ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆՍ...
Այդ օրերուն թոռնուհիս Վանան, հազիւ վեց-եօթ տարեկան էր։ Արդէն սկսած էր դպրոց յաճախել։ Ու իբրեւ մեծ հայր, ամէն օր դպրոցի արձակման պահուն, զինք կը վերցնէի ու մինչեւ մօրը գործէն տուն հասնիլը, մեր մօտ կը պահէինք։ Կինս, շուտով զինք կերակրելով կը զբաղուէր, որմէ ետք ես, իր «դասերուն» կը նայէի։ Ու ի՜նչ դասեր։ Վրաս գրէ՛. «երկու, անգամ մէկ...» եւ կամ քանի մը նոր բառերու վարժութիւն, եւ այլն։
Անկէ ետքն էր, որ կը սկսէր մեր խաղի բաժինը։ Իր խելապատիկէն ծնած խաղեր։ Ամէն ինչ ժամանակաւոր եւ պատահական։ Այսպէս, պուպրիկներով զբաղուիլ եւ կամ ալ «դպրոց-դպրոց» խաղալ։ Այդ օր, այս վերջինը նախընտրեց։ Եւ ամէն անգամուայ նման, ես ուսուցիչ՝ ինք՝ տնօրէն։ Իմ պաշտօնս իր «հրահանգներուն» հետեւիլ եւ հնազանդիլն էր, մինչեւ մեր տան մէջ իր ներկայութեան ժամերու սպառումը։
Անշահախնդիր ապրում։ Ուրախ պահեր եւ իւրաքանչիւր պահ՝ ինծի համար խրախճանք:
Բայց այդ օր, ա՜խ, այդ օր, ամէն բան զիս տակնուվրայ ըրաւ։ Պարզեմ։ Խաղը փոխուեցաւ զրոյցի։ Ինք իր «տնօրէն»ի պաշտօնը հազիւ «ստանձնած» եւ մեր հիւրանոցի, այլ խօսքով՝ իր «գրասենեակի» բազկաթոռին վրայ նոր տեղաւորուած էր, անմիջապէս զիս իր մօտ կանչեց։ Հնազանդեցայ։ Տասնէ աւելի տեսակաւոր պուպրիկներ, որոնք մեր «աշակերտներն» էին, գրկիս մէջ հաւաքած եւ տակաւին չտեղաւորած, իրեն մօտեցայ։
Նախ ըսաւ, որ իր դիմացի աթոռը գրաւեմ ու նստիմ։ Բառերը կը պարտադրէին յստակ իրականութիւն։ Ինքնաբերաբար կը կապուիս ձայնին եւ բառերուն, որովհետեւ դո՛ւն իբրեւ մեծ հայր, այդպէս կ՚ուզես։ Ներքին հրճուանք եւ նոյնքան ալ մեծ ուրախութիւն։ Կը զգաս պահին եւ մթնոլորտի արժէքը։ Թէեւ դուն քեզ կամովին եւ իրապէս աշխարհէն կտրած ես, սակայն ինքզինքդ երջանիկ կը զգաս։
Նախ «աշակերտները» գիրկէս վար առի ու իր դիմացի աթոռը գրաւելով նստայ: Ու տնօրէնս առանց ժամանակ կորսնցնելու, անմիջապէս սկսաւ իր հարցումներուն։ Ընդհանրապէս ինք պուպրիկ-աշակերտները այդ ձեւով կը հարցաքննէր։ Անոնց հետ խիստ կը խօսէր։ Երբեմն բարձրաձայն: Չէի զարմանար։ Անկասկած իր դպրոցէն կամ մօրմէն ընդօրինակած ըլլալու էր։ Յաճախ ցուցամատը բարձրացնելով, կը յանդիմանէր։ Նաեւ երբեմն իր սիրած կամ նախընտրած պուպրիկ-աշակերտը գնահատելով, իր գիրկը կ՚առնէր ու կը պահէր։ Երբեմն կը սաստէր ու իբրեւ պատիժ ինծի կը հրամայէր տանիլ ու դէմքը պատին տալով կեցնել։ Նոյնիսկ չար աշակերտի ծնողքին կը հեռաձայնէր։
Անկասկած, որ այդ օր, կարգը ինծի հասած էր, ինծի՛, ես իր մեծ պուպրիկը, իսկ այժմ՝ պապիկ կոչուելէ աւելի իր ուսուցիչը։ Ու ինչ հաճելի է պահը։ Երեւակայեցէ՛ք, մեծ հայր եւ թոռնիկ, այսպէս իրարմէ տարիքի վեց եւ աւելի տասնամեակներու տարբերութեամբ, միասին «խաղան»։ Մտերմութեան հաճելի օղակ։ Վայրկեանին կը զգաս, թէ ի՜նչ լաւ բան է եղեր պապիկ ըլլալ եւ այսպէս ալ կեանքէն ուրախութիւն որսալ։
-Հելլօ, բարեւ օրիորդ պապի՛կ, ըսաւ շեշտով մը, չեմ գիտեր ուրկէ՞ սորված էր: Իր բառե-րուն հայերէնին անգլերէն խառնելով, հաւանաբար կ՚ուզէր աւելի տպաւորիչ դառնալ:
-Այո՛, հրամմեցէ՛ք, օրիորդ տնօրէն, ըսի կատակով։
-Օրիորդ, դուն «մէրիտ»-ամուսնացա՞ծ ես. շարունակեց նոյն ոճով:
Նախ կատակ կարծեցի։ Քիչ մնաց բարձրաձայն պիտի խնդայի: Զարմանալի, նոյնքան ալ իրական։ Ինքզինքս զսպեցի: Եւ երբ կրկնեց հարցումը, ստիպուած պատասխանեցի։ Իրապէս, որ չէի կրնար անտարբեր մնալ։
-Այո՛, ինչո՞ւ կը հարցնես, ըսի արագ։
-«Պիքօզ», ըսաւ- «էնտ» ո՞վ է «ուայֆդ» կինդ, շարունակեց նոյն անտարբեր ձայնով։
-Դո՛ւն լաւ գիտես, քու նանի՛դ է, ըսի, իր յիշողութիւնը թարմացնող ձեւով։
-Պզտիկ ունի՞ս, չօճուխ, շարունակեց ձեռքի մատիտը շարժելով: Կարծես «Էֆ. Պի. Այ.»ի գործակալ ըլլար։
Թէեւ կեանքի ու առօրեայի մտահոգութիւններով եւ հարցերով ծանրաբեռնուած էի, բայց ի սէր թոռնիկի եւ անով ստեղծուած հաճելի պահին, համբերութեամբ եւ նոյնիսկ հետաքրքիր «այո»ս ըսի, սպասելով, «թէ այս ձեւով, մինչեւ ո՞ւր պիտի հասնէինք»։
-Քանի՞ հատ, շարունակեց կտրուկ եւ սկսաւ ափին մէջ բաներ մը արձանագրել ձեւացնել։
-Երկո՛ւ, ըսի աւելի զարմացած, եւ դասը լաւ գիտցող աշակերտի իրավիճակով.- մէկը հայրդ է, իսկ միւսն ալ հօրեղբայրդ՝ հօբարդ, չե՞ս յիշեր...:
Անկեղծօրէն կամաց-կամաց սկսած էի կասկածիլ: Իրապէս այսօր, մեր այս աղջկան ուղեղը խախտած ըլլալու էր։ Սխալ բան մը կար։ Արդեօք դպրոցը բան մը պատահա՞ծ էր:Ո՞վ գիտէ։
-Է՜հ, «կրանտ չըլտրէն» թոռնիկ ունի՞ս, ըսաւ հարցաքննիչ դատաւորի նման լուրջ եւ խիստ, անջատելով ուղեղս իր մասին զանազան մեկնաբանութիւններ ընելէ։
Ալ չափը անցած էր։ «Խնդալ-մնդալ» չկար: Համբերութեանս բաժակը լեցուած էր։ Կատակ չէր: Չկար: Միտքէս «գունաւոր» մտածումներ սկսած էին անցնիլ։
-Երկու հատ օրիորդ, ըսի.- մէկը՝ տնօրէնս է, միւսն ալ՝ չորս տարեկան Հայկը, քու հօրեղ-բօրդ մանչուկը։
Ինծի համար արդէն չափն ու սահմանը անցուցած էր։ Դուրսէն դիտողին համար, այս բոլորը ուղղակի առանց բեմի պզտիկ թատերախաղ մըն էր։ Պապիկ եւ թոռնիկ, դէմ դիմաց նստած...: Չէի կրնար երեւակայել, որ ես ալ օր մը իր պուպրիկ-աշակերտներուն նման, հարցաքննութեան մը պիտի ենթարկուէի։
-«Անտ» եւ հիմա «լըսըն թու մի» զիս մտիկ ըրէ՛, օրիորդ պապի՛կ, դուն քանի՞ տարեկան ես, էնտ, ինչո՞ւ Ամերիկա եկած ես, եւ քանի՞ հատ «կըրլ-ֆրէնտ» ունիս։
Հարցուց արագ եւ վերէն վար զիս քննելով: Պահը ինծի համար ալ անհամ դարձած էր, որովհետեւ հարցումները սկսած էին իրենց սահմաններէն դուրս գալ։ Անձնական բնոյթ։ Ես ալ իրեն պէս արագ ե՛ւ իրարու ետեւէ, ե՛ւ կատակով, դէմքիս ժպիտ մըն ալ գծելով ըսի.-
-Քսան տարեկամ եմ, օրիորդ եւ Ամերիկա եկած եմ քեզ տեսնելու եւ մինչեւ հիմա միայն չորս ընկերուհիներ ունիմ. ըսի հեւքոտ, նոյնքան ալ զարմացած եւ սպասեցի, թէ «նայինք ասկէ ետք... տակաւին ի՞նչ եւ ինչե՜ր...»:
-Ուէլ- նանին գիտէ՞, ըսաւ մտածկոտ, իր ըսելիքը հրամցնելու նոր եւ հետաքրքիր ձեւ եւ մտածելակերպ հագցուցած։ Աչքիս, մեր այս փոքրիկ աղջիկը, հիմա, այս վայրկեանին դատաւորի կերպարանք ստացած էր, իսկ ես ալ՝ իր միակ հնազանդ ամբաստանեալը:
-Է՜հ այսինքն ի՞նչ ըսել կ՚ուզես, ես ազատ եմ, հոս ազատ երկիր է. ըսի բարձր ձայնով։
-«Ուէլ», լաւ, «եուր տան», լաւ, դուն վերջացած ես. ըսաւ ու տեղէն վեր ցատկելով, կնոջս մօտ վազեց մէկ ձայնի վրայ պոռալով.-
-Նանի՛, պապիկը շատ ամօ՛թ է, չորս հատ «կըրլ-ֆրէնտ» ունի, պոռաց մէկ շունչով, թէ՛ մտահոգ եւ թէ՛ մեծ գաղտնիք մը յայտնաբերողի ոճով, զիս ձգելով առանձին ու նոյն ատեն նետելով կեանքիս թաքուն ձայներուն մէջ, խանգարելով միտքս ու մտածումներս եւ մանաւանդ մթնոլորտը։
Կը կարծեմ, որ նման համարձակութիւն՝ յանդգնութիւն մը կը սեպուի։ Ո՞վ իրեն սորվեցուցած էր այս տեսակ բառեր եւ հարցումներ, որոնք մինչեւ օրս իրենց արմատները ունէին մտքիս մէջ եւ որոնք ապրող կեանքի երկար փորձառութիւն ունեցող անձի մը տպաւորութիւնը ձգած էին վրաս։ Չէի կրնար երեւակայել։ Զանազան եւ բազմազան միտքերու ժխոր մը պատած էր ուղեղս։ Ուրկէ՞ ո՜ւր, եւ ինչո՞ւ այսօր, հիմա եւ ա՛յս պահուն։
Հարցումները հետաքրքրական էին։ Կասկած չկար: Թէեւ... ոչ մանկական: Ահա նոր ձեւ։ Ահա նոր սերունդ։ Հետաքրքիր երեւոյթ։
Կարելի չէր բաղդատական ընել մեր այդ տարիքի օրերուն հետ, կ՚ըսէի մտովի։ Կեանքս սկսած էր հոսիլ իր եզերքներէն դուրս, ու զիս նետած դէպի իմ իր տարիքի տարիներուս գիրկը։
Իսկ հիմա, մինակ եմ, գետնին՝ անկանոն շարուած պուպրիկներով շրջապատուած: Ինք ձգած, գացած էր ուղղակի բողոքելու: Ու չես գիտեր ինչպէս, յանկարծ եւ ինքնածին սկսած էի ես զիս հարցաքննել։ Տարօրինակ է, չէ՞։ Մտքիս մէջ անհամար հարցումներ շարուած կարգի կը սպասէին։
-Արդեօք ես, իմ այդ տարիքիս, կրնայի՞, կամ քաջութիւնն ու համարձակութիւնը ունէի՞ ողարմած նանիյիս՝ իմ մեծ մօրս եւ կամ նոյնիսկ մօրս նման հարցումներ հարցնել։ Անկարելի էր։ Վայրկեանին թերեւս պիտի լռեցնէին բարձրաձայն «սուս եղիր»ով մը: Նոյնիսկ կրնայի պատժուիլ։ Իսկ եթէ..., արդեօք պիտի կարենայի՞ տեղեակ ըլլալ, թէ իրենց ո՞ր տարիքին եւ մանաւանդ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մեծ մայրս Խարբերդէն իսկ մայրս ալ՝ Պոլիսէն Հալէպ հասած էր, այդ դժնդակ օրերուն, մեր ժողովուրդի պատմութեան այդ խառնակ եւ ցաւալի տարիներուն։ Արդեօք ինծի «ամէն բան» պիտի պատմէի՞ն։ Թերեւս մերժէին խօսիլ, վերանորոգել իրենց վիշտը։ Թերեւս։ Անոր համար մէջս նոր ափսոսանք մը ծնունդ առած էր։ Իրապէս, որ կեանքիս մակերեսէն դուրս եկած էի։ Ու երբ ամէն անգամ այդ պահը յիշէի, կը տխրէի։ Այսպէս, կարծես զղջումի զգացում մը զիս խեղդելու աստիճան կը ճնշէր։ Խորունկ, այնքան ալ շօշափելի կերպով կը զգայի ամէն կորուստ՝ ժամանակի եւ նիւթերու եւ կամ շրջանի պատմութեան: Ու գլուխս աջ ու ձախ շարժելով «երանի՜» մը կը շշնջայի։ Ինքզինքս յանցաւոր կը զգայի, անոր համար յաճախ։ Ուշացած ափսոսանք մը։
Երկար տարիներ լաւատես եղած եմ ու այդպիսին ալ կը մնամ։ Բայց այդ օր։ Աչքերուս եւ ականջիս չէի կրնար հաւատալ: Հետաքրքրութիւն։ Համարձակութիւն։ Ինչպէ՞ս չէի մտածած նման հարցականներու առջեւ դնելու իմ մեծերս։ Ինչպէս մոռցած էի անոնցմէ քաղելու իրենց կեանքի պատառիկներէն բաժիններ: Տխուր կամ ուրախ: Ինչպէ՞ս:
Ինչո՞ւ չէի փորձած լուսաբանական կէտեր որոնել։ Ու հակառակ բոլոր ճիգերուս, միտքս չարչրկող նման մտածումներէ չէի կրնար փրկել կամ ազատել: Կը փորձէի ինքնարդարանալ: Բայց ափսոս: Ի զուր: Ինքզինքս շոգեկառքը փախցնող ճամբորդի մը կը նմանցնէի։
Ու հիմա նոր սերունդ մը ունինք, խելահաս եւ հմուտ, որ կ՚աճի։ Հիանալի եւ գիտակից։
Մեզմէ աւելի լաւ։ Տեսանելի է։ Ահա սերունդ մը, որ անգիտակցաբար ցոյց կու տայ դիտելու մեր անկարողութիւնը եւ մեր մտքի սահմանափակումը։
Յիշողութեան վերապրումները իրապէս որ մարդոց կը դարձնեն աւելի թոյլ: Կը հաւատամ։ Անոր համար ամէն անգամ, որ այս դէպքը յիշեմ, կամքէ անկախ, նստած տեղս, ամբողջ վայրկեաններ կը խորասուզուիմ մտածումներուս եւ երազանքին մէջ: Յաճախ անխօս կը փորձեմ մէկ առ մէկ դիտել եւ պատկերել անցեալիս այդ բաժինը: Կը կռահեմ իմիններուս հարցնելիք հարցումներուս պատասխանները: Ու անկեղծօրէն կը տառապիմ: Կ՚ընկճուիմ: Նոյնիսկ յաճախ ներքին փլուզում մը կ՚ապրիմ: Ու ինքնաբերաբար, հոգեկան մխիթարութիւն մը կը փնտռեմ, ափսոսանքիս կողքին։
***
Իսկ վերջը, մեր այդ «պատմական» հարցաքննութենէն ետք, մինակս նստած շունչ մը քաշեցի, երկար ու բարակ, որ ապրելուն երջանկութիւնը զգացուց երակներէս ներս: Արդարանալու պահանջքը կրկին զգացի: Հաստատապէս յուշերուս այդ լուսաւոր կարաւանը, կրկին անգամ անցած էր մտքիս պաստառի վրայէն:
Թոռնիկս՝ Վանան այդ օր եկած էր կարծես յուշերս մէկտեղելու, երեւան հանելու, պեղելու եւ իրենց նախկին ձեւապաշտ վիճակէն դուրս բերելու։ Եւ կարծես յաջողած էր։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ