Մեր­ձե­ցու­մի Կա­րե­լին Ու Ան­կա­րե­լին. Լե­զուա­բա­նա­կան Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն Եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Լե­զուա­ճիւ­ղեր

Ստո­րեւ՝ լե­զուա­բան, ման­կա­վարժ, դա­սա­գիր­քե­րու հե­ղի­նակ Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեա­նի զե­կոյ­ցը, որ ըն­թեր­ցուած է «Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման խնդիր­նե­րը» նիւ­թով գի­տա­ժո­ղո­վին:

ՆԵ­ՐԱ­ԾՈՒ­ԹԻՒՆ ԼԵ­ԶՈՒԱ­ԿԱՆ ՓՈ­ՓՈ­ԽՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԸ ԿԱ­ՐԵ­ԼԻ՝ ՄԻԱՅՆ
Բ­ՆԱ­ԿԱՆ ՀՈ­ԼՈ­ՎՈՅ­ԹՈՎ

Լե­զուն՝ առ­հա­սա­րակ, հո­գեմ­տա­ւոր եւ ըն­կե­րա­բա­նա­կան ե­րե­ւոյթ, իր մշա­կուած-կար­գա­ւո­րուած վի­ճա­կին մէջ յան­գած է գի­տա­կան-տրա­մա­բա­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու, այ­նուա­մե­նայ­նիւ կը մնայ են­թա­կայ բնա­կան, ինք­նա­վար ըն­թաց­քի, հո­լո­վոյ­թի: Խօ­սե­լով յատ­կա­պէս կեն­դա­նի լե­զու­նե­րու մա­սին, ա­նոնց այդ հո­լո­վոյթն է, մա­սամբ ինք­նա­բեր ու «ան­կարգ», որ յե­տա­դարձ, a posteriori հսկո­ղու­թեամբ կը փոր­ձեն հա­կակշ­ռել, կար­գա­ւո­րել հիմ­նար­կու­թիւն­ներ, ինչ­պէս ա­կա­դե­միա­ներ կամ ա­նոնց հա­մա­պա­տաս­խան նման հաս­տա­տու­թիւն­ներ:

Գրա­ւոր ու­րոյն յե­նա­րա­նէ եւ մշա­կու­թա­յին վա­ւե­րա­ցեալ հիմ­նա­գան­ձէ զուրկ, կամ այդ­պի­սին նկա­տուած լե­զուա­կան տե­սակ­ներ, այ­լա­պէս թե­րաճ լե­զու­ներ, կրնան մնա­ցած ըլ­լալ զուրկ՝ բնա­կան, ինք­նա­վար ըն­թաց­քի այս կա­րե­լիու­թե­նէն, են­թար­կուած a priori ո­րոշ ճնշու­մի եւ ըն­թա­ցա­փոխ­ման: Չա­փով մը, նոյն­պի­սի բռնա­դա­տու­մի կրնան են­թար­կուած ըլ­լալ մե­ծա­պե­տա­կան հա­լա­ծան­քի զոհ լե­զու-մշա­կոյթ­ներ. կամ՝ գա­ւա­ռա­բար­բառ­ներ ու բար­բա­ռա­յին մշա­կոյթ­ներ, ո­րոնք տուեալ պա­հու մը կը կրեն նոյ­նազ­գի գրա­կան միակ լե­զուի մը ստեղծ­ման ըն­կե­րա­ցող ճնշու­մը: Նոյ­նիսկ այս  վեր­ջին­նե­րու պա­րա­գա­յին, ճնշուող լե­զու­նե­րու կամ բար­բառ­նե­րու հար­թու­մը, կա­տա­րուող՝ մշա­կու­թա­յին այ­լա­զա­նու­թեան հա­շուոյն եւ բո­լոր պա­րա­գա­նե­րու՝  ափ­սո­սա­լի, տե­ղի կ՚ու­նե­նայ աս­տի­ճա­նա­բար, յա­ճախ տա­րա­ծուե­լով սե­րուն­դի կամ սե­րունդ­նե­րու կեան­քի ժա­մա­նա­կին վրայ: Բա­ցի ա­սոնց­մէ, լե­զուի ընդ­հան­րու­թեան, կամ ա­նոր այս կամ այն մար­զին վե­րա­բե­րող բռնի ա­րա­գաց­ման պա­րա­գա­ներ, այս­պէս ը­սած՝ հրա­մա­նագ­րա­յին, «դեկ­րե­տա­յին» բնոյ­թի, յա­տուկ մե­նա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գե­րու, չա­փա­զանց հազուա­դէպ են ե­ղած պատ­մու­թեան մէջ, ի­րենց բա­ցա­սա­կան հե­տե­ւանք­նե­րով:

Այս­պէս, խօ­սե­լով հա­յե­րէ­նի ընդ­հան­րա­կան հո­լո­վոյ­թին մա­սին՝ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, պարզ է, որ մեր լե­զուի գրա­կան զոյգ լե­զուա­ճիւ­ղե­րու գո­յու­թեան փաս­տը, հե­տե­ւանք՝ պատ­մա-քա­ղա­քա­կան բազ­մա­դա­րեան անբ­նա­կան պայ­ման­նե­րու, յա­ճախ ար­ծար­ծուեր է՝ մեր­ձեց­ման, նոյ­նիսկ հա­մա­ձուլ­ման ջան­քե­րու ծի­րի մը մէջ, բայց եւ նոյն­քան յա­ճախ շեշ­տուեր է այդ­պի­սի մաս­նա­կի a priori փոր­ձե­րու ա­րուես­տա­կեալ եւ ա­նի­րա­գոր­ծե­լի բնոյ­թը: Տի­րող է ե­ղած տե­սա­կէ­տը՝ ի նպաստ նե­րազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, շփում­նե­րու սեր­տաց­ման, ո­րոնց պէտք է ա­պա­ւի­նիլ, որ­պէս­զի աս­տի­ճա­նա­բար յա­ռա­ջա­նայ լե­զուա-մշա­կու­թա­յին մեր­ձեց­ման բնա­կան ըն­թացք մը:

Հե­տե­ւե­լով մեր պատ­մու­թեան միայն վեր­ջին հա­րիւ­րա­մեա­կի ըն­թաց­քին, քննե­լով Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան եւ հե­տե­ւող խորհր­դայ­նաց­ման սկզբնա­կան տա­րի­նե­րը եւ ա­նոնց պար­փա­կած ի­րադ­րու­թիւ­նը՝ «ա­րեւմ­տա­հայ» զանգուա­ծի մը գաղթն ու հա­մա­խառ­նու­մը «ա­րե­ւե­լա­հայ» ազ­գաբ­նակ­չու­թեան մը հետ, այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կա­րե­լի է նկա­տել ան­նա­խըն­թաց ա­ռիթ՝ վե­րաց­նե­լու վե­րը նշուած լե­զուա-մշա­կու­թա­յին երկ-ճղու­մը, ե­թէ ա­ւե­լի բնա­կա­նոն պայ­ման­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­նար: Եւ այն ա­տեն հա­ւա­նօ­րէն մեր պե­տա­կան հա­յե­րէ­նը, թէեւ գե­րակ­շիռ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն տար­րե­րով՝ բնա­կա­նօ­րէն, չա­փով մը տար­բեր ուղ­ղու­թիւն ստա­նար: Բայց ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան բա­ղադ­րու­թիւ­նը (մեծ մա­սամբ որ­բեր եւ ճղա­կո­տոր ըն­տա­նիք­ներ), նաեւ ա­նոնց ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան կա­ցու­թիւ­նը, բայց մա­նա­ւանդ, ա­ւե­լի եւս, խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք ստեղ­ծուած հա­մա­հար­թիչ պայ­ման­նե­րը, բա­ցա­ռե­ցին այդ­պի­սի փոխ­հարս­տաց­ման կա­րե­լիու­թիւն: Ներ­կայ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի ստա­ցած ուղ­ղու­թեան վրայ այ­լա­պէս ազ­դե­ցին նաեւ խորհր­դա­յին գոր­ծիչ­նե­րու մէկ զգա­լի մա­սի ա­պազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը, եւ ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու ու տաս­նա­մեակ­նե­րու մշա­կոյ­թի շեշ­տօ­րէն ռու­սա­մէտ կնի­քը, շատ ա­ւե­լի ու­ժեղ ու կաշ­կան­դիչ, քան վաթ­սու­նա­կան­նե­րէն ետք վե­րա­հա­յաց­ման շար­ժու­մը: Սրբագ­րուած, բայց եւ մա­սամբ ան­դառ­նա­լի հե­տե­ւանք­նե­րով:

ՈՒՂ­ՂՈՐ­ԴԵ­ԼԻ ԼԵ­ԶՈՒԱ­ԿԱՆ ՄԱՐ­ԶԵՐ. ԲԱ­ՌԱՄ­ԹԵՐՔ, ԴԱՐ­ՁՈՒԱԾՔ­ՆԵՐ…

Հի­մա՛. ե­թէ բա­նա­ւոր թէ գրա­ւոր լե­զուի ընդ­հան­րա­կան բնո­րոշ գիծ է դուրս մնալ a priori ծրագ­րու­մէ եւ կար­գա­ւո­րու­մէ, կա՞ն տար­րեր, լե­զուա­կան մար­զեր, լե­զուա­կան խա­ւեր, ո­րոնց վրայ կա­րե­լի ըլ­լայ ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նել. տար­րեր, ո­րոնք կա­րե­լի ըլ­լայ քա­ջա­լե­րել, նպաս­տա­ւո­րել, ուղ­ղոր­դել: Եւ ո­րո՞նք են ա­սոնք:

- Նախ՝ հարկ է մեր քննար­կու­մէն հե­ռաց­նել ձե­ւա­բա­նա­կան կա­ռոյց­ներն ու մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը առ­հա­սա­րակ՝ իբ­րեւ լե­զուի կա­ղա­պա­րուած եւ ան­փո­փո­խե­լի տա­րերք: Այս հե­ռա­ցու­մին բնա­կա­նօ­րէն պի­տի հե­տե­ւի նաեւ հե­ռա­ցու­մը այդ կա­ռոյց­նե­րով ստեղ­ծուող շա­րա­հիւ­սա­կան ո­լոր­տին: Ու­րիշ խօս­քով, լե­զուն՝ իբ­րեւ բա­նա­ւոր թէ գրա­ւոր օր­կա­նա­կան էու­թիւն, իբ­րեւ կեն­դա­նի մար­մին, տեղ չու­նի մեր­ձե­ցու­մի ուղ­ղա­կի փոր­ձե­րու դաշ­տին մէջ: Եւ կը մնայ տես­նել մաս­նա­կի-ա­նուղ­ղա­կի ճամ­բա­ներ՝ այդ­պի­սի փոր­ձե­րու հա­մար:

- Բա­ռամ­թերք. ընդ­հան­րու­թեան մէջ՝ ա­նի­կա միեւ­նոյնն է մեր եր­կու լե­զուա­ճիւ­ղե­րուն հա­մար. բայց, գի­տենք, կան զոյ­գեր, ո­րոնց­մէ մէ­կը չի գոր­ծա­ծուիր տուեալ լե­զուա­ճիւ­ղին մէջ կամ կը գոր­ծա­ծուի տար­բեր ա­ռու­մով, տար­բեր գոր­ծա­ծու­թեամբ: Սպի­տակ-ճեր­մակ, թո­ղել-ձգել…

- Դար­ձուածք­ներ, ո­ճա­բա­նա­կան ըն­կա­լեալ ձե­ւեր. հոս՝ լե­զուա­ճիւ­ղէ լե­զուա­ճիւղ ձե­ւե­րը բա­ւա­կան կը տար­բե­րին, եւ հա­մա­խումբ գո­յու­թեան պայ­ման­նե­րու տէր՝ հայ­րե­նի լե­զուա­ճիւղն է, որ ա­ւե­լի հա­րուստ է ա­նոնց­մով: Նաեւ ան­կէ ա­ւե­լի՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին պի­տի անց­նին, կ՚անց­նին ար­դէն, ձե­ւեր:

Ա­ռա­ջարկ.- Այս եր­կու խա­ւե­րու պա­րա­գա­յին՝ եր­կուս­տեք ա­ւան­դել, փո­խա­դար­ձա­բար ծա­նօ­թաց­նել այդ գոր­ծա­ծու­թիւն­նե­րը կամ ա­ռում­նե­րը: Թող­նե­լով, որ բնա­կան փոխ­թա­փան­ցում տե­ղի ու­նե­նայ, ինչ փոյթ՝ հա­ւա­նօ­րէն (ու բնա­կա­նա­բար) ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի գե­րակշ­ռու­թեամբ:

ՀՆՉԱ­ԲԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ. Ե­ՌԱՍ­ՏԻ­ՃԱՆ ԲԱ­ՂԱ­ՁԱՅՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ԽՆԴԻՐ

Հոս հարց կը բխի ե­ռաս­տի­ճան բա­ղա­ձայն­նե­րու, այ­սինքն ա­սոնց ա­ռա­ջին եր­կու  աս­տի­ճան­նե­րուն (բ-պ, գ-կ, դ-տ, ձ-ծ եւ ջ-ճ)՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն ա­ռո­գա­նա­կան հա­մա­կար­գին մէջ կրած ծա­նօթ ձե­ւա­փո­խու­մէն: Հարց, որ կը ներ­կա­յա­նայ քա­նի մը մար­զե­րու մէջ.

- Փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թեան հարց, այ­սինքն բա­նա­ւոր հա­ղոր­դակ­ցու­թեան շփոթ կրնան ստեղ­ծել նմա­նա­ձայն բա­ռեր: Պա­տաս­խա­նա­տուն՝ ա­սոնց տար­բեր հնչումն է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մէջ (բառ-պար, տար-դար-թառ, դա­նակ-թա­նաք, բար­դու­թիւն- պար­տու­թիւն…). ար­տա­սա­նու­թեան՝ պէտք է ա­ւե­լի ու­շա­դիր ըլ­լայ ա­րեւմ­տա­հա­յը, իսկ «սխալ»ը ճիշդ ըն­կա­լե­լու փոյթ ը­նէ ա­րե­ւե­լա­հա­յը: Ի­րեն կրնայ օգ­նել փաս­տը, որ հնչա­կան ո­րոշ մաս­նա­ւոր դա­սա­ւո­րում­նե­րու մէջ՝ ինք եւս, ա­րեւմ­տա­հա­յուն պէս, ձե­ւա­փո­խուած կ՚ար­տա­սա­նէ բ, գ, դ, ձ եւ ջ «մեղմ» բա­ղա­ձայն­նե­րը, ինչ­պէս բա­ռա­վեր­ջին կամ կցուած ո­րոշ բա­ղա­ձայն­նե­րու՝ կա­րագ, վերջ, դարձ):

- Ո­րոշ յա­տուկ ա­նուն­ներ, ո­րոնց ար­տա­բեր­ման ու­շադ­րու­թիւն պէտք է դարձ­նէ ա­րեւմ­տա­հա­յը. Գա­գիկ, Գա­րե­գին… Իսկ ա­րե­ւե­լա­հա­յը ու­շա­դիր պի­տի ըլ­լայ ճիշդ ար­ձա­նագ­րե­լու ա­րեւմ­տա­հա­յա­ւա­րի ար­տա­սա­նուած ա­նուն­ներ, եւ բա­րե­կա­միս՝ Կի­րա­կո­սին ա­նու­նը անձ­նա­գի­րին մէջ չգրէ Գի­րա­գոս՝ եր­կու Գ­-ով, այլ Կ­-ե­րով՝ Կի­րա­կոս:

- Հոս կ՚ար­ժէ նաեւ փա­փաք յայտ­նել եւ խնդրել պա­հան­ջե­լու պէս, որ իբ­րեւ տա­ռա­նուն­նե­րու ճա­նաչ­ման եւ շփոթ­նե­րու վե­րաց­ման կողմ­նա­կի քայլ՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի կրթա­կան հա­մա­կար­գը հրա­ժա­րի այ­բու­բե­նի տա­ռե­րու ա­նուա­նա­կոչ­ման ա-բը-գը-դը-ի «անգ­րա­գէտ» ձե­ւէն եւ վե­րա­դառ­նայ ա­ւան­դա­կան ա­նուա­նա­կոչ­ման՝ այբ, բեն, գիմ, դա, ինչ­պէս էր ար­դէն նոյ­նինքն ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի կի­րար­կած ձե­ւը՝ դա­րաս­կիզ­բին:

Ա­ռա­ջարկ.- Հոս եւս, ինչ­պէս վե­րը, եր­կուս­տեք ա­ւան­դել, փո­խա­դար­ձա­բար ծա­նօ­թաց­նել տար­բե­րու­թիւն­նե­րը: Թող­նե­լով, որ բնա­կան փոխ­թա­փան­ցու­մը իր ըն­թաց­քը վա­րէ:

Օ­ՏԱՐ ՏԵ­ՂԱ­ՆՈՒՆ - ԱՆՁ­ՆԱ­ՆՈՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ՏԱ­ՌԱ­ԴԱՐ­ՁՈՒՄ

Մնա­լով միշտ ե­ռաս­տի­ճան բա­ղա­ձայն­նե­րու հնչա­կան տար­բե­րու­թեան ծի­րին մէջ, պէտք է հոս դի­մագ­րա­ւել օ­տար տե­ղա­նուն­նե­րու եւ անձ­նա­նուն­նե­րու տա­ռա­դարձ­ման տար­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ նոյն հնչա­կան տար­բե­րու­թե­նէն բխող: Գի­տենք, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը այս ա­նուն­նե­րը ճիշդ ար­տա­բե­րե­լով հան­դերձ, զա­նոնք կ՚ուղ­ղագ­րէ բա­ղա­ձայն­նե­րու ար­տա­բեր­ման իր ե­ղա­նա­կով՝ Ա­տա­նա, Ար­ժան­թին, Պաղ­տատ, Պա­քու, Պոս­ֆոր, Ք-­Գա­նա­տա, փո­խան Ա­դա­նա, Ար­գեն­տին(ա),  Բաղ­դադ,  Բա­քու,  Բոս­ֆոր, Կա­նա­դա… ձե­ւե­րուն: Այս վեր­ջին­նե­րը ըլ­լա­լով հայ­րե­նի (եւ ի­րա­նա­հայ) հա­յե­րէ­նի կի­րար­կած ձե­ւե­րը, ա­ւե­լի մօտ՝ տուեալ բա­ղա­ձայն­նե­րու ա­ւան­դա­կան- գրա­բա­րեան ար­տա­սա­նու­թեան:

Ճիշ­դը ան­շուշտ այն պի­տի ըլ­լար, որ միա­ձե­ւու­թեան սի­րոյն՝ ա­րեւմ­տա­հա­յը ուղ­ղագ­րէր Ա­դա­նա, Բաղ­դադ, Բոս­ֆոր, Կա­նա­դա եւ այլն: Բայց քա­նի լե­զուի բե­րա­նա­ցի-բնա­կան ըն­թաց­քը կա­ռա­վա­րե­լի չէ «հրա­մա­նագ­րա­յին» ո­ճով, ան պի­տի շա­րու­նա­կէր ար­տա­սա­նել «ճիշդ», բայց ի­րեն ան­հա­մա­պա­տաս­խան գրե­լա­ձե­ւով: Ար­դէն ա­ռանց ա­տոր ալ՝ ա­րեւմ­տա­հա­յը այս­պի­սի ան­հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թիւն­ներ ու­նի տեղ-տեղ, դա­սա­կան ծա­գու­մով ո­րոշ տե­ղա­նուն­նե­րու պա­րա­գա­յին (Դա­մաս­կոս, Բեթ­լե­հեմ, որ յա­ճախ կ՚ար­տա­սա­նէ Տա­մաս­կոս, Պեթ­լե­հեմ, գոր­ծա­ծե­լով հան­դերձ դա­սա­կան Դ-ն եւ Բ­-ը):

Ան­շուշտ վե­րա­պա­հու­թիւն մը պէտք է ը­նել ո­րոշ՝ ռու­սե­րէ­նի կամ այլ զար­տու­ղի, ոչ-հա­րա­զատ ճամ­բով հա­յե­րէ­նի մէջ կի­րար­կուող տե­ղա­նուն-անձ­նա­նուն­նե­րու պա­րա­գա­յին, ինչ­պէս Ար­գեն­տի­նա, Աի­դա: Նման պա­րա­գա­նե­րու, լաւ պի­տի ըլ­լար գտնել հա­րա­զա­տա­գոյն եր­րորդ ձեւ մը, ընդ­հան­րա­կան չա­փա­նիշ­ներ բա­ւա­րա­րող:

Ու­րեմն, փա­փա­քե­լին պի­տի ըլ­լար ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հա­մար որ­դեգ­րել հնչա­կան դա­սա­կան հա­մա­կար­գը, այս­պէս գո­նէ մա­սամբ, եւ սկսե­լու հա­մար՝ գրե­լա­ձե­ւի մա­կար­դա­կին, մօ­տե­նա­լով ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նին, ինչ­պէս եւ գրա­բա­րին: Կա­րե­ւոր նուա­ճում մը կ՚ըլ­լար ա­տի­կա՝ մատ­չիլ միա­ձեւ ճիշդ գրու­թեան, ա­ւե­լի կա­րե­ւոր, քան յեղ­յե­ղուկ եւ փո­փո­խա­կան ար­տա­սա­նա­ձե­ւը: Նոյ­նիսկ, ան­գամ մը եւս, իր գրե­լա­ձե­ւին եւ ար­տա­բեր­ման ձե­ւին մի­ջեւ տա­րա­մէ­տու­թիւն բե­րե­լու գի­նով:

Ե­ՌԱՍ­ՏԻ­ՃԱՆ ԲԱ­ՂԱ­ՁԱՅՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԱՐ­ՑԷՆ ԱՆ­ԴԻՆ՝
ՅԱ­ՏՈՒԿ Ա­ՆՈՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ՈՒՂ­ՂԱԳՐ­ՄԱՆ ԸՆԴ­ՀԱՆ­ՐԱ­ԿԱՆ ԽՆԴԻՐ

Բայց, նախ­քան այդ­պի­սի յա­րա­կար­ծա­յին, պա­րա­դոք­սալ փորձ մը կա­տա­րե­լը, լաւ կ՚ըլ­լար ար­ծար­ծել յա­տուկ ա­նուն­նե­րու գրե­լա­ձե­ւի ընդ­հան­րա­կան խնդի­րը, այն­պէս, ինչ­պէս ը­րած է եր­կու տա­րի ա­ռաջ սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, առ­նե­լով օգ­տա­կար նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը՝ յա­տուկ ա­նուն­նե­րու (օ­տար եւ հայ­կա­կան անձ­նա­նուն­ներ եւ տե­ղա­նուն­ներ) զոյգ ցան­կեր յղե­լով առ ի քննու­թիւն: Այդ ընդ­հան­րա­կան ծի­րին մէջ, օ­տար տե­ղա­նուն­նե­րու եւ անձ­նա­նուն­նե­րու խնդի­րը, մա­նա­ւանդ ե­ռաս­տի­ճան բա­ղա­ձայն­նե­րու վե­րոն­շեալ հնչա­կան տար­բե­րու­թեան տե­սան­կիւ­նէն բռնուած, կը գրա­ւէ շատ փոքր, սահ­մա­նա­փակ տեղ մը:

Ո­րով­հե­տեւ, ինչ­պէս ար­դէն յայտ­նուե­ցաւ յի­շեալ ցան­կե­րու քննու­թե­նէն, զոյգ լե­զուա­ճիւ­ղե­րուն մի­ջեւ շե­ղում­նե­րը շատ ա­ւե­լի յա­ճախ կը բխին ա­բե­ղեա­նա­սե­ւա­կեան եւ դա­սա­կան գրե­լա­ձե­ւե­րու տար­բե­րու­թիւն­նե­րէն, քան ե­ռաս­տի­ճան բա­ղա­ձայն­նե­րու ծա­նօթ տար­բե­րու­թե­նէն: Ի դէպ, հոս, «դա­սա­կան» բնո­րո­շու­մը պի­տի գոր­ծա­ծեմ նա­խա­խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշրջա­նին կի­րար­կուած ընդ­հան­րա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան ձե­ւին հա­մար, իբ­րեւ յար­մա­րա­գոյ­նը, ի հե­ճուկս տեղ-տեղ գոր­ծա­ծուող ան­ճիշդ, եր­բեմն մո­լո­րե­ցու­ցիչ «ա­ւան­դա­կան» կամ «ա­րեւմ­տա­հայ» բնո­րո­շում­նե­րուն: Այդ «դա­սա­կան»ը, նոյ­նիսկ ե­թէ լրիւ չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ նախ­նա­կան գրա­բա­րէն մե­զի ա­ւան­դուած ձե­ւե­րուն, ան­կաս­կած որ ա­մե­նա­մօտ մնա­ցողն է ա­նոր:

Այս­պէս, յա­տուկ ա­նուն­նե­րու զոյգ ցան­կե­րու քննար­կու­մէն կ՚եզ­րա­կա­ցուի.

ա.- Ա­բե­ղեա­նա­սե­ւա­կեան փո­փո­խում­նե­րուն՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն գրե­լա­ձե­ւին բե­րած ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րը յատ­կա­պէս զգա­լի կ՚ըլ­լան՝ դա­սա­կան ա­նուն­նե­րու տա­ռա­դարձ­ման պա­րա­գա­նե­րու, ինչ­պէս Հոր­դա­նան (Jordan-էն տա­ռա­դար­ձուած՝ պէտք էր ըլ­լար Յ), Հու­նաս­տան (Ionia-ի ար­մա­տէն՝ պէտք էր ըլ­լար Յ), Տավ­րոս (Taurus-էն, պէտք էր՝ աւ), Պո­ղոս (Paul՝ պէտք էր ըլ­լար օ, այ­սինքն՝ աւ), Հով­սեփ (Jos-էն՝ պէտք էր ըլ­լար Յ, դեռ չհա­շուած՝ է-ն), Հով­նան (Jon-էն, պէտք էր ըլ­լար Յ), Եվ­գի­նէ (Eug ար­մա­տէն՝ պէտք էր ըլ­լար Եւգ)… Կա­րե­լի չէ, միա­ձե­ւու­թեան սի­րոյն, տա­ռա­դար­ձա­կան-դա­սա­կան «ո­րոշ» կա­նոն­ներ ա­ռա­ջար­կել եւ ան­տե­սել ու­րիշ­ներ՝ նոյն­քան ու ա­ւե­լի կա­րե­ւոր…

բ.- Այ­լա­պէս խնդրա­յա­րոյց են՝ ոչ-տա­ռա­դար­ձեալ, հայ­կա­կան դա­սա­կան ա­նուն­ներ՝ Ռու­բեն-ը, փո­խան Ռու­բէն-ի (Ռու­բի­նեան…), Ներ­սես-ը՝ փո­խան Ներ­սէս-ի (Ներ­սի­սեան…), Ար­տա­շե­սը՝ փո­խան Ար­տա­շէս-ի (Ար­տա­շի­սեան…)

գ.- Բայց այ­լա­պէս ա­նըն­դու­նե­լի կրնան թուիլ, մա­նա­ւանդ գրա­բա­րի վարժ աչք-ա­կանջ­նե­րու, նաեւ բա­ռի­մաստ պա­րու­նա­կող զուտ հա­յե­րէն յա­տուկ ա­նուն­ներ՝ ի­րենց ձե­ւա­փո­խեալ վի­ճա­կով՝ Ադ­րի­նե, Ա­ղավ­նի, Ա­պա­վեն, Հա­րու­թիւն, Վրեժ: Կամ՝ ձայ­նա­ւոր­նե­րու ան­հա­րա­զատ զու­գոր­դու­մով գրուող Աի­դա-ն, Նաի­րի-ն (մէ­կը՝ Այ­դա, միւ­սը՝ Նա­յի­րի): Կամ դեռ՝ բա­ռա­մէ­ջի վ­-ի հարց ստեղ­ծող Եր­վանդ-ը:

ԶՈՅԳ ԳՐԵ­ԼԱ­ՁԵ­ՒԵ­ՐՈՒ ԿԱՄ «ՈՒՂ­ՂԱԳ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒ»
ԽՆԴԻ­ՐԸ՝ ԻՐ ԸՆԴ­ՀԱՆ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՄԷՋ

Ճիշդ է, որ վեր­ջին այս նշում­նե­րը մեզ ուղ­ղա­կի կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն ա­բե­ղեա­նա­սե­ւա­կեան գրե­լա­ձե­ւի եւ դա­սա­կան գրե­լա­ձե­ւի եր­կուու­թեան խնդի­րին՝ ուղ­ղագ­րա­կան եր­կուու­թեան խնդի­րին: Տա­ռա­դար­ձու­թեան հարց եւ ուղ­ղագ­րու­թեան ընդ­հան­րա­կան հարց, ու­զենք թէ չու­զենք, սեր­տօ­րէն կ՚առըն­չուին ի­րա­րու: Եւ հոս կա­րե­լի չէ չանդ­րա­դառ­նալ եր­կուու­թեան այս խնդի­րին, նոյ­նիսկ ե­թէ ա­նի­կա գերզ­գայ­նու­թիւն­ներ կ՚արթնց­նէ եր­կուս­տեք, բայց մա­նա­ւանդ հայ­րե­նի մշա­կու­թա­յին-ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ, կա­րե­լի չէ չանդ­րա­դառ­նալ, քա­նի մեր առ­ջեւ «ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն-ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն մեր­ձեց­ման» հարցն է, որ կը դրուի:

Խնդի­րը, ճիշդ է, բարդ է: Մէկ կող­մէ, հա­յե­րէ­նի հայ­րե­նի գրե­լա­ձե­ւը, թէեւ օ­րին՝ հրա­մա­նագ­րա­յին աք­թով պար­տադ­րուած, բայց այ­սօր գրե­թէ հա­րիւ­րա­մեայ տէ ֆաք­թօ ի­րո­ղու­թիւն է դար­ձած, ո­րուն փո­փո­խու­մը՝ հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ տրուած ո­րո­շու­մով մը՝ կրնայ իր կար­գին ձե­ւով մը անբ­նա­կան խախ­տում կա­յաց­նել կամ նկատուիլ այդ­պի­սին: Եւ ա­նոր պե­տա­կա­նօ­րէն ըն­դու­նուած գրե­լա­ձե­ւի հան­գա­ման­քը, հո­գե­բա­նա­կան-մշա­կու­թա­բա­նա­կան հասկ­նա­լի ար­ժե­ւո­րու­մով մը, զինք կը դարձ­նէ այս­պէս ը­սած՝ տէ ֆաք­թօ գե­րա­դաս դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թե­նէն, որ այ­սօր կը պահ­պա­նուի Պո­լի­սէն սփիւռք ցրուած ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան մը եւ փոքր համ­րանք կազ­մող ա­րե­ւե­լա­հա­յա­խօս ի­րա­նա­հա­յու­թեան մը կող­մէ միայն:

Իսկ դա­սա­կան գրե­լա­ձե­ւը կամ ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը, իր կող­մէ, ու­նի ան­վի­ճե­լի, կեն­սա­կան մէկ ա­ռա­ւե­լու­թիւն. հա­յե­րէ­նի ար­մատ­նե­րուն հետ, գրա­բա­րի գրե­լա­ձե­ւին հետ կա­պի ան­խա­թար, գրե­թէ ան­փո­փոխ պահ­պա­նու­մը. բա­ռե­րու ստու­գա­բա­նա­կան հե­տե­ւու­մի ա­պա­հո­վու­մը. ինչ որ, պարզ է, մե­զի կը զլա­նայ ա­բե­ղեա­նա­սե­ւա­կեան գրե­լա­ձե­ւը, իր բա­ցած փո­սով՝ իր եւ ա­ւան­դա­կան-ար­մա­տա­կա­նին մի­ջեւ:

Ա­սով կը բա­ցատ­րուի, որ լե­զուա-մշա­կու­թա­յին դա­սա­կան ա­ւան­դու­թեան ու մա­տե­նագ­րա­կան գան­ձի տէր ոչ մէկ ժո­ղո­վուրդ յա­խուռն ո­րո­շու­մով փո­խած ըլ­լայ իր ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը, սկսած լա­տի­նե­րէ­նէ ճիւ­ղա­ւո­րուած անգ­լօ-սաք­սոն լե­զու­նե­րէն, նե­րա­ռեալ «բիզ­նե­սա­կան» գործ­նա­կա­նու­թեամբ բնո­րո­շուած անգ­լե­րէ­նը՝ իր զոյգ գլխա­ւոր ճիւ­ղե­րով՝ անգ­լիա­կան եւ ա­մե­րի­կեան: Հա­զուա­գիւտ պա­րա­գա­նե­րու, ինչ­պէս ի­տա­լե­րէ­նին հա­մար, լա­տի­նե­րէ­նէն առ­նուած հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րը լրիւ պատ­մա­կան-բնա­կան հո­լո­վոյ­թի ան­խու­սա­փե­լի հե­տե­ւանք են ե­ղած:

Ճիշդ է, որ ա­բե­ղեա­նա­սե­ւա­կեան գրե­լա­ձե­ւի բո­լոր փո­փո­խում­նե­րը «խան­գա­րիչ» չեն գրա­բա­րեան ար­մատ­նե­րու հետ կա­պի տե­սա­կէ­տէ: Բայց այս մա­սին՝ ա­ւե­լի վար, այս հա­տուա­ծի ա­ռա­ջարկ­նե­րու բա­ժի­նին մէջ:

Պէ՞տք է եւ կա­րե­լի՞ է՝ բան մը փո­խել զոյգ տա­րա­մէտ գրե­լա­ձե­ւե­րու առ­կա­յու­թեան ներ­կայ տէ ֆաք­թօ վի­ճա­կէն, ա­ռանց կո­պիտ, միակ­տուր դիր­քո­րո­շում­նե­րու, ա­ռանց յա­խուռն (հա­կա) քայ­լե­րու: Կը հա­ւա­տամ, որ կա՛յ ա­տոր կա­րի­քը, անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը նոյ­նիսկ:

Մա­նա­ւանդ որ հար­ցը չի վե­րա­բե­րիր փաս­տա­ցի ի­րո­ղու­թեան մը՝ թէ դա­սա­կան գրե­լա­ձե­ւը ու­նի՛ կամ չու­նի կի­րար­կող­ներ, թէ ի՛նչ համ­րանք կը ներ­կա­յաց­նեն ա­նոնք, կամ՝ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն վա­ղը կամ վա­ղա­յա­ջորդ օր: Այլ խօս­քով, այդ գրե­լա­ձե­ւի ա­պա­հո­ված կամր­ջու­մը հա­յե­րէ­նի ներ­կա­յին եւ մեր ողջ ան­ցեա­լի մա­տե­նագ­րա­կան գան­ձին հետ՝ էա­կան յատ­կու­թիւն մըն է, կապ չու­նի ա­րեւմ­տա­հա­յա­խօս (եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յա­խօս-ի­րա­նա­հայ) մշա­կոյ­թի կրող սփիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման կամ ան­հե­տա­ցու­մին հետ: Նոյ­նիսկ այս վեր­ջին դժբախտ են­թադ­րու­թեան պա­րա­գա­յին, հայ­րե­նի լեզուա­ճիւ­ղին եւ մշա­կոյ­թին հա­մար, ուղ­ղագ­րու­թեան խնդի­րը՝ իր ներ­կայ դրուած­քով եւ իր ստեղ­ծած ստու­գա­բա­նա­կան խառ­նա­րա­նով, պի­տի մնայ ամ­բողջ, զայն  պա­ռակ­տե­լով իր ան­ցեա­լէն:

ՄԵՐ­ՁԵՑ­ՄԱՆ ԸՆԴ­ՀԱ­ՆՈՒՐ ՈՒՂ­ՂՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

ա.- Մեր­ձեց­ման ու­ղի մը պի­տի ըլ­լար՝ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը ըն­տե­լաց­նել դա­սա­կան գրե­լա­ձե­ւին հետ, այն ի­մաս­տով, որ ա­ւան­դա­կան սփիւռ­քի հա­յու­թիւ­նը ըն­տե­լա­ցած է, կ՚ըն­տե­լա­նայ ա­բե­ղեա­նա­սե­ւա­կեան գրե­լա­ձե­ւին՝ ա­ռօ­րեայ մօտ թէ հե­ռա­կայ շփու­մով, մա­մու­լով, մե­տիա-մի­ջոց­նե­րով, ի­րա­ւա­կան թէ այլ գոր­ծա­ռու­թիւն­նե­րու ա­ռի­թով: Դա­սա­կա­նի հետ ըն­տե­լաց­ման դաշ­տը բնա­կա­նա­բար պի­տի ըլ­լայ ա­ւե­լի սահ­մա­նա­փակ, մաս­նա­ւոր: Կրթա­կան հա­մա­կար­գի մէջ ծա­նօ­թաց­ման նպա­տա­կա­յար­մար ձե­ւե­րու ո­րոն­ման կող­քին, բա­ցա­ռա­պէս դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թեամբ կա­րե­լի է, եւ կը հա­ւա­տամ՝ ար­դար է, կա­տա­րել հրա­տա­րա­կու­մը ա­րեւմ­տա­հայ-սփիւռ­քա­հայ (ու­րեմն եւ ի­րա­նա­հայ-ա­րե­ւե­լա­հայ) հին թէ նոր հե­ղի­նակ­նե­րու: Հա­ւա­նօ­րէն կա­րիքն ալ չըլ­լայ հրա­տա­րակ­չա­տու­ներ մաս­նա­գի­տաց­նե­լու այս գոր­ծին, ո­րուն հա­մար պի­տի բա­ւէ ուղ­ղագ­րու­թեան հա­մա­կարգ­չա­յին փո­խար­կիչ-ծրա­գիր­նե­րու կի­րար­կու­մը: Այս­քա­նը՝ դեռ չա­ռա­ջար­կե­լու հա­մար ամ­բողջ նա­խա­խորհր­դա­յին հայ գրա­կա­նու­թեան հրա­տա­րա­կու­մը դա­սա­կան գրե­լա­ձե­ւով, այն­պէս, ինչ­պէս ա­նոնք հրա­տա­րա­կուեր են սկզբնա­պէս: Ճիշդ՝ ինչ­պէս ա­տի­կա կը կի­րար­կուի գրա­բար գոր­ծե­րու:

բ.- Մեր­ձեց­ման ա­ւե­լի հիմ­նա­կան ու­ղի մը պի­տի ըլ­լար հա­սա­րա­կաց գե­տի­նի մը ո­րո­նու­մը՝ ընդ­մէջ եր­կու գրե­լա­ձե­ւե­րուն, թե­րեւս ի վեր­ջոյ բո­լո­րին կող­մէ որ­դեգ­րե­լի: Հար­ցին լրջու­թեան ան­գի­տակ չեմ, եւ ա­տոր հա­մար ա­նի­կա հոս, ա­ռա­ջար­կէ ա­ւե­լի, պի­տի ներ­կա­յա­ցուի իբ­րեւ շատ ընդ­հան­րա­կան ուղ­ղու­թիւն մը, գա­ղա­փար մը, որ շա­հե­կան պի­տի ըլ­լար են­թար­կել նաեւ մաս­նա­գի­տա­կան քննար­կում-վի­ճար­կու­մի: Նախ­քան դեռ խօ­սի­լը՝ ման­րա­մասն, բազ­մա­կող­մա­նի մշա­կու­մի եւ հիմ­նա­ւո­րում­նե­րու մա­սին, երբ կամ ե­թէ տե­ղը գայ…

Ի՞նչ է ու­րեմն հոս ա­ռա­ջադ­րուա­ծը: Վե­րը նկա­տուե­ցաւ, որ ա­բե­ղեա­նա­սե­ւա­կեան գրե­լա­ձե­ւի բո­լոր փո­փո­խում­նե­րը չեն խախ­տեր, կամ նոյն­քան չեն խախ­տեր, կա­պը գրա­բա­րեան ար­մատ­նե­րու հետ: Ո­րո՞նք են փո­փոխ­ման այս «թե­թեւ» պա­րա­գա­նե­րը, ո­րոնց պահ­պա­նու­մը խզու­մի տե­ղիք չի տար.

ա.- Դա­սա­կա­նի մէջ եա, իւ, ոյ (բա­ռա­մէջ), այ կամ ոյ (բա­ռա­վերջ) հնչա-տա­ռա­կա­պակ­ցում­նե­րը, որ ա­բե­ղեա­նա­սե­ւա­կեան գրե­լա­ձե­ւով կը դառ­նան յա, յու, ույ, ա կամ ո (վեր­ջին­նե­րը՝ ա­ռանց համր յ­-ի): Օ­րի­նակ՝ սեն­յակ, սյուն, լռու­թյուն, տղա, ան­բա­րո…

բ.- Դա­սա­կա­նի ուա, ուե, ուէ, ուո եւ այլ տա­ռա­կա­պակ­ցում­նե­րը (հնչուող՝ ւա, ւե, ւէ, ւո եւ այլն), ո­րոնք ա­բե­ղեա­նա­սե­ւա­կեան գրե­լա­ձե­ւով կը դառ­նան վա, վե, վէ, վո…):

Նոր գրե­լա­ձե­ւի բե­րած ա. կէ­տի փո­փո­խու­թիւն­նե­րը «թե­թեւ» են ա­նով, որ չեն վե­րա­բե­րիր բա­ռա­կազ­մա­կան մար­զի, չեն խա­թա­րեր ար­մա­տա­կան կա­ռոյց­ներ: Ա­տով եւս՝ կրնա­յին նկա­տուիլ բնա­կան հո­լո­վոյ­թի հա­ւա­նա­կան տար­րեր: Նոյ­նը՝ բ. կէ­տի (ուա, ուե…) պա­րա­գա­յին, ուր ի­րա­նա­հայ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի կի­րար­կած ւա, ւե, ւէ, ւո… ձե­ւե­րը՝ հա­ւա­նօ­րէն ըլ­լա­յին ի­րա­ւա­խո­հա­կան ձեւ մը. ն­(ը)ւագ՝ փո­խան նվա­գի կամ նուա­գի, ստւեր՝ փո­խան ստվե­րի կամ ստուե­րի եւ այլն:

գ.- Հար­ցը լրիւ տար­բեր է՝ ե-է զոյ­գի պա­րա­գա­յին: Նկա­տի ա­ռած ար­մատ­նե­րու մէջ այս եր­կու ձայ­նա­ւոր­նե­րու կա­րե­ւոր ներ­կա­յու­թիւ­նը, նաեւ նոյ­նա-նմա­նա­ձայն բա­ռե­րու կամ բար­դա­ցում-ա­ծան­ցու­մի այ­լե­ւայլ պա­րա­գա­նե­րու ա­նոնց շփո­թու­մէն բխող շփո­թը, ու­րիշ ձեւ չկայ տուեալ կա­ցու­թեան սրբագ­րու­մին հա­մար՝ բա­ցի վե­րա­կանգ­նե­լէ ա­նոնց դա­սա­կան գրե­լա­ձե­ւի հա­մա­կար­գը:

դ.- Հար­ցը, պարզ է, նոյն ձե­ւով կը դրուի ո-օ ձայ­նա­ւոր­նե­րու զոյ­գի պա­րա­գա­յին: Ա­նոնց վե­րա­կանգ­նու­մը եւս ան­խու­սա­փե­լի է, ե­թէ կ՚ու­զենք կամր­ջուիլ գրա­բա­րեան բա­ռա­գան­ձին հետ եւ բա­ռե­րու հե­տե­ւու­մը ը­նել՝ մին­չեւ ար­մատ ու ծա­գում:

ե.- Այ­լա­պէս, բայց նոյն­քան կա­րե­ւոր կը ներ­կա­նայ հար­ցը հ եւ յ բա­ղա­ձայն­նե­րու զա­նա­զան կի­րար­կում­նե­րուն հա­մար, յատ­կա­պէս ա­սոնց­մէ երկ­րոր­դի հո­լո­վա­կան նա­խա­դաս մաս­նի­կի դե­րա­կա­տա­րու­թեան պատ­ճա­ռով՝ բա­ռաս­կիզ­բին: Օ­րի­նակ­ներ՝ յե­տա­դարձ, յան­կարծ…

***

Այս պատ­կե­րա­ցու­մը կրնայ «ու­տո­փիա­կան» (ե­րա­զա­յին-Խմբ.) ե­րե­ւիլ, բայց ա­նի­կա կը հիմ­նուի հա­յե­րէն լե­զուի եւ հայ մշա­կոյ­թի ան­վի­ճե­լի միու­թեան չա­փա­նի­շին վրայ՝ այ­սօ­րուը­նէ դէ­պի իր տասն­հինգ­դա­րեան ան­ցեա­լը: Եւ, կ՚ար­ժէ կրկնել, ոչ մէկ ձե­ւով կը յղուի ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն-ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն կամ Հա­յաս­տան-Սփիւռք ո­րե­ւէ եր­կուու­թեան. հայ­րե­նի հա­յե­րէ­նին ու­րոյն, էա­կան խնդիրն է՝ ան­ցեա­լի եւ ա­ւան­դու­թեան հետ կա­պի ի­մաս­տով:

Յա­մե­նայն դէպս, ե­թէ ա­նի­կա ա­նըն­դու­նե­լի նկա­տուի այս կամ այն դրդու­մով, կը մնայ կի­րար­կել եր­կու գրե­լա­ձե­ւե­րու զու­գա­հեռ գո­յակ­ցու­թեան ձե­ւը, ար­դէն նշուած՝ հի­նե­րը հրա­տա­րա­կել բա­ցա­ռա­պէս դա­սա­կա­նով, ա­նոր ըն­տե­լաց­նե­լու՝ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը:

Այս­պի­սի գո­յակ­ցու­թիւն «անգ­րա­գէտ» պի­տի չդարձ­նէ, խառ­նաշ­փոթ չստեղ­ծէ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կեալ խա­ւին հա­մար, ինչ­պէս չի դարձ­ներ գրա­բա­րի մէջ ա­նոր կի­րար­կու­մը՝ զայն ճանչ­ցող մշա­կեալ խա­ւին հա­մար: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, կը տրա­մադ­րէ գրե­լա­ձե­ւի ըն­տա­նի պատ­կեր մը, երկ­րորդ գրե­լա­ձեւ մը, կա­պը՝ նա­խորդ մէկ-եր­կու դա­րե­րու գրա­կան գան­ձին հետ, ընդ­լայ­նե­լով հա­յաշ­խար­հի ա­նոր ըն­կա­լու­մը՝ հայ­րե­նի ներ­կա­յի վեր­ջին հա­շուով ան­ձուկ սահ­ման­նե­րէն ան­դին, թէ­կուզ, բա­րե­բախ­տա­բար, պե­տա­կա­նու­թեան կար­գա­վի­ճա­կով:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015