ԿԸ ՎԱՃԱՌՈՒԻ ՈՍԿԵՊԱՏ ԲՆԱԿԱՐԱՆ ՄԸ
Ռուսաստանի Մակատան քաղաքին մէջ գտնուող տունը, որ վերջերս վաճառքի հանուած է, արդէն գրաւած է շարք մը հարուեստ գնորդներու ուշադրութիւնը:
Արտաքինէն բաւականին սովորական տեսք ունեցող չորս յարկանի շէնքի երկրորդ յարկին վրայ գտնուող բնակարանը ամբողջութեամբ պատուած է ոսկիով: Ի հարկէ, ամբողջը ոսկի չէ, բայց պատուած է շողացող ոսկեգոյն ներկով՝ կահոյքի եւ գործածելի ամէն մէկ իրեղէնի թանկարժէք տեսք տալով:
Ըստ անշարժ գոյքի գործակալին՝ տան տէրերը ներկայիս յաճախ ճանապարհորդող գործարարներ են եւ տունը կահաւորած են նրբաճաշակ կահոյքով: Անյայտ պատճառով անոնք այժմ որոշած են վաճառել երկու սենեակնոց ոսկեպատ բնակարանը: Պայմանաւորուած քաղաքի եւ բնակարանի տեղակայման վայրով՝ սեփականատէրերը կը փափաքին զայն վաճառել 6.5 միլիոն ռուբլիով։ Բնակարանը պատկերող լուսանկարներու շարքը կը ներկայացուի համակար-գիչի վրայ։