ԵՐԱԽԱՆԵՐԸ ՈՒՐԱԽԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ…

Ամե­րի­կա­ցի ա­տաղ­ձա­գործ Ճոյի Մէ­յըրս ստեղ­ծած է եր­կու­քու­կէս մեթր բարձ­րու­թեամբ տօ­նա­ծառ մը, որ տե­ղադ­րուած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­քան­սաս նա­հան­գի հա­մալ­սա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ:

­Փայ­տէ պատ­րաս­տուած տօ­նա­ծա­ռը իւ­րա­յա­տուկ կա­ռու­ցուածք ու­նի, ո­րու շնոր­հիւ ա­նոր փայ­տէ «յար­կե­րը» պա­րու­րա­ձեւ պտոյտ մը ը­նե­լու յար­մա­րա­ւէ­տու­թիւ­նը ու­նին։ Այս յատ­կու­թեան շնոր­հիւ ուղ­ղան­կիւ­նա­ձեւ կա­ռոյ­ցը կը վե­րա­փո­խուի պա­րու­րա­ձեւ տօ­նա­ծա­ռի:

Վե­րո­յի­շեալ նա­հան­գի հա­մալ­սա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած է տօ­նա­ծա­ռի լու­սա­ւոր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րու ըն­թաց­քին ու­սա­նող­նե­րը 5 տո­լա­րով գնած են լամ­բեր կամ խա­ղա­լիք­ներ, ո­րոն­ցով զար­դա­րուած է տօ­նա­ծա­ռը:

­Մինչ այդ, մի­ջո­ցառ­ման ըն­թաց­քին հա­ւա­քուած գու­մա­րը կը տրա­մադ­րուի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ճոր­ճիա նա­հան­գի Ո­ւայթ շրջա­նի բա­րե­կե­ցիկ ըն­տա­նիք­նե­րուն՝ ե­րա­խա­նե­րու հա­մար ա­մա­նո­րեան նուէր­ներ գնե­լու նպա­տա­կով:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016