւ ծառայած է Քապուլի, (Աֆղանիստան, եւ Պիշքէքի, Խրղըզիստան, դեսպանութիւններուն մէջ, իսկ 2000-2001 թուականներուն աշխատած է Պետական քարտուղարութեան Նորանկախ պետութիւններու յատուկ յանձնակատարի գրասենեակին մէջ:
Լին Թրէյսի մասնագիտական կոչում ստացած է Միացեալ Նահանգներու Ճորճիայի համալսարանին մէջ, ապա իրաւագիտութիւն ուսանած է Աքրոնի համալսարանին մէջ, Աքրոն, Օհայօ: 2017 թուականին արժանացած է Պետական քարտուղարութեան պատուաւոր պարգեւին՝ Մոսկուայի մօտ Միացեալ Նահանգներու փոխ-դեսպանի պաշտօնին իր ակնառու ծառայութեան համար: Ռուսերէնի իմացութիւն ունի:
Դեսպանը, պաշտօնը ստանձնելէ ետք, օրագրի սկսած է դեսպանատան էջին վրայ՝ «Բարեւ, Հայաստան» առաջին գրութեամբ.
«Կ՚ուզեմ այս հարթակը գործածել, որ մարդիկ աւելի լաւ ճանչնան զիս, գիտնան իմ խոհերս ու մտորումներս տարաբնոյթ հարցերու շուրջ, որոնք երբեմն նաեւ աւանդական դիւանագիտութեան համաթեքստէն դուրս են: Յոյսով եմ, որ գրառումներս կ՚օգնեն նաեւ աւելին գիտնալու Միացեալ Նահանգներու մասին եւ մի՛ կարծէք, թէ պիտի խօսիմ միայն մեր կառավարութեան մասին: Կը խօսիմ նաեւ պիզնըսի եւ անշուշտ, մեր ժողովուրդին մասին: Ես նաեւ անդրադարձ կը կատարեմ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան, մտաւոր սեփականութեան, մշակութային եւ այլ հարցերու մասին:
«Նախ խօսիմ իմ մասին: Իմ անցած մասնագիտական ճանապարհիս մասին կարող էք կարդալ կենսագրականիս մէջ, բայց կ՚ուզէի ձեզի պատմել որոշ բաներ, որոնք այդ պաշտօնական տուեալներուն մէջ տեղ չեն գտած: Կ՚երեւի պէտք է սկսիմ ծննդավայրէս: Ծնած ու հասակ առած եմ Օհայօ նահանգի Պարպերթոն քաղաքին մէջ: Ինծի համար քաղաքին ամենասիրելի վայրերէն էր Լէյք Աննա զբօսայգին: Հայերուն պէս մենք ալ կարեւորութիւն կու տանք կանաչ գօտիներու առկայութեան մեր բնակավայրերուն մէջ: Պարպերթոնի ճիշդ սրտին վրայ կը գտնուի Լէյք Աննա զբօսայգին, ուր մարդիկ կու գան մասնակցելու զանազան համայնքային ձեռնարկներու կամ պարզապէս ճեմելու համար, մանաւանդ երբ բալենիները կը ծաղկին:
«Հայաստանը շատ սիրելի է ինծի: Անցեալ շաբաթ հանգստեան օրերուն դեսպանատան կարգ մը գործընկերներուն հետ գինի համտեսելու գացած էինք: Ուրախալի էր գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս հայկական գինիները իրենց արժանի տեղը գտած են տեղական ու միջազգային շուկաներուն մէջ եւ, ի հարկէ, ճաշակած եմ գինին՝ անձամբ համոզուելու, թէ ի՛նչ կ՚առաջարկէ հայկական գինեգործութիւնը: Յաջորդը, թերեւս, խորոված համտեսելու վայրը ըլլայ:
«Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը ունի ծառայութիւն մը, որ նորանշանակ դեսպաններուն համար կը պատրաստէ տեսանիւթ մը, ուր անոնք կը ներկայանան դեսպանընկալ երկրի ժողովուրդին: Գերազանց տեսանիւթեր կը պատրաստեն, բայց ես նախընտրեցի հայ ժողովուրդին ուղղուած իմ տեսաուղերձը պատրաստել Հայաստանի մէջ: Շատ շնորհակալ եմ հայաստանեան հեռուստաընկերութեան, որ պատրաստեց տեսահոլովակը եւ նկարահանումներ կատարեց Երեւանի զանազան վայրերուն մէջ:
«Յոյսով եմ, որ կը հետեւիք օրագրիս, որպէսզի աւելին գիտնաք իմ եւ Միացեալ Նահանգներու մշակոյթին ու արժէքներուն մասին: Մեր երկիրը շատ բազմազան է, կը յուսամ, որ կը կարողանամ այդ մէկը ներկայացնել ձեզի»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ