ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱԶՆԻՒ ՀՐԱՉԵԱՆ ԹԱՏՐՈՆ ՄՏԱՒ

1909 թուականին Փարիզի «Ներսէսեան» տպարանէն լոյս կը տեսնէ հայ թատրոնի անմահ անուններէն մէկուն՝ պոլսահայ դերասանուհի Ազնիւ Հրաչեայի «Իմ յիշողութիւններս» հատորը: Գիրքին առաջին էջին վրայ դերասանուհին նկարագրած է յիշողութիւնները թուղթին յանձնելու իր քայլին մասին, որ, ինչպէս կը տեղեկանանք, իրականացած է գրող Յովհաննէս Թումանեանին առաջարկով:

Ազնիւ Մինասեան դերասանուհին իբրեւ բեմական անուանում ընտրած էր «Հրաչեա»ն եւ 1869 թուականին բեմ բարձրանալով։ Ան խաղացած է նշանաւոր թատրոններու մէջ, ինչպէս՝ Կ.Պոլսոյ «Արեւելեան թատրոն»ը, Պետրոս Մաղաքեանի գլխաւորած «Արեւելեան», ապա՝ Յակոբ Վարդովեանի «Օսմանեան» թատերախումբերը: Խաղացած է պատմահայրենասիրական ողբերգութիւններու, իտալական, ֆրանսական ներկայացումներու մէջ, իսկ 1880-ական թուականներուն բեմ բարձրացած է Թիֆլիզի հայկական թատերախումբին հետ։

1896 թուականին անոր ընտանիքը գաղթած է Թիֆլիզ։ Այնուհետեւ, նիւթական ծանր վիճակին պատճառով տեղափոխուած է Պաքու՝ իր Պերճուհի դստեր քով, որ հոն ամուսնացած էր: Ազնիւ Հրաչեայ իր յուշագրութիւնը գրած է Պաքուի մէջ: Ծանր հիւանդութեան պատճառով տեղափոխուած է Դիլիջան, ուր Իշխանուհի Մարիամ Թումանեանի ամարանոցին մէջ դերասանուհին խնամած են Դիլիջանի համքարական ընկերութեան կողմէ երկու բուժքոյր՝ Անահիտ Աղաջանեանը եւ Վարսենիկ Զաքարեանը։ Դիլիջան ալ մահացած է տաղանդաւոր դերասանուհին, եւ նոյն համքարական ընկերութիւնը կազմակերպած է անոր յուղարկաւորութիւնը, իսկ տեղի դարբինները, իրենց իսկ նախաձեռնութեամբ, անոր գերեզմանին շուրջը երկաթեայ ձեւաւոր ցանկապատ մը սարքած եւ վրան փակցուցած են երկաթատառ տապանագիրը. «Հայ բեմի մեծ վարպետ Ազնիւ Հրաչեայ»։

Յետագային, Դիլիջանի թատերական ընկերութիւնը պոլսահայ դերասանուհիին գերեզմանին վրայ կանգնեցուցած է սեւ մարմարեայ յուշաքար մը, ուր զետեղուած է Ազնիւ Հրաչեայի կիսադէմը՝ կերտուած ճերմակ մարմար քարով:

«Իմ յիշողութիւններս» գիրքին մէջ Ազնիւ Հրաչեայ յոյժ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը նկարագրէ պոլսական կեանքէն եւ յետագայ տարիներէն, այդ նկարագրութեան ընդմէջէն կ՚երեւին հայ իրականութեան կարեւոր դրուագներ:

ԻՄ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ

ԱԶՆԻՒ ՀՐԱՉԵԱՅ

Ծնած եմ Կ. Պոլսոյ Բերա թաղը՝ 1859 մայիս 20-ին: 1866-ին հայրս վախճանեցաւ: Հայրական սէրէն զրկուիլս զիս շատ կը մաշեցնէր ու սիրտս կը կրծէր: Ինչքա՜ն լաց եմ եղած ու խեղճ մայրս եւ ուրիշներն ալ լացուցած՝ երգելով թրքերէն կազէլի մը սա տողերը:

«Օրհնեա՜լ Աստուած, դուն աչքդ վրաս դարձուր,
Ես խեղճ անբախտ եմ.
Վասնզի ոչ մէկ տեղէ, ոչ մէկէ յոյս չունիմ, անբախտ եմ.
Յոյսս դուն ես, Ամենողորմ, ոչ մէկուն վիզը ծուռ մի՛ ձգեր.
Ինչ բռնեցի՝ ձեռքս մնաց, վա՜յ ինծի, անբախտ եմ.
Հօրմէս որբ մնացի, վա՜յ ինծի, անբախտ եմ»:

Եւ այս զգացմանս գրգռմանը ուժ կու տային Խըռնաուլայի ուսումնարանի երեխաները, որտեղ կ՚երթայի ամէն օր Սաղմոս կարդալու: Անոնք միշտ կը խօսէին իրենց հօր մասին, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ իրենց, թէ ինչե՜ր կ՚առնէ իրենց համար: Անոնց արտասանած ամէն մէկ բառը իմ ներքին կրակս կը հրահրէր: Ես տուն կը դառնայի ոչ իբր երեխայ, այլ քսանեւութը տարեկան պատանի, որ իր սիրուհին նոր թաղած է: Մայրս, զիս սաստիկ սիրելուն, գրեթէ արգելք կը դառնար ուսումնարան երթալուս: Օր մը «տաքութիւն ունիս», ուրիշ օր մը՝ «տկար ես», ըսելով: Յաճախ եկեղեցի կը տանէր, յոյս ունէր կրօնական զգացմամբ մեղմացնել իմ վիշտս: Փոքր առ փոքր ես սկսայ յարիլ այն վարդապետին, որ եկեղեցւոյ բեմէն Քրիստոսի չարչարանքները կը պատմէր: Երբ տուն կը դառնայինք, անմիջապէս բարձրաւանդակի մը վրայ կ՚ելլէի, գլուխս կ՚անցընէի տոպրակ մը՝ իբր վեղար, եւ ձեռքս առնելով փայտ մը, կը կրկնէի մեծ ոգեւորութեամբ այն խօսքերը, զորս լսած էի եկեղեցւոյ բեմէն. մայրս ու մեծ մայրս լալով մտիկ կ՚ընէին ինծի, յանկարծ մեծ մայրս կը սկսէր ողբասացութեան: «Իմ մէկ որդիս, իմ մէկ որդիս, ո՞վ է մատներ Յիսուս որդիս»: Այս ներկայացումները տեւեցին մինչեւ այն օրը, ուր մայրս իմ խնդրանօքս զիս դրաւ ֆրանսացի Գթութեան քոյրերու Թագսիմի ուսումնարանը: Ես մինչեւ այդ վայրկեանը եղած էի, եւ հոն ալ շարունակեցի ըլլալ ծոյլ աշակերտ մը:

Պարգեւաբաշխութեան հանդէսի համար կը պատրաստէին վոտվիլ մը, այս վոտվիլին մէջ կար ծեր կնոջ դեր մը, զոր յանձնած էին դասընկերուհիիս՝ օրիորդ Անժէլին. անոր փորձերը անյաջող էին, ես համարձակեցայ խնդրել Գթութեան քոյրէն, որ այդ դերը ինծի տրուի. «Ծո՛յլ, ըսաւ,- ամէն օր դասատան մէջ գէշ նօթեր կ՚առնես, ասոր մէջ ինչպէ՞ս պիտի յաջողիս»: Խնդրեցի, թախանձեցի, որ անգամ մը փորձէ, եւ հաւանեցաւ: Թէ ի՛նչ եմ զգացած այն րոպէին, որ դպայ այդ խաղը պարունակող տետրակին, նկարագրել անկարող եմ: Եթէ աղքատ մարդ մը վիճակահանութեան տոմսակ մը ունենար, եւ ինք առանց գիտնալու, թէ իր տոմսակը արդէն մեծ թիւը շահած է՝ յանկարծ բերէին ոսկիները եւ ըսէին՝ ահա՛, քուկդ է: Ինչ որ պիտի ըլլար այդ մարդուն հոգեբանական դրութիւնը՝ աա այդ դրութեան մէջ էի. չէի գիտեր ո՞ւր պահեմ տետրակս: Երբ տուն հասայ, մայրս տեսնելով արտասուալից աչքերս, լեղապատառ հարցուց.

-Ի՞նչ է , ի՞նչ ունիս:

-Անուշիկ մայրիկս,- ըսի,- ասոնք ուրախութեան արցունքներ են. ես միշտ դասերուս համար գէշ նօթ եմ առեր, այնպէս չէ՞, բայց այժմ՝ ես ալ պարգեւ պիտի ստանամ, կը տեսնե՛ս:

Այդ գիշերը մինչեւ լոյս աշխատեցայ, եւ երկրորդ օրը դերս անգիր գիտէի: Երկու թէ երեք օրէն տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխութեան հանդէսը: Այդ օրը իմ յաղթանակի օրս էր: Ծափահարուեցայ, տասնի չափ պսակներ ու գրքեր ստացայ, Բերայի ֆրանսական լրագիրները գովեստով խօսեցան իմ մասիս: Ուրախութեան ո՛չ չափ կար, ո՛չ սահման: Այժմ ես ալ ուսումնարանին մէջ իմ տեղս ունէի:

Քանի մը շաբաթ յետոյ, արդէն մեր տան սրահը թատրոնի էր փոխուած: Մէկ քանի երեխայ՝ միանալով, խումբ մը կազմեցինք, շաբաթական հինգ ղրուշ վճարողը անդամ էր, այդ դրամով շինեցինք թուղթէ վարագոյրներ, սաղաւարտներ, մէկ քանի պատմական զգեստներ եւ այլն: Առաջին ներկայացումն էր «Սուրբն Ներսէս»: Հանդիսականներն էին մասնակցողներու ընտանիքները, իսկ փողոցէն անցնողները տան առջեւը խռնուած՝ կը գոռային. «Մենք ալ կ՚ուզենք տեսնել. դրամով չէ՞, առէք ու թոյլ տուէք, որ մենք ալ տեսնենք»:

Երկրորդ ներկայացման պատրաստուելու վրայ էինք. խաղին մէջ կար տղամարդու դեր մը, որուն համար կը պակսէր դերակատար: Ես ստանձնեցի այդ դերը, իսկ խնդրեցի օրիորդ Աղաւնի Զապէլէն (այժմ՝ տիկին Պիննէմէճեան, որու հետ դասընկեր էինք ֆրանսական ուսումնարանին մէջ) ստանձնել իմ դերս, ինչ որ ուրախութեամբ ընդունեց:

Ներկայացման իրիկունը հասաւ վարագոյրը բարձրացնելու ժամը, բայց օրիորդ Աղաւնին դեռ չէր եկած: Մէկ ժամ ուշանալէն յետոյ վերջապէս եկաւ: Հետաքրքրուեցայ, թէ ինչո՞ւ էր ուշացեր; Խոստովանեցաւ, թէ ինքը արդէն դերասանուհի է, եւ խնդրեց, որ այս գաղտնիքը մէկուն չյայտնեմ, որովհետեւ եթէ իմացուէր՝ զինքը կ՚արտաքսէին ուսումնարանէն, փորձի էր գացեր, եւ այդ պատճառով ուշացեր էր:

-Ա՜խ, Ազնի՛ւ. գիտե՞ս, ըսաւ, մենք պիտի ներկայացնենք «Թափառական հրեայ»ն, որուն մէջ ես պիտի կատարեմ Պլանշի դերը, իսկ Ռոզի դերը կատարող դեռ մէկը չունինք: Եթէ պարոն Մաղաքեանը քեզ տեսնէր, կու գար մօրմէդ խնդրելու, որ դուն կատարես Ռոզի դերը:

Ես երբ լսեցի, թէ Աղաւնին արդէն դերասանուհի է եւ քանի մը անգամ բեմ ելեր է, ուժերս կորսնցուցի, ձեռքերս թուլցան, եւ այդ րոպէին սառեցայ մեր սրահէն ու մեր առտնին ներկայացումներէն: «Խնդրեմ, Աղաւնի,- ըսի- պարոն Մաղաքեանին ըսէ, որ գայ ձեր տունը անգամ մը զիս փորձէ, կարելի է յարմարութիւն չունիմ»:

Երկրորդ առտուն կանուխ, Աղաւնին զիս կանչեց մօրմէս գաղտնի, գացի տեսայ պարոն Մաղաքեանը, փորձեց զիս եւ բացագանչեց. «Գիւտ է, գիւտ է»: Անմիջապէս եկաւ մօրմէս խնդրելու, որ ինձ թոյլ տայ բեմ ելլել: Սրտատրոփ սպասեցի, թէ մայրս ի՛նչ դատավճիռ պիտի արձակէր: Առանց վարանման, մայրս վճռեց.

-Ո՛չ, ո՛չ, իմ աղջիկս թատրոնի աղջիկ ըլլալու համար չէ ծնած, ո՛չ,- ըսաւ, -առանց ուշ դնելու աչքերէս վազած արցունքներուն:

Ի հարկէ, Մաղաքեանը մէկ քանի խօսքով ուզեց բացատրել թատրոնի նշանակութիւնը եւ ապագային անոր կատարելիք մեծ դերը, բայց մայրս անդրդուելի մնաց:

Կեանքս թունաւորուեցաւ, չճաշեցի, չընթրեցի, գացի մտայ անկողին, ուր սաստիկ ջերմի մէջ մինչեւ առտու զառանցեր եմ. «Թոյլ տուր, մայրիկ, թոյլ տո՛ւր»: Առտուն մայրս զիս բժշկին տարաւ, պատմեց, թէ ինչպէս զառանցեր եմ եւ դառնացած ատենս ի՜նչ խօսքեր եմ ըսեր: Բժիշկը լաւ մարդ էր, ստիպեց մայրս, որ թոյլ տայ ինձ մէկ կամ երկու անգամ ներկայացնելու. «Դեռ փոքր է, վստահ եմ, որ եթէ թոյլ տաք, կ՚առողջանայ»: Ուրախութենէս բժիշկի ձեռքերը համբուրեցի:

Մայրս յանձնեց զիս Մաղաքեանին, ըսելով.

-Միմիայն մէ՛կ անգամ, պարոն Մաղաքեան, ու բան մը պիտի չվճարէք, անունն ալ փոխեցէք, խնդրեմ:

Ի հարկէ, պարոն Մաղաքեանը խոստացաւ ոչ միայն անունս, այլ դէմքս ալ փոխելու, եթէ մայրս ցանկար: Անմիջապէս երկրորդ օրը գացի «Թափառական հրեայ»ի փորձին՝ Բերայի ֆրանսական թատրոնը: Երբ ներս մտայ, օդային կազի հոտը զիս գինովցուց: Ինձ կը թուէր, թէ աշխարհիս վրայ չկայ այդպիսի անուշահոտ բուրմունք, կ՚ամչնամ ըսելու, որ մինչեւ այսօր նոյն կարծիքը ունիմ: Ես ատ անուանեցի «թատրոնի հոտ»:

Առաջին անգամն էր, որ կը տեսնէի իսկական թատրոն ու դերասաններ: Այդտեղ տեսայ տիկին Արուսեակ Պէզիրճեանը, իր քոյրը՝ Աղաւնի Վալիտէեանը եւ մեր տաղանդաւոր դերասան Ադամեանը, որ ստանձնած էր Գաբրիէլ քահանայի դերը: Փորձը յաջող անցաւ: Ներկայացման իրիկունը, Արուսեակ Պէզիրճեան համբուրելով եւ գգուելով ինքը անձամբ հագցուց ինծի եւ Զապէլին՝ սեւ զգեստներ: Ես վերացած էի: Չեմ յիշեր, թէ ինչ անցաւ շուրջս: Գիտեմ միայն, որ այդ երեկոյ իմ փոքրիկ դերիս մէջ անգամ մը ծափահարուեցայ: Ուսուցիչս եւ թարգմանիչը գոհ էին ինձմէ: Պարոն Մաղաքեանը մայրիկէս գաղտնի վճարեց ինձ հինգ մէճիտ: Թարգմանիչն եւս նուիրեց նոյնքան: Ստացայ ուրախութեամբ այդ գումարը եւ տարի գաղտնի մեր տան կտուրին տակ պահեցի:

Չեմ յիշեր ինչքան ժամանակ էր անցեր այդ ներկայացումէն յետոյ, օր մը պարոն Մաղաքեանը եկաւ զիս գտաւ ուսումնարանը, հասկցուց, թէ պիտի ներկայացնեն «Վարդա»ն, անոր մէջ «Ոգի-Հայաստան»ի դերը ինձ շատ յարմար էր. թէ՛ պէտք էր երգէի եւ թէ՛ պէտք էր արտասանէի: Մօրմէս գաղտնի գացի մեր հանրածանօթ երաժիշտ Տիգրան Չուխաճեանի մօտ, սորվեցայ երգը, նոյնպէս՝ ոտանաւորը: Սկսայ խնդրել մօրմէս, որ թոյլ տայ, կրկին մերժեց, բայց երբ իր առջեւ արտասանեցի ու երգեցի, տեսնելով, որ ես արդէն դերը պատրաստեր եմ, երկրորդ անգամուան համար իր համաձայնութիւնը տուաւ: Այդ իրիկունը շատ ծափահարուեցայ, եւ երկու անգամ կրկնել տուին երգը: Հեղինակէն ստացայ հինգ մէճիտ, պարոն Մաղաքեանէն՝ տասը եւ այդ գումարն ալ տարի դրի թաքստոցիս մէջ:

Լրագրութիւնը մանաւանդ ուշադրութիւն էր դարձուցեր իմ վրաս. զիս կ՚անուանէր «տաղանդ» եւ կը խնդրէր պարոն Մաղաքեանէն տալ ինձ մեծ դեր:

…Մեր տան մէջ կը բնակէր մօրեղբայրս, որ ունէր կին եւ երեք աղջիկ: Այդ կնոջ լեզուն սուր էր եւ ռամիկ: Շարունակ կը նախատէր մօրեղբայրս. «Քոյրդ իր մէկ հատիկ աղջիկը հասարակաց կին պիտի դարձնէ: Եթէ ան ըլլար Արուսեակ Պէզիրճեան մը, այդ ուրիշ բան, բայց այդ խլլոտը ի՞նչ է, որ ընելիքը ի՛նչ ըլլայ»:

«Հայկ Դիւցազն»ի ներկայացման յաջորդ օրը այր ու կին նստած իրենց սենեակին մէկ անկիւնը՝ կանչեցին մայրս եւ սկսան պախարակել զայն կրկնելով նոյն խօսքերը. «Ի՞նչ է, որ ընելիքն ի՜նչ ըլլայ»:

Ա՛լ չկրցայ համբերել, գացի կտուրը, լեցուցի փէշիս մէջ մէճիտիէներու կոյտը, բերի ու վերէն թափելով անոնց գոգը ըսի.

-Եթէ ես ոչինչ եմ, ինչո՞ւ են տուեր ինծի այսչափ դրամ:

Այս որ տեսան, լեզունին կարկամեցաւ, ալ չկրցան խօսիլ, իսկ մայրս բարկացաւ ինծի. «Քեզի չէի՞ ըսած, որ դրամ պիտի չընդունիս»:

-Ինչո՞ւ չառնէի, ես վաստկած եմ այդ դրամները, իմ արդար վաստակս է ատիկա:

Այսքան պիտի ըլլար իմ գործունէութեանս սկիզբն ու վերջը, եթէ անակնկալ դէպք մը չյեղաշրջէր մեր կեանքը: Այդ դէպքն էր Բերայի մեծ հրդեհը, որ տեղի ունեցաւ 1870 թուականին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022