ՆԱԽ ԼԵԶՈՒԻՆ ՏԻՐԱՊԵՏԵՑԷ՛Ք, ԱՊԱ... ՅԵՏՈՅ... (ՄԻ ՔԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴ՝ ՍՓԻՒՌՔԻ ԱՊԱԳԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ)

Հակառակ աւանդական դարձած մեր անհարկի վայնասուններուն՝ ներկայիս մի քանի նոր անուն ունինք Սփիւռքի գրական անդաստանին մէջ, ինչ որ մեզ կ՚ուրախացնէ: Կարեւոր չէ, թէ ո՛վ ինչ արժէքի ու որակի գործեր կ՚արտադրէ: Սա բոլորովին երկրորդական է, գոնէ առայժմ: Բոլորն ալ կը գրեն,- եւ լաւ կ՚ընեն,- տաղանդի պակաս չկայ: Այս երեւոյթը մեզ իրապէս կ՚ոգեւորէ, կը յուսադրէ ու ձեւով մըն ալ կը յորդորէ, որ քիչ մը զսպենք մեր լացը ու տեւաբար չհառաչենք՝ ըսելով, թէ «նոր ուժեր չունինք»:

Սակայն, ինչպէս գիտէք, տաղանդը կատարեալ ոչնչութիւն մըն է,- բոլորն ալ կրնան տաղանդաւոր ըլլալ,- երբ ան չի ծաղկիր ու չի զարգանար: Ան պէտք է միշտ արեւ տեսնէ, ինչպէս ծաղիկ մը, եւ անոր «արեւը» ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ընթերցողաց կարծիքը՝ դրական թէ բացասական, որուն փոխարէն, սակայն, այսօր կը տիրէ համատարած անտարբերութիւն մը, որ, ըստ իս, 8-րդ մահացու մեղքն է:

Այս յօդուածով նպատակ չունիմ կարծիք յայտնելու այս կամ այն հեղինակին մասին, այլ ընդամէնը մի քանի օգտակար ու պիտանի խորհուրդներ պիտի տամ Սփիւռքի ապագա՛յ գրողներուն: Ի դէպ, սա չի նշանակեր, որ այս խորհուրդներէն (կ՚ակնկալեմ, որ երբ ատենը գայ, ուրիշներ ալ այսպիսի խորհուրդներ տան ինծի) չեն կրնար օգտուիլ արդէն իսկ հրապարակի վրայ եղողները:

Ինծի այնպէս կը թուի, թէ մենք՝ գիր ու գրականութեան մարդիկս, աւելի մտահոգ ենք գրական նոր ուժերու քանակով, քան անոնց արտադրութիւններուն որակով: Չենք հարցներ՝ «ի՞նչ որակի ու արժէքի գործեր կ՚արտադրեն մեր երիտասարդ գրողները», այլ կ՚ըսենք՝ «նոր ուժեր կը պակսին մեզի», ինչ որ բացարձակապէս սխալ է: Աւելի արդիւնաւէտ չ՚ը՞լլար, եթէ փորձենք կեդրոնանալ մեր ՈՒՆԵՑԱԾՆԵՐՈՒՆ վրայ, ուղղութիւն ցոյց տանք անոնց, տէր դառնանք ու ըստ կարելւոյն օգնենք, որ անոնք կատարելագործուին՝ տալով օգտակար ու պիտանի խորհուրդներ:

Նախ սկսինք ամենակարեւորէն՝ լեզուէն: Գաղտնիք չէ, որ արեւմտահայերէնը աւելի խրթին է, քան արեւելահայերէնը: Ան ունի բազմաթիւ նրբութիւններ, աւելի ճիշդը՝ ծուղակներ: Ո՞ր մէկէն փախիս: Ի վերջոյ, ուզես-չուզես, մէկնումէկուն մէջ պիտի իյնաս: Արդ, սփիւռքահայ ապագայ գրողը պարտի ամէն բանէ առաջ տիրապետել արեւմտահայերէնին: Բաւարար չէ, որ ան գրական խմորում կամ հոտառութիւն ունենայ: Ան պէտք է իւրացուցած ըլլայ լեզուն (.... եւ քանի որ գրականութիւնը լեզուի արուեստ է, ուստի գրական ասպարէզ մտնող իւրաքանչիւր ոք պէտք է գերազանց իմանայ իր մայրենի լեզուն, աւելի, քան լեզուաբանը». Ստեփան Զօրեան), որպէսզի կարենայ իր զգացումներն ու մտածումները ճիշդ բառերով արտայայտել: Լեզուն կարելի չէ սորվիլ միայն գրելով: Նկատի ունենալով, որ գրելը նախ եւ առաջ վարժութիւն է՝ գրողը, այո՛, պէտք է տեւաբար գրելու առիթներ ստեղծէ ու գրէ. պայման չէ, որ անոր մէն մի տողը հրաշագրութիւն ըլլայ: Սակայն անհրաժեշտ է նաեւ ասոր կողքին ամբարել լեզուական ու քերականական որոշ գիտելիքներ, որպէսզի յանկարծ ծիծաղի առարկայ չդառնայ ան ...ին պէս, որուն համար,- թէեւ մի քանի գիրքի հեղինակ,- զարնել բային անցեալ կատարեալը «զարնեցի» է եւ ոչ թէ «զարկի». այսքանը, իրաւունք ունիք, չափազանցութիւն է: Մի քանի գիրք հրատարակողը, կը կարծեմ, մինչեւ այսօր պէտք է լուծած ըլլար այս «զարնեցի»ին խնդիրը, այնպէս չէ՞: Ինչեւէ: «Անհաւատալի, բայց իրաւ» պիտի ըսէր մեր պաշտելի Ծառուկեանը: Երբ մարդ չի գիտեր լեզուի մը բոլոր գաղտնիքները, ան ինչպէ՞ս պիտի յաջողի մեծ գործեր տալ մեզի: Լեզուն,- իմա՝ արեւմտահայերէնը,- պէտք է դիւրաթեք գործիք մը ըլլայ սփիւռքահայ գրողին ձեռքը, որպէսզի զայն գործածէ ըստ կամի ու երբեք չյայտնուի մտածածը թուղթին յանձնել չկարենալու (կամ թերի յանձնելու) նուաստացուցիչ կացութեան մէջ: Սակայն եկէ՛ք, պահ մը մէկ կողմ դնենք այս բոլորը: Թերեւս վերը ըսուածները բարբաջանքներ թուին մեր գրողներուն: Անոր համար ուրիշ անկիւնէ մը փորձենք նայիլ այս հարցին: 19-րդ դարու երկրորդ կէսին, երբ այլեւս գրաբարը կամաց-կամաց սկսած էր տեղի տալ, ովքե՞ր էին մեր աշխարհաբարը թրքաբանութիւններէ ու բարբառային տարրերէ մաքրող-զտողներն ու զայն բիւրեղացնող-գեղեցկացնողները,- Իրապաշտ ու Գեղապաշտ սերունդի գրողնե՛րը: Սա կը նշանակէ, որ ազգի մը լեզուն զարգացնողը նոյնինքն գրողներն են: Ուրեմն նախ պարտին իրե՛նք տիրապետած ըլլալ անոր, որպէսզի յետոյ բաբելոնեան խառնակութիւն տեղի չունենայ ընթերցողներու խելապատակին մէջ:

Բացի լեզուի տիրապետումէն՝ գրողի մը յաջողութեան ամենամեծ գրաւականը անոր անկեղծութիւնն է, որ միշտ վարակիչ է, ու բացառապէս անով կարելի է ներազդել ընթերցողին վրայ: Սակայն ե՞րբ անկեղծ կ՚ըլլայ գրողը,- երբ իրեն կամ ուրիշին հետ պատահած իրակա՛ն դէպք մը, պատմութիւն մը վիպականացնէ կամ բանաստեղծականացնէ ան. մտացածին ու հնարովի պատմութիւնները,- որքան ալ վարպետ ու տաղանդաւոր ըլլայ գրողը,- ամենեւին չեն յաջողիր գրաւել խստապահանջ ընթերցողին ուշադրութիւնը: Թող որ արդէն ո՛եւէ գրող չի կրնար անկեղծօրէն գրել չապրուած պատմութիւններու եւ անծանօթ կերպարներու մասին: Ինչպէ՞ս գրականացնել քեզի համար անճանաչելի զգացում մը,- պարզապէս անկարելի է: Սակայն կայ խնդիրին միւս երեսակն ալ. գրականութեան մէջ անկեղծութիւնը հիմնականօրէն կը բաժնուի երկու մասի. ա) չափաւոր, բ) ծայրայեղ: Առաջինը պահանջուած-ակնկալուածն է, այսինքն՝ այն ընդունուած չափը, որով կարելի է գերել-տպաւորել ընթերցողը: Իսկ երկրորդը առաջինին ճիշդ հակառակն է. ծայրայեղ անկեղծութիւնը ոչ միայն անընդունելի-անմարսելի է ընթերցողին համար, այլ նաեւ նողկալի: Ինչո՞ւ,- որովհետեւ երբ գրողը շա՜տ կ՚անկեղծանայ (հիմա կը բացատրեմ, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզեմ «շա՜տ անկեղծանալ»ով), այլեւս անկեղծութիւնը իր տեղը կը զիջի գռեհկութեան ու ստորնութեան: Եկէ՛ք, օրինակներով խօսինք.

Ա) ՉԱՓԱՒՈՐ ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

Այն ատեն (թոյլ կու տա՞ս ինձ
Խոստովանիլ, Լալագէ՛)
Ես ունեցայ ընդվըզումներ արիւնի:
Ու ցանկացայ արեգակին, հողին պէս
Ուռճացընել ինձ մերձեցող ամէ՛ն հունտ.
Ու - թո՛յլ տուր ինձ խոստովանիլ, Լալագէ՜ -
Երբ դուն անդին կարկառուն նուռը ծառէն
Կը քաղէիր, ու յետոյ
Կը խածնէիր լիաբերան հեշտանքով
Անոր բոսոր մարգրիտներուն շարքն անուշ,
Ես ասդին թուխ Եթովպուհին - որ ջլեբաց՝
Հընձանին մէջ կը ճըմլէր կուզն -
Համբուրեցի՜... բըռնած հընդիկ ծամերէն
Պառկեցուցի ժըպտագին գլուխը կուրծքիս,
Եւ հեշտաբո՜ւռըն շըրթներով, Լալագէ՛,
Համբուրեցի՜...

... Բայց դուն ինչո՞ւ կ՚արտասուես:
Այն հեռաւոր աշունին
Բուրումներուն մատնըչութեանը համար,
Ո՛վ աշնագեղ Լալագէ,
Արտասուել չ՚արժեր այսօր:-
Դանիէլ Վարուժան («Ո՛վ Լալագէ»)

Բ) ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

Ինչ որ է, ամէն բան լաւ էր, մինչեւ կէս տարի առաջ Գարլային հանդիպիլս: Ամէն բանին «մեղաւոր»ը դրացի թուրք տղայ մըն էր, ինձմէ ալ քիչ մը պզտիկ, որ յամառօրէն հետս ընկերութիւն ընել կը փորձէր: Այդպէս, Ուրբաթ իրիկուն մը, երբ մասնաւոր ոչինչ ունէի ընելիք, սա տղան կրցաւ համոզել զիս եւ իրարու հետ տանս-քլապ գացինք: Նոյնիսկ չեմ գիտեր, թէ ինչու համաձայնեցայ, կ՚երեւի հետաքրքրութիւնն էր զիս առաջ մղողը. ֆրանսական քլապերու մասին առասպելներ կը պատմեն, իսկ ես տակաւին չէի եղած:

Շիտակը, սպասելիքներս շատ չարդարացան, թէեւ շատ ալ չէի պատկերացներ թէ ճիշդ ի՛նչ կը սպասէի: Սովորական քլապ մըն էր, քիչիկ մը տարբեր Պոլսոյ քլապերէն: Կ՚երեւակայէի թէ հոն աղջիկներն իրենք պիտի մօտենային եւ հետապնդէին զիս: Անշուշտ, կը մօտենային, բայց ոչ ինծի: Մէկ-երկու աղջիկ կարծես թէ հասկցնել տուին, որ դէմ չէին ըլլար, եթէ մօտենայի իրենց, բայց շատ իմ ճաշակովս չէին:

Այդպէս պառին քով անկիւն մը նստած անյայտ անունով գոգթէյլ մը կը խմէի եւ պարողներուն կը նայէի, երբ քովս աղջիկ մը նստեցաւ. վրաս իսկ չնայեցաւ, բայց ես, ինչպէս մեր կողմերը կ՚ըսեն, իսկոյն «զարնուեցայ»: Եթէ բանաստեղծ ըլլայի, թերեւս կարենայի նկարագրել իր արտաքին երեւոյթը, բայց չեմ, եւ պիտի ստիպուիմ ըսել միայն, թէ կերպով մը հասկցայ, որ ասիկա ճիշդ այն արտաքինն էր, որու համար կրնայի եւ մեռնիլ: Եթէ կը խորհիք, թէ սկսայ երեւակայել՝ ինչպէս կը մօտենամ, կը խօսիմ, յետոյ ինքն ալ զիս կը հաւնի, կը սկսինք հանդիպիլ, նշանտուք, ամուսնութիւն, մերձեցում ծովափին լուսնի լոյսի ներքոյ եւայլն, ապա կը սխալիք: Պարզապէս առնանդամս ցաւալիօրէն պրկուեցաւ եւ անասելի տխրութիւն զգացի:

Քրիստիան Բատիկեան («Հայրութեան ժամանակը»)

Թէեւ առաջինը չափածոյ է, իսկ երկրորդը՝ արձակ, սակայն սա այնքան ալ կարեւոր չէ, որովհետեւ ի վերջոյ արդիւնքը լրիւ նոյնը պիտի ըլլար, եթէ Բատիկեան որոշէր քերթուածով մը արտայայտել այս բոլորը: Երկուքն ալ անկեղծ են, ինչպէս կը տեսնէք: Սակայն Վարուժան յաջողած է պատկերաւոր ձեւով տալ իր սեռային զգացումները, մէկ խօսքով՝ քօղարկել իր անկեղծութիւնը, մինչդեռ Բատիկեան՝ բացէ ի բաց, առանց դոյզն գեղարուեստականութեան ու մակարդակի: Ահա թէ ինչու Վարուժանի անկեղծութիւնը գրականութիւն է, այո՛, բարձր գրականութիւն,- թէպէտ ատենօք շատեր զինք «պոռնկագիր» կոչած են,- իսկ Բատիկեանինը՝ պոռնկագրութիւն ու գռեհկաբանութիւն:

Խօսեցանք լեզուի տիրապետումի ու անկեղծութեան չափաւորումի մասին: Իսկ հիմա անցնինք խստապահանջութեան ու բծախնդրութեան, որոնք նոյնքան,- ու թերեւս ալ աւելի,- կարեւոր են, որքան առաջին երկուքը: Սեպենք, թէ տակաւին անտիպ հեղինակ մը մի քանի փորձերէ ետք որոշեց հանդէս գալ մամուլին մէջ: Եթէ իր գրածը դեռ խամ է կամ յաւելեալ աշխատանք կը պահանջէ, ի՞նչ պէտք կայ զայն տպելու, տպել՝ տպելո՞ւ սիրոյն: Ո՛չ, ի վերջոյ վարպետութիւնը տպելու մէջ չէ, այլ լաւ գործ մը ներկայացնելու: Հետեւաբար ան պարտի վերաշխատիլ իր գրածին վրայ, զայն յղկել, կոկել-շտկել, մինչեւ որ շնորհքով բան մը դուրս գայ: Ի զուր չէր, ուրեմն, որ Թէքէեան տեւաբար կը մշակէր իր բանաստեղծութիւնները, մէկ խօսքով՝ ան երբեք չէր գոհանար, միշտ աւելիին կը ձգտէր: Նոյնը կը վերաբերի Տէրեանին, որուն կարգ մը բանաստեղծութիւններուն նախնական տարբերակները ծանօթ են մեզի. ահա «Այնպէս բարակ են Ձեր մատները, Տիկին» տողով սկսող բանաստեղծութեան սկզբնական ձեւը.

Այնպէս բարակ են Ձեր մատները, Տիկին.
Այնպէս բարի են ձեռները Ձեր նուրբ.
Ինձ միշտ թուում է համբոյրը Ձեր սուրբ,
Ձեր պարզ խօսքերը բուժուն են հոգին...

Այստեղ նստում եմ Ձեզ հետ միշտ այնպէս,
Որպէս եղբայրն է նստում քրոջ մօտ.
Եւ երբ հանգչում է կրակն այս աղօտ,
Ինձ մեղք է թուում գգուանքը Ձեր հեզ...

Մի ազնուութիւն կայ ժըպիտում Ձեր խոր,
Այնպէս մաքուր են Ձեր մէջ մեղք ու սէր,
Այնքան մե՜ղմ, անհո՜ւն է նայուածքը Ձեր,
Ա՜խ, այնքան նըման էք Աստուածամօր:

Վատ չէ, սակայն անպայման մշակումի կարիքը ունի: Ուստի Տէրեան զայն մշակած է՝ առանց պահ մը իսկ վարանելու, ու անոր տուած հետեւեալ վերջնական տեսքը (պիտի նկատէք, որ միմիայն առաջին տողը անփոփոխ մնացած է).

Այնպէս բարակ են Ձեր մատները, Տիկին,
Այնպէս քնքուշ են Ձեր ձեռները նեղ,
Եւ ի՜նչ խաղաղ է նայում Ձեր հոգին
Ձեր աչքերից այդ մաքուր ու անմեղ:

Այստեղ նստում եմ ես Ձեզ հետ միշտ այնպէս
Որպէս եղբայր մի անոյշ քրոջ մօտ,
Կարծես նանիկ է գգուանքը Ձեր հեզ,
Երբ մեղմ հանգչում է կրակն այս աղօտ:

Մի ազնուութիւն կայ ժպիտում Ձեր այդ խոր,
Ձեր մէջ միշտ մաքուր են եւ կիրք, եւ սէր,
Քնքուշ են, գգուող են, մեղմող օրօր -
Ձեր ձայնը, Ձեր ձայնը, նայուածքը Ձեր...

Աշխատա՜նք, աշխատա՜նք, աշխատա՜նք. փաստօրէն այն բոլոր գործերը՝ չափածոյ թէ արձակ, որոնք մեծ տեղ ունին մեր առօրեայ կեանքին մէջ կամ մեծապէս ազդած են մեր զգացական աշխարհին, մտածելակերպին ու աշխարհընկալումին վրայ, մէկ օրէն միւսը չեն ծնած. անոնք երկարատեւ ու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք են, որքան ալ որ մէկ շունչով գրուած ըլլալու տպաւորութիւնը ձգեն: Ուրեմն, ինչպէս արդէն նշեցի, տաղանդը կատարեալ ոչնչութիւն մըն է, եթէ գրողը,- թէկուզեւ ընթերցողներու կարծիքը նկատի առնէ,- ծոյլ է ու չ՚աշխատիր անոր վրայ:

Ի վերջ բանիս պիտի ըսեմ, որ վերոյիշեալ խորհուրդները (կը ներէ՛ք, եթէ քարոզի մը ազդեցութիւնը ունեցան անոնք ձեր վրայ, ապագա՛յ գրողներ) պարզապէս ուղեցոյց մըն են անոնց (առաջին հերթին՝ ինծի), որոնք իսկապէս միտք ունին ծառայելու մեր գրականութեան ու զայն հարստացնելու մեծ ու մնայուն գործերով: Այս ու նման յօդուածներ ուրիշ նպատակ մըն ալ կը հետապնդեն. արթնցնել բոլոր քնացածները ու գրական մթնոլորտ ստեղծել. բան մը, որուն կարիքը խիստ զգալի է:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2021