«ԹԻԹԱՆԻՔ»Ի ԽՈՐՏԱԿՈՒՄԸ՝ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ

Չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել, թէ «Թիթանիք» դարձաւ պատմութեան մէջ հռչակաւոր նաւը։ «Թիթանիք»ի կործանումը տասնեակ տարիներ ետք, տակաւին կը մնայ ամենայայտնի աղէտներէն մին։ Բազմաթիւ վէպերու եւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու, շարժանկարներու կամ վաւերականներու նիւթ ծառայած նաւու հիասքանչ կառուցուածքի ու ճակատագրի մասին հետաքրքրութիւնը չէ պակսած մինչ օրս։ 

Գրեթէ դար մը առաջ, մարդիկ կը հաւատային, թէ «Թիթանիք»ը ամենակատարեալ նաւն էր ու երբեք չէր կործաներ։ Նոյեան տապանին ալ նմանցուած նաւը «Սաութհեմփթըն» նաւահանգիստի ամենաշքեղն ու ամենահսկան էր։ Նաւը մէկտեղած էր հարուստներ, աղքատներ, մտաւորականներ, կը պարունակէր ֆրանսացի տպաւորապաշտներու կտաւներ, գերմանական ինքնաշարժներ, իտալական գինիներ… 

1912 թուականին «Թիթանիք» Հիւսիսային ովկիանոսի խոր յատակը ընկղմելէ տասնչորս տարի առաջ լոյս տեսաւ Մորկըն Ռապըրթսընի գիրքը, որ իսկապէս ուշագրաւ է։ 

«Այո՛, այո, գտայ, վերջապէս գտայ այնպիսի պատմութիւն, որ կը պատմէ այն մեծ նաւու մը մասին, թէ արկածի կ՚ենթարկուի. Օլիմփոսի ժամանակներու թիթաններու նման մեծ նաւ մը։ Ի հարկէ, ան պէտք է կոչուէր Թիթան»։

Մորկըն Էնտրու Ռապըրթսըն ամերիկացի արձակագիր ու վիպագիր մըն է։ Այն ժամանակ, երբ ան կը գրէր իր ոճով վէպեր ու պատմուածքներ, 1898 թուականին սկսաւ գրի առնել հետաքրքրական պատմութիւն մը, որ հրատարակեց «Թիթանի նաւաբեկութիւնը» խորագրով։ Վէպը կը նկարագրէ նաւաբեկութիւն մը։ Հեղինակը նման պատմութիւն մը գրած է հաւանաբար այն պատճառով, որ անոր հայրը Ամերիկայի մեծ լիճերու նաւապետներէն մին էր։ Գիրքի մէջ, «Թիթան» նաւը աշխարհի ամենամեծ, ամենաշքեղ նաւն էր ու մարդկութեան ամենահսկայ «ստեղծագործութիւնը»։ Ամենաշքեղ նաւը կառուցելու համար որեւէ ծախս չէր խնայուած, նոյնիսկ աշխատակազմի սենեակները համազօր էին առաջին կարգի հիւրանոցի մը։ Թիթանի շինարարութեան համար օգտագործուած էին ամենաարդիական պողպատէ համակարգեր՝ ներառեալ 19 ջրադիմացկուն՝ անջրանցիկ բաժանմունք։ Նոյնիսկ երբ այդ 19 բաժանմունքները ընկղմէին, նաւը պիտի շարունակէր ճամբորդութիւնը եւ որեւէ բնական աղէտ պիտի չկարենար մաշեցնել զայն։ Թիթան շոգենաւը գործնականօրէն կը համարուէր անխորտակելի։

Քանի որ Թիթանը կը համարուէր «անխորտակելի», կը պարունակէր միայն օրէնքով պահանջուած փրկարարական նաւակներու նուազագոյն քանակը եւ այն նաւակներու իւրաքանչիւրը կրնային շուրջ 24-500 մարդ փոխադրել։ Այդ նաւակները աւելի քան 2000 ճամբորդի համար բաւարար չէին։ Թիթանը հիւսիսատլանտեան ովկիանոսին, հարուածելով սառցաբեկոր մը, մխրճուած է ջուրի յատակը։ Աղէտի զոհ գացած է 2987 հոգի։ 

Պատմութիւնը ծանօթ է, չէ՞։ Մորկըն Ռապըրթսըն այս պատմութիւնը գրի առած է «Թիթանիք»ի խորտակումէն տասնչորս տարի առաջ։ 

ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՓԱՍՏԵՐ

- Գիրքին մէջ նաւուն անունը «Թիթան» էր, իսկ իրական նաւունը՝ «Թիթանիք»։

- Երկու նաւերն ալ կը նաւարկէին Անգլիայէն. գիրքին մէջ երթուղին Լիվըրփուլ-Նիւ Եորք է, իսկ իրական նաւու երթուղին՝ Սաութհեմփթըն-Նիւ Եորք։

- Երկու նաւն ալ ուղեւորուած են դէպի Հիւսիսային Ատլանտեան ծով, ուր կը պատահէր աղէտները։

- Աղէտի պատճառները նոյնն են. եղանակային դաժան պայմաններ, սառցաբեկոր հարուածելը, անբաւարար չափով փրկարարական նաւակներ։ 

- Երկու պարագային ալ աղէտը տեղի ունեցած է ապրիլին։ 

- Երկու նաւն ալ համարուած էր «անխորտակելի»։

- Թիթանի երկարութիւնը 800 ոտնաչափ էր, իսկ «Թիթանիք»՝ 882.5 ոտնաչափ:

- Երկու նաւերն ալ շինուած էին ամենաարդիական պողպատէ համակարգերու օգտագործմամբ։

- Թիթանը ունէր 19 անջրանցիկ բաժանմունք, իսկ «Թիթանիք»ը՝ 16։

- Թիթանը 45 թոն էր, իսկ «Թիթանիք»ը՝ աւելի քան 52 թոն։ 

- Երկու նաւերն ալ ունէին 3 պտուտակ։

- Երկու նաւերն ալ ունէին 20 փրկարարական նաւակ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021