ՂԱՅԲԱԼՈՒ ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ

Օրերս որոշեցի կանուխ պառկիլ: Կանուխ ըսածս կէսգիշերին՝ տասներկուքին: Մինչեւ Դանիէլը քնացաւ, իմ քունն ալ եկաւ: Աղուոր մը խաղացինք: Այնքան խնդաց, որ ի վերջոյ ուժասպառ եղաւ ու քնացաւ: Ես ալ հազիւ երկու էջ Աստուածաշունչ կարդացի ու գոցեցի իմ աչքերը:

Յագեցած օրերուն աւարտին կ՚ըլլամ այնքան յոգնած, որ ընթերցանութեան համար բնաւ ժամանակ չեմ ունենար. իմ գլուխը հազիւ բարձին դրած կը քնանամ: Այս անգամ գլուխս դրի բարձին, աչքերս գոցեցի եւ հասայ Ղայբալուշէն՝ գիւղ: Յայտնուեցայ ձորին մէջ՝ նոր ծնած ուլիկը իմ գիրկը: Այս մէկը ցնորք, պատրանք մը չէ: Քսան տարիի վաղեմութիւն ունեցող անցեալի յիշատակ մըն է, որ անսպասելի այցելութեան եկաւ իմ մտքին, փոխադրելով զիս անհոգ ու պայծառ օրեր:

Վստահաբար Շուշիի շրջանի Ղայբալու գիւղը անցեալին ունեցած էր գեղեցիկ հայկական տեղանուն մը, որ աւաղ անյայտ է ինծի: Այս գիւղի հետ կապուած ունիմ ջերմագին յուշեր: Բազմիցս՝ հանդերձ ընտանեօք, այցելած ենք Իզապելլա մեծ մայրիկիս եղբօր գիւղ:

Գարնանային լուսապայծառ կիրակի մը, աւելի քան տասն հոգի տեղաւորուելով Զաւէն մեծ հայրիկիս հինգ տեղանոց սպիտակ գոյնի «Նիվա» մակնիշի ինքնաշարժի մէջ գացինք Ղայբալու՝ չեմ յիշեր ինչ առիթով: Երեխաներով՝ ես, իմ եղբայրն ու մեր դրացիի դստրիկը՝ Աննան տեղաւորուեցանք բեռնախցիկին մէջ:

Ղայբալու գիւղը մեր տունէն շատ հեռու չէ, ընդամէնը 6-7 քիլօմեթր: Սակայն արցախեան այդ փոքրիկ դրախտավայրը հասնելու համար պարտաւոր ես հատել քարքարոտ, նեղլիկ ու խիստ վտանգաւոր ճանապարհ մը: Տեղ-տեղ ճանապարհը կ՚անցնի ձորի բերանէն: Ուշադրութեան շեղումի պարագային վայրկենապէս պիտի յայտնուիս ձորին մէջ: Բաց աստի, ամէն ինքնաշարժ չի կրնար հասնիլ մինչեւ նպատակակէտ:

Արցախի առաջին պատերազմէն վերջ գիւղը եղած էր քարուքանդ: Իմ մեծ մօր եղբայրը՝ Շահէնը որոշեց իր տիկնոջ հետ հաստատուիլ կարծես աշխարհէն կտրուած, մոռացուած այս գիւղին մէջ: Կիսաւեր տուն մը գտաւ, նորոգեց, քանի մը անասուն, տասնեակ մեղուներու փեթակ, հաւ, այգի, շուն ու կատու առաւ եւ Ալվարդ քոյրիկի հետ հաստատուեցաւ այս դրախտավայրին մէջ: Յարգալից, վաստակաշատ դասախօս, փրոֆեսէօր, փիլիսոփայ, քաղաքագէտը յայտնուեցաւ գիւղի մը մէջ, որ զուրկ է կեանքի նուազագոյն պայմաններէն՝ բնական կազ, լոյս, հեռաձայն... Եւ ընդամէնը երեք կամ չորս բնակեցուած տուն: Այս մէկը տարեց զոյգի որոշումն էր, որ ողջունուեցաւ ընտանիքի բոլոր պարագաներու, ազգականներու կողմէ: Շատ կը սիրէինք ազգականներով ու բարեկամներով այցելել մեր մեծերուն:

Շահէն պապին, շաբաթը երեք անգամ կը դասախօսէր Արցախի Պետական համալսարանին մէջ, որու առաջին վերատեսուչը եղած էր ժամանակին: Այդ երեք օրերուն, անոր թոռներէն Իշխանը, կ՚երթար գիւղ եւ իր մեծ հայրը կը հասցնէր քաղաք: Այսինքն վաստակաշատ դասախօսը չէր կտրած իր կապը քաղաքի ու համալսարանի հետ:

Հոսանքի բացակայութեան պարագային գիշերները կ՚անցընէին մոմի լոյսի տակ, իսկ վառարանի օգնութեամբ, տարին տասներկու ամիս վառարանի վրայ ճաշ կը պատրաստէին, ձուրտ եղանակներուն ալ կը տաքնային: Այսօրուան պէս կը յիշեմ սարերէն բխող սառնորակ ջուրը: Սաղարթախիտ անտառներու մէջ կորսուած, կանաչածածկ գիւղը մարդս կը փոխադրէր ուրիշ աշխարհ մը, ուր կը տիրէ հանգստութիւն ու խաղաղութիւն:

Այդ օրը առիթով մը մենք հասանք գիւղ: Մեր մայրիկները տան կտուրէն ներս կը տեսնէին ընթրիքի պատրաստութիւններ: Իսկ մենք՝ երեխաներով, կը խաղայինք դուրսը: Պահ մը նշմարեցինք ձորին մէջ այծ մը: Որոշեցինք իջնել օգնութեան: Երբ իջանք տեսանք, որ այծը մինակ չէ. ուլիկ մը ծնած է: Շատ ուրախացանք: Անհրաժեշտ էր մայրն ու ձագուկը վեր հանել: Տղաները օգնեցին մայր այծիկին ձորէն դուրս գալուն: Մնաց ուլիկը: Ուլիկի օգնութեան պարտականութիւնն ալ ես վերցուցի իմ ուսերուն: Իմ գիրկի մէջ վեր հանեցի: Կը յիշեմ՝ այնքան փխրուն ու անօգնական էր: Աննկարագրելի զգացումներ ունեցայ, երբ զայն առի իմ գրկի մէջ:

Այսօր՝ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ, գիւղը դարձած է սահմանամերձ գօտի: Ղայբալու գիւղը սահման դարձած է: Հայ սահմանապահները այնտեղ կը հսկեն հայոց սահմանը: Արցախի կեանքի նոր ճանապարհն ալ պիտի անցնի Ղայբալու գիւղէն: Նոր կեանքի ուղին պիտի շրջանցէ Բերձոր քաղաքը եւ պիտի անցնի՝ Ստեփանակերտ, Կրկըժան, Ղայբալու, Զառսլու, Լիսակոր, Բերդաձորի ենթաշրջանի հատուածով եւ դուրս պիտի գայ Հայաստանի Հանրապետութեան Գորիսի շրջանի Կոռնիձոր գիւղի մօտ:

Յուշերու թեւերով կատարեցի տխուր վայրէջք մը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2023