ՀՐԱԺԵՇՏ ԴՊՐՈՑԻՆ

Ու հնչեց զանգը, հնչեց,

Ու հնչեց վերջին անգամ՝ վերջին։

Ծաղիկներով, մի քիչ թաց աչքերով,

Կարօտելու եմ ես՝ դպրոցն ու բոլորին։

Բայց ինչ արած, պիտի գնանք՝ մնաք բարով…

Թաթա Սիմոնեանի գեղեցիկ երգի ելեւէջներուն ներքեւ ահաւասիկ հնչեց վերջին զանգը։ Բոլոր աշակերտները միաժամանակ թէ՛ շատ ուրախ էին, թէ յուզուած։ Ամէնուր կը շռայլուէր շնորհակալութեան ու գովեստի խօսքեր։ Աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն աչքերը տամկացած էին. ոմանք նոյնիսկ հոնգուր-հոնգուր կու լային։

Արփին ալ բացառութիւն չէր։ Մինչ այդ պահը ան՝ իր ընկերներուն հետ սրտատրոփ կը սպասէր, թէ վերջապէս երբ հրաժեշտ պիտի առնէ վարժարանէն։

Արդարեւ, շրջանաւարտ ըլլալը դիւրին չէ։ Ուսումնական վերջին տարին բաւականին խրթին եւ լարուածութեամբ լեցուն կ՚անցնի աշակերտներու համար։ Չէ՞ որ դպրոցի ծանրաբեռնուած դասերուն կը գումարուին մասնաւոր դասապատրաստումները, ընթացիկ ու տարեվերջեան եւ ամենէն կարեւորը՝ համալսարանի մտից քննութիւնները։ Այս բոլորը քրտնաջան ու անխոնջ աշխատանք կը պահանջէ մատղաշ պատանիներէն։ Մի ամբողջ լարուած ուսումնական տարուայ աւարտին կը գումարուին քննութիւններուն նախապատրաստուելու անքուն գիշերները։ Մէկ խօսքով՝ դաժան օրեր. աշակերտները այլեւս ո՛չ գիրք կ՚ուզեն տեսնել, ոչ ալ առաւել եւս՝ վարժարան։ Պահ մը նոյնիսկ այդ անուններէն կը նողկան։

Նոյն կացութեան մէջ էր նաեւ Արփին։ Ան շրջանաւարտ ըլլալու համար օրեր կը համրէր։ Ահաւասիկ սպասուած օրը հասաւ։ Անոր լիաթոք ուրախութիւնը ինքնըստինքեան համեմուեցաւ մելամաղձոտ երանգներով։ Պատանուհիի զգացումները իրարու խառնուեցան։ Արփին բնաւ չէր յուսար, թէ իր շրջանաւարտութեան ինք կրնայ տխրիլ, առաւել եւս՝ արցունք թափել։

Տակաւին քանի մը օր առաջ դպրոցական նստարանին նստած, ընկեր-ընկերուհիներով կը խնդային, կը ծաղրէին, նոյնիսկ կը շուարէին այն աշակերտներուն վրայ, որոնք արցունքն աչքերին հրաժեշտ կ՚առնէին հարազատ կրթօճախէն։ Իսկ այսօր, եկուր ու տես, որ նոյն իրավիճակի մէջ յայտնուած են մեր դեռատի պոռոտախօսները։

Ինչեւէ, գեղեցիկ օրը մօտեցաւ աւարտին։ Ամէն մարդ տուն գնաց։ Արփին յոգնած ու տուայտած անմիջապէս անկողին մտաւ։

Փորձեց քնանալ, սակայն չկրցաւ։ «Թըխկ-թըխկ», լսուեցաւ դրան ձայնը։

-Ներս եկուր, մայրիկ։

-Աղջիկս, ես ալ տատամսելով, սովորականի պէս՝ օրուայ աւարտին որպիսութիւնդ հարցնելու, եւ վերջին պաչիկս տալու եւ առնելու եկայ։ Վստահ էի, թէ քնածաց պիտի ըլլաս։

-Որքան ալ յոգնած ըլլամ, ես առանց քեզ գրկելու եւ համբուրելու չեմ կրնար քնանալ, իմ անոյշ մայրիկ։- Գոհունակ ժպիտով ու թեւերը բացած ըսաւ Արփին։

Մայր ու աղջիկ գիրկընդխառնուեցան։

-Դստրիկս, օրդ ինչպէ՞ս անցաւ, գոհ մնացի՞ր։

-Հրաշալի էր։ Այո, գոհ մնացի, սակայն ես այլ կերպ կը պատկերացնէի իմ հրաժեշտը դպրոցին հետ։ Երկար ժամանակ ինծի կը թուէր, թէ հրաժեշտ առնելով դպրոցէն, ձեռք պիտի բերեմ անսահման երջանկութիւն, ազատութիւն։ Մայրիկ, գիտես մտքիս մէջ յաճախ դպրոցը կը նմանեցնէի բանտի։ Այնտեղ հոգիս բանտարկուած էր, միտքս ծանրաբեռնուած։ Այսօր, ես այդ ազատութիւնը գտայ, սակայն ինքզինքս երջանիկ չեմ զգար։ Ազատութեան հետ ինծի այցելած եւ հոգւոյս մէջ բոյն հիւսած է անհուն դատարկութիւն մը։ Այս զգացումը ինծի շատ անծանօթ ու խորթ է։

-Գիտեմ Արփիս, ինծի քաջածանօթ է այդ ունայնութեան զգացումը։

-Աղջիկս, դուն քիչ առաջ գոցեցիր քու կեանքիդ ամենէն գեղեցիկ ու անհոգ էջը։ Մենք՝ մարդիկս ունակ չենք գնահատելու, վայելելու պահը։ Եւ միայն պատմութիւն դառնալէ ետք զայն կը սկսինք արժեւորելու։ Մարդու կեանքը բաղկացած է քանի մը փուլերէ ու շրջաններէ՝ մանկապարտէզ, դպրոց, համալսարան, աշխատանք, ամուսնութիւն, զաւակներ եւ այլն։ Իւրաքանչիւր շրջան իր գեղեցկութիւնն ու առանձնայատկութիւնը ունի։ Անոնցմէ ամէն մին յաղթահարելէ ետք միայն՝ մենք զայն շատ կը կարօտնանք։ Ան մեզի համար քաղցր յուշի մը կը վերածուի։ Հաւատայ, այդ յուշերէն ամենէն ջերմն ու բարին, յիշարժանը՝ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներն են, ուր փառահեռ տեղ կը զբաղեցնէ՝ դպրոցի հետ կապուած յուշերն ու ապրումները։

-Կը տատամսիմ մայր, մարդ ինչպէ՞ս կրնայ կարօտնալ տանջանքի օրերը. ըստ իս, անհնարին է,- ժպիտով աւելցուց Արփին։

-Աղջիկս, հոգւոյդ մէջ գոյացած այժմու դատարկութիւնը՝ կարօտն է։ Դուն այլեւս սկսար կարօտնալ դպրոցդ, սակայն, տակաւին չես գիտակցիր։ Յոյզերդ ալեկոծուած են եւ դուն ի վիճակի չես ճիշդ կողմնորոշուելու։ Մինչեւ այսօր դուն ամպերու մէջ էիր։ Վերջին զանգի՝ զանգակի մեղեդիներու ներքեւ դուն գոցեցիր մանկութեանդ ու պատանեկութեանդ վերջին էջը ու սկսար համր քայլերով ուղուիլ դէպի իրական կեանք։ Միշտ յիշէ՝

Կեանքը հրաշք է,

Սակայն հրաշքներ չկան կեանքի մէջ։

Այս թեւաւոր խօսքերը կեանքիդ ուղեկիցը թո՛ղ դառնան։ Ինչեւէ… Արփիս, իմ այժմու բոլոր բացատրութիւնները դուն ունակ չես ըմբռնելու, ինչ որ բնական է։ Վստահ եղի՛ր, այս բառերը խոր քունի պիտի մտնան ուղեղիդ ծալքերուն մէջ։ Ժամանակի ընթացքին, առերեւսուելով կեանքի սեւ ու ճերմակ երեսակներուն հետ, անոնք պիտի արթննան։ Միայն այդ ժամանակ դուն կը սկսիս արժեւորել զայն, որմէ երկար ատեն կը գանգատէիր։ Այժմ քեզ բարի գիշեր եւ անուշ երազներ հրեշտակս։

-Մայրիկ, դուն անգին ես ու մէկ հատիկ։ Շնորհակալ եմ քեզի, քու բոլոր բարի խորհուրդներուն եւ ուղեցոյցներուն համար։ Ես կը վսահեմ քու ամէն մէկ բառին։ Բարի գիշեր…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019