ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ «ԱՐՄԱՇ»

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դպրե­վան­քի «Ար­մաշ» երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ներ­կա­յիս կ՚այ­ցե­լեն քա­ղաքս՝ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ինչ­պէս ար­դէն ծա­նու­ցուած է, «Ար­մաշ» երգ­չա­խում­բը վա­ղը ե­րե­կո­յեան հո­գե­ւոր հա­մեր­գով մը հան­դէս պի­տի գայ Գում­գա­բուի Ս. Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման տա­ճա­րին մէջ։ Ձեռ­նար­կը ձօ­նուած է Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեա­նի վախ­ճան­ման 25-րդ տա­րե­լի­ցին։  

Հիւր երգ­չա­խում­բը ե­րէկ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նի եւ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեա­նի կող­մէ։ Երգ­չա­խում­բը կը գլխա­ւո­րէ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դպրե­վան­քի տե­սուչ Տ. Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեան։ Խմբա­վարն է Տ. Գա­րե­գին Վրդ. Շխրտմեան։ Հիւ­րե­րուն միա­ցած են նաեւ միա­բան­ներ՝ Տ. Պօ­ղոս Վրդ. Թինք­ճեան, Տ. Յո­վա­կիմ Վրդ. Բան­ճար­ճեան, Տ. Զա­ւէն Ա­բե­ղայ Նա­ճա­րեան եւ Տ. Ար­տա­ւազդ Ա­բե­ղայ Շա­ռո­յեան։

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց «Ար­մաշ» երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը՝ հիւ­րե­րու ժա­մա­նու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը բա­րի գա­լուստ ու կե­ցու­թիւն մաղ­թեց խում­բի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք յայտ­նե­ցին շնոր­հա­կա­լու­թիւն։ Տե­սակ­ցու­թեան ա­ւար­տին հիւ­րե­րը շրջե­ցան Պատ­րիար­քա­րա­նը եւ թան­գա­րա­նը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016