ՅՈՒՇԵՐ՝ ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԷՆ

Այսօր աւա՜ղ, Արա Կիւլէրը ֆիզիքապէս կը բացակայի մեր շարքերէն։

90-ամեայ այս մեծանուն հայորդին, աշխարհահռչակ, առասպելական հանճարեղ հայը՝ ֆոթոլրագրութեան կնքահայրը, իր մահկանացուն կնքեց սոյն թուականի հոկտեմբերի 18-ին։

1940-ական թուականներու վերջաւորութեան երիտասարդ Արա Կիւլէր առաջին անգամ՝ որպէս լուսանկարիչ, աշխատանքի անցնելով Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ սկսաւ իր անդրանիկ քայլերը կատարել ֆոթոլրագրութեան ասպարէզէն ներս։ Բաց աստի, թրքերէն լեզուով պարբերաբար թատերական քննադատութիւններ գրի կ՚առնէր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին համար (Վարդան Օզինեանի կողմէ անոնք հայերէնի կը թարգմանուէին)։ Օր մը, երբ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ներկայիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի մեծ հայրը՝ Արա Գօչունեան դրուատիքով կ՚արտայայտուէր Արա Կիւլէրի ապագայի մասին, հայրը՝ Տաճատ (Տէրտէրեան) Կիւլէր ըսաւ. «Այս տղան մարդ պիտի չըլլայ»։ Պարոն Գօչունեանի հարցին, թէ՝ ինչու՞, Կիւլէրի հայրը պատասխանեց. «թերթերուն համար պատկեր քաշելով մարդ չի կրնար ապրիլ»։

Երանի թէ հրաշք մը տեղի ունենար եւ Պարոն Տաճատը տեսնէր, թէ ինչպէս իր հանճարեղ զաւակը՝ պահի որսորդը, կրցաւ առաջին իսկ հայեացքէն պարզ թուացող լուսանկարչական սարքի ոսպնեակի օգնութեամբ անմահացնելով միլիոնաւոր պատմամշակութային պահեր, դէմքեր ու դէպքեր, դառնալ 21-րդ դարու առասպելական լուսանկարիչը եւ դասուիլ աշխարհի լաւագոյն եօթ լուսանկարիչներու շարքին։

Ես՝ նուաստս եւս կը պատկանիմ այն միլիոնաւոր երջանիկներու կարգին, որոնք պատիւն ունեցած էին տակաւին կենդանութեան օրօք ճանչնալու, թէկուզ առանց բառ մը փոխանակելու՝ վայելելու Արա Տաճատի Տէրտէրեանի (1934 թուականին Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ մականունի մասին օրէնքի համաձայն Տէրտէրեանէն հրաժարելով ընդունեցին Կիւլէր մականունը), այդ մեծանուն հսկայի ներկայութիւնը։

Առաջին անգամ Արա Կիւլէրը տեսայ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ՝ ուսանողներու հետ հանդիպման ժամանակ։ Շատ տպաւորիչ եւ յիշարժան օր մըն էր։ Երկրորդ անգամ պատիւն ունեցայ «Իսթանպուլի աչք»ի ներկայութիւնը վայելելու Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած Արա Կիւլէրի մեծարման երեկոյի մը ժամանակ։

Երեք տարիէ ի վեր Պոլիս հաստատուած եմ, սակայն մինչ օրս դժբախտաբար երբեք առիթ չունեցայ կամ գուցէ ճակատագրի բերումով չկրցայ այցելել «Ara kafe»ն, մեծն Արա Կիւլէրի ոչ այնքան մեծ, յարմարաւէտ ու տաքուկ, հին ու նոր ժամանակները միախառնող սրճարանը։ «Արա» սրճարանը կը գտնուի ճիշդ այնտեղ, ուր ժամանակին կը գործէր Արա Կիւլէրի հօր՝ Տաճատ (Տէրտէրեան) Կիւլէրի դեղարանը։ Սրճարանի այցելուները կը պատմեն, թէ երբ տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ կենդանի առասպելը՝ աշխարհահռչակ լուսանկարիչը յամրաքայլ կը մօտենար իր սեղանին, ներկաները պահ մը լռութեամբ ու ակնածանքով կը պատուէին, անթարթ աչքերով, շունչերնին բռնած կը հետեւէին այդ երեւելի, մեծանուն հայորդիին։ Ներկաներէն իւրաքանչիւրը կարծես կ՚աղերսէր առ Աստուած, որպէսզի այդ երանելի երկվայրկեանները պահ մը կանգ առնէին։

Այսօր ահաւասիկ ուշացումով՝ զգացումներս ու յոյզերս տակնուվրայ եղած կեցած եմ «Արա» սրճարանի շեմին։ Ուշ մնալու գիտակցութիւնը ներսէն կը կրծէ խիղճս։ Վերջապէս ոտքերս սկսան յառաջանալ. չէ՞ որ սրճարանին մէջ ինծի կը սպասէր հաճելի հանդիպում մը մեծանուն հայորդիի բարեկամին՝ Տայք Միրիճանեանի հետ։

Տայք Միրիճանեան վերջին տարիներուն Արա Կիւլէրի ամենամտերիմ բարեկամներէն մին էր՝ կրտսեր ընկերը, հոգեհարազատ մէկը, որ զաւկի տեղ կը զբաղեցնէր աշխարհահռչակ լուսանկարիչի բազմաբովանդակ կեանքին մէջ։ Յարգարժան պարոնը առաջարկեց սրճարանի մէջ նստիլ մեծն վարպետի սեղանին շուրջ։ Յարմարաւէտ տեղաւորուելէ ետք, բարեհամբոյր սկսաւ պատասխանել իմ քանի մը հարցումին։

-Պարոն Տայք, ե՞րբ եւ ու՞ր ծանօթացաք հանճարեղ ֆոթոլրագրողին հետ։

-Արա Կիւլէր անունը եւ անոր կատարած փառահեղ աշխատանքներուն ծանօթ եմ անյիշելի ժամանակներէ սկսեալ։ Այդ փառապանծ հայը ինծի համար միշտ կուռք մը եղած է։ Կը հպարտանայի անոր ինքնատիպ կեցուածքով, իւրայատկութեամբ, համարձակութեամբ, սրամտութեամբ ու ամենակարեւորը՝ հայու տեսակով։ Պէտք է ընդունիլ, որ Իսթանպուլի մէջ իր կատարած գործով հայ մնալը դիւրին չէ։ Յառաջանալու համար պէտք է ունենալ մեծ համարձակութիւն ու ճիգ, որոնցմով ալ օժտուած էր հանճարեղ, տաղանդաշատ մեծանուն վարպետը։ Ես նախապէս կաշիի գործարան մը ունէի. 1926 թուականէն մինչեւ 1990-ականները մեծ հայրիկս ու մօրեղբայրս աղանդերներու պատրաստման գործը կ՚ընէին։ Թերեւս անոնցմէ ոգեշնչուելով օր մը՝ մէկ գիշերուայ մէջ որոշեցի գոցել կաշիի գործարանս ու հայկական ոճով «Ճաշ» անունով ճաշարան մը բանալ, որ եւս մեծ համարձակութիւն կը պահանջէր։ Ես այդ համարձակութիւնը իմ մէջ գտայ շնորհիւ՝ Արա Կիւլէրի։

Երբ, «Ճաշ»ը բացուեցաւ, շատ կը փափաքէի, որպէսզի օր մը մանկութեանս կուռքը մեզի այցելէր։ Փափաքս իրականացնելու նպատակով զանազան քայլերու ձեռնարկեցի։ Օր մը դժբախտաբար հայրս մահացաւ։ Մինչեւ մահանալը՝ թէպէտ հայրս խոհանոց մտնող մէկը չէր, սակայն կեանքի վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին՝ գրեթէ ամէն օր ինքզինքին լոլիկի թացանով դդմաճ (սփակեթթի) կը պատրաստէր։ Երբ մահացաւ՝ յուղարկաւորութենէն ետք, շաբաթ օրը կիրակնամուտը ըրինք։ Երկուշաբթի՝ անսպասելիօրէն Արա Կիւլէր այցելեց «Ճաշ» եւ ըսաւ. «Ինծի լոլիկի թացանով դդմաճ բե՛ր»։

Տայք Միրիճանեան պահ մը կենալով, թախծոտ հայեացքը յառելով սրճարանի պատին կախուած Արա Կիւլէրի լուսանկարին, ձայնային տխուր ելեւէջներով շարունկեց.

-Ութուկէս տարի առաջ սա՝ առասպելական լուսանկարիչի, ֆոթոլրագրողի առաջին այցն էր մեզի։ Քանի որ, մինչ այդ, որպէս ընտանիքի աւագ զաւակ պէտք է ամուր ոտքի կենայի՝ հօրս համար չէի կրցած արցունք թափել։ Ահաւասիկ արցունքն աչքերուս փութացի խոհանոց ու լալով սկսայ դդմաճ պատրաստել երեւելիի համար։ Այդ օրը՝ առաջին անգամ ծանօթացայ Արա Կիւլէրի հետ, եւ այդ օրուընէ սկսեալ Արան ինծի համար դարձաւ՝ երկրորդ հայր, ընկեր, բարեկամ, շատ հարազատ մէկը։

-Ինչպիսի՞ անհատ մըն էր Արա Կիւլէր։

-Արան լաւ մարդ էր՝ մեծանուն։ Ինքզինքը շատ կը սիրէր։ Կ՚ըսէր՝ նախ ինքզինքդ պիտի սիրես, եթէ ինքզինքդ չսիրես, դիմացինդ չես կրնար սիրել։ Աշխարհահռչակ մեծանուն այս արտասովոր ու ինքնատիպ մարդը կը սիրէր կեանքը, բնութիւնը, գեղեցկութիւնը։ Շատ իմաստուն մարդ մըն էր, կեանքի փիլիսոփայ։ Խիստ էր երբեմն ալ՝ կոշտ։ Կոշտութիւնը իր ոճն էր։ Այսինքն մինչեւ մարդու մը հետ շփման մէջ մտնելը, պատ մը կը հիւսէր անոր դիմաց եւ դուն պարտաւոր էիր այդ պատը անցնիլ իրեն հասնելու համար։ Կը հարցնէր. «Դուն ո՞վ ես», դիմացինը կը պատասխանէր, զոր օրինակ՝ «Ես այնինչ նախարարն եմ, կամ թէ այնինչ հաստատութեան տնօրէնը»։ Արա Կիւլէր սրամտօրէն կը պնդէր. « Ըսել է, թէ ոչինչ ես, ոչ մէկը։ Վաղը եթէ այդ պաշտօնդ ձեռքէդ առնեն, ոչ մէկը պիտի ըլլաս։ Յաջորդ օրը, երբ արթննաս, ոչ մէկը պիտի ըլլաս, իսկ ես ամէն օր՝ Արա Կիւլէր ըլլալով կ՚արթննամ։ Եկուր, հիմա ձգէ այդ գոռոզութիւններդ, մարդու պէս խօսինք։

Արտասովոր մարդիկը կը սիրէր. եթէ այդպիսի մէկը չէր, խօսակցութեան պահուն կռնակը կը դարձնէր ու կը սկսէր ուրիշ տեղ դիտել։ Հակառակ պատկառելի տարիքին՝ շատ կը սիրէր նոր բան մը սորվիլ։

-Ի՞նչ էր ամենակարեւոր խրատը, զոր Կիւլէր կու տար շուրջիներուն։

-Լաւ խրատներ կու տար, ամենէն յիշարժանը հետեւեալն էր. «Սիրած գործդ ըրէ՛, եւ ամենէն կարեւորը՝ սիրելով ըրէ։ Եթէ կեանք մը պիտի ապրիս, ուրեմն միայն «kredi kart»երու համար մի՛ ապրիր։ Անանկ գործ մը ըրէ, որ մեռնելէդ ետքն ալ կարենաս ապրիլ»։ Անցեալները կը զրուցէինք իրարու հետ՝ ըսաւ. «Այս ապուշները կը խորհին, թէ ես պիտի մեռնիմ։ 200-300 տարի դեռ հոս եմ, հանգիստ եղիր։ Մարմինս պիտի մեռնի, սակայն անունս պիտի չմեռնի»։

-Ի՞նչ նախասիրութիւններ ունէր վարպետը։

-Շատ կը սիրէր նարտ խաղալ։ Մասնաւորապէս «Մաչքա» զբօսայգիին մէջ։ Կը սիրէր Տոլմապահչէի պալատին կից սրճարանին մէջ թէյ կամ սուրճ խմել։ Ամէն անցնող-դարձողի կը պոռար. «Նայեցէ՛ք ապուշներ, այս պալատները՝ Պալեանները կառուցած են։ Ասոնք հա՛յ են, հա՛յ։ Շաբթու մէջ երկու-երեք օր իր սրճարանը կու գար, թէյ կը խմէր։ Երբ յոգնէր, սա բազմոցին վրայ կը պառկէր ու կը քնանար։ «Ճաշ» կու գար ընթրելու համար։ Յաճախ միասին ժամանակ կ՚անցընէինք։

-Ի՞նչ կրնաք ըսել Արա Կիւլէր՝ հայու տեսակին մասին։

-Օր մը իրեն հարցուցի, թէ ինչո՞ւ չես ըսեր, որ հայ ես։ Հարկ է նշել նաեւ, որ Արան թրքերէն կը խօսէր բնիկ պոլսահայու յատուկ առոգանութեամբ։ Ան սապէս պատասխանեց. «Իմ խօսած թրքերէնը ամէն մարդու կը պատմէ իմ ո՛վ ըլլալս։ Կը կարծե՞ս, թէ չեմ կրնար լեզուս փոխել, ո՛չ, ես դիտմամբ անոնց հետ այս ձեւով կը խօսիմ, որպէսզի ո՛վ ըլլալս ամէնուն յայտնի ըլլայ»։ Ինքը հայ էր, անունը չէր փոխած, հայերէն լեզուն չէր մոռցած, հայերէն ալ կը խօսէր։ Վրան փոշոտած հայ էր, որու վրայի փոշին ես փորձեցի փչել։

-Վերջին անգամ ե՞րբ տեսնուեցաք։

-Տարեդարձիս նախօրէին՝ հոկտեմբերի 4-ին միասին տարեթիւս նշեցինք։ Մինչ այդ, երեք շաբաթ տունէն չէր ելած։ Մեծ հաճոյքով երգեցինք, պարեցինք, զուարճացանք։ Սովորաբար երեկոյեան ժամը տասնուկէսին կ՚երթար, սակայն այդ օրը մինչեւ տասներկու սպասեց, որպէսզի տարեդարձիս կարկանդակէն ուտէ։ Այդ օրը վերջին անգամն էր, որ տունէն դուրս եկաւ։ Այնուհետեւ հիւանդացաւ ու հիւանդանոց պառկեցաւ, վերջն ալ մահացաւ։

-Ի՞նչ էր մեծանուն լուսանկարիչի սիրելի արտայայտութիւնը։

-Արա Կիւլէրի սիրելի արտայայտութիւնը «Մերհապա ապի»ն էր։ «Մերհապա» բառը պարսկական ծագում ունի ու պարսկերէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ՝ ինձմէ քեզի վնաս չի հասնիր։ Արա Կիւլէր «մերհապա» բառը այս իմաստով կը գործածէր։ Անոր «մերհապա»ն՝ բարեւը չէր։ Ամէն մարդու «Մերհապա ապի» կ՚ըսէր։ Այս նրբութիւնը հաշուի առնելով՝ երբ զինք յաւերժութեան կը ճամբէինք, յուղարկաւորներու լամբակներուն դրուած Արա Կիւլէրի լուսանկարին վրայ գրեցինք՝ «Մերհապա ապի»։

Պարոն Տայքը մեծ ակնածանքով ու հպարտութեամբ կը պատմէր յաւերժի ճամբորդ դարձած իր կուռքի մասին։ Երբեմն աչքերը կը տամկանային։ Մե՛րթ դէմքին ժպիտ մը կը ծագէր, մերթ վշտաբեկ թախիծ մը կը գոյանար։ Հարազատի մը կորուստը անդառնալի է։ Արա Կիւլէրի պարագային իրավիճակը քիչ մը յուսադրող է. քանզի աշխարհահռչակ մեծանուն հայ լուսանկարիչը ո՛չ թէ մահացաւ, այլեւ՝ անմահացաւ՝

Գործն է ան­մահ, լա՛ւ ի­մա­ցէք,
Որ խօս­ւում է դա­րէ­դար,
Եր­նէ՛կ նրան, որ իր գոր­ծով
Կ՚ապ­րի ան­վերջ, ան­դա­դար… (Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան)

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018