ԱՆՀԱՏԱԿԱ՞Ն, ԹԷ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ
Ընկերային հոգեբաններ՝ Ճիմ Սիտանիուսի եւ Ֆելիսիա Փրաթթոյի գրի առած «Ընկերային գերակայութիւն» գիրքին մէջ կայ ուշագրաւ կէտ մը. «Անհատի վրայ հիմնուած դասակարգութիւններու մէջ անհատները կրնան վայելել մեծ ուժ, հեղինակութիւն կամ հարստութիւն, որոնք շնորհուած են իրենց ֆիզիքական ուժի, առաջնորդելու կարողութեան, գեղարուեստական, քաղաքական, գիտական տաղանդներու կամ նուաճումներու միջոցաւ»։ Այսինքն՝ եթէ հասարակութեան մէջ ընկերային դասաւորումները հիմնուած են անհատական ընդունակութիւններու եւ ձեռքբերումներու վրայ, ապա «յաջող անհատներ»ը կարեւոր են, իսկ «մեծամասնութիւն»ը այդ հասարակութեան մէջ կարեւորութիւն չի նշանակեր։
Մտածենք տաղանդաւոր ֆութպոլի մարզիկի մը մասին։ Ան թէ՛ բնատուր ձիրք ունի եւ թէ ինքնազարգացած է։ Այս մարզիկի քաղաքական տեսակէտը, ո՛ր ակումբի անդամ ըլլալը կամ գաղափարները կարեւոր չեն։ Կարեւորը այն է, թէ ան ճակատագրական հանդիպման ամենավճռական պահուն գնդակը դարպաս հասցնէ։ Խորհինք նաեւ հաստատութեան մը ղեկավարի մասին։ Ան անհատական գիծերով, փորձառութեամբ եւ գիտելիքներով ընդունակ է դիւրութեամբ ղեկավարելու ընկերութիւն մը, որու բազում աշխատողներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած է։ Ան իր օրինակելի աշխատանքով՝ թէ՛ կը բարձրացէ գործաւորներուն աշխատանքի թափը եւ թէ կ՚ապահովէ անոնց եկամուտը։ Կարեւոր չէ անոր քաղաքական հայեացքը կամ իր հագուելակերպը, կարեւորը անոր ղեկավարման ձեւն է՝ նոյնիսկ ամենալարուած ժամանակներուն։
Խոշորացոյցի տակ առնենք երգարուեստը։ Արուեստագէտ մը կը յօրինէ այնպիսի երգեր, որոնք ամէն անգամ կը դառնան «հիթ»։ Նշանակութիւն մը չունի անոր ազգային պատկանելիութիւնը, կարեւոր չէ, թէ այս յօրինողը ո՛ր թերթի ընթերցողն է, ո՛ր ընտանիքի շառաւիղն է կամ ո՛ր կուսակցութեան ի նպաստ կը քուէարկէ։ Կարեւորն է անոր յօրինած երգերու միլիոնաւոր մարդոց հոգիին հպիլը։
Այս անգամ ալ հաշուի առնենք գիտնական մը, որ իր կեանքը նուիրած է գիտութեան։ Իր հանճարեղ մտքով եւ փորձառութեամբ այնպիսի յայտնաբերումներ կ՚ընէ, որ իր կողմէ արտադրուած դեղամիջոցները կը սպիացնեն միլիոնաւոր մարդոց վէրքերը կամ կը թեթեւցնեն անոնց ցաւերը։ Այս գիտնականի ժամանակակից իրադարձութիւններու մասին մեկնաբանութիւնները, հետեւած դաւանանքը, գաղափարախօսութիւնը կամ բարբառը կարեւոր չեն։ Կարեւորը իր գիւտերու միլիոնաւոր մարդոց ներշնչած յոյսն է։ Կարճ խօսքով՝ այն հասարակութիւններու մէջ, ուր անհատը կարեւոր է, յաջողութիւնը կախեալ է ձեր անհատական յատկութիւններէն։ Արդէն անհատական զարգացման տեսութիւններն ալ առաջ կը քշուին այս հասարակութիւններու կողմէ։
Բայց եւ այնպէս, կան նաեւ հասարակութիւններ, որոնց մէջ կը գերակշռեն ո՛չ թէ անհատները, այլեւ՝ զանգուածներու վրայ հիմնուած դասակարգումները։ Նման հասարակութիւններու մէջ անհատը կարեւորութիւն չի ներկայացներ։ Կարեւորը «գլուխ»ը չէ, այլ՝ գլուխներու քանակը։ Այս հասարակութիւնը բաժնուած է տասնեակ խումբերու եւ իւրաքանչիւրը կը պարծենայ իր խումբի քանակութեան մեծութեամբ։ Այդ հասարակութիւններու մէջ անհատական յաջողութիւն չկայ, խումբերը յաջողութիւն կ՚ունենան։ Ո՛չ թէ ֆութպոլ խաղացողին տաղանդը, այլ պատկանած ակումբը եւ անոր աջակիցներու թիւը կամ խումբի քաղաքական աջակցութիւնը կարեւոր են։ Յաջողութիւն ձեռք բերողը միշտ ակումբը եւ աջակիցներն են, խաղացողներու կամ մարզիչի կարեւորութիւն չի տրուիր։ Հանդիպման ընթացքին գոռացող կողմնակիցները միշտ աւելի արժէքաւոր են, քան խաղադաշտի վրայ խաղացողը։ Ղեկավարի կառավարելու հմտութիւնը կարեւոր չէ։ Կարեւոր են իր նստած աթոռը ինչպէ՛ս նուաճած ըլլալը կամ զինք զով ներկայացուցած ըլլալը։ Կ՚ակնկալուի, որ ան ո՛չ թէ լաւ կառավարէ, այլ ծառայէ անոնց, որոնք զինք այդ աթոռին «դրած» են։ Յօրինողի ստեղծագործութիւնները կամ երաժշտական ձիրքերը կարեւոր չեն, բայց կարեւոր է անոր քաղաքական հայեացքը։ Իր քաղաքական հայեացքին պատկանող մեծամասնութիւնը զինք կը «բարձրացնէ», բայց միւս տեսակէտին պատկանող ամբոխի կողմէ կ՚արհամարհուի։ Գիտնականի աշխատանքը կարեւոր չէ։ Կարեւոր է անոր ազգութիւնը, էթնիք ծագումը եւ քաղաքական տեսակէտները։
Այս պատճառով դաւանանքի, քաղաքականութեան եւ մարզական աջակցութեան վերաբերեալ բանավէճերը չեն դադրիր այս հասարակութիւններու մէջ։ Իւրաքանչիւր ոք հոգ կը տանի իր պատկանած խումբի յաջողութեան մասին եւ այլ խումբերը կը տեսնէ՝ որպէս թշնամի։ Առանձնայատուկ տաղանդաւոր եւ անհատական եզակի նուաճումներով մարդիկ հասարակութեան համար կա՛մ կ՚անտեսուին եւ կամ կը պարտադրուին ներգրաւուիլ խումբի մը։ Եթէ հասարակութեան մը մէջ անհատը կը ճնշուի եւ ամբոխը կը «բարձրացուի» եւ կ՚ըսուի, թէ «հասարակութիւնը աւելի կարեւոր է», ապա հասարակութիւնը ընդհանուր առմամբ յետընթաց կ՚ապրի։ Եթէ հասարակութիւնը բաղկացած է յաջող անհատներէ, յաջողութիւն փնտռողներէ կամ յաջողութիւնը գնահատողներէ եւ կ՚ըսուի, թէ «անհատը աւելի կարեւոր է», ապա հասարակութիւնը կը յառաջդիմէ։
Եթէ այս տեսանկիւնէն դիտարկենք մեր շուրջ կատարուող բոլոր իրադարձութիւնները, ապա հնարաւոր է աւելի լաւ վերլուծութիւններ կատարել։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ