«ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱՉՔԸ» ԼԱՒԱԳՈՅՆԻՆ ԼԱՒԸ

Աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէր միշտ վառ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ կը մնայ մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րա Կիւ­լէ­րի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան ձօ­նուած «Իս­թան­պու­լի աչ­քը» կո­չուած փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի Շար­ժան­կա­րի ան­կախ փա­ռա­տօ­նին շրջագ­ծով ցու­ցադ­րուե­ցաւ այս գոր­ծը։ Փա­ռա­տօ­նի բո­լոր ա­նուա­նա­կար­գե­րուն մէջ ցու­ցադ­րուած ժա­պա­ւէն­նե­րուն շար­քին այս գոր­ծը ընտ­րուե­ցաւ «Լա­ւա­գոյ­նին լա­ւը»։ Այս ժա­պա­ւէ­նը լոյս կը սփռէ Ա­րա Կիւ­լէ­րի վաթ­սուն տա­րուան գոր­ծու­նէու­թեան վրայ։

Հարկ է նշել, որ «Իս­թան­պու­լի աչ­քը» յա­ռա­ջի­կա­յին ցոյց պի­տի տրուի նաեւ այլ զա­նա­զան փա­ռա­տօն­նե­րու շրջագ­ծով։ 17-18 Մար­տին Թե­սա­ղո­նի­կէի շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նին, իսկ Մա­յի­սի սկիզ­բին՝ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ նա­խա­տե­սուած Հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի շար­ժան­կա­րի ժա­պա­ւէ­նին շրջագ­ծով պի­տի ներ­կա­յա­ցուի այս գոր­ծը։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016