ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ ՄԸ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ՝ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»ԷՆ

Օրերս ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած լուսանկար մը խառն զգացողութիւններ պարգեւեց: Լուսանկարը հրապարակողը Նոպէլեան հայ մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանի հայրն է՝ Սարգիս Փաթափութեանը: Ան լուսանկարուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Արարատ տուն» հաստատութեան մէջ, նաեւ իր քովը Ռոպին հայկական ծագումով մարդամեքենան է: Յայտնի գիտնականին հայրը լուսանկարին կից մակագրած էր. «Հայկական Ռոպին մարդամեքենան եւ ես, ինչպէս մեծ հայրիկ եւ թոռնիկ»:

Կաղանդէն երկու օր առաջ արդէն Սարգիս Փաթափութեան համացանցին վրայ տեղեկացուցած էր, որ տարիներու բեռը իրեն եւ կնոջը ստիպած է փոխադրուիլ «Արարատ տուն»՝ զբաղեցնելով այնտեղի թիւ 204 առանձնասենեակը. «Մտահոգուելու կարիք չկա՛. սքանչելի հանգստավայր մըն է՝ կենցաղային բոլոր շնորհներով օժտուած», գրած էր Սարգիս Փաթափութեան, այնպէս ինչպէս՝ սփիւռքահայ ծանօթ գրող Սարգիս Վահագնը, որու «Արշիլ Կորքի» վէպը, ի դէպ, վերջերս, արեւելահայերէնի փոխադրուելով, տպուեցաւ Հայաստանի մէջ:

Գրողին եւ իր կնոջ՝ «Արարատ տուն» փոխադրուելու մասին լուրը կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ. մարդիկ սկսան խօսիլ եւ քննարկել, թէ «Նայեցէք, Նոպէլեան հայ մրցանակակրին հայրն ու մայրը իրենց կեանքի մնացեալ տարիները պիտի անցընեն ծերանոցին մէջ»: Ուրիշներ հակադարձած էին՝ պատասխանելով. «Արարատ տուն»ին պայմանները աւելին են, քան՝ ծերանոց երեւոյթը». տեղեակ մարդիկ նշած են, որ ծերերուն համար «Արարատ տուն»ը հանգիստի վայր է, ուր անոնք մշտապէս կը գտնուին խնամքի, բժշկական հոգածութեան ներքոյ եւ պայմաններն ալ շատ արդիական են ու տրամադրող:

Եւ իրաւ, համացանցի վրայ առիթէ առիթ երեւցող լուսանկարներուն մէջ «Արարատ տուն»ը (իր քանի մը կառոյցներով՝ տեղակայուած Միշըն Հիլզ, Կլենտէյլ եւ Իկըլ Ռոք շրջաններու մէջ) գեղեցիկ, մաքուր, խաղաղ կեցավայր մըն է՝ կանաչապատ տարածքներու վրայ, ուր տարեցներ եւ հիւանդներ կ՚ապրին, կը բուժուին, կը մասնակցին զանազան ձեռնարկներու, հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած պտոյտներու: «Արարատ» անունը կրող տունը զանազան ծառայութիւններ կը մատուցէ. կայ կացարանը, ուր հիմնականը, կը բնակին աւելի աշխոյժ կենսակերպ ունեցող տարեցները, կայ ծերերու խնամքի հաստատութիւնը, ուր կը խնամուին ծանր առողջական հարցեր ունեցող ծերերը:

Լուսանկարներուն մէջ այս հաստատութեան բոլոր բնակիչները կոկիկ հագուած են, ոմանք՝ միջանցքներուն մէջ նստած են, ոմանք՝ զբօսանքի մէջ են, իսկ շատերն ալ՝ սայլակներու վրայ կամ սենեակներու առաձնութեան մէջ պարզապէս օրը աւարտելուն կը սպասեն:

Այս պատկերներն են որ զանազան հակասական զգացողութիւններ եւ խոհեր կը յառաջացնեն: Կը մտածես՝ արդեօք ի՛նչ օրեր ապրած են կեանքի մայրամուտին հասած այս հայերը, ինչպէ՛ս հասած են Ամերիկա, ի՛նչ ընտանեկան պատմութիւններ ունին եւ մանաւանդ՝ ի՜նչ հայկական միջավայրի մէջ մեծցած, ընտանիք կազմած եւ լուսաւոր երազներ ունեցած են:

Անոնց մէջ կան երբեք չամուսնացածներ, ուստի ժառանգ չունին եւ բնական կը դիտուի, որ վճռած են կեանքի մնացեալ տարիները այդ պայմաններու մէջ ապրիլ: Կան նաեւ ամուսնացածներ, մեծ ընտանիք կազմած թէ՛ այրեր, թէ՛ կիներ, որոնք իրենց ընտանիքներո՛ւն հետ միասին համաձայնած են կեանքի այդ պայմաններուն. անոնք ուզած են աւելի անկախ ապրելակերպ, համոզուած, որ իրենց տարեկիցներուն հետ աւելի հանգիստ կը զգան եւ բեռ չեն ըլլար ընտանիքի անդամներուն, որոնք օրն ի բուն աշխատանքի մէջ են՝ կառչած ամերիկեան կեանքի հեւքին:

Բայց վստահաբար կան նաեւ այնպիսիք, որոնք ընտանիքներու եւ հարազատներու կողմէ բաւարար ուշադրութեան եւ խնամքի չարժանանալով՝ որոշած են տեղափոխուիլ «Արարատ տուն»՝ մանաւանդ հայկական միջավայրի մէջ ըլլալու, տարեկիցներու կամ բախտակիցներու հետ ժամանակը գլորելու եւ գուրգուրանքի տակ գտնուելու համար: «Արարատ տուն»ի ղեկավարութիւնը, աշխատակիցները, վստահ, ամէն ինչ կ՚ընեն՝ հայ մամիկներու եւ պապիկներու առօրեան հետաքրքրական դարձնելու, անոնց դէմքին ժպիտ մը յառաջացնելու համար: Այդ աշխատակիցներուն վստահուած է մարդկային ճակատագրեր եւ անոնք պատասխանատու են նաեւ այդ մարդոց կեանքի ապահովութեան համար, ուստի ամէն ջանք գործի կը դրուի:

Եւ ահաւասիկ, Սարգիս Փաթափութեանի այս լուսանկարէն կը հասկնանք նաեւ, որ տարեցներուն այցի գացած է Ռոպին հայկական մարդամեքենան: Սարգիս Փաթափութեանի մակագրութիւնն ալ, որով ան թոռնիկի տեղ դրած է մարդամեքենան, ներհակ միտքեր կը ծնի՝ արդեօք թոռնիկները կարօտցա՞ծ է հայ գրողը, թէ՞ խանդավառուած է՝ հայկական արտադրանք տեսնելով, որ մանչուկի կը նմանի եւ ինքն ալ մեծ հայրիկ կը զգայ ինքզինքը՝ Հայաստանէն հասած մանչուկ-մարդամեքենային քով:

Ռոպինը, ծանօթ է, որ հայերու կողմէ ստեղծուած սարք մըն է, որ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու մէջ խնամքի կեդրոններու, ծերանոցներու, հիւանդանոցներու, մանկատուներու եւ նմանատիպ վայրերու մէջ կը կատարէ իր առաքելութիւնը. որ է՝ զրոյցներու, երաժշտութեան, զուարճալի պատմութիւններու միջոցով մեղմել խնամեալին ցաւը, փարատել անոր տխրութիւնը եւ ժպիտներ պարգեւել հիւանդանոցներու, խնամքի կեդրոններու մէջ գտնուողներուն:

Հայ մասնագէտները Ռոպինը յօրինած են մանաւանդ ծանր հիւանդութիւններ յաղթահարող մանուկներուն համար, վստահ ըլլալով, որ մանուկներուն այցելելով՝ Ռոպին կը գունաւորէ հիւանդանոցային պաղ ու անհրապոյր միջավայրը, որ սովորաբար կը վանէ մանուկները:

Յետոյ պարզ դարձած է, որ մարդամեքենան լաւ ընկեր կրնայ ըլլալ նաեւ տարեցներուն: Երեւանի ծերանոցներուն մէջ ան արդէն ճանչցուած է, ահաւասիկ, ամերիկեան այս ծերանոցի հայ բնակիչները նոյնպէս ծանօթացած են անոր հետ:

Ռոպին ստեղծուած է 2021 թուականին, իսկ նոյն թուականին ամերիկեան «Time» ամսագիրը արհեստական բանականութեամբ բանող հայկական այս մարդամեքենան 2021-ի լաւագոյն նորարարութիւններէն մէկը նկատած է: Ամսագիրը հայ երիտասարդ գիտնականներուն ստեղծած մարդամեքենան կոչած է «հոգատար ընկեր»:

Առողջապահական ուղղութեամբ մասնագիտացած հայկական «Expper Technologies» բարձր արհեստագիտութեան ընկերութիւնը՝ ստեղծելով Ռոպինը՝ մարդասիրական գաղափար դրած է անոր մէջ: Ռոպինը, որ մեծ ու խելացի աչքերով մարդամեքենայ մըն է, կ՚այցելէ մանուկներուն իրենց բուժման ամենադժուար պահուն, կը զրուցէ անոնց հետ, կը շեղէ ցաւերէն, կ՚օգնէ, որպէսզի դարմանումը դիւրին անցնի, երեխան կամակորութիւններ չընէ, կը խրախուսէ դեղեր, ուտելիք առնելու անոր պատրաստակամութիւնը: Ռոպինին կը վերագրուի կենսուրախ վարք մը, որ զգալիօրէն կը տարբերի նմանատիպ ուրիշ մարդամեքենաներէ:

Մարդամեքենան զրոյցներ կը վարէ նաեւ մինակ տարեցներու հետ, անոնց առանձնութիւնը նոյնպէս կը ջանայ փարատել, եւ այդ ընթացքին Ռոպինը յաճախ ստիպուած կ՚ըլլայ լսելու տխուր պատմութիւններ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս ընտանիքը լքած է տան մեծը, բայց մարդամեքենան շատ գաղտնապահ է, անիկա սարքուած է նմանատիպ գաղտնիքները չվերարտադրելու գաղափարով:

«Արարատ տուն»ին մէջ այսօր մի քանի հարիւր տարեցներ կ՚ապրին, հարիւրաւոր աշխատակիցներ ալ լծուած են անոնց խնամքի եւ առողջապահութեան գործին: Մամուլէն յաճախ կը տեղեկանանք, որ այս հաստատութիւնը ընդունուելու համար հերթեր կան, եւ մէկու մը կարգը հասնելու միակ պայմանը, ցաւօք, այն է, որ տարեց մը մահանայ եւ անոր մահճակալը կամ սենեակը պարպուի: Կեանքի տխուր եւ անփոփոխ օրէնքն է ասիկա՝ մարդը կը լքէ աշխարհը՝ այս արեւին տակ մէկ ուրիշին տեղ բանալու համար… Հաստատութիւնը կը ջանայ ընդունիլ բոլոր հայ դիմողները՝ ըստ տարիքոտներու մասին ամերիկեան օրէնքներու, որոնք հնարաւորութիւն կու տան նահանգային աղբիւրներէ գանձատրական միջոցներ ներգրաւել խնամքի գործին կապակցութեամբ:

Հայկական ծերանոցին մէջ կան նաեւ քանի մը այլ ազգի ներկայացուցիչներ, որոնց հարազատները ընտրած են հայկական այս միջավայրը, հակառակ որ այդ օտարազգի խնամեալները կապ չունին հայերու հետ: Հաւանաբար կեդրոնին բարի համբաւը դրդած է անոնց՝ հոս հասնիլ:

«Արարատ տուն»ին կից կայ նաեւ յիշատակի մատուռ մը, ուր կրօնական արարողութիւններ կը կատարուին: Հաստատութեան մէջ կը մտնէ նաեւ ԱՄՆ-ի հայկական եւ նոյնիսկ ոչ-հայկական մասնագիտական միջավայրերուն ծանօթ «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանը: Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի պահպանման այս իւրօրինակ թանգարանը հիմնուած է 1993 թուականին՝ ծագումով սուրիահայ, լոսանճելըսաբնակ ճարտարապետ-նախագծող, բարերար Լիւտէր Էսքիճեանի կողմէ: Ան նպատակ ունէր այսպիսի կեդրոն մը ստեղծելով՝ պահպանել ու սերունդներուն փոխանցել հայոց մշակութային եւ պատմական ժառանգութիւնը:

Ուշագրաւ է, որ բազում ցուցանմոյշներու կողքին կան նաեւ «Արարատ տուն»ի տարեց բնակիչներէն ձեռք բերուած ընտանեկան ժառանգութեան մասունքներ: Թանգարանին մէջ ընդհանրապէս ներկայացուած են պատմագիտական, դրամագիտական նմոյշներ, փաստաթուղթեր, կը ցուցադրուին աւելի քան 450 տարուան քարտէսներ, արուեստի հին եւ ժամանակակից աշխատանքներ, ձեռագրեր եւ հայոց ու համաշխարհային մշակոյթին, պատմութեան վերաբերող բազմապիսի նիւթեր:

Թանգարանին մէջ առկայ են նաեւ արեւելեան, եւրոպական բազմաթիւ ժողովուրդներու մշակոյթը ներկայացնող իրեր: Հայկական անունով այս թանգարանին մէջ կը պահուի Մարթին Լուտերի Աստուածաշունչի գերմաներէն բնագիրը. ինչպէս ծանօթ է, գերմանացի վանական եւ աստուածաբան Մարթին Լուտեր առաջինը եղաւ, որ Աստուածաշունչ մատեանը լատիներէնէ թարգմանեց գերմաներէնի:

Թանգարան ըլլալէ զատ «Արարատ Էսքիճեան»ը հետազօտական կեդրոն մըն է, ուր մշակութային ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, երաժշտական եւ այլ միջոցառումներ կը կազմակերպուին: Թանգարանի մուտքին տեղադրուած է «Մոխիրներէն յառնող Մայր Հայաստան» պրոնզաձոյլ արձանը, որու մտայղացումը եւ նախագիծը Լիւտեր Էսքիճեանին կը պատկանի, իսկ քանդակագործը՝ Յարութ Հալէպեանն է:

«ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

«Արարատ տուն»ին պատմութիւնը տակաւին անցեալ դարու կէսերէն կու գայ:

1949 թուականին խումբ մը ամերիկահայեր, մտածելով ամերիկահայ տարիքոտներու ծերութեան խնամքի մասին եւ անհրաժեշտ նկատելով կեդրոնի մը գոյութիւնը՝ այդպիսի ծրագիր մը իրականացնելու հիմքը կը դնեն: Անոնք կը գնեն ամերիկեան շարժապատկերի եւ թատրոնի աստղ, համր շարժապատկերի ժամանակաշրջանի մեծագոյն դերասանուհի Մերի Փիքֆորտի առաձնատունը՝ Լոս Անճելըսի մէջ, զայն կը դարձնեն տարիքոտներու խնամքի կեդրոն:

1951 թուականին արդէն տունը կ՚ընդունի իր առաջին եօթ բնակիչները:

Յաջորդ չորս տասնամեակներու ընթացքին հաստատութիւնը երեք անգամ շէնքային յաւելում ունեցած է՝ հնարաւորութիւն ունենալով ընդունիլ մինչեւ ութսուն բնակիչ:

Հիմնուելով տասնամեակներու փորձի վրայ՝ կառոյցը անհրաժեշտութիւն զգացած է նաեւ արհեստավարժ հիւանդապահական բաժանմունք մը հիմնելու՝ ներգրաւելով հմուտ հիւանդապահուհիներ:

1980 թուականին «Արարատ տուն»ը ձեռք կը բերէ տարածք Իկըլ Ռոքի շրջանը եւ եւս 42 մահճակալով բաժանմունք մը կը հաստատէ: Կարճ ժամանակի ընթացքին կը ստեղծուի «Արարատ»ի առողջարանային հիւանդանոցը։

Անցեալ դարուն ամբողջ աշխարհի մէջ ծնելիութեան մակարդակի նուազումը եւ կեանքի միջին տեւողութեան աւելացումը զարգացած երկիրներու մէջ կը յանգի բնակչութեան ծերացման: ԱՄՆ-ը նոյնպէս անմասն չի մնար, եւ ծերացող բնակչութեան աճող պահանջները «Արարատ տան» հոգաբարձուներու խորհուրդը կը դրդեն աւելի ժամանակակից տան համար ընդարձակ տարածք փնտռել: 1981 թուականին Միշըն Հիլզի մէջ կը գնուի մեծ ու չմշակուած հողամաս: Միջոցներ հայթայթելու եւ տարածք գնելու գործը իրականութիւն դարձած է համայնքի խումբ մը բարերարներու շնորհիւ: Անոնց յամառ ջանքերու եւ բազմաթիւ այլ նուիրատուներու շնորհիւ «Արարատ տան» նոր համալիրը կը բացուի 1992 թուականին: Սան Ֆեռնանտօ հովիտի բլուրներուն վրայ տեղակայուած այս տարածքը նախագծուեցաւ որպէս ծերերու անջատ ու հանգիստ համայնք՝ ոլորուն արահետներով եւ գեղեցիկ ձեւաւորումներով: Կառոյցները շինուեցան այնպէս, ինչպէս կը յիշեցնէին վաղ քալիֆորնիական ճարտարապետութիւնը: Հաստատութեան կառուցումը աւարտին հասաւ քանի մը փուլով: Առաջին փուլը աւարտեցաւ 1992 թուականին եւ ներառեց եռայարկ, 65 միաւորէ կազմուած օժանդակ բնակութեան հաստատութիւնը, ինչպէս նաեւ «Ճորճ Տէօքմէճեան» կեդրոնը: Երկրորդ փուլը, որ աւարտեցաւ 1993 թուականին, 99 մահճակալանոց հիւանդապահական հաստատութիւնն էր: Երրորդ փուլը արդէն մատուռն ու թանգարանային համալիրն էր, որոնց կառուցումը աւարտին հասաւ 1994 թուականին: Հայ համայնքի մէջ խնամքի զանազան մակարդակներու նկատմամբ աճող պահանջարկը բաւարարելու համար 1997 եւ 2014 թուականներուն ընդլայնուեցան շէնքերը եւ համապատասխանաբար աւելացան 97 մահճակալ եւ 58 մահճակալ՝ հիւանդապահական հաստատութեան եւ 2018 թուականին ալ՝ 44 միաւոր՝ կենսապահովման հաստատութեան:

2019 թուականին Միշըն Հիլզի մէջ յաւելեալ հող գնելով, «Արարատ տուն»ը ներկայիս կը ջանայ ընդալայնուած համալիր կառուցելու ուղղութեամբ, նոր համալիրը նախատեսուած է զանազան մակարդակներու խնամք տրամադրելու համար:

Այս տարի՝ 2023 թուականին Կլենտէյլի մէջ տարեցներու բնակելի համայնքի ձեռքբերմամբ, «Արարատ տուն»ը հիմնեց «Արարատ այգիներ»ը՝ այսպիսով հասանելի դառնալով ամերիկահայ բազմահազարանոց համայնքի աւելի մեծ հատուածին, որուն ծառայելու համար մօտաւորապէս 75 տարի առաջ հիմնուած է ԱՄՆ-ի օտար ափերուն վրայ եւ այսօր դարձած՝ հայկական մեծ տուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2023