ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ (Ա.)
Եսային Ամոս մարգարէի որդին էր: Ան աստուածաշնչեան չորս մեծ մարգարէներէն առաջինն է: Այս մարգարէները այսպէս կը կոչուին ծաւալով աւելի մեծ գրքեր ունենալնուն համար, քան՝ մնացած տասներկու մարգարէները:
Եսային ապրած է Քրիստոսէ առաջ ութերորդ դարուն. ծնած է եւ գրեթէ ամբողջ կեանքն անցուցած է Երուսաղէմի մէջ: Ամուսնացած էր եւ ըստ իր իսկ վկայութեամբ՝ ունէր մարգարէուհի կին եւ զաւակներ:
Սուրբ Եսայիի մարգարէական գործունէութիւնը կը սկսի Երուսաղէմի Ոզիա թագաւորի մեռնելու տարին, երբ ան սքանչելի տեսիլք մը կը տեսնէ: Մարգարէական այդ կոչումը ամբողջութեամբ նկարագրուած է իր գիր-քին մէջ: Մարգարէն տեսիլքի մէջ կը տեսնէ Տէրը՝ բարձր աթոռին նստած՝ փառաբանող սերովբէներով շրջապատուած, որոնք անդադար կը կանչէին զիրար եւ զԱստուած կը փառաբանէին. «Սուրբ, սուրբ, սուրբ Տէր զօրութեանց…»։ Անոնց ձայնի ուժգնութենէն յանկարծ Տաճարի դռները կը բացուին, եւ տունը Աստուծոյ ներկայութիւնը խորհրդանշող ծուխով կը լեցուի: Եսայի կ՚ըսէ. «Վա՜յ ինծի, կորսուած եմ, որովհետեւ պիղծ շրթունքներով մարդ եմ ես ու պիղծ շրթունքներով ժողովուրդի մէջ կ՚ապրիմ, եւ իմ աչքերս զօրքերու Տէր Թագաւորը տեսան»: Այդ ժամանակ սերովբէներէն մէկը Տիրոջ սեղանէն ունելիով կրակէ կայծ կը վերցնէ եւ կը դպցնէ Եսայի մարգարէի շրթունքներուն՝ զանոնք մաքրագործելու համար: Սա է պատճառը, որ Եսային նաեւ կայծակնամաքուր մարգարէ կը կոչուի: Եսային կը լսէ Տիրոջ ձայնը եւ հրաման կը ստանայ երթալու եւ ժողովուրդին Աստուծոյ պատգամները հաղորդելու:
Եսային իր շուրջ վաթսունամեայ մարգարէական պաշտօնով ուղղութիւն տուած է Երուսաղէմի չորս թագաւորներու՝ Յովաթամին, Աքազին, Եզեկիային եւ Մանասէին: Եսային կոչուած է նաեւ նախաւետարանիչ կամ աւետարանիչ մարգարէ, որովհետեւ բազմաթիւ մարգարէութիւններ կատարած է Մեսիայի՝ Քրիստոսի մարդեղութեան ու փրկագործութեան վերաբերեալ: Օրինակ՝ անոր գրքին մէջ Կոյսի յղութեան եւ Էմմանուէլ անունով որդի ծնելու մասին գրուած է. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի մը ծնանի, եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի»: Յիսուս, երբ Նազարէթի ժողովարանին մէջ կարդաց Եսայի 61.1-3 համարները, հաստատեց, որ այդ բոլորը արդէն իսկ իրականացած են։ Եսային որոշ իրադարձութիւններ այնպիսի յստակութեամբ մարգարէացած է, կարծես անձամբ ականատես դարձած է այդ բոլոր եղելութեանց։
Եսայի մարգարէ՝ Աստուածաշունչի բարձրագոյն իմացականութիւններէն մէկն էր, ունէր մշակուած միտք, կը խօսէր ու կը պատգամէր վեհութեամբ եւ ուժեղ հեղինակութեամբ, ինչպէս վայել է Բարձրեալի դեսպանին: Յաճախ կոչուած է «դիւանագէտ» կամ «քաղաքագէտ» մարգարէ, կը հասկնար որքան կրօնական, նոյնքան քաղաքական խնդիրները: Աստուծոյ կամքը կը յայտնէր ժամանակակից միջազգային եւ ազգային հարցերու շուրջ:
Եսայիի գիրքը պատգամներու ովկիանոս է Աստուծոյ. արդարութեան, մեղքի, կրօնի եւ ընկերային բազմաթիւ հարցերու մասին: Անոր գիրքը օղակն է Հին - Նոր կտակարաններու միջեւ:
Իր մարգարէական ծառայութեան տարիներու ընթացքին Եսային շարունակ հալածանքներու կ՚ենթարկուէր, եւ միայն բարեպաշտ Եզեկիա թագաւորի օրով էր, որ ան արքայի մերձաւոր խորհրդականը կը դառնայ:
Սուրբ Եսայի մարգարէի կեանքը կ՚աւարտի նահատակութեամբ: Ըստ եկեղեցական հնագոյն աւանդութեան՝ նահատակուած է Մանասէ ամբարիշտ թագաւորի հրամանով՝ սղոցուելով:
ԳԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ
Եսայի մարգարէին գիրքը ամենէն նշանաւոր ու յատկանշական մեծ գիրքերէն մէկը եղած է, չըսելու համար ամենէն նշանաւոր գիրքն է Աստուածաշունչին մէջ։ Եսայի մարգարէին գիրքը ժողովածոյէ մը կը բաղկանայ, որ իր կարգին երկու մասերու կը բաժնուի։ Անոնք են.
- Առաջին մասը 1-39 գլուխներն են, որոնք ցոյց կու տան մարգարէին բերնով Աստուծոյ բարկութիւնը, որոնք յանդիմանութիւններ ու քննադատութիւններ են, մասնաւորաբար՝ Իսրայէլի ժողովուրդի վարք ու բարքին մասին։
- Երկրորդ մասը 40-66 գլուխներն են, որոնք ցոյց կու տան բարկութեան մեղմ արտայատութիւններ, եւ աւելի՝ խրատներ ու մխիթարական թելադրութիւններ ու խօսքեր նոյն ժողովուրդին ուղղուած։ Այնտեղ նաեւ կը հանդիպինք Բաբելոնի գերութեան պատահելիքներուն, ապագայի դէպքերու, Մեսիայի ղրկուելուն ու փրկագործական ծրագրին մասին, աշխարհի փրկութեան մասին՝ հասնելով մինչեւ դատաստանի օրը, որոնց խնդրոյ առարկան միշտ Իսրայէլն է։
Եսայի միշտ Իսրայէլի ժողովուրդը կը քննադատէր ու կը յանդիմանէր, Աստուծոյ հանդէպ ունեցած իր ապերախտութեան համար, հեթանոսներուն նման Աստուծմէ հեռու կեանք մը ապրելուն համար, անոր պատուիրանները զանց ընելուն համար, բոլորին նկատմամբ ամէն տեսակ անարդարութիւն գործելուն համար ու զԱստուած բարկացնելուն համար։ Այս բոլորը կը պատահէր Աքազ թագաւորի օրով, որով մարդիկ չէին ուզեր Աստուծոյ կամքը կատարել եւ կը դժուարանային զայն ի գործ ածել։
ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԻԲՐԵՒ ԱՆՁ
Եսայի մարգարէն ապրած է Երուսաղէմի մէջ, եղած է ընտանիքի հայր։ Իր երիտասարդ տարիքէն ստացած է մարգարէական շնորհքը, եւ տեւած է մօտաւորապէս 40 տարիներ։ Ան Երուսաղէմ ապրելով շատ լաւ ճանչցած է իր քաղաքի ու միջավայրի կացութիւնը եւ տեղեկութիւն ունեցած է անոր իրադարձութիւններուն մասին։ Եսայի իր երիտասարդութեան շատ քաշուող, բայց վառ անհատականութիւն ունեցող անձ մը եղած է, եւ այս մէկը կը տեսնենք Եսայիի մարգարէութեան 6-րդ գլխուն մէջ, երբ Աստուած զինք կը կանչէ մարգարէական կոչումին։
ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԻԲՐԵՒ ՀԵՂԻՆԱԿ
Եսայի մարգարէն ինչպէս վերը նշեցինք, քաշուող մէկն էր, սակայն պէտք ունէր քիչ մը քաջալերանքի եւ յորդորի, որպէսզի աւելի ամրապնդուէր եւ գօտեպնդուէր իր կոչումին մէջ։ Երբ Աստուած զինք կը կանչէ, սկիզբը կ՚երկմտի, կը վախնայ, չ՚ուզեր իրեն համար կարծուած դժուար կոչին ընդառաջել, սակայն երբ Տէրը կ՚ըսէ. «Ո՞վ ղրկեմ եւ ո՞վ պիտի երթայ ինծի համար», այն ատեն Եսայի ինքզինք պատասխանատու ու քաջալերուած կը զգայ եւ կ՚անդրադառնայ, թէ Աստուած ինչպիսի լուրջ պատասխանատու կոչումի մը հրաւիրած է զինք, ուստի կը դառնայ եւ կ՚ըսէ. «Ես՝ զիս ղրկէ, որովհետեւ ծառադ պատրաստ է»։ Այստեղ կը տեսնենք Եսայիի կոչման ընդառաջելու գիտակցութիւնը, որմէ կը բխի իր պատասխանատու հեղինակութիւնը։
Եսայի կը ներշնչուի Ս. Հոգիով, կը զօրանայ Տիրոջմով, եւ քաջաբար կը սկսի իր՝ Աստուծմէ տրուած սուրբ առաքելութեան։ Երբ կը կարդանք Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները, այս պարագային Եսայի մարգարէի գիրքը, այնտեղ կը տեսնենք իր կոչումին գիտակցութիւնը, իր բարկութիւնը, կորովի ըլլալը եւ Իսրայէլի ժողովուրդին ուղղուած յանդիմանութիւնները։ Եսայի մարգարէ շատ անգամներ բարկութեամբ կը խօսի, որովհետեւ Աստուած այդպէս կը պատուիրէ իրեն։ Շատ անգամներ աւելի մեղմ կը խօսի՝ ժողովուրդը յորդորելու համար, բայց նպատակը ժողովուրդին անդրադարձնելն է իր գործած մեղքերուն մասին եւ զգաստացնելն է՝ դարձեալ նոյն մեղքը չկրկնելու համար։
Մարգարէն Աստուծոյ բերանն է, երբ Աստուած բարկանայ, կ՚օգտագործէ իր մարգարէն՝ իր ժողովուրդը դաստիարակելու համար։ Աստուծոյ յանձնուած անձը անկարելի է, որ այդ վիճակներուն մէջ Աստուծոյ տրամադրութիւնը չզգայ։ Աստուած ինչ որ ուզէ ու թելադրէ, մարգարէն պէտք է կատարէ զայն։ Բնականաբար, Աստուած կը բարկանայ, երբ կը տեսնէ, թէ իր կամքը չէ որ կը կատարուի, եւ ուստի պէտք եղած յանդիմանութիւններն ու քննադատութիւնները կը փոխանցէ մարգարէին, որպէսզի ան ալ իր կարգին պէտք եղած ոճով ժողովուրդը յանդիմանէ կամ խրատէ։
ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՓՈԽԱՆՑԱԾ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ինչպէս ամէն մարգարէ, այնպէս ալ Եսայի մարգարէն իր գրքէն մեկնած՝ բազմաթիւ տալիք կամ փոխանցելիք պատգամներ ունէր, որովհետեւ ով որ մարգարէութեան կոչուած էր, գլխաւորաբար Աստուծոյ պատգամաբերը, ինքնաբերաբար Աստուծոյ պատգամներն էր, որ կը փոխանցէր։
Եսայիի մարգարէութեան մէջ գլխաւոր պատգամներն են.
- Ուղղել Իսրայէլի ժողովուրդը իր անօրէնութենէն ու պատուիրանազանցութենէն դէպի Աստուած։
- Յանդիմանութիւններով, զգաստ խօսքերով ու յորդորներով ժողովուրդը արթնցնել, ապա հոգեւոր ու բարոյական վսեմ արժէքներով լիցքաւորել զանոնք։
- Ժողովուրդը պատրաստել ապագայի պատահելիք իրադարձութիւններուն, վտանգներուն։
- Հիմնական պատգամը՝ Տիրոջ ծառային՝ Մեսիայի գալստեան պատրաստել, նախակարապետ ըլլալով, այլ խօսքով Աստուծոյ ապագայի ղրկելիք Մեսիային աւետիսը փոխանցել ժողովուրդին՝ զանոնք յուսադրելով ու մխիթարելով։
- Կեանքի կոչել հոգիով մեռած ժողովուրդը, Լոյսին՝ Աստուծոյ դառնալու հրամայականով։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ