ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ-ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Մահը միշտ տխուր է: Մահեր կան, որոնք ընկերոջ, բարեկամի, այս պարագային՝ Ֆրանսայի հայկական համայնքին եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին համար, տխրութենէ անդին, կորուստի զօրաւոր զգացում մը կը յուշեն: Հասարակ տեղիք է ըսել, որ պիտի զգացուի իր բացակայութիւնը հայ կեանքի մէջ, ինչպէս կը կրկնուի զանազան առիթներով: Անահիտ Տէր-Մինասեանը մեր պատմութեան եւ դատին իրազեկ եւ գիտական պատրաստութեամբ անձ էր՝ առանց բանտարկուած մնալու ամպիոններու ստուերին մէջ: Իր խօսքը բեմի համար հնչած աւուր պատշաճի ճառ չէր: Ինչ որ կը բերէր, բերաւ, այդ ճշմարտութեան եւ իրաւունքի ձայնն էր:
Առաջին անգամ լսած եմ իր մասին աւելի քան կէս դար առաջ, Պէյրութի Համազգայինի գրախանութը, ուր գտայ ֆրանսական կարեւոր հրատարակութիւն ESPRIT պարբերականին մէջ իր՝ հայկական հարցին նուիրուած յօդուածը: Այն օրերու հայկական հարցի եւ պատմութեան մասին նման հրատարակութիւններու մէջ յօդուածներ լոյս չէին տեսներ: Եղեռն եւ հայկական հարց ներազգային խնդիր էին, միջազգային համայնքը մոռացման դարակներու մէջ դրած էր հայկական հարցը, արհաւիրքը, այդ բոլորին վրայէն նոր համաշխարհային պատերազմ մը անցած էր, Պաղ պատերազմի տարիներ էին:
Եղեռնի 50-ամեակ էր: Անահիտ Տէր-Մինասեանի ESPRIT կարեւոր հրատարակութեան մէջ լոյս տեսած յօդուածը ոչ թէ քարոզչական կամ լրագրական տեղեկատուութիւն էր, այլ՝ հայկական հարցի միջազգայնացման համար առնուած կարեւոր քայլ: Ճիշդ է՝ այդ օրերէն ի վեր օտար լեզուներով բազմաթիւ գիտական յօդուածներ եւ գիրքեր լոյս տեսան, բայց հիմա երբ կը յիշեմ Անահիտ Տէր-Մինասեանին յօդուածը եւ անոր ձգած տպաւորութիւնը, գէթ այն սերունդին վրայ, որ բանակ չէր, կը տարուիմ ըսելու յիսուն տարի առաջ հայկական հարցը այժմէականացուցած երիտասարդ պատմաբանին՝ «վարձքդ կատար»:
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատունը գացած էի, հոն յայտնեցին, որ այսօր մահացած էր Անահիտ Տէր-Մինասեանը: Գիտէի, որ հիւանդ էր, բայց քաջաբար կը պայքարէր, չէր դադրեր գործելէ, չէր կծկուեր զինք կրծող ցաւին վրայ: Կը շարունակէր գրել եւ խօսիլ: Այսինքն մինչեւ իր վերջին շունչը մնաց իր գիտական կոչման եւ ազգային պատկանելիութեան հաւատարիմ եւ յանձնառու մտաւորական: Ո՛չ իր ակադեմական պատրաստութիւնը եւ ո՛չ տարիքն ու հիւանդութիւնը նուազեցուցին իր աշխատանքը եւ յամառ զոհաբերութեան ոգին: Միամիտներու պէս պիտի չըսեմ, որ ազնիւ եւ անփոխարինելի էր Անահիտ Տէր-Մինասեանը, բայց պիտի վկայեմ, որ ան իր ժողովուրդին եւ գիտութեան ընծայեց իր լաւագոյնը:
Կը բնակէր Ֆրանսայի Ֆրեն քաղաքը: Ծնած էր 1933-ին, ընդունուած եզրով՝ «անհայրենիք» դարձած ընտանիքի մէջ (apatride): Ծնողքը զինք միայն եօթը տարեկանին դպրոց ղրկած են, որպէսզի նախ հայերէն սորվի: Օրինակելի նախանձախնդրութիւն մը® Պատմաբան՝ ան դասաւանդած է Ընկերային գիտութեանց բարձրագոյն վարժարանին մէջ, նաեւ՝ Փարիզի համալսարանը: Իր ուշադրութեան առանցքին գտնուած են՝ Հայաստանը, հայութիւնը, Խորհրդային Միութիւնը եւ անոր փլուզման յաջորդող ժամանակաշրջանները:
Անահիտ Տէր-Մինասեանը հայոց պատմութիւնը կրած է իր ծիներուն մէջ: Թոռնուհին էր մեր ԺԹ. դարու պատմութեան դժխեմ օրերուն առեւանգուած ակամայ հերոսուհի Կիւլիզարի, որ կ՚ազատագրուի համաժողովըրդական բողոքի ալիքի հետեւանք դատական որոշումով: Անահիտ Տէր-Մինասեանին մայրը գիրքով մը պատմած է ցաւագին յիշողութեամբ այդ դրուագը, որուն ֆրանսերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ 1993-ին. Les noces noires de Gulizar:
Դասախօսի պաշտօնի կողքին, Անահիտ Տէր-Մինասեանը մնայուն ներկայութիւն էր հայ կեանքին մէջ, Ֆրանսա եւ տարբեր երկիրներ: Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, հայոց արհաւիրքի, Հայաստանի Հանրապետութեան, Հայաստանի եւ Կովկասի միւս երկիրներուն եւ սփիւռքի մասին եւ այլն:
Կ՚ուզեմ այս պահուն վեր առնել իր վաստակը՝ որպէս կտակ գալիք սերունդներուն, իր յանձնառու հաւատարմութիւնը իր ժողովուրդին, իր խանդավառ, անխոնջ եւ միշտ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը, հաւատարիմ՝ գիտնականի որակին:
Օրինակելի հայ անձնաւորութիւն մըն էր Անահիտ Տէր-Մինասեանը:
Հիմա որ պիտի չլսուի իր ձայնը, պէտք է որ սերունդները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, զինք միշտ վերագտնեն ազգի ժառանգութիւն դարձած իր գիրքերուն մէջ, դիմագրաւելու համար գալիքը՝ իր կենսաոճը եղած անձնդիրի ապրումով:
Զինք ճանչցողները պիտի ըսեն՝ վարձքդ կատար: Անհաճոյակատար զգացումով:
Սերունդները, որ կու գան, օր մը պէտք է կարողանան ըսել՝ շնորհակալութիւն եւ կը շարունակենք գործդ: Այդ կ՚ըլլայ ազգի իրաւ գնահատանքը:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
11 փետրուար 2019, Պուրճ-Համուտ, Լիբանան