ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Տղաքը այս առթիւ մեծ խանդավառութիւն ապրեցան եւ ջերմօրէն շրջապատուեցան Էսաեան ընտանիքի ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Բացօթեայ հանդէսի ընթացքին նախ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ դասարանի ուսուցչուհի Սէրլի Պոյաճեան-Էրտինչ։ Շնորհաւորութեան խօսք մըն ալ արտասանեց տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ։ Շրջանաւարտ դասարանին անունով իրենց զգացումները արտայայտեցին՝ Վարդան Մուրատճըօղլու, Միրանտա Նիսնաս, Ժագլին Աքպաշ, Ճան Պարըշ եւ Սեսիլիա Կիւնտիւզ։ Երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ տղաքը հանդէս եկան խմբերգներով։ Շրջանաւարտները պարեցին նաեւ վալս մը՝ պարի ուսուցչուհի Գարին Քուրուղօղլուի հսկողութեան ներքեւ։

Միջնակարգի շրջանաւարտներուն ի պատիւ սարքուած ընթրիքի սեղաններուն շուրջ համախմբուած էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, վարժարանի ղեկավարութիւնը, ուսուցչաց կազմը, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ այլ հիւրեր։ Դպրոցի առաջինն էր Ճան Պարըշ, որ «Բարսեղ Սարայլը» մրցանակը ստացաւ՝ ձեռամբ Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդէն իրաւաբան Սիմոն Չեքէմն ալ աշակերտներուն համար տրամադրած էր նուէրներ։

Երեկոյթի աւարտին տղաքը ունեցան հաճելի ժամանց, հատուեցաւ նաեւ անոնց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019