ՍԻՒՆԵԱՑ ԱՐԾԻՒՆԵՐԸ. ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ

2021 թուականին լրացաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան եւ բազմերախտ անդամ Տ․ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեանի ծննդեան 155-ամեակը եւ բիւզանդագէտ, հայագէտ, պատմաբան, բանասէր Նիկողայոս Ադոնցի ծննդեան 150-ամեակը։ Յոբելենական տարուան ծիրէն ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութիւնը հրատարակած է «Վաւերագրեր հայ եկեղեցու պատմութեան. գիրք ԻԳ․ Տ․ Ներսէս Արք․ Մելիք-Թանգեան (1866-1948)» փաստաթուղթերու ժողովածոն, իսկ Խաչատուր Աբովեանի անուան Մանկավարժական համալսարանը ընթերցողին սեղանին դրած է «Նիկողայոս Ադոնցը՝ միջազգային ճանաչում ունեցող բիւզանդագէտ եւ հայագէտ» յօդուածներու ժողովածոն։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, արժեւորելով յոբելեարներուն վաստակաշատ գործունէութիւնը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը Մանկավարժական համալսարանին հետ համատեղ, Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանէն ներս, իրականացուցին վերոնշեալ գիրքերուն շնորհանդէսը:

Միջոցառումը իւրայատուկ խոնարհումի եւ յարգանքի տուրք էր գրիչով եւ գործով հայրենիքին համար պայքարած հայորդիներուն՝ Ներսէս Արք․ Մելիք-Թանգեանին եւ Նիկողայոս Ադոնցին՝ օտար ափերուն գտնուող շիրիմներուն առջեւ։

Ներսէս Արք. Մելիք-Թանգեան յուղարկաւորուած է Թաւրիզ, իսկ Նիկողայոս Ադոնց մահացած է 1942 թուականին՝ Պելժիա, յուղարկաւորուած հոն, սակայն անոր գերեզմանին հետքերը այսօր չկան: Շիրիմը զոհ գացած է Պրիւքսելի՝ այդ գերեզմանատան մէջ անոր մահէն քանի մը տարի ետք կատարուած քաղաքաշինական աշխատանքներուն եւ Պրիւքսելի հայ համայնքը այդ օրերուն ակնյայտ անպատասխանատուութիւն ցուցաբերած է:

Սիւնիք ծնած երկու հայագէտները, յոբելեաններուն առթիւ հրատարակուած հատորներու շնորհանդէսին, յորջորջուեցան իբրեւ Սիւնեաց արծիւներ:

ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԵՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

Ներսէս Արք. Մելիք-Թանգեանին նուիրուած հատորին մէջ ամփոփուած վաւերագիրները կը լուսաբանեն ոչ միայն անոր կեանքի բոլոր փուլերը, այլեւ հայ եկեղեցւոյ այդ ժամանակաշրջանի պատմութեան գրեթէ բոլոր առանցքային հարցերը: Իսկ այդ հարցերէն կարեւոր են մանաւանդ մեծ հոգեւորականին ունեցած ներդրումը հայ եկեղեցւոյ իրաւունքը պաշտպանելու գործին մէջ եւ անոր գործը՝ թաւրիզահայ թեմէն ներս:

Երեսունվեց տարի ան ղեկավարած է Թաւրիզի հայոց դպրոցներու հոգաբարձուներու խորհուրդը։ Սրբազան Մելիք-Թանգեանի առաջնորդութեան տարիները Ատրպատականի հայութեան հասարակական, կրթական, մշակութային կեանքի ամենածաղկուն շրջաններէն էին։ Այդ ժամանակաշրջանը համընկած է Ռըզա շահի հրամանով հայոց դպրոցներու փակման, սակայն բանիմաց ու քաջ հոգեւորականը, անսասան կամքով, մինչեւ իր կեանքին վերջը ղեկավարած է հայ համայնքը։

Աւազանի անունով՝ Նիկողայոս ծնած է Սիւնիքի Բռնակոթ գիւղը: Ծննդավայրին մէջ ստացած է նախնական կրթութիւնը, ապա աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը։ 1886 թուականին դասաւանդած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ, 1888 թուականին՝ Շուշի եւ 1896 թուականին՝ Պաքու: Երբ 1896 թուականին ցարական իշխանութեան հրամանով կը գոցուին հայկական դպրոցները, Նիկողայոս Մելիք-Թանգեան կ՚երթայ Սեն Փեթերսպուրկ՝ ուսումը շարունակելու եւ համալսարանին մէջ իրաւաբանի մասնագիտութիւն կը ստանայ: Սեն Փեթերսպուրկէն վերադառնալէն ետք, 1900 թուականին, Մկրտիչ Ա. Կաթողիկոս Վանեցիի կարգադրութեամբ, կը ձեռնադրուի կուսակրօն սարկաւագ:

Խրիմեան Հայրիկ բարձր կը գնահատէ Նիկողայոս սարկաւագը՝ տեսնելով անոր եռանդուն գործունէութիւնը եւ նուիրումը Մայր Աթոռին: 1901 թուականին, Վեհափառ Հայրապետին կարգադրութեամբ, Արիստակէս Եպիսկոպոս Դաւթեան Նիկողայոս Սարկաւագ Մելիք-Թանգեանը կը ձեռնադրէ կուսակրօն հոգեւորական՝ վերանուանելով Ներսէս Վարդապետ Մելիք-Թանգեան: Նոյն թուականին Մկրտիչ Ա. Կաթողիկոսը Ներսէս Վարդապետը կը նշանակէ Տաթեւի վանահայր եւ Սիւնեաց փոխանորդ:

1903 թուականին ցարական կառավարութիւնը հայոց եկեղեցական գոյքի եւ հողերու բռնագրաւման օրէնք կը հռչակէ: Այդ ծանր օրերուն Ներսէս Վարդապետը կը շրջի Սիւնիքի գիւղերը՝ փորձելով խոչընդոտել վանքապատկան կալուածները կառավարութեան յանձնելու գործընթացը: 1903 թուականին Խրիմեան Հայրիկ Ներսէս Վարդապետ Մելիք-Թանգեանը իր հայրենանուէր գործունէութեան համար կը պարգեւատրէ լանջախաչով:

1905 թուականին, կառավարութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ, Ներսէս Վարդապետ Սեբաստացի Մուրատին հետ կը կազմակերպէ Ղափանի (Կապանի) յիսուն հայկական գիւղերու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ կը կազմէ նոր կամաւորական խումբեր եւ ետ կը մղէ թշնամիները:

Ատկէ ետք Սիւնիքի եւ Արցախի պատկերը կտրուկ կը փոխուի: Հայկական բոլոր գիւղերուն միջեւ հաղորդակցութիւն կը սկսի, կը բացուին ճանապարհները դէպի Շուշի, Եւլախ, Պաքու, Թիֆլիզ եւ այլ վայրեր, կը սկսի ազատ երթեւեկը:

1906 թուականին Խրիմեան Հայրիկ Ներսէս Վարդապետը կը նշանակէ Մայր Աթոռի դիւանապետ, սակայն ցարական իշխանութիւնները, չհանդուրժելով վարդապետին նոր նշանակումը եւ անոր վրայ բարդելով անհիմն մեղադրանքներ, 1907 թը-ւականի ամրան, զայն կ՚աքսորեն Խրիմի Ս. Խաչ վանքը, ուր կը ստանձնէ վանքի վանահայրութիւնը:

1908 թուականի նոյեմբերին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կ՚ընտրուի Մատթէոս Իզմիրլեան, որ ծանօթանալով Մայրավանքի ներքին կացութեան ու թափուր պաշտօններուն, միջնորդագիր կը ղրկէ Կովկասի փոխարքային՝ խնդրանքով, որ Ներսէս Վարդապետ Մելիք-Թանգեանին արտօնէ վերադառնալ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածին:

1909 թուականին, կաթողիկոսին միջնորդութեամբ, հայր սուրբը կ՚ազատի աքսորէն եւ կը վերադառնայ Սուրբ էջմիածին: 1910 թուականին կը նշանակուի վանական կառավարութեան նախագահ: 1912 թուականի սեպտեմբերին Ներսէս Վարդապետ կ՚ընտրուի Ատրպատականի թեմի առաջնորդ, երկու տարի ետք Գէորգ Ե. Կաթողիկոս Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Ներսէս Վարդապետը կը ձեռնադրէ եպիսկոպոս: Մինչեւ 1948 թուականը ան կը գլխաւորէ թեմը:

Մելիք-Թանգեան Սրբազան «Աշխարհաբարի քերականութիւն» եւ «Հայ եկեղեցւոյ իրաւունքը» գիրքերուն հեղինակն է։ Առաջնորդ եղած տարիներուն կը վերանորոգէ Թաւրիզի եկեղեցիներուն զանգակատուները, կը կառուցէ Արամեան թատրոնին շէնքը եւ այլ նշանակալից գործեր կը կատարէ:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք զայն կը նկատեն հակայեղափոխական եւ ամէն կերպով կը փորձեն ետ կանչել Թաւրիզէն՝ հաշուեյարդար տեսնելու համար, սակայն ան կ՚ընդդիմանայ եւ չի լքեր թեմը: Ատրպատականի հայութիւնն ալ, տեղեկանալով սպասուելիք վտանգներուն մասին, չի ձգեր, որ ան վերադառնայ Խորհրդային Հայաստան: Թաւրիզի մէջ ալ կը վախճանի՝ 1948 թուականին:

ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՊԱՏՄԱԲԱՆԸ

Նիկողայոս Ադոնց նոյնպէս ծնած է պատմական Սիւնիքի Բռնակոթ գիւղը: Անոր մասին լոյս տեսած գիրքին մէջ կը ներկայացուի կեանքի եւ գործունէութեան մանրամասնութիւններ եւ իբրեւ մեր ամենամեծ հայագէտներէն մին, նոր լոյսի տակ կը ներկայանայ պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն եւ մեր մեծերուն վաստակը գնահատողներուն:

Նիկողայոս Ադոնց աւարտած է Տաթեւի վանքին դպրոցը, միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանէն ներս, սակայն չէ աւարտած ճեմարանի լրիվ դասընթացքը: 1891 թուականին փոխադրուած է Թիֆլիզ եւ մէկ տարի անց ընդունուած է տեղի ռուսական վարժարանը, զայն աւարտելով իւրացուցած է անթիք դասական լեզուները՝ յունարէն ու լատիներէն։

Հեղինակ է «Հայաստանը Յուստինիանոսի դարաշրջանին» (ռուսերէն լոյս տեսած է 1908-ին, անգլերէն՝ 1969-ին, հայերէն՝ 1987-ին) կոթողային մենագրութեան, ուր մանրամասնօրէն կու տայ Հայաստանի պատմաաշխարհագրական նկարագիրը, կը լուսաբանէ վաղ միջնադարեան Հայաստանի նախարարական կարգն ու հողատիրութեան կառոյցները, Հայաստանի քաղաքական կացութեան վերաբերող հարցերը։

Բիւզանդագիտութեան մէջ Ադոնց խորացած է 1899-1901 թուականներուն՝ Եւրոպա (Միւնիխ, Փարիզ, Լոնտոն, Վենետիկ):

1903 թուականին անցած է Կովկաս, ուր Թիֆլիզի մէջ ուսումնասիրած է վրացերէն, աշխատած է Էջմիածնի մատենադարանը։ Կոթողային աշխատութիւնն ալ գրած է այդ տարիներուն եւ ստացած է գիտական աստիճաններ:

1917 թուականին հնագէտ Աշխարհբէկ Քալանթարին հետ Նիկողայոս Ադոնց նոյնպէս մասնակցած է Վանի երկրորդ հնագիտական արշաւախումբին եւ նոյն տարին ալ ընտրուած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի պատուաւոր հոգաբարձու եւ փրոֆեսէօր։ 1920 թուականին մեկնած է Լոնտոն, ապա՝ Փարիզ։ 1930 թուականին հրաւիրուած է դասախօսելու Պրիւքսելի համալսարանը եւ ղեկավարած՝ նոր կազմակերպուած հայագիտական ամպիոնը։

«Բիւզանդիոն» հանդէսին մէջ եւ այլուր լոյս տեսած են անոր արտասահմանեան տարիներու լաւագոյն աշխատութիւնները։ Մահէն ետք Ադոնցի ձեռագիրները պահպանելու ճիգեր կատարած է Պրիւքսելի հայ գաղութը: Մաս մը փոխադրուած է Փարիզ, որոշ ժամանակ անոր արխիւին հետքը չէ երեւցած եւ միայն շատ տարիներ ետք արխիւէն մաս մը գտնուած է Պէյրութի մէջ: Ինչպէ՞ս հասած է Պրիւսքսելէն հոն, պարզ չէ: Պէյրութի մէջ յայտնաբերուած թուղթերը ուսումնասիրելու կը սկսի մեր լաւագոյն հայագէտներէն Պետրոս Յովհաննիսեան, որ կը նկատուի Ադոնցի գործին լաւագոյն գիտակը: Ան է, որ հրատարակած է Ադոնցի վեց մեծածաւալ հատորները։ Ձեռագրերուն մէջ արժէքաւոր են շուրջ ութեսուն հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն գիտական աշխատութիւններ՝ նուիրուած գլխաւորապէս հայ ժողովուրդի միջնադարեան պատմութեան ու գրականութեան, հայ-բիւզանդական յարաբերութիւններուն, հայ-յունական բանասիրութեան, առասպելաբանութեան, կրօնքին, լեզուաբանութեան։

Ադոնց միշտ երազած է համախմբել աշխարհի բոլոր լաւագոյն հայագէտները եւ հայագիտական հանդէս կամ տարեկան երկու հատորէ կազմուած հայագիտական նիւթերու ժողովածոյ հրատարակել Փարիզի մէջ: Անոր այդ ցանկութիւնը իրականութիւն չէ դարձած, բայց ուրախութեամբ պէտք է նշել, որ ներկայ Հայաստանի զանազան գիտական կառոյցներ, վերջին տարիներուն, բազմաթիւ գիտաժողովներով եւ հրատարակութիւններով համախմբած են աշխարհի հայագէտները, լոյս տեսած են անթիւ հրատարակութիւններ, որոնց մէջ արժեւորուած են անցեալի մեր մեծերուն անմահ գործերը:

Նիկողայոս Ադոնցի եւ Ներսէս Մելիք-Թանգեանի մասին տպուած վերջին գիրքերը ատոր վառ ապացոյցն են:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021