ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան շքեղ ե­րե­կոյ­թով մը ո­գե­կո­չուե­ցաւ ան­մո­ռա­նա­լի ե­րա­ժիշտ Օն­նօ Թունչ։ Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գոր­ծող «Լէյ­լա Կէն­ճէր» օ­փե­րա­յի եւ գե­ղա­րուես­տի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ, Օն­նօ Թուն­չի մա­հուան 20-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան եւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն բա­զում ա­րուես­տա­գէտ­ներ եւ ծա­նօթ դէմ­քեր։

Ձեռ­նար­կի յայ­տագ­րին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը՝ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցուն դահ­լի­ճին մէջ երգ­չա­խում­բը խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն վրայ։

Իզ­զէթ Էօ­զի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ գոր­ծադ­րուե­ցաւ ձեռ­նար­կին յայ­տա­գի­րը, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կան նաեւ շարք մը ծա­նօթ ա­նուն­ներ. ինչ­պէս՝ Պիւ­լենտ Օր­թաչ­կիլ, Շե­լա­լէ Շեհ­նազ Սամ, Ահ­մէտ Սել­չուք Իլ­քան, Այ­սուն-Ա­լի Քո­ճա­թե­փէ, Ա­լեքս Թա­թա­րեան եւ այլք։ Ձեռ­նար­կի հրա­ւի­րեալ­նե­րու կար­գին կը գտնուէին նաեւ Հայ­կա­րամ Թա­թա­րեան (Հայ­քօ), Ա­նի Ի­փէք­քա­յա, Ան­թա Թո­րոս, Րաֆ­ֆի Փոր­թա­գալ եւ այլք։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու եւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րոնք յար­գան­քով ո­գե­կո­չե­ցին Օն­նօ Թուն­չը եւ գնա­հա­տե­ցին ձեռ­նար­կին կազ­մա­կեր­պիչ­ներն ու մաս­նա­կից­նե­րը։ Ա­նոնք փո­խա­նա­կե­ցին նաեւ յու­շա­նուէր­ներ, մինչ քա­ղա­քա­պետ Քե­րի­մօղ­լու յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նեց նաեւ ծրագ­րին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած բո­լոր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն։ 

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016