ԼԵԶՈՒԻՆ «ԶԱՐԴԵՐԸ»

Վերջերս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը հրատարակեց Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։ Աշակերտներու, ուսուցիչներու, գրողներու, խմբագիրներու, հայերէնի մասնագէտներու եւ պարզ ընթերցողներու համար օգտակար այս ուղեցոյցը լեզուական ու քերականական բազում տեղեկութիւններ կը պարունակէ, յաճախ նաեւ ծանօթանալով տուեալ գրելաձեւին կամ բառեզրին պատմութեան կամ արմատներուն։

Ուղեցոյցին «Ոճ եւ ոճաբանութիւն» բաժնին մէջ հեղինակը ներառած է նաեւ դարձուածքներ, որոնք մենք կը գործածենք մեր գրաւոր կամ բանաւոր խօսքին մէջ, եւ երբեմն նոյնիսկ չենք անդրադառնար, թէ ինչպէ՛ս ստեղծուած է այդ դարձուածքը եւ ի՛նչ ծագում ունի եւ ի՞նչ է առհասարակ դարձուածք: Եղիայեան կը բացատրէ.

«Դարձուածք կը կոչենք սովորաբար երկու, երբեմն՝ երեք, հազուագիւտ՝ աւելի, բառերէ կազմուած այն կապակցութիւնը, որուն բաղադրիչները կը կորսնցնեն իրենց բառային բուն նշանակութիւնը, որով ամբողջ բառակապակցութիւնը կը վերիմաստաւորուի՝ ստանալով բոլորովին նոր՝ «դարձուածքային» բովանդակութիւն մը: Կարգ մը դարձուածքներ, շնորհիւ իրենց դիցաբանական, պատմական, բանահիւսական, աստուածաշնչական ու գրական առանձնայատուկ հէնքին, յաջողած են դուրս գալ իրենց նեղ-ազգային սահմաններէն եւ ստանալ համամարդկային հնչեղութիւն եւ իբրեւ «թեւաւոր խօսքեր»՝ կը զարդարեն բոլոր լեզուները»:

Փոքրիկ փունջ մը՝ նոր լոյս տեսած բառարանէն.

ԴԱՓՆԻՆԵՐՈՒ ՇՈՒՔԻՆ ՔՆԱՆԱԼ

Դափնին գեղեցիկ ու հոտաւէտ տերեւներով, միջակ բարձրութեամբ, մշտադալար ծառ մըն է, որ շատ տարածուած է Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Եւրոպայի մէջ: Անոր պտուղով ներկայիս օճառ կը պատրաստեն, իսկ տերեւներն ալ իբրեւ համեմ կը գործածեն ոմանք:

Անցեալին, սակայն, անոր տերեւներով պսակ եւս կը կազմէին ու կը զարդարէին արժանաւոր մարդոց գլուխները, սովորութիւն մը, որ շատ տարածուած էր Աթէնքի ու Հռոմի մէջ: Երբ կը թղթատենք հին պատմութեան պատկերազարդ գիրքեր, ապա սովորական է անոր էջերուն հանդիպիլ մարզիկներու, բանաստեղծներու, արուեստագէտներու, այլեւ հերոսներու, թագաւորներու ու կայսրերու, մինչեւ իսկ նահատակներու, որոնց գլուխները եզերուած են դափնեպսակով: Ան կը համապատասխանէ մեր օրերու շքանշանին՝ իր այլազան կարգերով: Բայց ո՜ւր է դափնեկիր գլուխի մը ներշնչած պատկառանքը եւ ո՛ւր՝ շքանշանակիր լամբակի մը տափակութիւնը:

Դափնի (laurier) կրող անձը կը կոչուի դափնեկիր (lauréat):

Անխուսափելի էր, որ դափնին իր այս գործածութեամբ հետզհետէ հոմանիշ դառնար պատիւի, արժանիքի, յաղթանակի ու փառքի՝ մարզական, գեղարուեստական, ռազմական եւ այլն: Բայց պատահած է ու կը շարունակէ պատահիլ, որ մէկ դափնին բերէ ուրիշ դափնիներ, ինչպէս նաեւ՝ հակառակը. այսինքն՝ զայն շահողը իր կեանքի մնացեալ տարիներուն ընդմիշտ կորսնցնէ իր եռանդն ու փառասիրութիւնը եւ այնուհետեւ գոյատեւէ իր յաղթանակին միայն յիշատակովը,- ահա այս վերջիններուն համար կ՚ըսուի՝ «Իր դափնիներուն շուքին քնանալ»: Այլ խօսքով՝ դափնեկիրի երբեմնի արժանիքներուն, տաղանդին, յաղթանակին ու պայծառամտութեան համապատասխանող որեւէ նոր գործ չկատարել, այլ պարզ ու մեկին՝ սպառել ինքզինք ու ամլանալ:

Դափնիներուն շուքին քնացողը կը նմանի մօտաւորապէս հանգստեան կոչուած բանուորին, որ այլեւս չ՚արտադրեր, օգուտ մը չունի՝ ո՛չ ուրիշին, ո՛չ իրեն, այլ կ՚ապրի անցեալի հաշուոյն եւ միայն կենսաթոշակ կը գանձէ:

ԼԱԿՈՆԱԿԱՆ ՈՃ

Լակոնիան Յունաստանի հարաւային մէկ նահանգն էր, որ յետագային դարձաւ հանրածանօթ Սպարտան: Լակոնացիք անուանի էին իրենց փայլուն իմացականութեամբ, խոր ու ճշգրիտ տրամաբանութեամբ ու մանաւանդ բառերու գործածութեան մէջ իրենց ցոյց տուած ճշգրտաբանութեամբ ու... ժուժկալութեամբ: Անոնց մանկավարժական սկզբունքն էր՝ ոչ մէկ աւելորդ բառ օգտագործել:

Պատահեցաւ, որ Փիլիպպոս Մակեդոնացին՝ Աղեքսանդր Մեծի հայրը, նուաճելէ ետք հիւսիսային Յունաստանը, հասնէր Լակոնիոյ դռներուն:

Փոխանակ պատերազմով նուաճելու զայն՝ ան գրեց սպառնալից երկար նամակ մը, որ կը վերջանար սապէս. «Եթէ չյանձնուիք, կը կործանեմ ձեր քաղաքը»: Պատգամաւորները այս նամակը յանձնեցին ու սպասեցին... պատասխանի: Իսկ լակոնացիք պատասխանեցին ընդամէնը մէկ բառով՝ «եթէ...», որ կը նշանակէր՝ «եթէ կարենաս գրաւել»: Անշուշտ հեգնանքն ու արհամարհանքը իրենց բաժինը ունին այստեղ, սակայն «լակոնական ոճ» դարձուածքը կը բնորոշուի իր ճշգրտութեամբ, հակիրճութեամբ ու յստակութեամբ:

ԼԻՆՉԻ ԵՆԹԱՐԿԵԼ ԵՒ ԼԻՆՉԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆ

Չարլզ Լինչը Միացեալ Նահանգներու անկախութեան պատերազմի տարիներուն գումարտակի հրամանատար էր Վիրճինիա նահանգի մէջ. ան ինքնագլուխ ստեղծած էր յանցագործներն ու մանաւանդ քաղաքական հակառակորդները հաշուեյարդարի ենթարկող դատարան մը, որուն գործունէութիւնը 1782-ին յատուկ հրամանագիրով մը անօրինական նկատուեցաւ եւ վերջ գտաւ: Սակայն Լինչի մեթոտաբանութիւնը եւ ոգին գոյատեւեցին մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը՝ ձեռամբ զանազան սպիտակ ցեղամոլ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու, որոնց մէջ յատուկ յիշատակութեան արժանի է Ku-Klux-Klan-ը (KKK): Անոնց գլխաւոր զոհերն էին սեւամորթները, ինչպէս նաեւ ձախակողմեան հակում ունեցող սպիտակամորթներ, որոնք առանց դատի ու քննութեան կ՚ենթարկուէին ծաղրուծանակի ու խոշտանգումներու, հուսկ հաշուեյարդարի ու մահուան:

Լինչի ոգին ու մեթոտաբանութիւնը 20-րդ դարու նմանապէս առաջին կէսին գործեցին, այս անգամ պետական մակարդակով, մասնաւորաբար ֆաշիստական Սպանիոյ, նացի Գերմանիոյ ու մանաւանդ Խորհրդային Միութեան մէջ եւ այլուր, ուր զոհերը բազմատասնեակ միլիոններով կը հաշւուէին:

Եւ տակաւին հարց է, թէ այդ ոգին ու մեթոտաբանութիւնը իսկապէս հիմնովին վերջ գտա՞ծ են արդի աշխարհի բարքերուն մէջ:

ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ

1928-ին աշխարհի հզօրագոյն տէրութիւնները՝ Միացեալ Նահանգները, Անգլիան ու Ֆրանսան ժողով մը կը գումարէին՝ իրենց միջեւ բաժնելու համար Օսմանեան նորոգ պարտուած կայսրութեան կորսնցուցած տարածքներու հարստութիւնը, յատկապէս քարիւղի հանքերը: Բայց ահա ժողովականներէն ոչ մէկը յստակ գաղափար մը ունէր, թէ ճիշդ ո՛ւր կը սկսէին եւ ո՛ւր կը վերջանային երբեմնի կայրութեան սահմանները, որոնք այլեւս Թուրքիոյ իշխանութեան տակ չէին գտնուեր:

Այնտեղ իբրեւ խորհրդական կը գտնուէր հայազգի Գալուստ Կիւլպենկեանը, որ, իբրեւ նախկին օսմանեան հպատակ, կարմիր մատիտ մը առնելով, պատին ամրացուած քարտէսին վրայ ցուցական շարժումներով նշանակեց թրքական լուծէն ազատագրուած տարածքներու սահմանները, որոնցմէ անդին կարելի չէր անցնիլ՝ չբախելու համար այլ ժողովուրդներու ազգային շահերուն:

Յատկանշական է, որ այդ ժողովէն ծնաւ Red Line Agreement կոչուած համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ «կարմիր գիծ» դարձուածքը, որ կը խորհրդանշէ սահման մը անցնելու, հատելու արգելքը, նման անցումէ մը յառաջանալիք վտանգը. իսկ կարմիր գոյնը իր կարգին դարձաւ խորհրդանիշ վտանգի:

ԿԱՐՄԻՐ ԹԵԼ

16-րդ դարուն, երբ Անգլիա հզօրութեան ամբողջ գրաւը վերջնականապէս դրաւ իր նաւատորմիղին վրայ, ան կառուցեց հսկայական նաւաշինարաններ, որոնց մէջ գործածուող տեսակաւոր ատաղձներուն մէջ պատկառելի բաժին ունէին նաեւ ընտիր պարանի այլազան տեսակներ, որոնք ան-հըրաժեշտ էին մասնաւորաբար առագաստներու հաստատումին:

Ամէն ինչ շատ հեզասահ կ՚ընթանար այս ճիշդ մտածուած ու ծրագրուած նախաձեռնութեան մէջ, բացի պարաններէն, որոնք մեծաքանակ գողութեան առարկայ դարձած էին այնտեղ ծառայողներուն կողմէ:

Ուշադիր ու հետեւողական հսկողութիւնն ու խուզարկումները, շրջուն պահակներու նշանակումը, խրատներն ու յորդորները ոչ մէկ արդիւնքի յանգեցան. պարանի գողութիւնը անարգել կը շարունակուէր վերանորոգ թափով:

...Մինչեւ որ անգլիական հանճարը գտաւ արմատական լուծում մը. պետութիւնը իր գործածած բոլոր պարաններուն կեդրոնը հաստատեց կարմիր թել մը, որուն շուրջ կ՚աշխատցուէր տուեալ պարանը (եւ որ անհերքելի կը դարձնէր անոր պետական մենաշնորհեալ պատկանելութիւնը), ու յայտարարեց հանրութեան, թէ խստիւ պիտի պատժուին բոլոր անոնք, որոնց քով պիտի գտնուի պարանի այդ տեսակը:

Եւ իրօք ալ պետական պարանի տեսականիի գողութիւնը անվերադարձ կանգ առաւ այնուհետեւ ու անհետացաւ: Սակայն «կարմիր թել» դարձուածքը մնաց լեզուներու մէջ: Ան կը բնորոշէ այն հիմնական միտքը, որ իր կրկնութիւններով կը ստեղծէ ներքին առընչութիւնը մեր պատումներուն, դատողութեանց, գաղափարներու միջեւ, շեշտելով այն անհերքելի կապը, որ զանոնք կը զօդէ իրարու եւ յաճախ իրարմով կը բացատրէ՝ պատճառահետեւանքային կարգով ու տրամաբանութեամբ:

ՁԵՌՔԵՐԸ ԼՈՒԱԼ

Աստուածաշնչական ծագում ունի դարձուածքս:

Հրեաները Յիսուսը սպաննելու մոլուցքին մէջ դիմեցին Պիղատոսին, օրուան հռոմայեցի կառավարիչին՝ ստանալու համար անոր համամտութիւնը:

Պիղատոս փոխն ի փոխ հարցաքննեց Յիսուսը ամբաստանողները, ապա Յիսուսը, եւ եզրակացուց, թէ զայն սպաննելու բաւարար հիմքեր գոյութիւն չունին: Այս տրամադրութեամբ ալ դիմեց հրեաներուն եւ անոնց յայտնեց իր վերապահութիւնը, մինչեւ անգամ առաջարկեց Յիսուսի փոխարէն խաչել Բարապպաս կոչեցեալ յանցապարտը:

Սակայն գազազած հրեայ ամբոխը պըն-դեց Յիսուսը սպաննելու պահանջին վրայ.

- Ի խաչ հա՛ն զդա,- կը բղաւէր ան:

Եւ Պիղատոս ի վերջոյ տեղի տուաւ եւ թոյլատրեց, որ Յիսուս խաչուի:

Բոլորովին համոզուած չըլլալով իր արարքի արդարութեան եւ խիղճը հանդարտեցնելու միտումով՝ ան գուռի մը մէջ ձեռքերը լուաց-սրբեց ու յայտարարեց.

-Քաւեալ եմ ես յարենէ արդարոյդ այդորիկ (Մատթ. ԻԷ/24):

Ասկէ ալ՝ «ձեռքերը լուալ» դարձուածքը կը նշանակէ հրաժարիլ, մասնակցութիւնը զլանալ, պատասխանատուութենէ խուսափիլ, նաեւ՝ յոյսը կորսնցնել:

ՆՈՅՆ ՊԱՏԱՌԱՔԱՂՈՎ ՈՒՏԵԼ

Այս դարձուածքը յառաջացած է ֆրանսական միջնադարուն, ազնուական դասի բարքերուն ծիրէն ներս եւ կը խորհրդանշէ «ծայրայեղ մտերմութիւնը»: Արդարեւ, այդ երանելի դարերուն սովորութիւն էր, որ կնամեծար ազնուականը, իր սիրուհիին, ընտրեալին կամ կնոջը թոյլ չտար ձեռքը պատառաքաղին դպցնելու ձանձրոյթը կրել, այլ ինք պատառը կը տանէր անոր բերանը՝ իր սեփական պատառաքաղով:

Բանիւ նովին նման զոյգին կը նախատեսուէր միայն մէկ աման։ Ուստի անոնք նա՛եւ կ՚ուտէին նոյն ամանէն, ասկէ ալ յառաջացած է նախորդին բոլորովին հոմանիշ դարձուածք մը, որ է «նոյն ամանէն ուտել»:

ՍԻԶԻՓԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Իր դաժանութեամբ, վայրագութեամբ ու աւազակաբարոյ վարքով հանրածանօթ՝ Կորնթոսի Սիզիփոս թագաւորը մահէն ետք, դժոխքի մէջ, դատապարտուեցաւ յաւիտենապէս դէպի լեռան գագաթը հրելով բարձրացնելու ծանր ժայռ մը, որ, ամէն անգամ տեղ հասնելուն, ետ վար կը գլորէր:

Դարձուածքը կը խորհրդանշէ տաժանակիր, անվերջ, յուսահատեցնող ու ապարդիւն աշխատանքը:

ՍՊԱՆԱԿԱՆ ԴՂԵԱԿ

Արաբները, աւելի ճիշդը՝ մաւրերը, Սպանիան գրաւեցին 711 թուին ու այնտեղ իշխեցին մինչեւ 1492 թուականը: Բնիկները, սպառելով զանոնք դուրս քշելու իրենց բոլոր միջոցները ու չկարենալով արգիլել անոնց կեցութիւնը, քանդեցին իրենց բոլոր դղեակները եւ այլ կարգի հաստատուն շինութիւնները, որպէսզի մաւրերը չկարենան հաստատուիլ ու ապահովութիւն ունենալ: Այս միջոցառումը, ենթադրելի է, այնքան ալ արդիւնաւէտ չէ եղած, քանի մաւրերը յաջողեցան այնքան երկար մնալ Սպանիոյ մէջ, որ քիչ կը մնար անցնէին Պիրենեան լեռնաշղթան ալ ու նուաճէին Ֆրանսան, եթէ Շարլ Մարտել զօրավարը պարտութեան չմատնէր զանոնք 732-ին:

Յամենայն դէպս՝ մնաց «սպանական դղեակ» դարձուածքը, որ կը բնորոշէ անիրական, անկարելի եւ անիրագործելի իղձ մը, ցանկութիւն մը, ծրագիր մը:

«Սպանական դղեակ կառուցել» իր կարգին կը նշանակէ մշակել այնպիսի ծրագրեր, որոնք երբեք պիտի չիրականանան:

ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՆՈԽԱԶ

Նոխազ-ը այծին արուն է, որ ընդհանրապէս հօտին առջեւէն կ՚երթայ ու կ՚առաջնորդէ զայն: Իսկ «քաւութեան նոխազ» դարձուածքը ունի պատմական խոր անցեալ մը, որ կ՚առընչուի հրեայ ժողովուրդին:

Տարին անգամ մը հրեաները իրենց գործած մեղքերը կ՚արձանագրէին մագաղաթի մը վրայ, զայն կը կապէին նոխազի մը վիզէն ու նոխազը որոշ արարողութեամբ կ՚արձակէին դէպի անապատին խորերը, ուր այդ անասունը անօթի-ծարաւ նքթելով կը մահանար: Իրենց այս արարքով հրեաները կը հաւատային, որ հաւաքաբար քաւած կ՚ըլլային իրենց մեղքերը. եւ ուրեմն զոհ գացող անասունը՝ քաւութեան նոխազը, իր կեանքի գնով կ՚ապահովէր հրեաներուն մեղքերու թողութիւնը:

Նոխազը, սակայն, այլապէս եւս կը ծառայէր հրեայ ժողովուրդի մեղքերու թողութեան, քանի որ Երուսաղէմի տաճարի սեղանին վրայ զոհուող մատաղցու այլազան անասուններուն մէջ յատուկ նախասիրութիւն կը տրուէր անոր:

«Քաւութեան նոխազ» դարձուածքը, ուրեմն, կրնայ խորհրդանշել որեւէ անհատ, հաւաքականութիւն, կազմակերպութիւն, որ կը ծառայէ ուրիշներու յանցանքի քաւութեան կամ զանազան մթին հարցերու ու հաշիւներու լուծումին, որուն մէջ ինք որեւէ շահ չունի: Քաւութեան մեծագոյն նոխազը, այսպէս ըսած, Աստուածորդին ի՛նքն է, որ «վասն մեր՝ մարդկան... չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ...»:

ՔՐԷԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔ

Բառիս արմատն է քուրայ (քուրայ > քրայ > քրէ), որ սեմական բառ մըն է. կը նշանակէ «հալոց, բովք, մետաղ հալեցնելու վառարան»:

Քուրան վաղ անցեալին շատ սերտ առընչութիւն ունէր հանքերուն հետ. կը հաստատուէր անոնց կից եւ կը ծառայէր հալեցնելու հանածոն՝ հանքին արտադրածը:

Այս բոլորը տեղի կ՚ունենային աշխատանքային շատ աննպաստ, դաժան պայմաններու մէջ, այս պատճառով ալ մարդիկ ընդհանրապէս կը խուսափէին հանքի եւ անոր կից քուրայի մէջ աշխատելէ, որ է՝ քրէագործութենէ:

Սակայն պետութիւնները մեծ կարիք ունէին հանքէն քաղուած բարիքին՝ մետաղին, որ ոսկի, արծաթ, պղինձ կամ երկաթ էր սովորաբար:

Ուստի անոնք սկսան տնօրինել յատուկ պատիժ մը, որ քրէագործութիւնն էր. ուրեմն ծանր յանցանք գործողները, փոխանակ խուցի մը մէջ բանտարկելու, կը դատապարտէին ծառայելու հանքերու մէջ՝ քրէագործութեան:

Ասոնք կը կոչուէին քրէագործներ:

Իսկ ամբողջ հանքավայրը կը կոչուէր «քրէական մետաղք», երբեմն ալ միայն՝ «մետաղք», որ կ՚ընկալուէր իբրեւ պատժավայր, տաժանավայր:

Քրէական յանցանք եզրով ալ կը բնորոշուէր այն ծանր յանցանքը, որուն պատիժը հանքերու մէջ ծառայութիւնն էր: Սակայն ժամանակին հետ ան հոմանիշ դարձաւ տաժանակիր աշխատանքի, որ անպայման հանքագործութիւնը չէ այլեւս:

Քրէական յանցագործը, պարզ է, կը նշանակէ քրէական յանցանք գործած անձը՝ քրէագործը:

Ունինք մինչեւ անգամ քրէագէտ եզրը, որ, անշուշտ հանքագէտ չի նշանակեր, այլ այն իրաւաբանը, որ մասնագէտ է քրէական յանցանքներու մէջ:

Այլեւ՝ քրէական դատարան, որ կը դատէ ծանրակշիռ ոճիրները:

Քրէական գործ, հայց, որ ներկայացուած է քրէական դատարանին եւ որուն կը պատկանի տուեալ ոճիրը դատելու իրաւասութիւնը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022