ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ ՄԵՐ ԹԵՐԹԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆՑ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՆԵՐՔՈՅ (ԱՌԱՋԱՐԿ ՄԸ)

«Ես պէտք է որ դրամ գտնեմ, ամսական 30 ոսկի եւ «Նոր կեանքը» հանեմ. ահա գործս: Արփիարը հիմա հոս է ու գիտես որ չէ թէ հինգ ոսկի, հինգ փարա գտնելու կարող չէ: Պէտք է ան ապրեցնեմ, գրաշարը ապրեցնեմ, ես ապրիմ, տանտէրը վճարեմ, թղթավաճառը վճարեմ, տպագրիչը վճարեմ, առանց հաշուելու ուրիշ հոգեր... Առտուն կանուխ աչքս բացածիս պէս պէտք է մտածեմ թէ ուրկից պիտի գտնեմ թերթին նոյն օրուան ծախքերը, թէ Արփիարը ի՞նչ պիտի ուտէ եւ ես՝ ի՛նչ: Հեւ ի հեւ շնչասպառ անձկութիւններու կեանքը մը... Այս չորս ամսուան մէջ շատ աւելի խելք թափած եմ այս գործը քալեցնելու համար քան ամբողջ կեանքիս մէջ»:

Լեւոն Բաշալեան
(4 յուլիս 1898, Լոնտոն)
(«Արեւմտահայ գրողների նամականիե, 1972, Երեւան)

Սփիւռքահայ մամուլին սպառնացող վտանգը նորայայտ չէ, եւ, ինչպէս կը հետեւցնենք Լ. Բաշալեանի հոգեցունց նամակէն, անոր պատմութիւնը չի՛ սահմանափակուիր վերջին 20-ամեակով, երբ արհեստագիտութեան բզզո՜ցը սկսաւ հետզհետէ աւելի՛ սուր ու զօրեղ դառնալ: Այս պատմութիւնը առնուազն հարիւր յիսուն տարեկան է, այսինքն՝ երբ մեր գրական հանդին վրայ ունէինք Արփիարեաններո՜ւ, Զոհրապներո՜ւ, Բաշալեաններո՜ւ, Չօպանեաններո՜ւ եւ այլ մեծ ու պատկառելի անուններու ամբողջ հոյլ մը:

Մարդ կամայ-ակամայ կը զարմանայ՝ ի տես այս գոյացունց վտանգին, զոր առ այսօր,- սա շատ բան կը յուշէ մեր ոչ-նախաձեռնող նկարագիրին մասին,- կարելի չէ եղած կանխել ու դէմ դնել անոր:

Անշուշտ առկայ է տպագիր-առցանց մենամարտը՝ «տպագիր մամուլը կը նահանջէ», «տպագիր թերթ գնող չկայ» եւ այլն: Պարզ է, որ այս ու նման բազմաթիւ արտայայտութիւններ ընդամէնը ցնդաբանութիւններ չեն, այլ ճշմարտութիւն: Տպագիրը, այո՛, մեծ նահանջ կ՚ապրի, ինչ որ կարելի չէ կասեցնել ոչ մէկ ձեւով: Այլ հարց, որ այս ուղղութեամբ բացարձակապէս ո՛չ մէկ միջոցի կը ձեռնարկուի. տեղի կ՚ունենան համաժողովներ ու խորհրդաժողովներ, սակայն շօշափելի արդիւնք, ի՜նչ խօսք, չենք տեսներ:

Ինչեւէ, վերադառնանք մեր նիւթին:

Կարծեմ աւելորդ է նշել, որ մեր թերթերը պիտի չուզէին հրաժարիլ տպագիրէն, քանզի Սփիւռքի մէջ նման արարք մը ուրիշ ի՞նչ է, եթէ ոչ ոտնձգութիւն մեր ազգային անձեռնմխելի արժէքներուն հանդէպ:

Մենք ալ տարբեր չենք մտածեր այս հարցին շուրջ: Տպագիրը պէտք չէ՛ վերանայ երբեք, այլ պահպանուի՝ ի գին ամէն ինչի: Նախ որովհետեւ կան ընթերցողներ, որոնք ո՛րեւէ աղերս չունին առցանց աշխարհին հետ, երկրորդ՝ անոնք կը նախընտրեն ի ձեռին ունենալ կամ զգալ թերթը,- իրապէս անփոխարինելի զգացում մըն է այս,- քան վերցնել հեռախօսն (կամ նստիլ համակարգիչին առջեւ) ու նայիլ անոր չոր ու ցամաք պաստառին:

Սակայն սա ալ ճշմարտութիւն մըն է, որ 19-րդ կամ 20-րդ դար չենք հիմա: Հետեւաբար մերոնք պարտին քայլ պահել արհեստագիտական,- չըսելու համար՝ մեքենական,- աշխարհի նորութեանց հետ, ինչ որ գէշ-աղէկ կը փորձեն անոնք ու մեծ մասամբ կը յաջողին:

Ուրեմն ներկայիս հայ մամուլին հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ գոյատեւել երկու ձեւով. թէ՛ տպագիր ու թէ՛ առցանց:

Սակայն ինչպէ՞ս, ո՞ր նիւթական միջոցներով, երբ թերթերը կը տառապին բաժանորդի պակասէ (եթէ ուշադրութիւն դարձուցիք, չըսի՝ ընթերցողի):

Արդ, ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս հայ մամուլը դարձնել ինքնաբաւ (որոշ չափով) ու քիչ մը շունչ առնել տալ մեր կուսակցութեանց ու կազմակերպութեանց նեղ քսակներուն:

Խնդիրը այն է, որ սփիւռքի մէջ թերթերը,- անշուշտ ո՛չ բոլորը,- ձրիաբար կ՚առաքուին հազարաւոր ընթերցողներու. ինչպէ՞ս,- ել. հասցէով (PDF ձեւաչափ): Ի հարկէ լաւ է, որ անոնք կը փորձեն այս ձեւով հասանելի դառնալ աւելի լայն շրջանակներու. շա՜տ բարի: Բաց աստի, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի ֆէյսպուքեան ու ինսթակրամեան յատուկ էջ մը (ոմանք՝ մի՛այն մէկ հատը), ուր տուեալ օրուան բոլո՜ր նիւթերը,- այս անգամ առանձին-առանձին,- իսկոյն կը հրապարակուին՝ առանց որեւէ յապաղումի:

Նպատակ՝ նիւթական ինքնաբաւութիւն, գործելաձեւ՝ նուիրաբաշխական:

Առէ՛ք նպարավաճառ մը, որուն մէկ ու միակ մտահոգութիւնն է շա՜տ ծախել, եւ որքան շատ, այնքան լաւ (պարզ է, որ ան բարեգործութեան համար չէ բացած խանութը, այնպէս չէ՞): Երբեւէ կ՚անցնի՞ ձեր մտքէն, որ ան,- նպարավաճա՜ռ մը,- օր մը դրան մուտքին ելլէ-դնէ ճիշդ ու ճիշդ հետեւեալ ազդը.

- Սիրելի՛ յաճախորդներ, այսուհետեւ շաբաթ օրերը ամէն բան ձրի է:

- Սա ուրիշ ի՞նչ է, եթէ ոչ ինքնագնդակահարում:

Պարագան նոյնը չէ՞ հայ մամուլին: Մեր թերթերը գիշեր ու զօր կը տնքտնքան՝ «ո՛չ ոք կը նայի տպագիրին երեսին», «օրական նիւթական հազարումէկ դժուարութիւններով լոյս կը տեսնէ թերթը», «Սփիւռքի մէջ թերթերուն մեծ մասը կուսակցապատկան է, երբեք՝ անհատական նախաձեռնութիւն», եւ շարքը դեռ կ՚երկարի, մինչդեռ անդին, իբր թէ յաւելեալ ընթերցողներ շահելու նպատակով, կ՚առնեն լոյս տեսած թիւը ու զայն առօք-փառօք կ՚առաքեն ՏԱՍՆԵԱ՜՜՜Կ հազարաւոր (ել.) հասցէներու, եւ սա՝ ամէնօրեայ դրութեամբ, եթէ օրաթերթ են:

Լա՛ւ, այս պարագային ի՞նչ տպագիր թերթ, ի՞նչ գնել. երբ ՄԻԵՒՆՈՅՆ ապրանքը ինծի անվճար պիտի տաք, ինչո՞ւ երթամ-գնեմ զայն (այսպէս կը մտածէ հայ ընթերցողը): Ի վերջոյ ո՞ր տխմարը կ՚ընէ այդպիսի բան մը:

Աւելի չերկարեմ:

Որպէսզի թերթ մը ինքնաբաւ դառնայ, չի բաւեր, որ ան միայն կարդացուի: Ան առաջին հերթին կարիքը ունի իր ընթերցողներուն նիւթական օժանդակութեան. այսինքն՝ ընթերցողը պէտք է ձեռքը գըր-պանը տանի ու «ցնծայ», ինչպէս սովոր ենք ըսելու:

Եւ քանի որ թերթերը,- արդէն իսկ վերը նշեցի,- այլեւս PDF ձեւաչափով կ՚ուղար-կըւին տասնեակ հազարաւոր ընթերցողներու (սա չափազանցութիւն չէ), կը կարծեմ՝ այս առաքումը պէտք է այսուհետեւ դարձնել վճարովի1:

Եկէ՛ք, նշանակենք բաժանորդագին մըն ալ. ամսական մէկ տոլար, ո՛չ աւելի:

Այսպիսով...

Հայ մամուլին ծառայելը կը դադրի միայն առաքելութիւն ըլլալէ, ու մեր թերթերը ամէն ամիս կ՚ունենան կոկիկ եկամուտ մը, ինչ որ կարելի է հրա՜՜՜շք համարել մեր իրականութեան մէջ: Անոնք կը սկսին քիչ առ քիչ բարելաւուիլ (թէեւ ոչ մէկ արգելք կայ, որ հիմա բարելաւուին. ամէն ինչ պէտք չէ վերագրել նիւթական անբաւարարութեան), իսկ որոշ ժամանակ ետք ալ կը դառնան նիւթապէս անկախ ու կայուն հաստատութիւններ:

Սակայն պարտաւոր ենք իրատես ըլլալու այստեղ. կարելի՞ է միամտաբար ակնկալել, որ բոլոր ընթերցողներն ալ հաւասարապէս պատրաստակամութիւն յայտնեն «ցնծալու» (շատ կը սիրեմ այս բառը),- Ո՛Չ: Հակառակ այս իրողութեան՝ շատ բան պիտի չփոխուի ընդհանուր կացութենէն, որովհետեւ, թէկուզ այսպէս, թերթերը պիտի շարունակեն ապահովել իսկապէս պատկառելի եկամուտ մը:

Եւ, արդարեւ, ժամանակը չեկա՞ւ այլեւս մտածելու նման էական խնդիրներու շուրջ: Զի հայ մամուլին ծառայելը մինչեւ ե՞րբ պիտի նկատուի սուրբ ու նուիրական գործ մը: Այո՛, է՛ ու պիտի մնայ այդպիսին, սակայն, ի սէր Աստուծոյ, թող ուրիշ բան ալ ըլլայ ան...

Յ. Գ. Կը հասկնամ, եթէ մարդիկ, իմա՝ մտաւորականներ, արդարացիօրէն հարց տան. «Միթէ կա՞յ թերթ մը, որուն արժէ բաժանորդագրուիլ»: Այո՛, ԳՐԵԹԷ չկայ նման թերթ մը, եւ ես չեմ կրնար այս կամ այն մէկը գովազդել անմտաբար: Մեր մամուլին լեզուն ողորմելի վիճակի մէջ է, իսկ հրապարակուող նիւթերը՝ ոչ-հետաքրքրական ու ձանձրանալի: Սակայն, ըստ իս, պէտք է անգամի մը համար շարժիլ «հայկական է, պատուական է» մտայնութեամբ, որպէսզի անկէ շահի բացառապէս հայ մամուլը: Մանաւանդ որ, սիրելի՛ մտաւորական, թէ՛ կը բողոքես, թէ՛ ալ ձրի՛աբար կը կարդաս քեզի առաքուած թերթերը: Ամիսը՝ մէկ տոլար, եղբայր. շա՞տ է:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ


1Հոս անշուշտ պէտք չէ անտեսել ֆէյսպուքեան կամ ինսթակրամեան էջերու հարցը, քանզի մի՛այն ելեկտրոնային առաքումները վճարովի դարձնելով՝ ոչինչ ըրած կ՚ըլլանք: 

Երկուշաբթի, Մարտ 15, 2021