ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզի մէջ թումանեանական եւ կոմիտասեան շունչով փետրուարի 19-ին կը տրուի յոբելենական տարուան մեկնարկը։ Այսպէս, հայ մեծանուն բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Յովհաննէս Թումանեանի եւ անուանի երգահան Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակները Թիֆլիզի մէջ եւս կը նշանաւորուին յոբելենական միջոցառումներով:

Այս առթիւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի նախագահութեամբ ստեղծուած է յոբելենական միջոցառումները համակարգող ներկայացուցչական յանձնախումբ մը՝ ներգրաւելով թեմի պատկառելի հայորդիները:

Համագործակցելով Վրաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Հայաստանի եւ Վրաստանի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններու, Վրաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի, Թիֆլիզի «Պետրոս Ադամեան» պետական հայկական տրամաթիքական թատրոնի, Վրաստանի Գրողներու միութեան եւ այլ մշակութային հաստատութիւններու հետ, 2019 թուականի ընթացքին կը նախատեսուին յոբելենական միջոցառումներ իրականացնել մայրաքաղաք Թիֆլիզի եւ տարածքաշրջաններու մէջ:

«Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Վիրահայոց թեմի մամլոյ եւ լրատուութեան ծառայութենէն, աշխատանք կը տարուի Յովհաննէս Թումանեանի քառեակները եւ հէքեաթները վրացերէնի թարգմանելու, տպագրելու եւ հանրութեան ներկայացնելու ուղղութեամբ: Կոմիտաս Վարդապետի յոբելեանին նուիրուած՝ կը ծրագրեն համերգային ձեռնարկներ Թիֆլիզի «Վանօ Սարաջիշվիլի» պետական երաժշտանոցին, Խորհրդարանի գրադարանին, Թիֆլիզի քաղաքային տումայի պատմական շէնքին եւ այլ հռչակաւոր հաստատութիւններու մէջ:

Ծրագրուած է Թիֆլիզի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ գարնան կազմակերպել Թումանեանի գիրքերու զանազան լեզուներով թարգմանութիւններու, Թումանեանին նուիրուած արխիւային կարեւոր նիւթերու ցուցադրութիւն:

Նամակ յղուած է Վրաստանի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարի անունով՝ յոբելենական տարուայ ընթացքին Վրաստանի հայերէնով ուսուցման հանրային դպրոցներու մէջ հայ ժողովուրդի երկու արժանի զաւակներուն նուիրուած միջոցառումներ կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ վրացի եւ միւս ազգերու դպրոցականները Թումանեանի եւ Կոմիտասի ժառանգութեան եւ մեծ վաստակին ծանօթանալու օժանդակելու եւ խրախուսելու խնդրանքով:

Փետրուարի 19-ին՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը, տեղի կ՚ունենայ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ջատագովի յոբելենական անդրանիկ միջոցառումը: Ժամը 16.30-ին, Թիֆլիզի Հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ Թումանեանի շիրմին մօտ տեղի կ՚ունենայ հոգեհանգստեան կարգ, այնուհետեւ գիրք նուիրելու աւանդական արարողութիւն: Ժամը 18.00-ին, Վրաստանի Խորհրդարանի ազգային գրադարանի մեծ սրահին մէջ տեղի կ՚ունենայ գեղանկարիչ Տենկիզ Միկոյեանցի անհատական ցուցահանդէսը՝ «Թումանեանի հետքերով» խորագրեալ, իսկ այնուհետեւ գրական, գեղարուեստական երեկոյ: Թումանեանի մասին բանախօսութեամբ հանդէս կու գայ Երեւանէն հրաւիրուած բանասէր, թումանեանագէտ Սուսաննա Յովհաննիսեան, ինչպէս նաեւ դերասաններ, ասմունքողներ, երգչախումբ, մենակատարներ:

Ինչպէս ծանօթ է, մեծանուն հայորդիներու յոբելենական միջոցառումները ներառուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յոբելենական իրադարձութիւններու ցուցակին մէջ:

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019