ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ՝ ԸՍՏ ԱՐԻՍՏՈՏԵԼԻ

Յունական դասական փիլիսոփայութեան գլխաւոր ներկայացուցիչներէն է Արիստոտել, որ անջնջելի հետք թողած է յետագայ դարերու փիլիսոփայական մտքի զարգացման վրայ։ Արիստոտել առաջին փիլիսոփան է, որ ծաւալուն աշխատանք կատարած է բարոյագիտութեան մասին։ Ան այս առթիւ գրի առած է երկու գիրք՝

«Եւդեմոսի բարոյագիտութիւն» եւ «Նիկոմաքոսի բարոյագիտութիւն»։ Այս երկու հատորներուն մէջ ան խոշորացոյցի տակ դրած է այն հարցը, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ մարդկային կեանքը։ Ան նաեւ մանրամասնօրէն ուսումնասիրած է բարեկամութեան, առաքինութեան, ուղիղ վարքի նման բազմաթիւ նիւթեր։ 

Արիստոտելի բարոյագիտութիւնը տրամաբանօրէն կապուած է անոր փիլիսոփայութեան այլ հայեացքներուն հետ։ Ինչպէս անոր գոյակցութեան փիլիսոփայութիւնը, այնպէս ալ բարոյագիտութեան մասին մօտեցումները նպատակաբանական* (teleologic) բնոյթ ունին։ Տիեզերքի մէջ գոյութիւն ունեցող իւրաքանչիւր էակ՝ ներառեալ մարդը, ներքին ձգտում մը ունի հասնելու դէպի բարիքին, դէպի բարձրագոյն բարիքին՝ իբրեւ վերջնական նպատակ։ Արիստոտել բարոյագիտութիւնը կը սահմանէ՝ որպէս այն գիտութիւնը, որ կը վերաբերի մարդու կեանքի իմաստին ու նպատակին, նաեւ գիտութեան այն բաժնին, թէ ինչպէ՞ս մարդը կրնայ հասնիլ բարձրագոյն բարիքին՝ երջանկութեան կամ երանութեան։

Արիստոտելի կարծիքով՝ բարձրագոյն բարիքին հասնելու նախապայմանն է առաքինի՝ կատարեալ ըլլալը։ Ան առաքինութիւնը կը բաժնէ երկու խումբի՝ բարոյական եւ մտաւորական։ Բարոյական առաքինութիւնները պայմանաւորուած են մարդու բնաւորութեամբ, իսկ մտաւորականը կապուած է բանական յատկութիւններու հետ. օրինակ՝ խելամտութիւնը, խոհականութիւնը եւ իմաստութիւնը։ Եթէ մտաւոր առաքինութիւնները ձեռքբերովի՝ ոչ-ժառանգական են, ապա բարոյականները դաստիարակութեան արդիւնք են։ Առաքինութիւնը՝ ըստ Արիստոտելի, երկու ծայրայեղութիւններու միջինի ընտրութիւնն է։ Արիստոտել կը պարզաբանէ, թէ առաքինութիւնը միջինը կ՚ընտրէ ո՛չ թէ առհասարակ լաւէն կամ վատէն, այլ լաւերէն կ՚ընտրէ լաւագոյնը։

Մարդիկ՝ օգտագործելով իրենց միտքը, բայց առանց լիովին անտեսելու իրենց յոյզերը, կրնան հասկնալ, թէ ինչպիսի՛ իրավիճակներու ի՛նչ եղանակով պէտք է աւելի լաւ եւ տրամաբանականօրէն գործել։ Աւելի՛ն. բարոյականութիւնը պարտականութիւն չէ, ինչ որ պէտք է կատարուի այս կամ այն իրավիճակին ամենաուղիղ ճամբան ընտրելով, այլ՝ գործունէութիւն, ինչ որ հնարաւոր է «բարի, ուղիղ կեանք» ապրելով։ 

Արիստոտելի համաձայն՝ սխալ է, թէ բարոյագիտութեան որեւէ տեսութեան վերագրուի «հիմնականութիւն»,  քանի որ բարի վարքը երբեք չի կրնար յստակ ըլլալ եւ կը տարբերի իրավիճակներու, պայմաններու համեմատ։ Այս իմաստով իւրաքանչիւր իրավիճակի համար կայ զանազան այլընտրանքներ եւ անոնցմէ ամենաճշգրիտը մեզի ցոյց կու տայ «միտք»ը։ Այս կէտին անհրաժեշտ է քիչ մը խորանալ Արիստոտելի փիլիսոփայութեան։ Ըստ իրեն, ամէն ինչ նպատակ մը ունի եւ այդ նպատակը իր գոյութեան գլխաւոր պատճառն է։ Բնական կամ արհեստական, ամէն ինչ գոյութիւն ունի արդիւնք մը ձեռք բերելու համար, եւ երբ անհետանայ, կը հասնի այդ նպատակին։ Այսինքն՝ մարդիկ էքօհամակարգի մէկ մասն են, ապրելէ եւ մահանալէ յետոյ կը խառնուին հողին, ուր կը քայքայուի անոնց մարմինը եւ կը վերածուի ծաղիկներու, ծառերու, որոնք իրենց կարգին կը դառնան թթուածինի եւ այլն։ Ամպերը՝ անձրեւի, անձրեւը՝ անտառներու, անտառները՝ թթուածին արտադրելու եւ կենդանի բոլոր արարածներուն հովանի ըլլալու համար կան։ Կարելի չէ, թէ բան մը գոյութիւն ունենայ առանց պատճառի կամ նպատակի։

Ամփոփելով Արիստոտելի բարոյագիտութեան ուսմունքը՝ կարելի է ըսել, որ ան «երջանկութեան բարոյականութիւն» է: Բարձրագոյն նպատակը «երջանկութիւնն» է: Մարդ կ՚որոշէ, կ՚ընտրէ եւ կը գործէ երջանիկ ըլլալու համար։ Փիլիսոփայութիւնը գեղեցիկ արտայայտուած խօսքեր, մտքեր են։ Իսկ բարոյագիտութիւնը՝ այդ գեղեցիկ միտքերը եւ խօսքերը կատարողն է։ Առաքինի ըլլալ, լաւը կամ վատը ընտրել մարդուն ձեռքն է։

 ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ


*Նպատակաբանութիւն- Գաղափարապաշտական ուսմունք՝ նպատակի առարկայական գոյութեան եւ անով պայմանաւորուած աշխարհի նպատակայարմար կազմակերպուածութեան եւ երեւոյթներու նպատակադրութեան մասին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2021