ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (14)

Շաբաթ մը անց Երեւանի ճանապարհին էր արդէն Զանան։

Շատ կանուխ, դեռ լոյսը չծագած արթնցած եւ դուրս ելած էին Ֆարզատ քեռիի հետ. անձայն լքած էին տան բակը, որ իր տժգնութեամբ դրոշմուած պիտի մնար Զանայի մտքին ու յիշողութեան մէջ դեռ տարիներ. քալած էին Տարվազէ Ղարի նեղ ու խոնաւ փողոցներուն մէջէն, ելած դուրս, հասած հոն, ուր քեռին կը կայանէր խոշոր բեռնակառքն իր. ճամբայ ելած։

Պամէն Թեհրան մէկուկէս ամիս առաջ կատարած ճամբորդութենէն ետք Զանան կը վերադառնար նոյն բեռնակառք. այս անգամ սակայն տարբեր փորձառութիւն մը ապրելու, մի քանի առումներով։ Նախ, ֆիզիքապէս ու տեսողական իմաստով էր տարբեր։ Ոտքն ազատ, Զանան այս անգամ նստած էր ուղիղ, մէջքն աթոռի կռնակին, այլ ոչ դրան։ Կը նայէր շիտակ իր դիմաց բացուող աշխարհի ուղղութեամբ, ոչ քեռիի մօրուքոտ դէմքին։ Երկրորդ, այս անգամ ոչ թէ զինք կը տանէին, այլ ի՛նք կ՚երթար. կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով։ Ինք որոշեր էր լքել Թեհրանն ու քեռիենց տունը, ինք որոշեր էր հասնիլ Երեւան, որուն մասին, սակայն, ոչինչ գիտէր։

Քեռին անհանգստութիւն մը ունէր։ Ձախողած կը զգար։ Փորձեր էր տէր կանգնիլ Զանային, բայց, ինք ալ կը գիտակցէր, չէր յաջողած։ Զանան տարբեր էր իրապէս, տարբեր էր իր տեսակով, կրթութեամբ, մշակոյթով. յարմարուողը չէր իրենց բարքերուն ու կենսաձեւին։ Հօր ազդեցութիւնն էր, կը մտածէր Ֆարզատ քեռին իր թաւ յօնքերուն տակէն։ Համաձայներ էր, այդպիսով, Զանայի առաջարկին, թէեւ շատ տարօրինակ էր ան։ Բայց ինքնին այդ զարտուղութիւնն էր, որ համոզեր էր քեռին՝ չընդդիմանալ Զանայի բաղձանքին. եթէ պատրաստ էր երթալ առաջին իսկ հնարաւոր ուղութեամբ, ուրեմն իրա՛ւ չէր ուզեր ու չէր կրնար մնալ Զանան։

Եւ այսպէս, քեռի քեռորդի կը քշէին դէպի Երեւան։

Երկու ժամէն քիչ մը աւելի անցեր էր, ու լոյսը բացուեր արդէն։ Հասեր էին բարձունքներ։ Զանան կը դիտէր դատարկ կուպրապատ ճամբան, որ փետրուարեան ձիւներու մէջ կ՚երկարէր, կ՚անհետէր։

Չափաւոր բացաւ պատուհանը կողքի։ Ցուրտ քամին եկաւ զարկաւ ճակատին, մազերը հանեց վեր, նետեց գանկին։ Զանան կամացուկ շշնջաց.

Պամ...

... Երեւան

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2020