ՓԻՔԱՍՈՅԻ ԿՏԱՒՆԵՐՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Մեծն Բրիտանիոյ Ազգային պատկերասրահին մէջ յառաջիկայ աշնան պիտի բացուի աշխարհահռչակ սպանացի գեղանկարիչ Փապլօ Փիքասոյի կտաւներու ցուցահանդէսը, ուր առաւելաբար տեղ պիտի գրաւեն անոր ինքնանկարները։
Ըստ The Guardian-ի, ցուցանմոյշներու շարքին տեղ կը գրաւեն սպանացի արուեստագէտի եօթանասունհինգ աշխատանքները, որոնց կարգին՝ երիտասարդ Փիքասոյի եւ աւելի հասուն տարիքի ինքնանկարները: «Այդ մէկը ուշագրաւ աշխատանք է. նայելով հայելիին եւ նայելով մահուան աչքերուն», ըսած է արուեստաբան Էլիազապէթ Քոուլինկ,1972 թուականին՝ մահուընէ տարի մը առաջ, գծուած ինքնանկարի մասին:
Միւս ինքնանկարը պատանի Փիքասոն պատկերած է տասնչորս տարեկանին՝ 1896 թուականին:
Ցուցադրութիւնը Լոնտոնի մէջ բաց պիտի մնայ յառաջիկայ Հոկտեմբերի 6-էն մինչեւ 2017 թուականի Փետրուարի 5-ը: