ՍԷՐՃԱՆ ԿԱԶԷՐՕՂԼՈՒ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾԷ ԻՐ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի ե­րի­տա­սարդ ու տա­ղան­դա­ւոր ու­ժե­րէն Սէր­ճան Կա­զէ­րօղ­լու ներ­կա­յիս կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ իր հմտու­թիւն­նե­րը։ «Պահ­չէ­շէ­հիր» հա­մալսա­րա­նէն ներս ան վեր­ջին շրջա­նին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է երգ­չա­խում­բի դպրո­ցի խմբա­վա­րու­թեան ծրագ­րին։ Շա­բա­թա­վեր­ջին յի­շեալ հա­մալ­սա­րա­նի Պէ­շիկ­թա­շի մաս­նա­ճիւ­ղի ամ­փի­թատ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վե­րո­յի­շեալ ծրագ­րին մաս­նա­կից թեկ­նա­ծու-խմբա­վար­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան հա­մեր­գը։ Այս շրջագ­ծով հան­դէս ե­կան թեկ­նա­ծու-խմբա­վար­նե­րը, ո­րոնց մա­կա­նին ներ­քեւ երգ­չա­խում­բը մեկ­նա­բա­նեց երգ մը։ Այս շրջագ­ծով նման փոր­ձա­ռու­թիւն մը ու­նե­ցաւ նաեւ Սէր­ճան Կա­զէ­րօղ­լու, որ ար­դա­րա­ցուց իր վրայ դրուած յոյ­սե­րը։ Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին ծրագ­րի ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը։ Սէր­ճան Կա­զէ­րօղ­լուն ալ վկա­յա­կա­նը ստա­ցաւ՝ ար­ժա­նա­ցած ըլ­լա­լով մաս­նա­գէտ­նե­րու բարձր գնա­հա­տան­քին։

«BAUART» կո­չուած այս երգ­չախմ­բա­յին դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած սե­մի­նար­նե­րու շար­քին մէջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նած է նաեւ յայտ­նի խմբա­վար Նուարդ Անդ­րէա­սեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016