ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՍԵՐՈՒՆԴԸ՝ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՅԵՆԱՍԻՒՆԸ

Բուռ մը մարդիկ էին, պատմութեան դիմագիծը փոխելու կոչուած մարդիկ։ Սերունդ մըն էր, որ իր մտքի կութքը ի մի խմբելով կեանքի կոչեց ոսկիացեալ հայ տառերը՝ դառնալով հայ ժողովուրդին յաւերժահունչ հոգիին մշտանուագ քնարը։ Միտք մը, որուն լուսաբաղձ աչքերուն մէջ առաջին անգամ ճառագայթեց հայկական այբուբենը, աչքերէն ան իջաւ գիրի որոնումէն մաշած մատներուն, ուրկէ ձեւ առին հայերէն բառերը մագաղաթին. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։ Բռունցք մը, որուն քրտնաթոր ու յամառ աշխատանքը արգասաւորուեցաւ պտղաւէտ երկունքով ու հոսանուտ վտակներով։ 

Այդպէ՛ս եղաւ Թարգմանչաց սերունդը իր ճշմարտայոյզ եւ ճշմարտաբարբառ Մեսրոպ Մաշտոցով, դիւցազնաշունչ եւ նախանձավառ Եղիշէով, իմաստաբան եւ շնորհագիր Եզնիկ Կողբացիով, հայրենապաշտ եւ խորիմաստ Խորենացիով, որոնք նոր շունչ ու կանանչ բերին հայրենի մեր աշխարհին եւ հայրենի հողի հպումէն հեռու ապրող հայերուն։

405 թուականն էր։ Դէպի Վաղարշապատ մայրաքաղաք տանող ճամբուն վրայ, Ռահ գետի ափին, խռնուած էր ժողովուրդը հայոց իր Սահակ Հայրապետով ու հոգեւորականաց դասով, իր Վռամշապուհ թագաւորով ու արքունիքով։ Կը դիմաւորէին հրաշքը իրեն հետ բերող մեծ սուրբը՝ Մեսրոպ Մաշտոցը իր մեծափառ աշակերտներով։ Պանծալի էր դիմաւորումը, իսկ գիւտարարը՝ արժանավայել եւ յաւէտ յիշատակելի։

405 թուականին հայ պատմութիւնը յեղաշրջուեցաւ յանկարծակիօրէն։ Պատերազմ չմղեցինք, աշխարհակալութիւն չհաստատեցինք, բայց բոլոր դարերու պատերազմները շահելու աննիւթեղէն գաղտնի զէնքին տիրացանք՝ աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդին տիրակալութիւնը ապահովելով։

Հրաշքը կատարուած էր։ Հայ լեզուն իր սեփական տիպն էր հագած։ Հայոց աշխարհը աւելի էր հայացած։ «Երանելի, ցանկալի եւ անպայման սքանչելի լինէր աշխարհս հայոց» կը վկայէ այդ հրաշքին ծնունդ վկայ՝ Կորիւն Սքանչելի։ Աւելի ուշ, հրաշքին յառաջ բերած յեղաշրջական ու պայծակառակերպող արդիւնքներու հանդարտ պահուն, Փարպեցին չի կրնար տակաւին սահմանափակել խանդը իր վկայութեան, երբ կը գրէ այսպէս.

«Անմիջապէս դպրոցներ հաստատուեցան ժողովուրդի ուսման համար, գրիչներու դասը բազմացաւ իրար գերազանցելով. եկեղեցւոյ պաշտամունքը ճոխացաւ եկեղեցիները պայծառութիւն առին, անոնց մէջ ծաղկեցաւ ուխտը՝ կտակարաններու ընծաներով։ Ս. Գիրք մեկնողներէն ամէն օր վտակներ կը բխէին ու կը հոսէին. անոնք մարգարէներու խորհրդալից գիրքերը կը բացայայտէին հոգեւոր խորտիկներով լիօրէն լեցնելով սեղանները ժողովուրդին առջեւ. իմաստախնդիր մարդեր զանոնք ճաշակելով՝ Քրիստոսի խօսքերը անոնց բերնին մէջ աւելի քաղցր կը դառնային քան մեղրը, ըստ Սաղմոսերգուին»։

Իրօք անպարտելի էր զէնքը, որ միայն երեսունվեց բերան ունէր իր մէջ, բայց որոնք կրնային բացուիլ աշխարհի բոլոր լեզուներուն ու մշակոյթներուն վրայ, զանոնք հիւրընկալելու եւ ապացուցելու թէ` հայ միտքը իր նշանակալից նուաճումներով եւ նամանաւանդ իր սրբաճաճանչ մատեաններով հատընտիր քաղուածք մըն է համամարդկային մշակոյթէն ներս։

Արդարեւ, Թարգմանչաց սերունդի վարդապետները դարերու ընթացքին դարձան հայ լեզուի կերտիչներն ու ճշմարիտ յեղափոխականները։ Յեղափոխականը սոսկ գաղափարի մարդը չէ, այլ նաեւ՝ տեսիլքը կենդանի վկայութեան վերածող, նախաձեռնութիւնները անփոխարինելի սկզբունքի փոխակերպող, խիզախ ծրագրիրները յետագայ սերունդին հրիտակող՝ որպէս «աննիւթ կոթող»։ 

Մեծապանծ թարգմանիչ վարդապետները խաւարին մէջ լոյսը տեսնողներ չեղա՛ն միայն, այլ նաեւ լոյսով սնանող, ըմբոշխնուող եւ լոյսին տարածման ի խնդիր ամէն զոհողութիւն յանձն առնող մարդիկ, ապագային մասին խորհող, ապագան իրենց մտքին մէջ պայծառօրէն ընկալող ու գծագրող, եւ այդ ուղղութեամբ համապատասխան ծրագրում կատարող մարդիկ, որոնք որեւէ արգելքի դիմաց կանգ չառին՝ իրագործելու համար իրենց լուսեղէն տեսիլքը։

Ատով իսկ՝ յեղափոխեցի՛ն հայ կեանքը, յեղաշրջեցին մեր պատմութիւնը։ Զինեցի՛ն հայ հոգին, վառեցի՛ն անոր ազգային գիտակցութիւնը, իր արժէքներուն հպարտութի՛ւնը տուին անոր, եւ յաւերժութեան պայքարի ու յաղթանակի վստահութիւնը ներարկեցին անոնց արեան մէջ։

Թարգմանչաց սերունդով եւ աշխատանքով հայոց պատմութեան հրաշազարդ դարաշրջան մը բացուեցաւ։ Անոնք մեր կեանքը եւ պատմութիւնը նորոգեցին՝ բաժանման որոշակի լուսագիծով մը սահմանազատելով հինն ու նորը, անգիր-գրականութեան եւ նորագիր դպրութեան ժամանակաշրջանները, նախա-Մեսրոպեանն ու Մեսրոպեանը։ Ճշմարիտ նորարարներ եղան անոնք, որոնք իւրայատուկ եւ անանց դրոշմ, գոյն եւ բոյր տուին իրենց դարուն եւ յետագայ բոլոր դարերուն։ Անոնք մեր լեզուն արձանացնելով եւ գիրի ճամբով բիւրեղացնելով՝ պայքարի զէնք ու միաւորիչ հզօր շաղախ պարգեւեցին հայկազնեան ցեղին։

Ահա թէ ինչու հայ գիրո՛վ բարձրացաւ հայ մարդը, գիրո՛վ ծաղկազարդուեցաւ հայոց երկիրը։ Ոսկեդարէն մինչեւ այսօր, դարերու քառուղիներով, ճամբէքներով քալեց այդ գիրը՝ մշտնջենաբուխ շունչ տալով հայ միտքին ու սրտին։ Հայուն կեանքը իր բոլոր երեսներով, տանգնապներով թէ նուաճումներով, տրտմութեան հովիտներով թէ բերկրալի բարձունքներով, անմահութեան ոլորտին մէջ փթթեցաւ, որովհետեւ աստուածապարգեւ գիրը գիրքո՛վ  դարձաւ անխզելի՝ մարդիկն ու սերունդները իրար շաղկապելով։ Յղացուած մտածումը, զսպանակուած ձգտումը, ապրուած գաղափարականը, իրագործուած արժէքը, սխրագործական արարքները ժամանակի սպառող ժանգէն վեր մնացին գիրի ոսկիին փայլովը, դուրս եկան ժամանակի եւ տարածութեան կապանքներէն եւ լեցուեցան հայ ազգի ու սերունդներու գիտակցութեան մէջ ու մնացին այնտեղ որպէս յուշ ու պատգամ։

Այո՛, այդպէ՛ս եղաւ հայ գիրը` հայ մշակոյթին ամենաուժեղ կորիզը։ Հո՛ն ուր հայութիւնը օտար աշխարհներէ եկող ազդեցութեանց տակ տժգունեցաւ՝ հայ գիրը դարձաւ գոյն եւ լոյս։ Հոն ուր հայութեան շունչը շիջելու աստիճան տկարացաւ՝ հայ գիրը փչեց «շունչ կենդանի»՝ կենսաւորելով ու կենագործելով զայն։ Հոն ուր հայութիւնը խոտորեցաւ ներքին անհաւատարմութեան, ուծացման փորձութենէն այցելուած՝ հայ գիրը դարձաւ շեփորաձայն յուշարար ու խիղճի զարթնումի եւ ուղղումի մշտահունչ ղօղանջ։

Ժողովուրդի կեանքին հետ միախառնուած, պարզ ճշմարտութիւնները, ժողովրդական իմաստութիւնը այնքան պարզօրէն եւ սրտամօտիկ ոճով պատկերացնող, գրականութեան վարպետ՝ Յովհաննէս Թումանեան հայ գիրի ու հայ գիրքի  հանդէպ հայ մարդուն վերաբերումը կը պատկերացնէ սա գողտրիկ բառերով.

«Թէպէտեւ բախտն մեզ շատ հարուածեց,
Երկար դարերով, ահեղ հարուածով.
Թէպէտ էսպէս ցրուեց, տարածեց,
Ձըգեց հողէ հող, փըռեց, ծով է ծով,

Վկայ է սակայն բովանդակ երկիր
որ մենք կարեվէր ապրո՛ւմ ենք կրկին.
Եւ ՈՒՐ ՀԱՍՆՈՒՄ Է ՀԱՅ ԳԻՐՔՆ ՈՒ ԳԻՐ՝
ԿԵՆԴԱՆԻ Է ԴԵՌ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ»։

Թարգմանիչ հայրերը դարձած էին տեսլապաշտ, իսկ ներկայ դարուն անտարբերութեան մոլուցքէն մոլորածներ դարձած են պատեհապաշտ։ Անոնք իբրեւ մտքի տիտաններ եւ պատմութեան հսկաներ արժանաւորապէս իմաստաւորեցին իրենց ապրելակերպը՝ ի խնդիր ոգեղէն հացի մատակարարման։ Անոնք իրենց պայծառակերպ եւ վեհացնող գաղափարականներով ու հրաշազան աշխատանքներով ողողեցին իրենց ժամանակաշրջանի մթագնած միտքերը, իսկ այսօր հայ երիտասարդը ինքնանպատակ հաշուարկներով «հոգու երաշտ» կ՚ունենայ՝ ինքզինք գերի դարձնելով ցոփ հաճոյքներու։  Գարեգին Ա. Կաթողիկոս իր այժմէական պայծառատեսութեամբ եւ ապագայատեսիլ ակնարկով կը զգուշացնէ հայ նորահաս սերունդը՝ ըսելով. «Մի՛ թողուք լոյսը՝ քալելու համար ստուերի հետքերով. մի՛ թուլցնէք ձեր ընթերցումի ճիգի գօտին. մէջքերնիդ կը թուլնայ. մի՛ զոհէք ոսկին ոսկեզօծ արծաթին սիրոյն։ Մի՛ խափանէք լոյսը՝ փայլքին հաշւոյն»։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2017