«ՃԵՐՄԱԿ ՈՍԿԻՆ»՝ ԿԱԹԻԿԸ ԼՄՆՑԱՒ

Եւ այսպէս, երբ Անիի մանկիկը բոլորեց մէկ տարին, նորաթուխ մայրիկը ստիպուած էր, յաճախ ականջ տալու՝ եկող-գացողի, ծանօթ-անծանօթի երեւակայական յօրինուածքներուն՝ երկարատեւ կերակրման վերաբերեալ։

Իսկ երկրորդ տարեշրջանին, երբ Անին դիմացինին կը յայտնէր, թէ տակաւին կը շարունակէ կերակրումը, ան գրեթէ միշտ կ՚առերեսուէր մարդոց զարմանքին ու շփոթահար հայեացքներուն։ Գրեթէ միշտ զրուցակիցը կը ցնցուէր, կ՚ըլլար ապշահար։ Այնուհետեւ, ուշքի գալով՝ անմիջապէս կը շտապէր հարցնել.

-Անի, ինչպէ՞ս, մինչեւ հիմա կը կերակրե՞ս։

-Այո, կը կերակրեմ։

-Մեծ երեխայ է, կը բաւէ այլեւս։ Բաց աստի մինչեւ ե՞րբ պիտի կերակրես։ Հաւանաբար մինչեւ դպրոցահասակ դառնալը պիտի չկերակրես։ Կամաց-կամաց դադրեցուր կերակրումը…

Մէկ ուրիշն ալ կը զուարճախօսէր. «Հաւանաբար մինչեւ ամուսնանալը չես կերակրեր։ Որքան որ կերաւ կը բաւէ, նոյնիսկ շատ է»։ Եւ կամ ամենայն լրջութեամբ կ՚ըսէին.

-Անի հոգիս, կաթդ այլեւս կորսնցուցած է իր օգտակար յատկութիւնները եւ դարձած է ջուր։ Ի զուր ինքզինքդ մի՛ յոգնեցներ։

Այս խորհուրդին ի պատասխան՝ Անին, ինչպէս ժամանակին իր ընկերուհիներուն՝ Յասմիկին, Ալվարդին ու Սոնային մանրամասն բացատրութիւններ չէր տար երկարատեւ կերակրման ատեն մայրական կաթի օգտակարութեան ու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։ Ան ուղղակի կը պատասխանէր՝ կարճ ու յստակ.

-Դուք կ՚ուզէք ինծի հաւաստիացնել, թէ խանութներուն մէջ վաճառուող, անյայտ բաղադրութեամբ ու ծագմամբ կովի, այծի կամ գոմէշի կաթը աւելի օգտակար է, քան մայրական կաթը։

-Ի հարկէ, ոչ,- վստահ կը պատասխանէր իր զրուցակիցը։

-Մայրական կաթը միակ անարատ սնունդն է, որ 21-րդ դարուն կրնանք առաջարկել մեր բալիկներուն։ Ըստ իս, ուղղակի դաժան ու անսիրտ արարք մըն է, ստիպողաբար կամ ոչ՝ զրկել մեր մանուկները բնութեան պարգեւէն։ Փոխարէնը անոնց հրամցնել քիմիական մշակմամբ կամ անյայտ ծագմամբ ուտելիքներ,- կ՚ըսէր Անին։

-Ինչ գիտնամ, ամէն մարդ կը պնդէ, թէ տարի մը ետք, մայրական կաթը այլեւս անօգտակար է,- կը շարունակէր զրուցակիցը։

-Որքան ալ անօգտակար ըլլայ, չի կրնար վնասակար ըլլալ… Ես չեմ կրնար իմ մատղաշ երեխան զրկել, իր ամենասիրելի հաճոյքէն՝ կաթիկէն։ Մինչեւ ինք չհրաժարի, ես զայն պիտի կերակրեմ մեծագոյն սիրով…

Նմանատիպ կարծրատիպերն ու խորհուրդները Անիին համար այլեւս վերածուած էին հասարակ երեւոյթի։ Ան այլեւս չէր զարմանար՝ մարդոց զարմանքին վրայ։ Առանց կաշկանդուելու եւ յուզուելու՝ չէր ուշացներ իր պատասխանը։ Միայն քիչեր կ՚ողջունէին Անիի քայլը եւ խրախուսանքով կ՚ոգեւորէին զինքը։

Ինչեւէ…

Կ՚անցնէին օրեր, ամիսներ ու տարիներ… Մայր ու որդի երջանիկ էին, քանզի մի ամբողջութիւն էին։ Կերակրման ժամանակ անոնք կը լրացնէին զիրար։ Անսահման հանգստութիւն ու ներդաշնակութիւն կը պատէր երկուստեք։ Կարծես երկրագունդը կը կենար։ Հեռո՜ւն, լռութեան մէջ կը հնչէր քաղցր երաժշտութիւն մը, բաղկացեալ՝ սիրոյ, յարգանքի, բարութեան, խաղաղութեան, երջանկութեան, ջերմութեան ու քնքշանքի եօթ ձիւնաճերմակ ստեղնաշարերէ։ Մտքի ծալքերուն մէջ փայլատակող այդ հէքեաթային դաշնակին վրայ ի սպառ կը բացակայէին սեւ գոյնի ստեղնաշարեր։

Փխրուն փոքրիկը յաճախ հայեացքով իր անգին ու թանկագին մայրիկը կը հրաւիրէր պտոյտի։ Մանկան ականակիտ հայեացքին մէջ խորասուզուելով, Անին կը սաւառնէր ամպերն ի վեր։ Երբ փոքրամարմին ու նիհարակազմ մայրիկը իր գիրկին մէջ կ՚առնէր իր մինուճարը՝ ինքզինքը կը զգար անսահման ուժեղ, պատրաստ ամէն վայրկեան իր փոքրիկ հրեշտակը պաշտպանելու բոլոր տեսակի աղէտներէ ու չարագործութիւններէ։ Ամէն անգամ ան՝ առ Աստուած աղօթք մը կը շշնջար՝ յանուն իր որդւոյն բարօրութեան ու առողջութեան…

Այսպէս ուրախ ու զուարթ անոնք կաթիկով կը ճանապարհէին մայրամուտներ ու կը դիմաւորէին լուսաբացեր… Մինչեւ որ… Օր մը, Անին, գործուղղման պատճառաւ շաբաթ մը բացակայեցաւ երկրէն։ Այսինքն ստիպուած եօթ օր հեռու մնաց իր անգին հրեշտակէն։

Պարզ է, որ օրերն օրեր չէին, առանց այդ փոքրիկ մարդուկի։ Անիի շուրջը ամէն բան անգոյն էր ու անձեւ… Վերադարձին, մայր ու որդի, անհուն կարօտով զիրար պարուրեցին։ Երկամեայ փոքրիկի աչուկները կը փայլատակէին ուրախութենէն։ Փոքրիկ հրեշտակը անթիւ համբոյրներ շռայլեց իր մայրիկին։ Այնուհետեւ մանկական թոթովանքով. «Պըտի-պըտի, պըտի-պըտի», ըսաւ։ Անին սիրով փորձեց կերակրել իր մինուճարը, սակայն այլեւս կաթիկ չկար։ Կաթիկը ցամքած էր։ Երեխան տխուր հայեացքով, իր փոքրիկ թաթիկներու օգնութեամբ յայտնեց, որ կաթիկ չկայ։

Չկայ, չկայ… Ընելիք բան մըն ալ չկայ… Ան իջաւ մօր գիրկէն ու գնաց խաղալու իր խաղալիքներով։

Անին, անսպասելի յուզուեցաւ, աչքերէն արցունք կը յորդէր։ Քանի մը օր տամուկ աչքերով կը պտտէր ու կը կարօտնար իրենց երանելի օրերը… Մասնաւորապէս երեկոյեան ժամերուն մօր ականջներուն մէջ կը հնչէր «պըտի-պըտի», թոթովանքը, իսկ աչքին կ՚ուրուագծուէր կերակրման ատեն մանկան խաղաղ ու ջինջ հայեացքը։

Երկու տարի, երեք ամիս, տասն օր վերջ՝ «Ճերմակ ոսկին»՝ կաթիկը լմնցաւ։ Այսուհետ մայր ու որդի կը քնանան գիրկընդխառնուած կամ ձեռք ձեռքի…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2019