ՄԻՍԱՔ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ՝ ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Մեծանուն գիտնական Հրաչեայ Աճառեանի յուշագրութիւնը ուսումնասիրելու ժամանակ անդրադարձանք մանաւանդ Պոլսոյ իր դպրոցական կրթութեան դրուագներուն: Այս անգամ յուշագրութեան մէջ հանդիպեցանք ուշագրաւ դրուագի մը, երբ Աճառեան կը պատմէ Կեդրոնականի աւարտական քննութեան մասին: Պարզ կը դառնայ, որ աւարտական քննական յանձնախումբին մէջ Աճառեանը քննողներէն եղած է նաեւ նշանաւոր մտաւորական, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիրներէն Միսաք Գօչունեանը: «Նարեկ»ի առաջին աշխարհաբարի թարգմանիչը ըլլալով, Գօչունեան քննութեան ժամանակ յանձնարարած է Աճառեանին՝ հատուած մը «Նարեկ»էն գրաբարով կարդալ եւ թարգմանել, այդպիսով փորձած է ստուգել Աճառեանի գրաբարի գիտելիքները: Գօչունեան հիացած է Աճառեանի առոգանութեան վրայ եւ իր հիացմունքը անմիջապէս արտայայտած:

Յուշագրութեան այս հատուածին մէջ Աճառեան կը պատմէ նաեւ Ատաբազարի դպրոցին մէջ կէս օր ուսուցիչ աշխատելու իր փորձառութեան մասին, որ կրկին հետաքրքրական դրուագ մըն է ապագայ մեծ լեզուաբանի կենսագրութեան մէջ:

Հրաչեայ Աճառեան հրաշալի պատմող մըն է եւ իր կեանքի վաղ հատուածի դրուագները կը ներկայացնէ հիւթեղ եւ ճոխ նկարագրութիւններով, որ անմիջապէս կը գրաւէ ընթերցողը:

ԿԱՆԽԱՀԱՍ ԲԱՆԱՍԷՐ

Սկիզբը ես պատմութեան սիրահար էի, յետոյ սկսայ հետաքրքրուիլ լեզուներով:

Լեզուաբանութեան մասին առաջին անգամ գաղափար կազմեցի Մատթէոս Մամուրեանի «Հին ազգաց պատմութեան» նախաբանէն, ուր կը խօսուի հնդեւրոպական նախալեզուի մասին: Յետոյ գիտելիքներս խորացան շնորհիւ ուրիշ գիրքի մը:

Օր մը ընկերներէս մէկը յայտնեց, թէ շուկան Հայր Սերովբէ Տէրվիշեանի «Հնդեւրոպական նախալեզուն» անունով գիրքը կը ծախուի: Գացինք երկուքս ալ գնեցինք զայն հինգական ղրուշի: Մեծ եղաւ իմ ուրախութիւնս: Սկսայ անյագուրդ կարդալ:

Օտարներն ալ կ՚ընդունին որ նմանը չունեցող գործ մըն է ասիկա: Մէկ-երկու հարիւր էջերու մէջ հնդեւրոպական լեզուաբանութեան ամփոփումը կու տայ, նախալեզուի արմատները եւ անոնցմէ ծագած բառերը: Սորվելով հոն բացատրուածը՝ ես մինչեւ անգամ սկսայ հնդեւրոպական նախալեզուով նախադասութիւններ կազմել:

Հայր Տէրվիշեանը այդ գիրքին միջոցով եղաւ իմ առաջին ուսուցիչս լեզուաբանութեան մէջ: Ամենամեծ երախտագիտութեամբ պէտք է յիշեմ նաեւ Եղիա Տէմիրճիպաշեանը, որ քանի մը նիւթ կը դասաւանդէր մեզի: Շաբաթը գոնէ մէկ անգամ կ՚երթայի իր գրադարանը եւ ընթերցումի համար կարեւոր գիրք մը գրկած տուն կու գայի: Ան, ի միջի այլոց, տուաւ սանսկրիտ լեզուով հատընտիր մը ֆրանսերէն թարգմանութեամբ, բառարանով եւ բացատրութիւններով: Ինծի նուիրեց նաեւ հնդկական սուրբ գիրքերէն մէկը՝ Պհակաւաթկիթա, ֆրանսերէն թարգմանութեան հետ: Իր ձեռքով մակագրած էր. «Մահուանէս յետոյ այս գիրքը կը պատկանի Հրաչեայ Աճառեանին»:

Դ. եւ Ե. դասարաններուն մէջ եւս բաւական աշխատութիւններ կատարեցի: Սկսալ, օրինակ, «հրատարակել» պարբերաթերթ մը՝ «Ասպարէզ» անունով, ուր կը գրէի ոտանաւորներ եւ ստուգաբանական յօդուածներ: Օրինակ կը ցուցնէի թէ «աղ»ը եւ «հող»ը նոյնարմատ են, ինչպէս ֆրանսերէն «սել»ը եւ «սոլ»ը կամ պարսկերէն «նեմէք»ը եւ «սեմեք»ը:

Աւելի արժէքաւոր էր հայերէն արմատ բառերու բառարանը: «Հայկազեան» բառարանի բոլոր բարդ եւ ածանցաւոր բառերը մէկ կողմ ձգելով՝ հաւաքեցի բոլոր արմատ բառերը եւ կազմեցի 50 էջնոց երկսիւնակ տետրակ մը: Արմատներու դիմաց նշանակելով անոնց ծագումը՝ ես ունեցայ ապագայ «Արմատական բառարան»իս ուրուագիծը:

Ուրիշ աշխատութիւններու ալ սկսայ՝ Գաւառական բառարան, Թուրքերէնի արմատական բառարան եւայլն: Ե. դասարան եղած ատենս գրեցի նաեւ իմ առաջին կարեւոր յօդուածս:

Օր մը Գարագաշը դասարան բերաւ եւ սկսաւ կարդալ գրութիւն մը, ուր կ՚ուզէր հաստատել թէ Խորենացին Ե. դարու հեղինակ չէ, այլ Թ. դարու: Ես մատ բարձրացուցի եւ ըսի.

-Խորենացին ինչպէ՞ս կրնայ Թ. դարու հեղինակ ըլլալ, եթէ Է. դարու հեղինակ Մովսէս Կաղանկատուացին կը լիշէ զինք:

- Հէ՞՜, - ըրաւ շփոթած, - քեզի ո՞վ ըսաւ, թէ Կաղանկատուացին կը յիշէ զինք:

-Դո՛ւք սորվեցուցիք մեզի:

-Դուն ասոր բան մը ըրէ՛:

Ըսել կ՚ուզէր «Այդ հարցումին պատասխանը դո՛ւն գտիր»:

Ես բան մը ըրի: Կաղանկատուացիի երկու հատորները տուն տարի, մէկ գիշերուան մէջ կարդացի եւ նկատեցի որ Կաղանկատուացիի անունով մեզի հասած պատմութիւնը ժողովածու մըն է, ուր զանազան դարերու գրուածքներ ամփոփուած են: Գտայ նաեւ որ երկու գլխաւոր հեղինակներ, մէկը Ե. դարէն, միւսը՝ Ժ., խմբագրած են այս գիրքը: Այս ձեւով Գարագաշը կ՚ազատէր:

Այս նիւթին մասին ընդարձակ յօդուած մը գրեցի եւ յաջորդ դասին կարդացի: Գարագաշը, իբրեւ նախկին վարդապետ, ձեռքը գլուխիս դրաւ եւ օրհնեց զիս: Այդ վայրկեանին տեսուչ Մոստիչեանը պատուհանէն տեսաւ մեզ եւ ներս մտաւ: Գարագաշը մանրամասնօրէն պատմեց դէպքը եւ անգամ մը եւս օրհնեց զիս:

Յօդուածս տպուեցաւ Վենետիկի «Բազմավէպ»ին մէջ, 1897-ի Մայիսի թիւով: Միեւնոյնը գրեց փիլիսոփայութեան Դոկտոր Մանանդեանը, 1897-ի Յուլիսին:

ԿԷՍ ՕՐ ՈՒՍՈՒՑԻՉ

Մեր բնախօսութեան ուսուցիչը՝ Պլանշոն, օր մը արհամարհական խօսք մը ըսաւ հայերու մասին, ես ալ իր անունին վրայ անկիրթ բառախաղ մը ըրի: Մեծ աղմուկ բարձրացուց: Մոստիչեանը վրայ հասաւ եւ ամէն ինչ իմացաւ, բայց առանց բան մը ըսելու հեռացաւ:

Միւս պահուն, երբ Պլանշոնը զիս դասի հանել ուզեց, ես ոտքի ելայ եւ ապուշի նման աջ ու ձախ նայելով ըսի.

-Vouz ne savez pas que je ne prépare pas vos leçons? (Չէ՞ք գիտեր, որ ես ձեր դասերը չեմ պատրաստեր):

-Ես ձեզի գէշ նիշ կը դնեմ:

 -Դուք իրաւունք չունիք ինծի գէշ նիշ դնելու: Պէտք է պարզապէս գիծ քաշէք անունիս դիմաց:

Ուսուցիչը նորէն պոռաց, Մոստիչեանը նորէն դասարան մտաւ եւ ըսաւ որ իրիկունը զինք տեսնեմ: Տեսայ, ժամ մը խօսեցաւ, բայց ես կարեւորութիւն չտուի ըսածին:

Այս ամբողջ պատմութեան ընթացքին ես կը հետեւէի դասընկերներէս մէկուն՝ Միքայէլ Շամտանճեանի խորհուրդներուն:

Տեսարանը կրկնուեցաւ եւ Մոստիչեանը ըսաւ.

-Երէկ ես քեզի մէկ ժամ խօսեցայ եւ չհամոզեցի:

Միշտ Շամտանճեանի խորհուրդին հետեւելով՝ պատասխանեցի.

-Դուք համոզեցի՛ք, բայց ես չհամոզուեցայ:

Զգալով որ շուտով դպրոցէն պիտի վռնտուիմ՝ որոշեցի հեռանալ: Արդէն դասընկերներէս մէկը Անգլիա գացած էր, միւսը՝ Գերմանիա, կային նաեւ բժշկական վարժարան մտնել ուզողներ:

Նոյն օրերուն, թերթի մէջ կարդացի թէ Ատաբազարի դպրոցին համար պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչ կ՚ուզեն: Դիմեցի Կեդրոնականի նախկին աշակերտ Սիւքէրեանին, որ ատաբազարցի էր: Ան քաջալերեց զիս եւ յանձնարարական նամակ մըն ալ տուաւ: Տուն գացի, հօրս պատմեցի ամէն ինչ: Հայրս հինգ մէճիտիէ տուա իբր ճամբու ծախս եւ ձգեց որ երթամ:

Շոգենաւով անցայ Սկիւտար, հոնտեղէն շոգեկառք առի եւ գացի Իզմիտ: Լսած էի որ ուղղակի Ատաբազար երթալու համար անցագիր պէտք է: Իզմիտ իջայ, նոր տոմս առի եւ ուղղուեցայ դէպի Ատաբազար: Շոգեկառքին մէջ իմացայ, թէ կայարանը երբ իջնեմ, պիտի հարցնեն ուրկէ՛ կու գամ եւ անցագիր պիտի ուզեն:

Ես, 16 տարեկան անփորձ պատանի, առաջին անգամ կը ճամբորդէի եւ չէի գիտեր ի՛նչ ընել: Կայարանը պատկառելի պաշտօնեայ մը նստած էր: Գացի քովը, խոր խոնարհութիւն մը ըրի եւ ըսի.

-Էֆէ՛նտիմ, ես Պոլիսէն կու գամ, բայց անցագիր չունիմ: Ըսէ՛ք, խնդրեմ, անցագիր պէ՞տք է ինծի:

Պաշտօնեան նայեցաւ ինծի, ժպտեցաւ ու բարի ձայնով ըսաւ.

-Գնա՛, տղաս, անցագիր հարցնողը ես եմ: Քեզի անցագիր պէտք չէ:

Կառքով գացի Ատաբազար: Կառքը կանգ առաւ քաղաքին ծայրը գտնուող սրճարանի մը առջեւ: Նամակս ցոյց տուի սրճարանի մարդոց, ըսին թէ այդ անձը հոն չէ, բայց շուտով կու գայ: Այդ «շուտով»ը երկարեցաւ մինչեւ կէս գիշեր:

Վերջապէս մարդը եկաւ: Մօտեցայ, յարգանքով բարեւեցի եւ նամակը տուի: Երկար տեւեց անոր ընթերցումը:

Վերջապէս մարդը ինծի դարձաւ եւ հարցուց.

-Դուք ի՞նչ բանի համար եկած էք հոս:

-Մէջը չէ՞ գրուած,- հարցուցի զարմացած:

-Ոչ,- պատասխանեց,- ասիկա առեւտրական նամակ է:

Սիւքէրեանը ինծի գործի նամակ մը տուած էր, թղթատարի ծախսը խնայելու համար…

Առեւտրականը բարի գիշեր մաղթեց ինծի եւ հեռացաւ: Մէկիկ-մէկիկ հեռացան նաեւ սրճարանի մարդիկը եւ մնացին միայն մէկ հոգի եւ սրճարանատէրը: Անոնք սրճարանը փակեցին եւ ինծի հարցուցին.

-Ոեւէ ծանօթ չունի՞ք քաղաքը:

-Ո՛չ մէկ ծանօթ ունիմ. առաջին անգամ կու գամ այստեղ:

Քաղաքին մէջ պանդոկ չկար: Ի՞նչ պիտի ընէի:

Կեդրոնականի համազգեստս օգտակար եղաւ:

-Այստեղ Կեդրոնականի աշակերտներ կան: Դուք անոնցմէ մէկը չէ՞ք ճանչնար:

-Օրինակ, ո՞վ:

-Օրինակ, Ազատիկ Չէթէճեանը:

Ազատիկը կը ճանչնայի: Իմ ընկերս էր: Երկու տարի առաջ կիսատ ձգած էր ուսումը եւ հեռացած: Յաճախորդը զիս տարաւ անոր տունը:

Չէթէճեանը լսեց իմ պատմութիւնս եւ ըսաւ.

-Խենթութիւն ըրեր ես ուսումդ կէս ձգելով: Ես ալ ըրի այդ խենթութիւնը: Ամօթ է որ քեզի պէս մէկը առանց ուսումի մնայ:

Գիշերը Ազատիկին սենեակը անցուցի: Առտուն ուղղակի դպրոց գացինք: Դպրոցը մեծ սենեակ մըն էր, ուր աշակերտները նստած էին գետինը դրուած բազմոցներու վրայ: Տեսուչը ընդունեց մեզ եւ բացի պատմութենէն եւ աշխարհագրութենէն, որոնց համար եկած էի, վրաս բարդեց նաեւ հայերէնի, թրքերէնի եւ ֆրանսերէնի դասեր: Կ՚ուզէր նաեւ գլուխիս փաթթել եկեղեցական երաժշտութիւնը, բայց չընդունեցի:

Քանի մը ժամ դաս ըրի, կէսօրին տուն գացի: Ազատիկին յայտնեցի, թէ դժգոհ եմ դասաբաշխումէն եւ կ՚ուզեմ Պոլիս վերադառնալ:

-Աղէ՛կ կ՚ընես,- ըսաւ:

Յաջորդ օրը պտտեցանք քաղաքին մէջ, Ազատիկը զիս տարաւ քաղաքէն դուրս գտնուող ատաբազարցիներու միակ զբօսավայրը՝ Չարխը: Ասիկա Սաքարիա գետին վրայ շինուած բարձր անիւ մըն էր: Ան հոսանքին հետ կը դառնար եւ ջուրը գետէն բարձրացնելով՝ կը թափէր նաւի մը մէջ, որ զայն կ՚ուղղէր քաղաք:

Երրորդ օրը ես հրաժեշտ տուի Ազատիկին եւ վերադարձայ տուն: Մայրամուտէն քիչ ետք հասայ: Մերինները կ՚ընթրէին: Վերադառնալուս համար շատ ուրախացան: Հայրս ըսաւ.

-Մենք ալ նստեր էինք, կը մտածէինք որ նամակ գրենք քեզի: Աղէկ ըրիր եկար:

Յաջորդ օրը դպրոց գացի: Մոստիչեանը իր քով կանչեց: Լսեր էր, թէ Ատաբազար գացեր եմ:

-Ինչո՞ւ գացիր:

-Որովհետեւ գիտէի, թէ զիս դպրոցէն պիտի արտաքսէք:

-Այդ բանը միտքէդ հանէ. մենք չենք կրնար արտաքսել աշակերտ մը, որ կ՚ուզէ իր անձը հայերէնի ուսման նուիրել:

Այսպէս հաշտուեցանք իրարու հետ: Ես ուսումս շարունակեցի նախկին կարգով: Կարծես բան պատահած չէր:

ԱԻԱՐՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻԻՆ

Կեդրոնականի աւարտական քննութիւնները կ՚ըլլային բերանացի եւ հրապարակային: Հարցումներու ցանկ մը կը պատրաստուէր, որմէ վիճակաձգութեամբ կը զատէինք մէկը: Եւ ուզողը կրնար ներկայ գտնուիլ հարցաքննութեան:

1893-ի Յունիսին սկսան քննութիւնները: Գիտական նիւթերէն ազատած էին մեզ: Միւսներուն շատ յաջող արդիւնքներ ձեռք ձգեցի:

Գրաբարի քննութեան ներկայ էին Գարագաշը, Մոստիչեանը, Հայր Գաբրիէլ Մենեւիշեանը, Յակոբ Գուրգէնը եւ ուրիշ հիւրեր:

Երբ ներկայացայ, առաջարկեցին վիճակ քաշել, բայց ես ըսի.

-Հարցուցէ՛ք ինչ որ կ՚ուզէք, ես պատրաստ եմ պատասխանելու:

Բոլորը ուրախացան այս պատասխանիս վրայ:

Մենեւիշեանը հարցուց.

-Ի՞նչ կարծիք ունիս Խորենացիի մասին:

Վիեննական Մխիթարեանները դէմ էին Խորենացիին: Մեր ուսուցիչն ալ: Ես միջին ճամբայ մը ընտրեցի: Գարագաշը, որուն ականջները ծանրացած էին, հարցուց.

-Ի՞նչ կ՚ըսէ կոր:

-Աշակերտդ քեզի հակառակ կը խօսի,- պատասխանեց Մենեւիշեանը:

-Թող խօսի, թող խօսի,- ըսաւ Գարագաշը,- ան աղէկ տղայ է:

Նարեկացիի թարգմանիչ Միսաք Գօչունեանը ուզեց, որ էջ մը կարդամ եւ թարգմանեմ «Նարեկ»էն:

-Մեր ուսուցիչը՝ Գարագաշ էֆէնտին,- պատասխանեցի ես,- չ՚ուզեր որ մենք ոչ-ոսկեդարեան գիրք կարդանք: Եթէ թոյլատրէ, կը կարդամ:

Գարագաշը արտօնեց: Ես սկսայ կարդալ մաքուր առոգանութեամբ եւ զգայուն շեշտով: Երբ կ՚ուզէի թարգմանել, Գօչունեանը առաւ «Նարեկ»ը ձեռքէս.

-Այսքան գեղեցիկ առոգանութեամբ կարդալը բաւական է:

Տնտեսագիտութեան քննութեան վիճակ քաշեցի եւ եկաւ «Դրամը» նիւթը: Այդ գլուխը շատ լաւ գիտէի ես: Ջուրի պէս պատմեցի: Յետոյ իմացայ որ Շահնազարը, իր դասին պատահած միջադէպէն ազդուած, ուզած է ցած նիշ դնել, բայց միւսները պահանջեր են, որ բարձրագոյն նիշը դրուի:

Թրքերէնի ուսուցիչ Միհրան Աբիկեանն ալ տարուան ընթացքին դժգոհ մնացած էր ինձմէ, որովհետեւ անգամ մը, աճապարանքիս պատճառով, մինչեւ գետին խոնարհած չէի իրեն բարեւ տուած ատենս: Բայց քննութեան թուրք պետական պաշտօնեաներ նստած էին իր կողքին, եւ ինք չուզեց անոնց առջեւ խիստ ըլլալ ինծի հանդէպ: Շատ լաւ քննութիւն մը անցուցի:

Եղիա Տէմիրճիպաշեանի գրականութեան պատմութեան քննութիւնը նոյնպէս յաջող էր: Բախտէս՝ Տանթէի մասին էր հարցումը, իսկ ես լաւ գիտէի Տանթէի սիրային պատմութիւնը Պէաթրիչէի հետ: Ան իմ սէրս կը յիշեցնէր ինծի: Շատ լաւ խօսեցայ եւ լաւագոյն նիշը ստացալ:

Ամէն ինչ լաւ անցաւ այսպէս եւ Հոկտեմբեր 26-ին ես ստացայ աւարտական վկայականս 11 ուրիշ շրջանաւարտներու հետ: Մոստիչեանը խորհուրդ տուաւ ինծի, որ Գարագաշէն ալ առանձին վկայական մը խնդրեմ հայերէնի գիտութեանս մասին: Ուսուցիչս սիրով ընդունեց խնդրանքս եւ երկու էջնոց յատուկ վկայական մը պատրաստեց սեփական ձեռագիրով: Նաեւ ես ուզեցի ունենալ հայերէնի ուսուցիչի պաշտօնական վկայական Ուսումնական Խորհուրդէն եւ դիմեցի քննիչ յանձնաժողովին: Նախագահը նշանաւոր Յակոբ Գուրգէնն էր, որ ներկայ եղած էր Կեդրոնականի քննութեան: Ան քովը կանչեց զիս եւ ըսաւ.

-Ուսուցչական վեց աստիճան կայ. մասնագէտ ուսուցիչի, օգնական մասնագէտի, ուսուցիչի, օգնական ուսուցիչի, դաստիարակի եւ օգնական դաստիարակի: Դուն ո՞րը կ՚ուզես:

-Առաջի՛նը,- պատասխանեցի:

-Առաջինը ե՛ս եմ: Այս տարի քեզի կու տամ երկրորդ աստիճանի վկայական, իսկ եկող տարի՝ առաջինի:

Յետոյ Մեսրոպեան գրաբարով էջ մը բան գրել տուաւ: Ես գրեցի եւ գործածեցի «երկուք» բառը: Գուրգէնը դիտել տուաւ թէ «երկուք»ը գործիական հոլով է եւ ուղղականը պէտք է գրել առանց ք-ի:

-«Լերինք երկուք մի դու էիր եւ մի թագաւորն Յունաց»,- արտասանեցի ես՝ մէջբերելով Վասակ Սպարապետի խօսքը Փաւստոս Բուզանդէն:

-Գացիր եկար այդ մէկ օրինակը գտար,- ըսաւ Գուրգէնը:

Օգնական մասնագէտի վկայականս առի եւ սկսայ ապագայիս մասին մտածել:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020