ԵՐԱՆԻ՜ ԱՆՈՆՑ…

Մոլորակը կեցած է:

Շունչերնիս պահած կը սպասենք իրադարձութիւններու զարգացման: Գիտենք, վստահ ենք, մեր սիրտը կը վկայէ... սակայն երբեմն անհամբերութիւնը չի ձգեր համբերելու: Անհամբեր կը սպասենք բաղձալի օրուան, զոր հայոց պատմութեան մէջ պիտի գրուի ոսկեգոյն տառերով: Օրացոյցի վրայ կարմիր նշուած այդ գալիք օրը՝ տօնը, ամէն տարի պիտի նշենք մեծ շուքով ու պանծանքով: Բայց ո՞ւր է... չկայ... շուքն անգամ չ՚երեւիր:

Կը զգանք, թէ ինչպէս օրէ օր, քայլ առ քայլ կը մօտենանք յաղթանակին, սակայն պատերազմի աւարտը երթալէն կը պահուըտի մշուշի մէջ: Կարծես ան չար կատակ մը կ՚ընէ մեզի հետ եւ ամէն պահ, յանկարծակի կրնայ երեւան գալ:

Լաւ է, լաւ է: Գիտեմ, որ կ՚անհանգստանաք: Գրեթէ ամէն օր կը հեռաձայնէ, կ՚ըսէ, որ աղէկ է: Ինչպէս միշտ ձայնը շատ ուրախ է ու տրամադրող: Մենք անոր սիրտ տալու փոխարէն, ան մեզ կը գօտեպնդէ:

Անոր ձայնի մէջ միայն օր մը զգացի անհուն թախիծ մը. մարտական ընկերներէն մին կորսնցուցած էր, քանի քանիներ վիրաւորուած, իսկ քանիներ բռնած յաւերժի ուղին:

Իսկ օրեր առաջ մէկու մը կեանքը փրկուեցաւ: Ես ալ իմ երկու սիրելիները՝ Արցախն ու եղբայրս յանձնած եմ Բարձրեալին, թո՛ղ որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ:

Սա անգոյն ու տխուր օրերուն ինքզինքս կը նմանցնեմ ծովի մը. երբեմն կը փոթորկիմ, յաճախ ալ կը խաղաղիմ: Գիտեմ թեւաթափուելու ատենը չէ, կը փորձեմ ուժեղ կենալ, բայց ժամանակ առ ժամանակ յուսահատութիւնը չի ձգեր զիս այդպիսին մնալու: Մէյ մըն ալ ինքզինքս կը գտնեմ յուսահատութեան ծովին մէջ շնչահեղձ: Հոգ չէ, պատերազմ է, ամէն բան ալ կը պատահի:

Կ՚ըսեն, թէ պատերազմի ժամանակ մարդկային կեանքը արժէք մը չունի: Կրնայ պատահիլ: Իսկ այն որ պատերազմի ատեն բոլոր միջոցները արդարացուած են՝ համաձայն չեմ: Քանզի վստահ եմ, որ ինչ ալ պատահի, ոչ մէկ հայու ձեռք կը բարձրանայ հարուածելու հոգեւոր տաճարի մը, ըլլայ այն մզկիթ, եկեղեցի եւ կամ մեհեան մը: Բարձրեալի տունը սրբատեղի մըն է ամէննուս համար: Պատերազմի օրհասական պահուն մենք չենք ոչնչացներ մշակութային ժառանգութիւններ: Հայ զինուորը զէնք չի պահեր, չի խոշտանգեր հակառակորդի մայրերը, քոյրերը, ծերերը ու մանուկները: Չէ՞ որ անոնք նոյնպէս մեզի պէս կազմուած են միս ու արիւնէ, Աստուծոյ սիրելիներն են՝ մարդ են:

Հպարտ եմ, որ հայ եմ: Ուրախ եմ, որ թիւով քիչ սա փոքրիկ ածուին մէկ բջիջն եմ: Ինձմէ լաւ, միայն հայը կը ճանչնայ այս ազգը: Երջանիկ եմ, որ չեմ սուզուիր ատելութեան անհատակ ովկիանոսին մէջ, այլ ընդհակառակն սիրտս լեցուած է յոյսով եւ հաւատքով: Ես կը հաւատամ մեր պայծառ ապագային: Այն որ օր մը երկնքի մէջ պիտի ճառագէ հայու աստղը: Բուռ մը ժողովուրդս բարեկեցիկ կեանքով պիտի ապրի իր հողին մէջ՝ խաղաղ երկինքի տակ: Մեր բաղձանքը խաղաղութիւնն է:

Երանի՜ անոնց, որոնք կը համրեն տարեվերջին մնացած օրերը, այլ ոչ պատերազմի:

Երանի՜ անոնց, որոնք գիշերը քանի մը անգամ չեն արթննար ու չեն թերթեր դիմատետրի նորութիւնները:

Երանի՜ անոնց, որոնց ականջներուն մէջ չեն թնդար հրանօթներու ձայներ:

Երանի՜ անոնց, որոնք ծանօթ չեն պատերազմի դաժանութեան:

Երանի՜ անոնց, որոնք կ՚երազեն ճամբորդութեան մասին:

Երանի՜ անոնց, որոնք կը լուսացնեն ու կը ճամբեն խաղաղ արեւածագեր ու մայրամուտեր:

Երանի՜ բոլոր անոնց, որոնց միակ սրտնեղութիւնը թագաժահրն է:

Երանի՜ անոնց, որոնց հարազատներու եւ ընկերներու կեանքը չէ կախուած մազէ մը:

Երանի՜, հազար երանի...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020