ՆՈՐ ՇԱՌԱՒԻՂ ՄԸ -Ա-

Ինչպէ՞ս սկսաւ ամէն բան.

Իմ անունը հայ է, մականունը՝ «եան»:

Մականունը կամ ազգանունը՝ անձի մը տոհմական անուանումն է: Զայն կը տրուի ծնելէ կամ ամուսնանալէ ետք եւ կը փոխանցուի ժառանգաբար:

Ազգանունի ձեւաւորումն ու զարգացումը սերտօրէն կապուած է արտադրական յարաբերութիւններու զարգացումին հետ: Հին ու միջին դարերուն մականուն կը կրէին ազնուական ընտանիքները՝ Մամիկոնեաններ, Արծրունիներ...

Միջնադարեան Հայաստանի մէջ նշանաւոր ընտանիքները յիշատակած ատեն, անոնց ընդհանուր ճանաչում գտած ազգանունին կ՚աւելացուէր «ազգ», երբեմն ալ՝ «տուն» բառերը՝ «ազգն Մամիկոնեաց», «ազգն Ռշտունեաց», «տունն Արծրունեաց» եւ ուրիշներ:

Երբեմն մարդոց անունին կը կցուէր անոնց ծնունդի կամ հիմնական գործունէութեան վայրի անունը, որն ալ կը կատարէր մականունի դեր՝ Մովսէս Խորենացի, Գրիգոր Նարեկացի, Ներսէս Լամբրոնացի... Դրամատիրութեան արտադրական յարաբերութիւններու կազմաւորման շրջանին, երբ կը վերանայ զանազան վայրերու մեկուսացումը, տեղի կ՚ունենայ բնակչութեան տեղաշարժ, կ՚աշխուժանայ առեւտուրը, եւ մարդու ինքնութիւնը հաստատող փաստաթուղթերը կը դառնան անհրաժեշտութիւն, մականունը կը գտնէ լայն տարածում ու ճանաչում:

Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 1930-ական թուականներու կէսերը մականուն գոյութիւն չունէր եւ մականունի ընդունման մասին պաշտօնապէս օրէնք ընդունուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի նախաձեռնութեամբ:

Մականունները մեծաւ մասամբ յառաջացան նախնիի անունէն, որուն աւելացուած է պատկանելիութիւն կամ ազգակցական կապ՝ որդի, դուստր, արտայայտող նախածանց կամ վերջածանց:

Մենք՝ հայերս ունինք այս կամ այն ազգակից խումբին պատկանիլը մատնանշող «ունի» ուրարտական վերջածանցը, որ նախկինին բնորոշ էր նախարարական տոհմերուն՝ Ամատունի, Բագրատունի, Ռշտունի, Արծրունի...

Զանգեզուրի ազգագրական շրջանին յատուկ են «ենց», «ունց», «ոնց», եւ «անց» վերջածանցները: Ամենատարածուած վերջածանցը «եան»ն է, որ պատմական աղբիւրներու մէջ կը յիշատակուի հինգերորդ դարէն ու լայնօրէն կը տարածուի 19-րդ դարէն սկսեալ: Ազգանունը կը յառաջանայ նաեւ զբաղմունքի կամ մասնագիտութեան անուանումէն. օրինակ՝ Դարբինեան, Ոսկերիչեան, Ժամագործեան: Կան կեղծանունէն կամ տեղանունէն յառաջացած ազգանուններ՝ Կարճըլիկեան, Չոլախեան, Երեւանցեան, Սեբաստացեան: Հայկական ազգանունները երբեմն կը կազմուին գործունէութեամբ աչքի ինկած կնոջ մը անունէն՝ Մանանդեան, Շուշանեան:

Գրաբարի մէջ հայերէն ազգանուններու կազմութեան մէջ գործածուող վերջածանցները կ՚անուանէին ազգական կամ տոհմական ածանցակերտ մասնիկներ. ինչպէս՝ «ացի», «երի», «եան», «եանց»:

Ժամանակակից հայերէն մականունները սովորաբար կ՚աւարտին «եան» վերջածանցով՝ ցոյց տալով պատկանելիութիւն, եւ վերջինս յաճախակիօրէն կը գործածուի որպէս հայրանուն: Շատ հազուադէպ այդ ազգանունները կը յառաջանան որեւէ որակի կամ յատկանիշի մատնանշումէն:

Որոշ ազգանուններ ունին «ունի» վերջածանցը՝ իմաստով համանուն «եան»ին: Ասոնք կը վերաբերին Քրիստոսէ առաջ առաջին հազարամեակի քաղաք-պետութիւններու հնագոյն ազնուապետական տոհմական անուններուն՝ Արշակունիներ, Բագրատունիներ, Պահլաւունիներ:

«նց» վերջածանցը՝ գրաբարի սեռական հոլովի յոգնակի թուի վերջաւորութիւնը, կրնայ գործածուիլ ինչպէս առանջին, այնպէս ալ աւելանալ «եան»ին եւ «ունի»ին: Այս վերջածանցը կ՚արտայայտէ ծագումի պատկանելիութիւն՝ սկսեալ նախահայրէն, որու անունը կրնայ գործածուիլ որպէս մականուն՝ Թոնունց: Այսպէս, Սարգսեանց ազգանունը կ՚արտայայտէ ամենամերձաւոր բարեկամութիւն՝ դուստր կամ Սարգիսի որդի: Այս ձեւը կը կիրառուէր մօտաւորապէս 18-րդ դարէն սկսեալ, երբ Օսմանեան կայսրութեան կառավարութիւնը սկսաւ կատարել կանոնաւոր մարդահամարներ: Իր հերթին Սարգսեանց մականունը ցոյց կու տայ պատկանելիութիւն Սարգիսէն յառաջացող ամբողջ ցեղի մը: Այս ձեւը ամենայն հաւանականութեամբ յառաջացած է պատմական Հայաստանի ժամանակաշրջանին աւատատիրական յարաբերութիւններու հաստատման ժամանակ եւ կը համարուէր արտօնեալ դասի պատկանելիութեան նշան:

«եան»էն եւ «ունի»էն առաջ գոյութիւն ունեցած էր «լի» եւ «ճի» վերջածանցները, ինչ որ կը նշանակէր, թէ մականունը յառաջացած է մասնագիտութեան կամ աշխարհագրական անունէն:

Անդրկովկասի՝ Ռուսական կայսրութեան անդամկցութենէն վերջ արեւելահայերէն շատերու մականունները ստացան ռուսականացուած տարբերակով «ով» վերջածանցը՝ Սարգիսով, Օկանէսով, Յարութիւնով եւ այլն:

Ներգաղթեալներու յետնորդներէն ոմանք հանեցին վերջածանցները՝ Շարլ Ազնաւուր, Էնտի Սարգիս եւ այլն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2023