GOOGLE-ԻՆ ՆՈՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Ամերիկեան Google որոնողական համակարգը ներկայացուցած է սեփական օրացոյցի թարմացուած տարբերակը, որ ստացած է Goals (նպատակներ) անվանումը: «Խելացի» օրացոյցը կրնայ օգտատիրոջ օրակարգին մէջ ինքնուրոյն ժամանակ գտնել որեւէ օգտակար բանով զբաղելու համար։
Օրինակ՝ օգտատէրը կրնայ յանձնարարել Goals-ին իր օրակարգին մէջ ազատ ժամանակ գտնել մարզասրահ այցելելու համար: Միեւնոյն ժամանակ, ան կրնայ նշել, թէ օրուան ո՛ր ժամուն կ՚ուզէ երթալ մարզասրահ եւ որքա՛ն ատեն մտադիր է կենալ այնտեղ։ Այնուհետեւ Goals-ը կը վերլուծէ օգտատիրոջ օրակարգը ու կ՚ընտրէ անոր նշած զբաղմունքի համար ամենայարմար ժամանակը: Սկիզբի շրջանին համար օգտատէրերը հնարաւորութիւն կ՚ունենան Goals-ի միջոցով ժամանակ գտնել մարմնամարզով զբաղելու, որեւէ նոր լեզու ուսումնասիրելու, երաժշտական գործիք նուագել սորվելու համար ու նմանատիպ այլ զբաղմունքներու համար։