Սուրեշին «Ելքի Ճամբան»…

Սու­րե­շը կու գայ Հնդկաս­տա­նէն: Ան քսա­ներ­կու տա­րե­կան ե­րի­տա­սարդ մըն է: Հա­զիւ կրցած է յա­ճա­խել դպրոց, ստա­նալ քիչ մը ու­սում եւ սոր­վիլ իր մայ­րե­նի լե­զուն՝ գրել եւ կար­դալ: Սու­րե­շը, բո­լո­րին նման, ինքն ալ ու­նի կեան­քի մէջ բաղ­ձա­լի եւ ի­րա­գոր­ծե­լի ե­րազ­ներ… Ան­ցեալ Փետ­րուա­րին ա­մուս­նա­ցած է եւ սկսած է կազ­մել տուն եւ ըն­տա­նիք: Բայց կեան­քի պայ­քա­րը եւ ա­նոր հա­մար մղուող ա­մէն ջանք՝ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ապ­րուստ, ստի­պած են ի­րեն ձգել իր գիւղն ու ըն­տա­նի­քը եւ հաս­նիլ Տու­պայի… Ե­թէ Սու­րե­շին ը­սած են, թէ պի­տի եր­թայ «կա­թ» ու «մեղ­ր» բխող եր­կի­րը, եւ ուր ան պի­տի ա­պա­հո­վէր իր եւ ըն­տա­նի­քին ա­պա­գան, բայց չէին ի­մա­ցու­ցած, թէ ին­չե՛ր պի­տի սպա­սէին ի­րեն այդ սփիւռ­քեան կեան­քին մէջ իր «պայ­քա­ր»ը կեր­տե­լու ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը…

Սու­րե­շը մէկն է այն ա­ւե­լի քան ե­րեք մի­լիոն բա­նուոր­նե­րէն, ո­րոնք կու գան ա­սիա­կան եւ ափ­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սե­րէն՝ աշ­խա­տե­լու եւ զար­գաց­նե­լու հա­մար Տու­պա­յին եւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րը: Ե­թէ բա­նուոր­նե­րը կը կազ­մեն չե­րեւ­ցող հիմ­քը այս երկ­րի ճար­տա­րա­րուես­տին ու ա­նոր զար­գաց­ման, բայց նոյն­քան նաեւ ա­նոնք բաժ­նե­կից չեն նոյն այս ճար­տա­րա­րուես­տին հա­սու­թա­բեր ե­կա­մուտ­նե­րուն…

Սու­րե­շը կ՚ապ­րի պզտիկ սե­նեա­կի, ի­մա՛ խցի­կի մը մէջ, ի­րեն նման հինգ այլ բա­նուոր­նե­րու հետ… Այս խցիկ­նե­րը մեծ տա­րա­ծքաշր­ջա­նի մը մէջ քով-քո­վի ի­րա­րու կպած շի­նու­թիւն­ներ են՝ քա­ղա­քէն ան­ջա­տուած, եւ ո­րոնք կը կո­չուին բա­նուո­րա­կան ճամ­բար­ներ: Եւ շատ է թի­ւը այս ճամ­բար­նե­րուն՝  երկ­րին ամ­բողջ տա­րած­քին: Ճամ­բա­րը ու­նի իր պա­հակ­նե­րը. ող­ջու­նե­լով զի­րենք՝ ներս մտայ այս մէկ ճամ­բա­րին մեծ դռնէն: Եր­կար շար­քի վրայ քով-քո­վի շի­նուած սե­նեակ­նե­րուն շատ ա­րագ եւ հպան­ցիկ նա­յուածք մը նե­տե­լէ ետք, Սու­րե­-շը եւ իր սե­նե­կա­կից­նե­րը «հիւ­րըն­կա­լե­ցի­ն» զիս ի­րենց ան­կիւ­նը…

Այս պզտիկ ան­կիւ­նին մէջ կ՚ապ­րին այս վեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, հե­ռու՝ ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րէն եւ հա­րա­զատ­նե­րէն: Լուա­ցա­րան, բաղ­նիք թէ խո­հա­նոց՝ բո­լորն ալ սե­նեա­կէն դուրս են: Եւ միայն մէկ կա­րե­լիու­թիւն կայ այդ հա­րիւ­րա­ւոր բա­նուոր­նե­րուն հա­մար: Ե­թէ կը վի­ճին, թէ կը վի­ճա­բա­նին, բայց նոյն­քան նաեւ կը բաժ­նեն ի­րենց ցա­ւե­րը եւ ապ­րուած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը, եւ այս բո­լո­րը՝ այդ փոքր ան­կիւ­նին մէջ: Պար­տա­ւոր են արթն­նա­լու ա­ռա­ւօտ կա­նուխ, որ­պէս­զի ճամ­բա­րէն ուղ­ղուին ի­րենց աշ­խա­տան­քա­յին վայ­րե­րը եւ գի­շե­րը վե­րա­դառ­նան նոյն տե­ղը: Եւ ա­սի­կա կրկնուող ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է շաբ­թուան վեց օ­րե­րուն վրայ եր­կա­րող՝ վե­րա­ծե­լով ա­նոնց կեան­քե­րը նոյ­նան­ման եւ նոյ­նա­տե­սակ ապ­րուած օ­րե­րու՝ ա­ռանց փո­փո­խու­թեան եւ կամ այլ հմայ­քի…

Սու­րե­շին եւ իր բա­րե­կամ­նե­րուն աշ­խա­տա­վար­ձը հա­զիւ կը հաս­նի 250 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի: Եւ այս՝ ամ­սա­կան դրու­թեամբ եւ շատ մը ան­գամ­ներ ու­շա­ցու­մով ու տա­կա­ւին քաշք­շուք­նե­րով… Ու ա­սոնց վրայ տա­կա­ւին՝ չհաշուուած այլ զրկանք­ներ: Եւ ե­թէ այս (չ)­վաստ­կած  ե­կա­մու­տով պի­տի ապ­րին Տու­պա­յիի մէջ, բայց նաեւ ա­նոր մէկ մա­սը պի­տի ղրկեն տուն, ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն, բար­ւոք ա­պա­գայ մը կեր­տե­լու ի­րենց տես­լա­կա­նով:

Սու­րե­շը ին­ծի հետ բաժ­նեց իր միակ ու­նե­ցա­ծը… իր ան­կո­ղի­նը: Եւ ա­նոր վրայ նստած՝ սկսայ դի­տել այս տղա­քը: Գոր­ծէն նոր վե­րա­դար­ձած էին եւ կը պատ­րաս­տէին ի­րենց ընթ­րի­քը. իսկ ընթ­րի­քը  օ­րա­կան դրու­թեամբ բրինձն  է… եւ՝ ա­մի­սը մէկ ան­գամ միայն միս ճա­շա­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը: Կե­րա­կու­րը կը պատ­րաս­տէին միա­սին, մեծ քա­նա­կով ու կը զե­տե­ղէին զայն փոքր տոպ­րակ­նե­րու մէջ՝ իւ­րա­քան­չիւ­րին հա­մար եր­կու տոպ­րակ: Եւ ա­սի­կա ի­րենց յա­ջորդ օրուան նա­խա­ճա­շի եւ ա­պա ճա­շի պատ­րաս­տու­թիւնն էր:

Կը նա­յէի իւ­րա­քան­չիւր բա­նուո­րի աչ­քե­րուն: Հոն կար կա­րօտ եւ նոյն­քան յու­զում: Ե­թէ կա­րօ­տը տան եւ ըն­տա­նի­քին էր, բայց նաեւ նոյն­քան յու­զու­մը՝ ի­րենց ապ­րած այդ կեան­քի պայ­ման­նե­րուն հա­մար: Ե­թէ ապ­րե­ցայ այդ  .պայ­ման­նե­րըե ի­րենց հետ, բայց նաեւ կրցայ տես­նել ի­րենց հան­դար­տու­թիւ­նը եւ գո­հու­նա­կու­թիւ­նը այդ բո­լո­րին մէ­ջէն: Աչ­քերս գե­տին սե­ւե­ռած էի, երբ տե­սայ մի­ջատ­նե­րը, ո­րոնք սկսան միա­նալ մեր խում­բին: Սու­րեշ զգաց, թէ ան­հանգս­տա­ցած եմ: Պզտիկ ժպիտ մը գծուե­ցաւ դէմ­քին վրայ եւ իր հան­դարտ ու գո­հու­նակ վի­ճա­կին մէ­ջէն ը­սաւ. .Մեր բա­րե­կամ­ներն են եւ մե­զի հետ կ՛ապ­րի­նե:

Եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը սկսաւ բա­նալ իր կեան­քին  .տոպ­րա­կըե: Այդ .տոպ­րակ­նե­րու­նե մէջ ա­նոնք դրած էին ի­րենց երկ­րին ու տան մէջ ապ­րուած կեան­քե­րը, ո­րոնց մէջ կան շատ փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ, լե­ցուն՝ դժբախ­տու­թիւն­նե­րով եւ նաեւ զրկանք­նե­րով: Բայց ստի­պուած էին շալ­կել այդ բո­լո­րը, ո­րով­հե­տեւ մտած էին ի­րենց կեան­քի պայ­քա­րին մէջ եւ պէտք էր, որ մա­քա­ռէին այդ բո­լո­րին դէմ: Այս բո­լո­րը ա­նոնք ի­րենց հետ բե­րած էին մին­չեւ Տու­պայ՝ գէթ այն հա­մոզ­մուն­քով, որ պի­տի կա­րե­նա­յին թե­թեւց­նել այդ .բե­ռըե: Բայց այդ բե­ռը թե­թեւց­նե­լու գոր­ծըն­թա­ցը ի­րենց սոր­վե­ցու­ցած էր նոր փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ…

.Մենք հոս մի­նակ ենք,- Սու­րեշն է խօ­սո­ղը:- Այս ճամ­բա­րէն դուրս մէ­կը չկայ, որ մե­զի հոգ տա­նի: Եւ քա­նի որ տու­նէն հե­ռու ենք եւ մէ­կը չու­նինք այս քա­ղա­քին մէջ, ի­րա­րու հետ եւ ի­րար­մով կ՛ապ­րին­քե:

Տու­պա­յի մէջ չկայ բա­նուոր­նե­րու հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թիւն, որ պար­տի տէր կանգ­նիլ բա­նուոր­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն: Եւ ա­նոնք ի­րենց սփիւռ­քեան աշ­խա­տան­քա­յին կեան­քի .պայ­ման­նե­րու­նե պէտք էր տո­կա­յին… մի­նակ: Ե­թէ կը տես­նէի բա­նուոր­նե­րուն .մի­նա­կու­թիւ­նըե, բայց այդ օր, այդ պզտիկ սե­նեա­կին մէջ, ի­րենց մի­նակ աշ­խար­հին մէջ տե­սայ նաեւ ի­րենց մի­նա­կու­թե­նէն դուրս գա­լու ի­րենց .ել­քի ճամ­բա­նե…

Եւ .ել­քի ճամ­բա­նե ի­րենց միաս­նա­կա­նու­թիւնն էր…

Ա­նոնք հե­ռու են ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րէն եւ տու­նե­րէն: Սփիւռ­քեան ի­րենց դժուար այս պայ­ման­նե­րուն մէջ ե­թէ ան­զօր եւ գրե­թէ ա­նօգ­նա­կան են, բայց գտած են ի­րենց .ել­քի ճամ­բա­նե, ո­րուն մէ­ջէն կը քա­լեն… եւ կը քա­լեն ի­րա­րու հետ եւ ի­րար­մով, նոյ­նիսկ երբ այդ ճամ­բան շատ նեղ է: Այդ պզտիկ խու­ցե­րուն մէջ ա­նոնք ի­րենց սփիւռ­քեան կեան­քե­րը կ՛ապ­րին ի­րա­րու հետ եւ զի­րար քա­ջա­լե­րե­լով:

Նո­րէն նա­յե­ցայ Սու­րե­շին: Աչ­քե­րուն մէ­ջէն դար­ձեալ փոր­ձե­ցի վեր հա­նել ա­նոր կա­րօ­տը եւ յու­զու­մը: Ե­թէ այդ կա­րօ­տը եւ յու­զու­մը ան .ճզմա­ծե էր, բայց նաեւ իր մէջ կրցած էր ստեղ­ծել ներ­քին ուժ մը, որ ի­րեն հա­մար ե­ղած էր իր .ել­քի ճամ­բա­նե, եւ որ ի­րեն տուած էր գո­հու­նակ եւ հան­դարտ դէմք մը: Այդ հո­գիով ան կը քա­լէր իր բա­րե­կամ­նե­րուն հետ՝ իր ապ­րուս­տի պայ­քա­րին հա­մար… Տու­նէն եւ հա­րա­զատ­նե­րէն հե­ռու…

Սու­րե­շին եւ իր ըն­կեր­նե­րուն նա­յե­լով՝ տե­սայ իմ՝ հա­յուն ի­րա­վի­ճա­կը… սփիւռ­քեան հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը: Մենք ալ կ՛ապ­րինք սփիւռ­քեան գա­ղութ­նե­րու՝ ի­մա՛՝ .ճամ­բար­նե­րուե մէջ, եւ հե­ռու՝ հո­ղէն եւ տու­նէն: Կ՛ապ­րինք հո­ղին եւ տան կա­րօ­տով… յի­շե­լով եւ պա­հան­ջե­լով: Եւ չեմ գի­տեր հոն՝ .ճամ­բա­րէն դուր­սե ո՞վ է հա­յուն ի­րա­ւունք­նե­րուն պա­հա­պա­նը:

Բայց կայ տա­կա­ւին հա­յուն կեան­քը, եւ .ճամ­բա­րէն ներ­սե:

Ե­թէ պի­տի տես­նենք, թէ մի­նակ ենք եւ մեր կեան­քի պա­րու­նա­կին մէջ շալ­կած ենք շատ .ծան­րու­թիւ­նե, բայց նաեւ պի­տի անդ­րա­դառ­նանք, թէ անհ­րա­ժեշտ է ո­րո­նել մեր .ել­քի ճամ­բա­նե… Եւ .ել­քի ճամ­բա­նե ի­րա­րու հետ եւ միա­սին ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թեան մէջ է… Թէ՝ հա­յը կրնայ տար­բե­րիլ մէ­կը միւ­սէն, եւ կամ կրնայ վի­ճիլ ու դեռ տա­րա­կար­ծիք ըլ­լալ: Բայց այդ բո­լո­րէն վեր, հա­յը պի­տի կա­րե­նայ ստեղ­ծել ներ­քին այդ ու­ժը՝ նոյ­նինքն իր .ճամ­բա­րէն ներ­սե… եւ այդ ու­ժով պէտք է գծէ իր .ել­քի ճամ­բա­նե՝ նեղ ըլ­լայ, թէ պզտիկ. դժուար, թէ խնդրա­յա­րոյց: Եւ հա­յը պար­տի քա­լել այդ .ել­քի ճամ­բա­յէ­նե միա­սին եւ ի­րա­րու հետ…

Սու­րե­շին .ել­քի ճամ­բա­նե… Բայց նաեւ՝ ի­մը եւ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու­նը…

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

 

 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2015