ԾԱՄՈՆԻ ՄԷՋ ԹԱՔՆՈՒԱԾ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սէրը... սէրը՝ կեանքը միշտ լուսաւոր կողմով տեսնելն է: Արդեօք սէրը այս տիեզերքի ամենաթանկագին ու սուրբ զգացումներէն գլխաւորը չէ՞: Կը յիշէ՞ք այն տարիները, երբ սէրը աւելի թանկարժէք էր։ Գիտէ՞ք այն տարիները, երբ իւրաքանչիւր զգացում աւելի անկեղծ էր…։

Շատ բաներ կան, որ 1990-ականներու երեխաները գիտեն, կը սիրեն եւ իրենց մանկութիւնը կարօտով կը յիշեն: 90-ականներու սերունդը, որ, թերեւս, հասած է թաղերուն, փողոցներուն եւ թաղամասերուն մէջ խաղալով մեծանալու վերջին օրերուն, որոշ բաներ աւելի լաւ կը յիշեն. օրինակ՝ այն ծամոնները, որոնց մէջէն դուրս կու գային սիրոյ մասին գծանկարներ։ Այդ գծանկարներով անոնք տեսան սիրոյ գրեթէ բոլոր փուլերը. առաջին ժամադրութիւն, սիրախաղ, ամուսնութիւն, զոհողութիւն, անակնկալ… Իսկապէս, երբ անցեալին հայեացք մը նետեմ հիմա, կը զարմանամ, թէ ինչպիսի՜ գծանկարներ էին անոնք, կեանքէն մասնիկ մը ցոլացնող հայելի մը նոյնիսկ: Հաւանաբար բոլորս գիտենք «Love is…» մակնիշով ծամոնը, որու մէջ կան նաեւ գեղեցիկ գծանկարներ։ Բայց գիտէ՞ք այս գծանկարներու ետին թաքնուած իրական սիրոյ պատմութիւնը:

Այս փոքրիկ գծանկարները, որոնցմով երկու սիրուն հերոսներու սէրը նկարագրուած է, իրականութեան մէջ նկարուած էին սիրախաղի համար եւ անոնք սիրային յարաբերութիւններու սկիզբն էին, նախքան ծամոնի ծրարին մէջ մտնելը։

Քիմ Կրուվ անունով կինը սիրահարուած էր Ռոպերթօ Քասալի անունով տղամարդու մը։ Քիմ սիրաշահած էր Ռոպերթոն՝ փոքրիկ թուղթերու վրայ նկարներ գծելով եւ անոնց վրայ գրելով կարճ գրառումներ՝ արտայայտելու համար իր սէրը: Այս նկարներն ու սիրային գրառումները ան միշտ կը թողէր, որպէսզի գտնէ իր սիրեցեալը. ան գծանկարները կը թաքցնէր մերթ բարձի տակ, մերթ բաճկոնի գրպանին, մերթ ձեռնոցներու կամ դարակներու մէջ…։

Նկարազարդումները, ի վերջոյ, իրենց նպատակին հասան: Քիմն ու Ռոպերթոն ամուսնացան. փոքրիկ կերպարները, որոնք Ռոպերթոյի հանդէպ իր սէրը նկարագրելու համար նկարած էր Քիմ՝ հասաւ միլիոնաւոր մարդոց, միլիոնաւոր սիրահարներու համար դարձաւ միջոց՝ իրարու ցոյց տալու եւ իրենց սէրը արտայայտելու համար:

Այս նկարները տպագրուած են «Times» ամսագրին մէջ, 1970 թուականին եւ մեծ համբաւ ձեռք բերած են։ 1970-ականներուն ժողովրդականութեան գագաթնակէտին յայտնուած զոյգը նշեալ գծանկարներու շնորհիւ տարեկան 4-5 միլիոն սթերլին կը վաստակէին։

Ամուսնանալէ հինգ տարի յետոյ Ռոպերթոյի մօտ կ՚ախտաճանաչուի քաղցկեղ։ Քիմ մինչեւ այդ ժամանակ պարբերաբար կը շարունակէր իր գծանկարները, բայց, որպէսզի Ռոպերթոյին աւելի շատ յատկացնէ իր ժամանակը, ան բրիտանացի նախագծող Պիլ Էսփրէյէն խնդրեց, որ շարունակէ նկարները։ Ընդունելով առաջարկը՝ Էսփրէյ ստանձնեց գծանկարելը եւ կանոնաւոր կերպով կը նկարէ 1975 թուականէն մինչեւ այսօր։

Դժբախտաբար,  1976 թուականին կը մահանայ Ռոպերթոն, որու մահէն առաջ պահուած սերմնահեղուկի շնորհիւ Քիմ կը կարողանայ յղիանալ եւ 1977 թուականին կը ծնի իրենց որդին։ Քիմ, սակայն, կրցաւ իր երեխան տեսնել ընդամէնը քսան տարի եւ լեարդի ու ոսկրային քաղցկեղէ տառապելէ յետոյ կը մահանայ 1997 թուականին։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022