ՊԱՆԾԱԼԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի 200-ամեակը նշուեցաւ Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան երդիքին տակ: Համաճարակի պատճառով շուրջ մէկ տարի Մարդասիրական ճեմարանի սաները եւ հայաստանցի ուսուցիչները Հայաստան են, Հնդկաստան են միայն 10-րդ դասարանի սաները եւ հնդկահայ աշակերտները: Հայաստանի մէջ գտնուող ճեմարականները իրենց ուսուցիչներուն եւ ծնողքին հետ ներկայ էին սիրելի կրթօճախին նուիրուած ձեռնարկին:

Զուգահեռ հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր նաեւ Հնդկաստանի մէջ։ Կալկաթայի ճեմարանէն ներս ներկայ էին հնդիկ ուսուցիչները, տեսչութիւնը, հնդկահայոց վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ փոքրաթիւ համայնքէն անդամներ: Հեռավար կարգով իրարու շնորհաւորութիւններ փոխանցուեցան, ինչպէս նաեւ հարազատ կրթօճախին անցեալին ու ներկային նուիրուած խօսքեր հնչեցին: Կրկին համացանցի ճամբով ձեռնարկին միացած էին իրանցի, իրաքցի եւ պուրմացի աշակերտները եւ խումբ մը շրջանաւարտներ, որոնք, ճեմարանը աւարտելէ ետք կը շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը Հնդկաստանի մէջ:

Ճեմարանի նախկին տեսուչը՝ Տէր Մովսէս Վարդապետ Սարգսեան, որ նաեւ հնդկահայոց հոգեւոր հովիւն էր, վերջերս նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ, իսկ մինչ այդ, ան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ վերադարձած ու մեկնած է Արցախ՝ ձգելով Հնդկաստանի մէջ իր ծառայութիւնը: Ան նոյնպէս ներկայ էր Երեւանի հանդիսութեան եւ ջերմ խօսքերով հանդէս եկաւ ճեմարանի մասին, որ այսօր հնդկահայոց համայնքի ամենակենսունակ անկիւնն է: Ճեմարանի նոր տեսուչ նշանակուած է Տէր Հայկ Քահանայ Քոչարեան:

Ցաւօք, ճեմարանը անմասն չէ մնացած Արցախի պատերազմէն. շրջանաւարտներէն Սուրէն Եսայեան զոհուած է ռազմական գործողութիւններու ընթացքին:

Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ յառաջիկային պիտի բացուի թան-գարան մը՝ հովանաւորութեամբ Հայաստանէն բարերար, գործարար Արա Յակոբեանի, որուն զաւակները կ՚ուսանին այնտեղ:

Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի 200-ամեակին առթիւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը թողարկած է արծաթեայ յուշադրամ մը, դիմերեսին՝ Կալկաթայի Հայոց ճեմարանի շէնքի եւ Սուրբ Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ պատկերներէն հատուածներ, իսկ դարձերեսին՝ Հայոց ճեմարանի պատկերանիշը (հեղինակ՝ Լուսինէ Լալայեան):

Հանդիսութեան մասնակիցներու շարքին էին ներկայ եւ նախկին աշակերտներ, ուսուցիչներ, հոգեւոր եւ կրթական մշակներ:

Ճեմարանի 200-ամեակի ձեռնարկները պիտի շարունակուին:

Այս ճեմարանը կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ հայ-հնդկական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Ան ուրոյն խորհրդանշան մը կը համարուի թէ՛ անոնց անցեալի խորութեան եւ թէ համագործակցութեան պատմական արմատներուն շուրջ։

*

Յ. Գ.- Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեայ յոբելեանին առթիւ զրոյց մը ունեցանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեանի հետ, որ եւս մասնակցեցաւ Երեւանի ձեռնարկին։ Ան այս հինաւուրց կրթօճախի տեսուչներէն մին է, որ մեզի պատմեց իր պաշտօնավարութեան շրջանին եւ առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Յառաջիկայ երեքշաբթի մեր այս էջին վրայ պիտի ներկայացնենք հայր սուրբին հետ հարցազրոյցը։

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը հիմնադրուած է 1821 թուականին, Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ մերձակայքը՝ հնդկահայ համայնքի եւ հայազգի բարերարներ Աստուածատուր Մուրատխանեանի եւ Մնացական Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ: 1825 թուականին ճեմարանին միացուած է Կալկաթայի Գալուցեան հայկական դպրոցը, իսկ 1949 թուականին՝ 1922-ին հիմնադրուած Կալկաթայի Դաւիթեան օրիորդաց հայկական դպրոցը:

Մինչեւ 1870 թուականը ճեմարանը ունեցած է իր ինքնուրոյն կրթական ծրագիրը, սակայն յետագային անիկա համապատասխանեցուած է Կալկաթայի համալսարանի քննութիւններու պահանջքներուն: 1883-ին հաստատութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուած է որպէս միջնակարգ դպրոց, իսկ 1888-ին դասուած է Կալկաթայի համալսարանի քոլէճներու շարքը:

1888-1891 թուականներուն ճեմարանին կից գործած են յատուկ դասընթացքներ՝ Կալկաթայի համալսարանի արուեստի ճիւղին համար դիմորդներ պատրաստելու:

Ճեմարանը ունի ընդարձակ հողատարածութիւններ, բուժարան, տղոց եւ աղջիկներու համար նախատեսուած զատ կացարաններ:

1828-ին ճեմարանին կից հիմնադրուած է «Արարատեան» գրադարանը, որ ունէր ամենամեծ հայկական գիրքերու եւ ձեռագրերու հաւաքածոներէն մէկը աշխարհի մէջ:

1824-ին հիմնադրուած է տպարանը, որ գործած է շուրջ յիսուն տարի:

Ճեմարանին մէջ դասաւանդած են անուանի մտաւորականներ. օրինակ՝ Յարութիւն Գալուցեան, Մեսրոպ Թաղիադեան եւ այլք:

1999-ին Կալկաթայի Գերագոյն ատ-եանի որոշմամբ Հայոց մարդասիրական ճեմարանը յանձնուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խնամակալութեան: Նոյն դատավճիռով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին վերապահուած է ճեմարանի գործունէութիւնը տնօրինելու իրաւունքը: Կը վերահսկուին ուսումնական ծրագիրները, աշխատողներու նշանակումներն ու փոփոխութիւնները, դպրոցին վիճակն ու խնամքը:

Ներկայիս հաստատութենէն ներս ուսանող աշակերտներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանէն է (տարեկան 10-15 աշակերտ), կ՚ուսանին նաեւ հայ աշակերտներ Հնդկաստանէն, Իրանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն եւ այլ երկիրներէ:

Սաներուն եւ ուսուցիչներուն կեցութեան, գրենական պիտոյքներուն, ուսման վարձին եւ ամսականներուն ծախսերը ամբողջովին կը հոգայ ճեմարանը: Ուսուցման հիմնական լեզուն անգլերէնն է: Ճեմարանին մէջ, բացի հայագիտական եւ բնագիտական առարկաներէն, աշակերտները կը սորվին նաեւ հնդկերէն, ռուսերէն, պարսկերէն, արաբերէն: Բարձր յառաջադիմութիւն ունեցող աշակերտներուն հնարաւորութիւն կը տրուի ուսումը շարունակել Հնդկաստանի եւ աշխարհի զանազան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021