ԱՐԵԱՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐԸ

Արեան պաշարները միշտ կայուն պահելու հրամայականը դարձած է ազգային անվտանգութեան հարց, մանաւանդ այն պայմաններուն տակ, երբ միշտ առկայ է պատերազմի վտանգը:

*

Այսօր աշխարհ կը նշէ Արեան տուչութեան համաշխարհային օրը, որ հիմնուած է 2005 թուականի մայիսին, Ժընեւի մէջ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան 58-րդ նստաշրջանին ընթացքին:

Վերջին տարիներուն՝ աղէտներու, պատերազմներու, համաճարակի ընթացքին, յաճախ կը լսենք, թէ որքան կարեւոր է արիւնատուութեան գաղափարը: Անկախ սահմանուած համաշխարհային օրէն, տարուան ընթացքին կազմակերպուած տուչութեան արշաւներուն միլիոնաւոր մարդիկ կամաւոր արիւն կը յանձնեն՝ հաւատացած ըլլալով, որ իրենց արիւնը կեանքեր կը փրկէ:

Արցախի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, Հայաստանի արիւնաբանական կեդրոնի եւ ուրիշ հիւանդանոցներու մէջ ստեղծուած տուչութեան կեդրոններուն մօտ աներեւակայելի հերթեր կային՝ մարդիկ կը փութային վիրաւորներուն յանձնելու իրենց մարմնի ամենաթանկ հեղուկը՝ արիւնը:

Հակառակ որ ամբողջ տարուան ընթացքին հանրապետութեան արեան պաշարները պարբերաբար կը համալրուին, ճգնաժամային պահերուն արեան անհրաժեշտութիւնը սուր կերպով կը զգացուի: Պատերազմը յաջորդեց քորոնաժահրին եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին քորոնայի պատճառով քիչցած էին արեան տուչութեան կեդրոններ այցելողներուն թիւը: Արիւնատուները թէ՛ կը խուսափէին շփումներէ, թէ՛ հիւանդանալով քորոնա ժահրով, երկար ժամանակ ի վիճակի չէին արիւն յանձնելու:

Արիւնը, ըլլալով ամենակենսական հեղուկը, միշտ ամենապահանջուածն է բժշկութեան մէջ: Արիւնը կարելի չէ արտադրաբար կամ այլ ձեւով ստանալ: Այդ անփոխարինելի հեղուկը միայն մարդը կրնայ տալ մարդուն, ուստի երբեք ատոր աւելին չ՚ըլլար, միշտ կայ կարիքը:

Աշխարհի բոլոր երկիրները ունին արեան անձեռնմխելի պաշարներ, որոնք միշտ կը մնան իբրեւ երկրի մը ամենաթանկարժէք եւ ռազմավարական պաշարներէն: Հայաստանի արիւնաբանական կեդրոնի տնօրէնը, Արեան տուչութեան օրուան ընդառաջ կազմակերպուած իրազեկման ձեռնարկին ընթացքին կ՚ըսէ, որ տասնամեակներ շարունակ, ամէն երկուշաբթի առտու, այդ պատմական կեդրոնի ժողովները կը սկսին քննարկելով՝ թէ որքա՛ն արիւն ծախսուած է եւ որքա՛ն պաշար ունի հանրապետութիւնը: Արեան պաշարները միշտ կայուն պահելու հրամայականը դարձած է ազգային անվտանգութեան հարց, մանաւանդ այն պայմաններուն տակ, երբ միշտ առկայ է պատերազմի վտանգը:

Շատ կարեւոր է մանաւանդ անհատոյց արիւնատուութեան գաղափարը, որ Հայաստանի մէջ, խաղաղ օրերուն տակաւին լայն տարածում չունի: Արիւնատուներուն մէջ անհատոյց կերպով արիւն յանձնողները միայն 4 առ հարիւր են, արեան պահանջարկին 51 առ հարիւրը կը լրացուի հիւանդին հարազատներուն արիւնատուութեան շնորհիւ, իսկ 45 առ հարիւրը փոխհատուցուող (վճարովի) յանձնողներէն հաւաքագրուած արեան միջոցով:

Մինչեւ 1960-ական թուականները վճարովի արիւն յանձնողները մեծամասնութիւն կը կազմէին նաեւ Միացեալ Նահանգներու, եւրոպական երկիրներու մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին պարզ դարձաւ, որ արեան դիմաց վճարելը բժշկութեան համար միջոցներու խելամիտ ծախսում չէ եւ սկիզբ առաւ կամաւոր արիւնատուութեան երթը, որուն շնորհիւ այսօր բժշկութիւնը աւելի շատ խնայուած միջոցներ կրցաւ ուղղել հետազօտական, ախտորոշիչ աշխատանքներուն ու հիւանդներու բուժման:

Աշխարհի մէջ օրէ օր կ՚աւելնայ անհատոյց արիւնատուներուն թիւը: Այս մօտեցումը կ՚ողջունուի եւ կը քաջալերուի Եւրոխորհուրդին եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ:

Իսկ յունիսի 14-ը անհատոյց նուիրատուին համաշխարհային օր սահմանելու նախաձեռնողները չորս միջազգային կազմակերպութիւններ էին, որոնք նոյնպէս կը խրախուսէին արեան կամաւոր եւ անվճար յանձնումը։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ միւս կազմակերպութիւններն են Կարմիր խաչի եւ Կարմիր մահիկի միջազգային շարժումը, Արիւնատուներու միջազգային միութիւնը եւ Արեան փոխներարկման միջազգային կազմակերպութիւնը: Արիւն յանձնողը պէտք է ըլլայ առողջ՝ զերծ երկարատեւ ու յամրընթաց հիւանդութիւններէ, ախտանիշներէ եւ վնասակար սովորոյթներէ: Ուստի այսօր, արիւն նուիրելու արշաւներուն զուգահեռ կ՚ընթանայ նաեւ առողջ ապրելակերպի քարոզ:

«ՈՍԿԷ ԱՐԻՒՆ» ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՐԴԸ

Արիւն նուիրող աւստրալիացի կամաւոր Ճէյմս Հարիսըն աշխարհի մէջ ամենաշատ ջրարիւն յանձնած մարդն է: Զայն կոչած են «Ոսկէ արիւն ունեցող մարդ»: Անոր իւրայատուկ արեան շնորհիւ ստեղծուած է Rho (D) հակամարմիններու պատուաստանիւթը՝ արեան ախտամերժ գնդկինը: 1173 անգամ աւստրալիացին ջրարիւնի նուիրատու դարձած է, վերջին անգամ ան արիւն յանձնած է 2018 թուականին եւ դադրած է միայն այն պատճառով, որ Աւստրալիոյ մէջ օրէնքը 81 տարեկանէն ետք կ՚արգիլէ արիւն յանձնել: Ճէյմս Հարիսընի անունը արձանագրուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու համաշխարհային պատկերագիրքին մէջ:

Աշխարհի ամենաաշխոյժ արիւնատուն ծնած է 1936 թուականին: 14 տարեկանին ան կրծքավանդակի լուրջ վիրահատութեան ենթարկուած է եւ անհրաժեշտ եղած է շուրջ 13 լիթր արիւն։ Վիրահատութենէն ետք ան հիւանդանոցէ ներս մնացած է շուրջ երեք ամիս։ Գիտակցելով, որ իր կեանքը փրկած է ուրիշ մարդոց արիւնը, Հարիսըն խոստացած է, որ 18 տարեկան դառնալուն պէս ինքն ալ արիւն պիտի նուիրէ:

Հարիսըն պարբերաբար արիւն յանձնելու սկսած է 1954 թուականէն: Շուտով պարզ դարձած է, որ անոր արիւնը կը պարունակէ տարօրինակ ուժեղ եւ կայուն հակամարմիններ՝ D հակածին գործօնի հակամարմիններուն նկատմամբ։ Հարիսընի արիւնը այնքան իւրայատուկ է, որ անոր կեանքը ապահովագրուած է 1 միլիոն տոլարով։ Իր տեսակին մէջ այս բացառիկ արեան ջրանիւթին մէջ առկայ են յատուկ հակամարմիններ, որոնց շնորհիւ կարելի է կանխել յղի կնոջ եւ անոր պտուղին միջեւ յառաջացող բացասական արեան խումբին հակածին բախումը: Յայտնի է, որ եթէ մայրը արեան բացասական կարգ ունի, իսկ նորածին երեխան՝ դրական, մայրիկին արեան հակամարմինները աւելի զօրաւոր են, ուստի տեղի կ՚ունենան հակազդեցութիւններ, որոնք կրնան զանազան անցանկալի հետեւանքներ յառաջացնել:

Հարիսընի ջրարիւնին հիման վրայ ստեղծուած է շիճուկ, որ ներարկելով արեան բացասական գործօն ունեցող յղի կիներուն, որոնց պտուղը ունի արեան դրական գործօն, պտուղին արեան մէջ հակամարմիններուն զարգացումը կը կանխուի: Մինչեւ 2015 թուականը Աւստրալիոյ բոլոր հակածին պատրաստուկները պատրաստուած են Հարիսընի ջրարիւնով:

Հարիսընը 57 տարի շարունակ արիւն յանձնած է՝ միջին հաշուով երեք շաբաթը անգամ մը։ 2011 թուականի մայիսին ան հազարերորդ անգամ արիւն յանձնած էր, որ համաշխարհային մրցանիշ էր։

57 տարուան կանոնաւոր տուչութեան ընթացքին Հարիսըն մեծ հայրիկին արիւնը աւելի քան երկու միլիոն նորածինի կեանք փրկած է՝ ներառեալ իր թոռնուհիին կեանքը: Բացառիկ արիւն ունեցող այս մարդը Աւստրալիոյ շքանշանի մետայլ ստացած է, իսկ 2015 թուականին տիեզերքի մէջ անոր պատուին անուանակոչուած է Ճէյմսհարիսըն (22136) աստղակերպը:

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ՝ ԱՐԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Գիտնականները փաստած են, որ օրական աւելի քան հազար անգամ մեր արիւնը կ՚անցնի մեր սիրտին մէջէն, իսկ արիւնատար համակարգը կազմող բոլոր երակներէն եւ զարկերակներէն հոսող արեան ճանապարհը կը հասնի 20 հազար քիլօմեթրի:

***

Այն կարծիքը, թէ կիներուն մեծ մասը կ՚ուշաթափուի արեան տեսքէն, չափազանցուած է: Տղամարդիկ աւելի յաճախ խուճապի կը մատնուին՝ տեսնելով արիւնը:

***

Գիտնականներու կարծիքով՝ առաջին խումբի արիւն ունեցող մարդիկ աւելի շատ կը հիւանդանան ստամոքսա-աղիքային հիւանդութիւններով, երկրորդ խումբի արիւն ունեցողներուն քով յաճախ կ՚ըլլան սիրտի հետ կապուած խնդիրներ, գերզգայնութիւն, շաքարախտ, ցնցղային շնչարգելութիւն, յօդատապ: Գիտնականները երրորդ խումբի արիւն ունեցողները խոցելի նկատած են թոքաբորբի հանդէպ, իսկ անոնք, որոնց երակներէն կը հոսի չորրորդ խումբի արիւնը, շատ տկար ախտամերժութիւն ունին:

***

Ճաբոնցի գիտնականները կը կարծեն, որ արեան խումբը կ՚ազդէ մարդու բնաւորութեան եւ ապրելակերպին վրայ: Արեան առաջին խումբ ունեցողներուն կը վերագրուի վճռականութիւն, ինքնավստահութիւն, երկրորդին՝ մեկուսացում, վստահելիութիւն, երրորդին՝ խելք, փառասիրութիւն իսկ չորրորդին՝ հաւասարակշռութիւն: Գիտնականները այս ամէն ինչին այնքան մեծ նշանակութիւն կու տան, որ կրնան նոյնիսկ հրաժարիլ ոեւէ մէկը աշխատանքի ընդունելէ միայն այն պատճառով, որ անոր արեան խումբը այն չէ, ինչ որ պէտք է աշխատանքի արդիւնաւէտութեան համար:

***

Մէկ դարէ ի վեր մարդուն արեան խումբերը հանելուկ կը մնան բժշկութեան համար: Գիտնականները չկրցան պարզել, թէ ինչո՛ւ զանազան մարդիկ զանազան խումբի արիւն կ՚ունենան: Սակայն արեան զանազան խումբերու գոյութեան փաստը անժխտելի է, քանի որ անոնք պայմանաւորուած են արեան բջիջներուն վրայ գտնուող յատուկ մասնիկներով:

Այդ մասնիկներուն միջոցով մակարդները կը տարբերին կարմրաբջիջներէն: Այս է պատճառը, որ արեան փոխներարկում կատարուած պահուն անհրաժեշտ է նկատի առնել համապատասխանելիութիւնը: Այս կարեւոր նախապայմանը անտեսելու պարագային մարմինը կրնայ չընդունիլ նոր արիւնը:

***

Շատեր կը կարծեն, որ ականջին դնելով ծովային խխունջի խեցին՝ կարելի է լսել ծովուն ձայնը: Եւ շատ մարդիկ, ծով երթալով, խեցեմորթի պատեան կը փնտռեն՝ անոր միջոցով ծովուն ձայնը վայելելու համար: Սակայն անշուշտ ատիկա ծովուն ձայնը չէ, այլ մեր շրջապատին եւ մարդու մարմնին ձայներն են, որ կ՚անդրադարձուին խեցիին միջոցով: Այդ ձայներէն մէկն ալ արեան հոսքին ձայնն է: Այդպիսի զգացողութիւն կարելի է ստանալ նաեւ կորացած ափը ականջին մօտեցնելով:

***

Անթարքթիքայի սառոյցներուն մէջ բնակող ձուկերը ունին անգոյն արիւն: Անոր մէջ չկան կարմիր բջիջներ եւ արենագնդիներ: Այդպիսի իւրայատուկ արեան կառուցուածքը կ՚օգնէ «սպիտակարիւններուն»՝ բնակիլ միջավայրի մը մէջ, ուր ջերմաստիճանը ցած է ջուրի սառեցման ջերմաստիճանէն:

*

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐԻՒՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ

Հայաստանի մէջ արիւնաբանութեան եւ արեան ծառայութեան զարգացման ակունքները սկիզբ կ՚առնեն անցեալ դարու 30-ական թուականներէն, երբ Մոսկուայէն մեր հայրենակից փրոֆ. Պաղտասարովի առաջարկով եւ անմիջական ղեկավարութեամբ՝ մասնագէտներու յատուկ խումբ մը կը ժամանէ Երեւան՝ տուչութեան քարոզչութեան եւ արեան ծառայութեան կազմակերպման նպատակով:

1933 թուականին Երեւանի մէջ Մոսկուայի Արիւնաբանութեան եւ արեան փոխներարկման կեդրոնական կաճառի մասնաճիւղին ստեղծմամբ հիմք կը դրուի Հայաստանի Արիւնաբանութեան եւ արեան փոխներարկման կաճառի պատմութեան:

1939 թուականէն Մոսկուայի Արեան փոխներարկման կաճառի հայկական մասնաճիւղը կը սկսի գործել որպէս Հայաստանի Արեան փոխներարկման հանրապետական կայան: Միեւնոյն ատեն կը բացուին արեան փոխներարկման բաժանմունքներ Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:

Երեւանի մէջ 1947 թուականին, Նախարարներու խորհուրդի յատուկ որոշմամբ, Արեան փոխներարկման կայանին հիման վրայ կը ստեղծուի Արիւնաբանութեան եւ արեան փոխներարկման գիտահետազօտական կաճառը, որ 1993 թուականին կ՚անունափոխուի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան փրոֆ. Եոլեանի անուան Արիւնաբանական կեդրոնի: Գորիսցի գիտնական Ռուբէն Եոլեանն ալ եղած է Հայաստանի մէջ փոխներարկման կայանի հիմնադիրը եւ առաջին տնօրէնը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2022