ՂԱԶԱՐՈՍ ԱՂԱՅԵԱՆԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻՆ ՀԵՏ

Գրող, ուսուցիչ, հրապարակախօս Ղազարոս Աղայեան 1892 թուականին կը հրատարակէ «Իմ տեսակցութիւնը Խրիմեան Հայրիկին հետ» յուշագրութիւնը, որուն մէջ կը պատմէ Եաֆայի եւ Երուսաղէմի մէջ Խրիմեան Հայրիկին հետ իր հանդիպումին մասին:

Աղայեան Երուսաղէմ մեկնած էր Թիֆլիզէն, ուր հիմնականօրէն ապրած եւ աշխատած է: Սուրբ Քաղաք ճամբորդած էր իբրեւ ուխատաւոր եւ իջեւանած Եաֆայի հայոց վանքը, ուր այդ տարիներուն կը հիւրընկալուէին Երուսաղէմ գացող հայ ուխտաւորները:

Առաջին իսկ պահուն անոր դէմ ելած է վարդապետ մը եւ յայտնած՝ թէ Հայրիկը հոն է: Աղայեան, որ վարդապետին չէր յայտնած Հայրիկը տեսնելու իր փափաքին մասին եւ ամբողջ ճանապարհին մտածած էր, թէ ե՞րբ պիտի հասնի եւ ինչպէ՞ս պիտի գտնէ Հայրիկը եւ ինչպէ՞ս անոր տեսակցութեան պիտի արժանանայ, կը զարմանայ, կարծես վարդապետը իր միտքը կարդացած էր: Աղայեան, մինչեւ Երուսաղէմ հասնիլը ինքզիքը աւելի շատ Հայրիկին ուխտաւորը կը նկատէր, քան՝ Երուսաղէմի, եւ ապշած կը մնայ այն իրողութեան առջեւ, որ հայ վարդապետը, առաջին իսկ պահուն, կը յայտնէ Հայրիկին՝ այդ պահուն Եաֆայի վանքը ըլլալուն մասին: Տեսնելով անծանօթ ուխտաւորին զարմանքն ու կարկամիլը՝ վարդապետը կ՚ըսէ,

-Իրաւ կ՚ըսեմ, Հայրիկը հոս է, եթէ տեսնել կ՚ուզէք, իմաց տամ իրեն:

-Այո՛, կ՚ուզեմ տեսնել,- կ՚ըսէ Աղայեան այնպիսի եղանակով, իբր թէ իր նպատակը ուղղակի Հայրիկը տեսնելը չէ, բայց նոյն պահուն կը զղջայ այդպէս չոր պատասխանած ըլլալուն համար, կը զգայ, որ դիմակաւորուած մնալը շատ անյաջող պիտի ըլլայ եւ անմիջապէս ի ցոյց կը դնէ ներքին յուզմունքը:

-Ի՞նչ ըսեմ, ինչպէ՞ս է ձեր անունը,- կը հարցնէ վարդապետը:

Աղայեան կու տայ իր այցետոմսը, բայց վարդապետին վերադարձին սպասելու չափ համբերութիւն չ՚ունենար, կը բարձրանայ վեր, կը մտնէ սենեակ մը եւ կը տեսնէ Հայրիկը թախտի մը վրայ նստած, լրագիր կը կարդայ: Խրիմեան Հայրիկ երբ կը տեսնէ ներս մտնողը, լրագիրը մէկ կողմ կը ձգէ եւ իր վեհ պատկերով կը դառնայ Աղայեանին կողմը՝ հայրական ուրախ ժպիտը դէմքին: Ղազարոս Աղայեան կամացուկ մը կը մօտենայ Հայրիկին, կը չոքի անոր առջեւ, երկու ձեռքերով կը բռնէ անոր աջը եւ գլուխով կը ծանրանայ ծունկին վրայ: Այդ պահը նկարագրելով գրողը կը գրէ, թէ չի գիտեր քանի՛ վայրկեան տեւած է այդ խոնարհումը, ինքը ձեռքը չէ ձգած եւ ոչ ալ Հայրիկը ջանք ըրած է ազատելու անոր ձեռքէն: Գրողը Հայրիկին աջը կ՚ողողէ յորդ արտասուքով…

Վերջապէս Հայրիկը կը քաշէ Աղայեանը եւ իր քովը կը նստեցնէ: Անոնք քանի մը վայրկեան լուռ էին եւ իրարու երես կը նայէին: Երկուքն ալ սաստիկ յուզուած էին, Աղայեան խօսելու ունակութիւնը պահ մը կորսնցուցած էր, Հայրիկը կ՚ընդհատէ լռութիւնը: Սպասաւորին կը հրամայէ, որ ծխախոտը մօտ բերէ եւ սուրճ պատրաստէ:

Յուշագրութեան մէջ Ղազարոս Աղայեան կը յիշէ, որ սեղանին վրայ դրուած էին Հայրիկին նշանաւոր ստեղծագործութիւններէն մէկուն՝ «Հրաւիրակ երկրին աւետեաց»ին սրբագրութիւնները: Աղայեան կ՚առնէ եւ կը սկսի նայիլ:

-Երկրորդ տպագրութիւնը կը պատրաստէք կ՚երեւի,- կը հարցնէ:

Այդ գործը առաջին անգամ տպագրուած էր Պոլիս, 1851 թուականին:

-Այո,- կը պատասխանէ Հայրիկ, եւ կ՚աւելցնէ, որ առաջին տպագրութիւնը եղած է քառասուն տարի առաջ եւ մինչ այդ շատ բան փոխուած է այդ երկրին մէջ, փոփոխութիւններ եւ յաւելումներ պէտք է ընել: Հայրիկ նաեւ կը խոստովանի, որ փորձ մը կ՚ընէ նաեւ տեսնելու, թէ արդեօք մարա՞ծ չէ իր մէջ բանաստեղծութեան ընդունակութիւնը, որ ունէր երիտասարդութեան տարիներուն: Հայրիկը կ՚ըսէ, որ կարծես յաջող կ՚ընթանայ ստեղծագործական ընթացքը: Աղայեան կը կարդայ քանի մը կտոր նոր գրածէն եւ կը տեսնէ, որ ոչ միայն յաջող է, այլեւ գերազանց է առաջինէն: Նոյն տարին «Հրաւիրակ երկրին աւետեաց»ը կը տպագրուի նաեւ Երուսաղէմ:

Բայց այդ օրերուն միայն այդ երկով չէր զբաղած Հայրիկը, այլ կը գրէր նաեւ ուրիշ գործեր, զբաղած էր առաւելապէս իր պատմական յիշատակարանով: Ինչպէս յայտնի է, այդ տարիներուն Խրիմեան Հայրիկ Երուսաղէմ աքսորուած էր Գումգաբուի ցոյցէն ետք:

Սուրճէն յետոյ Հայրիկը Աղայեանը կը հրաւիրէ նախաճաշի եւ կը սկսի զանազան հարցումներ տեղալ, թէ ի՞նչ կայ-ի՞նչ չկայ արեւելահայ աշխարհին մէջ, ի՞նչ հոգեր, ի՞նչ մտածմունք, ի՞նչ տրամադրութիւն, ինչպիսի՞ անձնաւորութիւններ են այս եւ այն անձինք, թէ որքա՞ն ստոյգ են «Արեւելք»ի տարածած լուրերը այս եւ այն անցքին վերաբերեալ, Ջրօրհնէքի աղէտին մասին եւ այլն:

Ղազարոս Աղայեան Եաֆա կը մնայ երկու օր եւ այդ երկու օրը՝ Հայրիկէն անբաժան: Այդ տարի Երուսաղէմի մէջ ձմեռը անսովոր ցուրտ եղած էր: Հայրիկը այդ ցուրտէն փախչելով ծովափնեայ Եաֆա անցած էր, ուր ձմրան եղանակը գարնանային է:

Երկու օր ետք, Աղայեան ուխտը կատարուած համարելով փափաք յայտնած է Պոլիս երթալու, բայց Հայրիկը չէ ձգած, թելադրած է Երուսաղէմ երթալ, յայտնելով, որ այնտեղ շատ աւելի հետաքրքրական բաներ կան ուսումնասիրելու: Ու սկսած է պատմել, թէ ի՛նչ կայ տեսնելու եւ ինչին համար ինչպիսի՛ վճարումներ կան.

-Վճարումէն չփախչիս, տո՛ւր, եթէ փարադ պակսի, Հայրիկդ հոս է, այդ մասին հոգ կը տանի: Գնա՛, ես ալ կու գամ երեք օրէն եւ կ՚ընկերանամ քեզի:

Ղազարոս Աղայեան Երուսաղէմ կ՚երթայ եւ Հայրիկը, ինչպէս խոստացած էր, շուտով կը հետեւի անոր: Հայրիկին կը հետեւէր ուխտաւորներու խուռն բազմութիւն մը: Գրողը կը նկարագրէ, որ այդ տարի ուխտաւորներուն թիւը նախընթաց տարիներէն աւելի էր:

«Շատեր Հայրիկին անունը լսելով՝ կ՚երթան եւ անոր ոտքերն ու փէշերը կը համբուրեն: Խեղճ մարդը հալ ու մաշ կ՚ըլլայ եւ հազիւ կը կարողանայ պաշտպանուիլ իրեն պաշտողներէն:

«Այս տեսարաններուն ներկայ ըլլալով, ես ակամայ այն համոզման եկայ, որ եթէ Հայրիկը, Աստուած մի արասցէ, օտարութեան մէջ մեռնի, ուխտասէր ժողովուրդը անոր գերեզմանին վրայ հող չի ձգեր: Ամէն մէկը բուռ մը հող տանելով, շարունակ կը քանդեն: Ո՞վ գիտէ, թերեւս հին ժամանակներուն պէս մաս-մաս ընեն անոր մարմինը եւ այդ մասունքները տարածեն ամէն տեղ...»,- կը խորհի Ղազարոս Աղայեան:

Ան Երուսաղէմ Հայրիկին մօտ կը մնայ երկու շաբաթ եւ անոր հրամանով կը պտտի ամէն կողմ, մի քանի տեղ ալ անոր հետ կ՚երթայ: Իրենց միացած էր նաեւ Հայրիկին եղբօրորդին՝ Խորէնը, որ Աղայեանէն մի քանի օր առաջ գացած էր Հայրիկին մօտ: Ահաւասիկ, Ղազարոս Աղայեան ինչպէ՛ս կը պատմէ իրենց օրերուն մասին.

«Երբ Հայրիկը մեր առաջը քալէր եւ շարժէր իր հսկայական քայլերը, ես ու Խորէնը խնդալով կը վազէինք անոր ետեւէն երեխաներու նման: Այս հայը, ինչպէս լաւ նկատած է պարոն Արծրունին, թէ՛ մանուկ ու թէ՛ վիթխարի է: Քաջալանջ, լայնաթիկունք եւ հաստաբազուկ, իսկ հասակով մեր զօրապետ Լազարեանը կը յիշեցնէ, միայն Հայրիկին կազմուածքը աւելի բարեձեւ է, շատ թանկագին օրինակ մը ճարտար արձանագործի համար:

«Մտաւորապէս՝ Հայրիկը ոչ միայն զարգացած է, այլեւ անընդհատ կը զարգանայ: Ոչ միայն ուսումնասէր է, այլեւ չափէն դուրս հարցասէր: Կ՚ուզէ ամենայն բան գիտնալ, ամէն մէկ նորագոյն վարդապետութիւն, նորագոյն ուսմունք իր ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ կը լսէ շատ սիրով:

«Լսելով՝ կարծես կը զարմանայ մէկ կողմէն մարդկային հանճարի բեղմնաւորութեան վրայ, միւս կողմէն կարծես կը համեմատէ իր ազատ մտմտուքներուն հետ: Ան կը հաւատայ գիտութեան ուժին եւ անոր ապագայ փառաւոր յաղթանակին: Իսկ երբ ինք կը պատմէ Եւրոպայի մէջ իր տեսածներուն մասին, լսողը միայն կը սքանչանայ անոր դիտողութեան ուժին եւ կատարած սուր նկատողութիւններուն վրայ:

«Բարոյապէս՝ Հայրիկը կը յիշեցնէ Քրիստոսի ձկնորս առաքեալները: Ատելով կ՚ատէ ամենայն պատեհապաշտ մանուածոյ, սեթեւեթ, եւ ինչպէս ինք կ՚ըսէ՝ ճղճիմ մեկնութիւններն ու բացատրութիւնները. որքան շատ կարդացած է այդպիսի բաներ, այնքան շատ զզուած է:

«Քրիստոնէական կրօնքը, ըստ Հայրիկին, եկաւ մեզ ազատելու դարաւոր գերութենէն, եւ այդ կրօնքին բռնակալի դեր տուողները բռնակալներ կը նկատէ»:

Ահա կու գայ անոնց բաժնուելու օրը, որ տխուր էր երկուքին համար ալ:

-Հիմա ի՞նչ կը հրամայէք, Հայրի՛կ,- կ՚ըսէ Աղայեան,- ես կ՚ուզեմ երթալ:

-Հիմա կը ձգեմ,- կ՚ըսէ Հայրիկ,- բայց ի՞նչ լուր պիտի տանիս ինձնմէ: Ի հարկէ, ինչ որ տեսար, անիկա կը պատմես: Բայց ես իմ սիրտս տակաւին չբացի քեզի, անոր մէջ շատ խոցեր կան: Ես հայրենիքիս կարօտովը կը մարիմ եւ ծանր է ինծի մտածել, որ պիտի մեռնիմ օտար հողի վրայ. ես կ՚ուզեմ Վարագայ մեռնիլ: Ինծի համար շատ նեղ վանդակ է Երուսաղէմը, ես կը փափաքիմ դարձեալ մէկ անգամ սլանալ հայրենիքիս օդին մէջ: Ահա այս կը խոստովանիմ քեզի:

Իսկ ինչ կը վերաբերի քու առաջարկիդ, այդ մասին ահա թէ ի՛նչ կ՚ըսեմ. ես որեւէ բարձր աստիճանի հասնելու համար երբեք ոչ մէկ միջոց գործ դրած եմ, բայց երբ ազգը զիս հրաւիրած է որեւէ պաշտօնի, ոչ մէկ անգամ մերժած եմ: Ոմանք կը գրեն ինծի, որ ես հրաժարիմ, երբ ազգը ինծի կոչում ընելու ըլլայ, ոմանք կ՚ուզեն, որ այժմէն իսկ յայտարարեմ, թէ ես ընդունելու չեմ որեւէ կոչում եւ ծառայութիւն, թէ ես ծեր եմ, տկար եմ եւ այս տեսակ բաներ: Ես չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ է ասոնց նպատակը, ի՛նչ կ՚ուզեն ինձմէ, ուշադրութիւն չեմ դարձներ: Կ՚ըսեն նաեւ, թէ իմ անունս պատրուակ է միայն, որով կ՚ուզեն ուրիշները շահիլ: Այս բանին ես հակառակ չեմ: Մէկ անուն ունիմ հրապարակ ինկած, թող քաշքշեն այդ անունը, եթէ միայն այդ անունով որեւէ օգուտ կը բերեն հայրենիքիս:

-Հայրիկ,- ըսի,- այդ վերջին կէտին մասին ձգեցէք կարճ բացատրութիւն մը տամ: Ձեր անունը պատրուակ համարողները Սեդրակեանին ոխերիմ թշնամիներն են: Սեդրակեանը սրտակից բարեկամներ շատ ունի, որոնցմէ մէկն ալ ես եմ եւ կրնամ ըսել, որ աւելի ծանօթ եմ անոր դիւրազգած սրտի քնքուշ թելերուն: Ան, ըստ ամենայնի, ձեր սիրուն արժանի անձ մըն է:

Խօսքը հայագէտ, պատմաբան, եկեղեցական գործիչ, թարգմանիչ, Էջմիածնի միաբանութեան անդամ Արիստակէս Եպիսկոսպոս Սեդրակեանին մասին է:

Հոս Աղայեան Հայրիկին կը պատմէ Սեդրակեանին ըրած սուրբ ուխտը Հայրիկին համար, որ իր յուշագրութեան մէջ հարկ չէ համարած ներգրաւել:

Ու մեծ գրողը այսքանէն ետք Հայրիկին աջը կը համբուրէ եւ կը հեռանայ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021