ԱՄԻՆ ՄԱԱԼՈՒՖ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք ժամանակակից արաբ գրողներէն՝ Ամին Մաալուֆի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր գրութիւններէն ու մտածումներէն հատուածներ պիտի ներկայացնենք:

Ամին Մաալուֆ, լիբանանցի-ֆրանսացի գրող եւ լրագրող է: Ծնած է 25 փետրուար 1949-ին, Պէյրութ:

Մաալուֆ ուսանած է Պէյրութի Սուրբ Յովսէփ Ֆրանքոֆոնեան համալսարանէն ներս, հետեւելով ընկերաբանութիւն ճիւղին: Ան նաեւ ուսանած է տնտեսագիտութիւն:

Ուումը աւարտելէ ետք, Մաալուֆ աշխատակցած է լիբանանեան «ալ-Նահար» թերթին մէջ: Իր գործին բերումով բազմաթիւ երկիրներ այցելած է եւ լուսաբանած բազմաթիւ իրողութիւններ, որոնցմէ մէկը եղած է Վիեթնամի պատերազմը: Թերթին աշխատակցած է մինչեւ Լիբանանի եղբայրասպան պատերազմին սկիզբը՝ 1975 թուականը: 1976-ին տեղափոխուած է Ֆրանսա, Փարիզ, ու կ՚ապրի մինչեւ այսօր:

Ֆրանսայի մէջ աշխատակցած է ֆրանսական «Էքոնոմիա» տնտեսական պարբերականին: Ան միաժամանակ շարունակած է իր լրագրական ասպարէզը, դառնալով «Ափրիկէի աղջիկը» ամսագիրին խմբագիրը: Միաժամանակ, Ֆրանսայէն, աշխատակցած է լիբանանեան «ալ-Նահար» թերթին, ինչպէս նաեւ անոր յաւելուածին, որ կոչուած է «Արաբական եւ միջազգային ալ-Նահար»:

Բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ է: Աւելի նշանաւոր է իր հեքիաթներով, որոնց մէկ մասը աւելի քան քառասուն լեզուներու թարգմանուած է:

Իր առաջին աշխատասիրութիւնը հրապարակած է 1983-ին, պատմական գիրք մը, որ կը կրէ «Խաչակիրներու արշաւանքները արաբներուն աչքերով»:

Ամին Մաալուֆ արժանացած է մի քանի մրցանակներու: Այսպէս՝

1993-ին Քոնքուրեան մրցանակի դափնեկիր դարձած է, իր «Թանիոսի ժայռը» վէպին համար:

1999-ին Շարլ Վէյոնի Եւրոպական մրցանակին տիրացած է:

2004-ին իր «Յուշեր» գիրքին համար, արժանացած է Միջերկրականեան մրցանակին:

2010-ին, արժանացած է Աստուրիայի Արքայադստեր մրցանակին:

2011-ին, Ամին Մաալուֆ անդամ դարձած է Ֆրանսական ակադեմիային, որուն անդամներուն կողմէ ընտրուելէ ետք:

2016-ին արժանացած է Շէյխ Զայէտի գիրքի մրցանակին, որպէս «Տարուան մշակութային անձնաւորութիւն»:

Նոյն թուականին՝ 2016-ին, Վենետիկի համալսարանը անոր շնորհած է «Bauer-Incroci di civiltà» մրցանակը, նկատի ունենալով անոր տարած հսկայ աշխատանքը՝ քաղաքակրթութիւններու միջեւ մշակութային երկխօսութիւնը խթանելու գործին մէջ:

2020-ին, Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուած է Ազգային Արժանիքի շքանշանով: Այդ պատիւը իրեն շնորհած է նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն:

2021-ին, Մաալուֆ ընտրուած է Գրականութեան թագաւորական միութեան միջազգային գրող:

Մաալուֆ արժանացած է նաեւ մի քանի պատուաւոր կոչումներու. ինչպէս՝ Պելժիոյ Լոֆան կաթոլիկեան համալսարանէն ստացած Տոքթորի պատուաւոր կոչումը, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ստացած վկայականը, Սպանիոյ Ռոֆէյրա Էյ Ֆերճելի համալասարանի վկայականը եւ Փորթուգալի Իվորա համալսարանին վկայականը, ինչպէս նաեւ Գանատայի Օթաուա համալսարանի վկայականը:

Ամին Մաալուֆ նաեւ արժանացած է մի քանի շքանշաններու: Այսպէս՝

Ֆինլանտիոյ Առիւծի շքանշանին, առաջին աստիճանի ասպետ:

Ֆրանսայի Պատուոյ լէգէոնի սպայ:

Ֆրանսայի Ազգային Արժանիքներու շքանշան:

Ֆրանսայի «Arts et des Lettres» շքանշան:

Լիբանանի Մայրիներու Ազգային շքանշան:

Մոնաքոյի Մշակութային Արժանիքներու շքանշան:

Ան իր պատմական աշխատութիւններուն, հեքիաթներուն եւ լրագրական գրութիւններուն կողքին, նաեւ հեղինակած է չորս երաժշտական ստեղծագործութիւններ:

Ինչպէս վերը նշեցինք, Մաալուֆ աւելի խորացած է հեքիաթներ գրելու մէջ, որոնք շօշափած են պատմական եղելութիւններ ու իրողութիւններ, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութիւններու փոփոխութիւնները եւ այլն: Անոր ամենէն նշանաւոր գործերէն են.

- «Թանիոսի ժայռը», 1993:

- «Սամարկանտը», 1986:

- «Ափրիկեցի Լէոն», 1984:

- «Խաչակիրներու արշաւանքները արաբներու աչքերով», 1983:

- «Հեռաւոր սէր» (թատրերգութիւն), 2001:

- «Մայր Ատրիանա» (թատրերգութիւն), 2006:

- «Լոյսի պարտէզներ», 1991:

- «Պիաթրիսէն յետոյ առաջին դարը», 2001:

- «Լեւանտի դարպասներ»:

- «Պաղտասարի ճամբորդութիւնը», 2000:

- «Արեւելքի աստիճանները», 1996:

- «Մոլորածները», 2013:

- «Մահացու անձնաթուղթները», 2016:

- «Մեր օտար եղբայրները», 2021:

- «Աշխարհի խանգարումը. երբ քաղաքակրթութիւնները կը հիւծին», 2009:

- «Սկիզբներ», 2004:

- «Նստաթոռ Սէնի ափին. Ֆրանսայի չորս դարերու պատմութիւն», 2017:

Յայտնենք, որ Մաալուֆ վերը յիշատակուած գիրքերուն մեծ մասը ֆրանսերէնով գրած է: Այդ գործերուն մեծամասնութիւնը արաբերէնի թարգմանած է Աֆիֆ Տիմաշքիէ: Թարգմանուած այդ բոլոր գիրքերը լոյս տեսած են Պէյրութի մէջ:

***

Այժմ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ Ամին Մաալուֆէն:

* Որովհետեւ կրօնք ունին, կը կարծեն, թէ զերծ են բարոյականութիւն ունենալէ:

* Ես Աստուծէ չեմ խնդրեր, որ զիս հեռու պահէ դժբախտութիւններէն, այլ՝ կը խնդրեմ Անկէ, որ զիս խնայէ յուսահատութենէն: Հանգիստ մնայ, Աստուած եթէ մէկ ձեռքով ձգէ քեզ, ապա միւս ձեռքով կը բռնէ քեզ:

Իր արձակ գրութիւններուն մասին, Մաալուֆ այսպէս արտայայտուած է.

* Յաճախ զգացած եմ, որ իմ փորձս կը միտի որոնելու յոյսի այն փոքր նշոյլը, որով աւելի գեղեցիկ ու ապահով պիտի ըլլայ մեր ամբողջ կեանքը: Ինծի համար շատ աւելի դիւրին էր եղածը ներկայացնել, մոռնալով դրական այն բոլոր գրգիռները, որոնք գոյութիւն ունեցած են ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Աւելի դիւրին է մոխրագոյնի եւ սեւի, անյուսութեան եւ տագնապի մասին գրել, բայց նպատակս երբե՛ք այդ չէ եղած: Փնտռել յոյսը, ապրիլ այդ յոյսին համար: Ի վերջոյ, ես, ատոր համար է, որ կը գրեմ:

* Ես պատմութեան մէջ կը փորձեմ խորանալ, որպէսզի քանդեմ բոլոր միտքերն ու առասպելները, որոնք մարդկութեան վնասակար են: Ես նախապաշարումներուն դէմ եմ: Միշտ փորձած եմ լոյսին բերել պատմութեան այն հանգրուանները, ուր արեւելք-արեւմուտք յարաբերութիւնները ջերմ եւ մաքուր եղած են. այնքան մը, որ նոր քաղաքակրթութիւն ստեղծած են. օրինակ՝ Անտալուսի մէջ, ուր տարբեր կրօններ փորձած են երկխօսութիւն ընել, եւ յաջողած են:

* Յաջողութիւնը կը ժպտայ քեզի, իմ երիտասարդ բարեկամ, եւ ես ուրախ եմ քեզի համար, ըսես՝ դուն որդիս ըլլաս: Բայց ուշադիր եղիր. հարստութիւնը եւ իշխանութիւնը առողջ դատողութեան թշնամիներն են: Երբ դուն կը նայիս ցորենի դաշտին, ապա կը տեսնեն, որ որոշ հասկեր ուղիղ կանգնած են, իսկ միւսները խոնարհած, այնպէս չէ՞: Ատիկա անոր համար է, որ առաջինները պարապ են: Ուրեմն, պահպանէ մէջդ այն խոնարհութիւնը, որ ինծի մօտ բերած է քեզ եւ Տիրոջ կամքով քեզի համար յաջողութեան ուղին բացած է:

* Որեւէ մէկ կրօնի հետեւորդ չեմ եւ կարիք ալ չեմ զգար, այդպիսին ըլլալու: Կարծիքս այս հարցին մասին այնքան ալ հանգստացնող չէ՝ մանաւանդ, որ չեմ ալ զգար, թէ անաստուած մըն եմ: Չեմ կրնար հաւատալ, թէ երկինքը դատարկ է եւ թէ մահէն ետք ոչնչութիւն կայ: Ի՞նչ կայ ուրեմն ատոր ետին. չեմ գիտեր, որեւէ մէկ բան կա՞յ, չեմ գիտեր: Կը յուսամ [որ բան մը կայ], սակայն չեմ գիտեր, եւ կը կասկածիմ բոլոր անոնց, որոնք կը պնդեն, թէ իրենք գիտեն, անկախ անոնց իմացութեան կերպերէն, կրօնական են թէ աթէիստական: Հաւատքի եւ անհաւատութեան միջեւ տեղ մըն եմ, ինչպէս որ երկու հայրենիքներու միջեւ եմ, մէյ մը աս կը փայփայեմ, մէյ մը ան կը փայփայեմ, սակայն անոնց եւ ո՛չ մէկուն կը պատկանիմ: Ինքզինքս անհաւատ կը զգամ այն ատեն, երբ հոգեւորականի մը քարոզը կը լսեմ. արդարեւ, իւրաքանչիւր քարոզի մէջ, կամ Սուրբ Գիրքէն կատարուած մատնանշումէ մը ետք, միտքս կ՚ըմբոստանայ, ուշադրութիւնս կը ցրուի, իսկ շրթունքներս կը սկսին անէծքներ մրթմրթալ: Միւս կողմէ, հոգիիս խորքերէն կը դողամ, երբ ներկայ ըլլամ աշխարհիկ յուղարկաւորութեան մը, եւ [յանկարծ] կը փափաքիմ ասորական կամ բիւզանդական շարականներ երգել, կամ նոյնիսկ Սուրբ Հաղորդութեան հին շարականը, որ կ՚ըսուի թէ Թովմաս Աքուինացին հեղինակած է: Այս է այն մոլորած ճանապարհը, որով ես կ՚ընթանամ կրօնին մէջ: Անշուշտ, անոր մէջէն միայնակ կը քալեմ, առանց ոեւէ մէկուն հետեւելու եւ առանց ոեւէ մէկը հրաւիրելու:

* Ի՞նչ կ՚ընես, երբ ընկեր մը յուսախաբ կ՚ընէ քեզ: Կը դադրի ընկերդ ըլլալէ:

Ի՞նչ կ՚ընես, երբ երկիրը յուսախաբ կ՚ընէ քեզ: Կը դադրի երկիրդ ըլլալէ:

Որովհետեւ դիւրութեամբ յուսախաբ կ՚ըլլաս, ապա վերջաւորութեան առանց ընկերի եւ առանց երկրի պիտի մնաս:

* Ի՜նչ ցաւալի է, որ ժողովուրդ մը, ով ալ ըլլայ ան, որ իր ապագայէն աւելի իր անցեալը փառաւորէ:

* Հայրենիք մը, ուր կրնաս գլուխդ բարձր ապրիլ, անոր ամէն ինչ կու տաս եւ անոր սիրոյն կը զոհաբերես ամենաարժէքաւոր ու թանկ բաները, նոյնիսկ կեանքդ: Իսկ հայրենիք մը, ուր կը ստիպուիս ապրիլ գլուխդ կախ, ո՛չ մէկ բան կու տաս անոր: Ազնուութիւնը կը հրաւիրէ մեծութեան, իսկ անտարբերութիւնը՝ անտարբերութեան, արհամարհանքը՝ արհամարհանքին: Ա՛յս է ազատ մարդոց կանոնադրութիւնը, եւ ես ատկէ զատ ուրիշ ոչինչ կը դաւանիմ:

* Ես մտադրութիւն ունէի այսօր «պալտաչին» բառին մասին խօսելու, որ ծագած է Պաղտատի մէջ: Սակայն, միտքս փոխեցի, որովհետեւ ուղղակիօրէն այդ քաղաքն է, եւ անոր անունը, որ կը հետաքրքրէ զիս: Այդ անունը, որ այսօր այնքա՜ն ծանօթ է մեզի, երկար պատմութիւն ունի, որ կը գերազանցէ հազուադէպ օգտագործուող բառը, ինչպիսին է «պալտաչին»:

Այս վերջին բառը անցած ժամանակներէն մնացած հետք մըն է, գրական յուզիչ մասնունք մը: Այն գոյատեւած է մի քանի լեզուներու մէջ. ինչպէս՝ ֆրանսերէնի՝ baldaquin, գերմաներէնի՝ baldachin, սպաներէնի եւ փորթուգալերէնի՝ baldaquino, շուէտերէնի՝ baldakin, ֆիններէնի՝ baldakiini, եւ այլն: Այս բոլոր ձեւերը նոյն նախահայրը ունին, իտալական baldacchino բառը, որ ժամանակին օգտագործուած է նկարագրելու համար Baldacco-էն դուրս բերուած մետաքսը, այսինքն՝ Պաղտատ:

Որպէս արաբ, քաղաքի անուան այս հին արտասանութիւնը զիս չզարմացուց: Իմ գրադարանիս մէջ 13-րդ դարու բառարան մը ունիմ (Մուէճամ ալ-Պիլտան. Երկիրներու բառարան), որ աշխարհագրական հանրագիտարան մըն է: Զայն ամբողջացուցած է Եակութ անունով գիտնական մը, 1223 թուականին, Պաղտատի՝ Մոնկոլ Հոլաքօ առաջնորդին ձեռքը իյնալէ 35 տարիներ առաջ:

«Պաղտատ» բառին տակ, Եակութի բառարանը կու տայ քաղաքի անունի արտասանման եօթ տարբեր հնչիւններ: Անոնցմէ մէկը մէջս մանկութեանս տարիներէն ունեցած յիշողութիւն մը յառաջացուց: Հայրս, վարպետօրէն կը տիրապետէր արաբական դասական բանաստեղծութեան, եւ օր մը, ան ոտանաւոր մը արտասանեց՝ որ կ՚երգէր Պողտանի գեղեցկութիւնը: Ապա, ան բացատրեց, թէ Պողտանի Պաղտատի գրական անունն է, եւ թէ տակաւին կան ուրիշ անուններ եւս: Ասոր պատճառը այն է, որ որովհետեւ բառին արմատը սկիզբէն արաբերէն չէ եղած, իւրաքանիւր ոք իւրովի արտասանած կամ հնչեցուցած է զայն:

Եակութը կը հաստատէ, որ քաղաքին սկզբնական անուանումը պարսկերէն եղած է: Ասիկա հաստատուած փաստ մըն է, թէեւ ատոր ճիշդ ստուգաբանութիւնը տակաւին կը քննարկուի, ինչպէս որ բոլոր ստուգաբանութիւնները անխուսափելի են, ipso facto: Այս բոլորով հանդերձ, ամենէն հաւանական վարկածը այն է, որ պաղ կամ պող արմատական բառ մըն է, որ կը նշանակէ «Աստուած», իսկ «տատ»ը կու գայ բայէ մը, որ «տալ» կը նշանակէ: Այսպիսով, Իրաքի մայրաքաղաքին անունը «Աստուծոյ պարգեւ» կը նշանակէ:

Պարսկերէնը հնդեւրոպական լեզու է, հետեւաբար պէտք չէ զարմանալ «Պաղտատ» եւ սլաւոնական անուններու նմանութենէն, ինչպիսին է Պողտանը, որ նոյն իմաստը ունի: Տակաւի, «Աստուծոյ պարգեւ»ի այս գաղափարը կարելի է գտնել լատիներէնէ ստացած շարք մը յատուկ անուններու մէջ. ինչպէս են օրինակ՝ ֆրանսերէն Déodat, Donnedieu կամ Dieudonné, կամ յունարենէ, օրինակ՝ «Թէոդոր», իսկ կնոջ համար՝ «Տորոթի»: Արաբերէնի մէջ համարժէք բառը Աթթալահն է, մինչ եբրայերէնի մէջ՝ «Ճոնաթան»:

* Գաղթականը ինչքան շատ զգայ, որ իր բուն՝ արմատական մշակոյթը յարգուած է, այնքան աւելի կը բացուի զինք ընդունած երկրի մշակոյթին:

* Այս երկրագունդին վրայ հիւրեր չենք, այլ մենք կը պատկանինք անոր, ինչքանով որ ան կը պատկանի մեզի. անոր անցեալը մերն է, ինչպէս նաեւ անոր ապագան:

* Յաճախ մեր կարծիքն է (հայեացք), որ ուրիշները կը բանտարկէ իրենց նեղ պատկանելիութեան մէջ, ինչպէսն նաեւ մեր կարծիքն է, որ կ՚ազատագրէ զանոնք:

* Դուք իրաւացի էք, Ատրիանա.

Ես տականք եմ:
Ես վարնոցներէն եմ:
Ես մարդասպան եմ:

Իսկ պատերազմներու ժամանակ…, ազգը իր տականքներուն կարիքը կ՚ունենայ, իր հրոսակներուն կարիքը կ՚ունենայ…, իր մարդասպաններուն կարիքը կ՚ունենայ: Ան կարիքը կ՚ունենայ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ձեռքը կ՚աղտոտեն, որպէսզի ձեռքերդ մաքուր մնան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2024