Ի՛ՆՉ Կ՚ԸԼԼԱՅ, ԵԹԷ ՉՔՆԱՆԱՆՔ

Քունը ընդհանրապէս դարեր շարունակ մարդոց ուշադրութեան ու հետաքրքրութեան կիզակէտին գտնուած է։ Քունը կը կազմէ մեր կեանքի մէկ երրորդ մասը եւ անհրաժեշտ է աշխարհի իւրաքանչիւր շնչաւորի առողջ գործունէութեան համար։ Մարդկային մարմինը ամենօրեայ գործունէութիւնը կ՚ապահովէ փոխկապակցուած համակարգերու կողմէ։ Իսկ որպէսզի այդ գործունէութիւնը ըլլայ անխափան ու արդիւնաւէտ՝ պէտք է մարմնին համակարգը սնանի քունով։ 

Քունի ընթացքին կը վերանորոգուին մարմնի կենսուժի պաշարները, կը դանդաղին մարմնի կենսապահովման բոլոր համակարգերու աշխատանքը, կը նուազի սրտի զարկերու յաճախականութիւնը, կ՚իջնէ արեան ճնշումը, կը թուլանայ զգայարանքները, նաեւ շնչառութեան բնական կշռոյթը… Կարգ մը գիտնականներ կը պնդեն, որ ուղեղը քունի ժամանակահատուածը կ՚օգտագործէ աւելորդ ելեկտրականութենէ ազատման եւ յիշողութեան համակարգի մաքրման համար:

Մարդ կը սիրէ ինքն իր վրայ փորձարկումներ կատարել՝ յայտնաբերելու համար իր մարմնի գաղտնի ունակութիւնները: Այսպէս, դպրոցական երիտասարդ մը որոշած է ստուգել, թէ ի՞նչ կ՚ըլլայ, եթէ երկար ժամանակ չքնանայ։ 1965 թուականին,17 տարեկան հասակին Ռենտի Կարտնըր որոշած է փորձարկում մը կատարել. երկար ժամանակ չքնանալ, որքան հնարաւոր է: Ան կը յաջողի չքնանալ 11 օր եւ ան իր անունը կ՚արձանագրէ Կինէսի մրցանիշներու գիրքին մէջ։ 

Աւելի առաջ Հոնոլուլուի բնակիչ մը մրցանիշ սահմանած էր՝ արթուն մնալով 260 ժամ։ Ուստի, աշակերտը որոշած էր աւելի բարձր մրցանիշ մը սահմանել եւ տեսնել, թէ քունի բացակայութիւնը ինչ ազդեցութիւն կ՚ունենայ մարմնի վրայ:

Գալով այդ 11 օրերու ընթացքին, հասկնալի է, որ սկիզբէն ի վեր ան ուժեղ յոգնածութիւն կը զգար։ Ռենտիի վիճակը գնահատելու համար պարբերաբար կը ստուգուէր անոր ձայներն ու հոտերը զանազանելու ունակութիւնը։ Սկիզբին ամէն ինչ բնականոն հունի մէջ կ՚ընթանար, սակայն աւելի վերջ ան սկսաւ հարցումներուն դանդաղ պատասխանել, ապա առաւել զգայուն դառնալ հոտերու նկատմամբ։ Ռենտին միշտ կը զբաղեցնէին պասքեթպոլով կամ պոուլինկով, որպէսզի ան չքնանայ։ Հարկ է նշել, որ խաղերու մէջ անոր ունակութիւնները աւելի բարելաւուած էին։ 5-րդ օրը սկսած էին յայտնուիլ որոշ ախտանիշներ, որոնք բնորոշ են Ալզայմըրի հիւանդութեան։ Այնուհետեւ Ռենտիի մօտ սկսած էին զգայախաբութիւն եւ մտախտ։ Յետոյ Ռենտիի մարմինը սկսաւ թերանալ՝ ձեռքերը կը դողային, իր խօսածները դարձած էին անհասկնալի եւ կը դժուարանար նոյնիսկ հասարակ թուաբանական խնդիր մը լուծելու։ Ճոն Ռոս, որ կը վերահսկէր անոր առողջական վիճակը, յայտնած էր քունէն զրկուելու շրջանին անոր մտային ունակութիւններու լուրջ փոփոխութեան մասին. ինչպէս՝ համակեդրոնացման եւ կարճաժամկէտ յիշողութեան, մտախտի եւ մտամոլութեան նման խնդիրներ։ Վերջին օրը, երբ իրմէ պահանջուած է 100-էն պակսեցնել 7-ը, ան կանգ առած է 65-ի վրայ: Երբ հարցուցած են իրեն, թէ ինչո՞ւ դադրեցուցած է հաշիւը, ան յայտնած է, որ մոռցած է՝ ինչ որ կ՚ընէ։

Սոյն փորձը գրաւած էր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութիւնը: Փորձարկումը եւ Ռենտիի մասին լուրերը թերթերու էջերուն մէջ առաջին անգամ յայտնուեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճոն Քենետիի մահուան եւ The Beatles խումբի ելոյթի լուրերու հետ միասին։ 

Վերջապէս, Ռենտին այլեւս չկրցաւ դիմանալ անքնութեան։ Քնանալէ յետոյ ան արթնցաւ մօտաւորապէս 14 ժամ յետոյ։ 11 օրուայ անքնութենէ ետք ան շարունակած է քունի բնականոն սովորութիւնները։ Երկարատեւ անքնութիւնը ոչ մէկ հետեւանք ունեցաւ Ռենտիի առողջութեան վրայ, սակայն աւելի վերջ պարզուեցաւ, որ ան սկսած էր տառապիլ անքնութենէ եւ չէ կրցած այդ խնդիրը յաղթահարել երկար ժամանակ։

Թէեւ համարձակ պատանին ինքնակամ մասնակցած էր փորձարկման, սակայն աշխարհի մէջ կան մարդիկ, որոնք նման ընտրութիւն չունին: Գոյութիւն ունի հազուադէպ ծինաբնական հիւանդութիւն մը՝ Fatal Familial Insomnia, որ, ինչպէս կը յուշէ անուանման առաջին բառը, կը շարունակէ ցմահ։ Սոյն հիւանդութիւնը կը սկսի սովորական անքնութենէ եւ արագօրէն կը յառաջանայ ու պատճառ կը դառնայ մկանակծկումի՝ ստնգանքի (spasm), մտախտի կամ խելագարութեան: Հետեւաբար հիւանդը կը մտնէ մահաքունի եւ անխուսափելիօրէն կը մահանայ։

Որոշ ժամանակ անց Ռենտիի մրցանիշը կը յաղթահարուի, սակայն առողջութեան համար վնասակար ըլլալուն պատճառով այս դասակարգը կը հանուի Կինէսի կազմակերպիչներու կողմէ։

Գիտնականներ կը նշեն, թէ քունէ չյագենալը նոյնիսկ կ՚ազդէ մարդու մտաւոր գործընթացներու վրայ։ Նման շարք մը հետազօտութիւններ կատարուած են զինուորներու վրայ, որոնց համար քունէ չյագենալը կեանքի մէկ մասն է, բայց միաժամանակ պէտք է կատարեն բարդ մտային աշխատանք:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2020