ՍՈՒՐՃ-ՍԷՐ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Դժուար է հաւատալ, որ հայաստանեան այս տխուր իրականութեան մէջ կարելի է ժպիտ յառաջացնող անկիւն մը գտնել եւ թօթափիլ յետպատերազմեան մղձաւանջէն եւ անոր վրայ ծանրացած նախընտրական գորշ ու յաճախ թունաւոր տրամադրութիւններէն: Ահաւասիկ, այդպիսի անկիւն մը պարգեւեցին մեզի խումբ մը խանդավառներ՝ Երեւանի մէջ հիմնելով «Սուրճ-Սէր-Թանգարան» նախագիծը: Անոնք նախատեսած են, որ 2021-ի յունիս ամիսէն մինչեւ 2022-ի մարտ-ապրիլ ամիսները՝ աւելի քան տասն ամիս, մշակութային հարթակ մը պիտի դառնայ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը, ուր պիտի խօսուի սուրճին, անոր պատմութեան, կիրարկումին, համին ու բոյրին ուսումնասիրման մասին: Քննարկումներ պիտի ըլլան կերպարուեստի, շարժանկարի արուեստի, երաժշտութեան եւ հայ մեծերու կենցաղին մէջ սուրճին կարեւորութեան, սուրճին բացառիկ բաղադրատոմսերուն եւ ընդհանրապէս սուրճ երեւոյթին մասին:

«Սուրճ-Սէր-Թանգարան» նախագիծը իր հիմքին մէջ ունի «Սուրճի մշակոյթի հայկական հետագիծը» ենթաթեքստը, աւելի շատ շեշտը դրուած է հայոց մէջ սուրճի տարածման, նշանակութեան եւ ատկէ բխած այլ երեւոյթներու: Մէկ տարուան ընթացքին զանազան մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ պիտի խօսին սուրճին եւ 1930-ական թուականներէն սկսեալ Երեւանի մէջ բացուած սրճարաններու անցուդարձին ու սրճարանային մշակոյթին մասին: Ձեռնարկներուն տեղի կ՚ունենայ նաեւ սուրճի ճաշակում:

Երեւանի մէջ այսօր տարածուած են զանազան բաղադրութիւններով եւ համերով սուրճեր, կը գործեն զանոնք պատրաստող ընկերութիւններ, սրճարաններ: Սուրճի մշակոյթը մեծ տարածում ունի Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Նախագիծի կազմակերպիչները, իրենց գաղափարին իրականացման համար, նախատեսած են հայաշխարհի մէջ սուրճին հետ կապ ունեցող բոլոր անձերը, ընկերութիւնները, ուսումնասիրողները, հետազօտողները եւ այլ մասնագէտներ:

Այս նախագիծին ամփոփիչ բաժինը պիտի ըլլայ Հայաստանի աւելի քան տասնհինգ թանգարաններու բացառիկ նմոյշներուն ցուցահանդէսը՝ նախատեսուած 2022 թուականին եւ նուիրուած սուրճի նիւթին:

Կազմակերպիչները կը տեղեկացնեն, որ նիւթին ուսումնասիրման եւ հանրայնացման միւս կարեւոր քայլը գիտահանրամատչելի պատկերագիրքի մը հրատարակումը պիտի ըլլայ: Երկլեզու պատկերագիրքին մէջ առաջին անգամ պիտի ներկայացուի սուրճին հայկական հետքը աշխարհի մէջ, այդ կարգին նաեւ՝ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ, 17-րդ դարէն ի վեր։

Նշենք նաեւ, որ այս նախագիծը երիտասարդ թանգարանագէտ Տաթեւ Սարոյեանի երազանքն էր, որ ան իրականութիւն դարձուցած է մշակութային գործիչ, նախկին փոխ-նախարար Նարինէ Թուխիկեանի եւ խումբ մը աջակիցներու շնորհիւ: Միաժամանակ «Սուրճին հայկական հետագիծը» նիւթը Տաթեւ Սարոյեանի գիտական թէզի նիւթն է, զոր ան պիտի ամբողջացնէ յառաջիկային: Տաթեւ Սարոյեան այժմ կ՚աշխատի Մաշտոցեան Մատենադարանի հանրութեան հետ կապերու բաժնին մէջ եւ զուգահեռաբար կը զբաղի այս նախագիծին իրագործումով:

Հայերէն «սուրճ» բառի գործածութեան առաջին յիշատակումին ալ կը հանդիպինք Մաշտոցեան մատենադարանի հնագոյն ձեռագրերուն մէջ՝ 1787 թուականի, Խաչատուր Աբեղայ Ջուղայեցիի «Պատմութիւն պարսից» աշխատութեան մէջ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՐՃԱՇԽԱՐՀԸ

«Սուրճ-Սէր-Թանգարան» նախաձեռնութեան առաջին ձեռնարկը հայկական սրճաշխարհի մասին էր: Այդ հետագիծը հայոց մէջ ունի դարերու պատմութիւն, որ իր արտայայտութիւնը կենցաղէն դուրս գտած է նաեւ մշակոյթի զանազան ճիւղերուն մէջ: Բազմաշերտ արարողութիւն մըն է սրճախմութիւնը, որու ընթացքին մտերմութեան, անկեղծութեան շերտեր կը բացուին եւ կ՚ամրանան:

Առաջին բանախօսն էր հայագէտ, գրող, պատմաբան, բառարանագիր եւ հետազօտող Արծուի Բախչինեան, որ ներկայացուց, թէ ինչպէս բազմաթիւ ազգերու, այնպէս ալ հայերուն համար սուրճը դադրած է սոսկ ըմպելիք ըլլալէ, իսկ սրճարանը վաղուց միայն այդ ըմպելիքը խմելու վայր մը չէ: Սուրճ խմելը, տան կամ սրճարանին մէջ, հայերուս համար նոյնպէս դարձած է ապրելակերպ, կեանքի իւրայատուկ ոճ՝ իր կանոններով եւ հոգեբանութեամբ։ Հայերը այն եզակի ժողովուրդներէն են, որ ըմպելիքին համար ստեղծած են հայերէն բառ եւ չեն փոխառած միջազգային տարածում գտած «քոֆի» բառին որեւէ տարբերակը:

Արծուի Բախչինեան խօսեցաւ նաեւ հայոց մէջ տարածուած երեւոյթի մը՝ սրճահմայութեան մասին: Մանրամասնութիւններ հաղորդեց, թէ ինչպէս սուրճը սկսած է տարածուիլ հայոց մէջ, պատմեց հայկական գաղթօճախներու մէջ բացուած առաջին սրճարաններու եւ հոն այցելող նշանաւոր մարդոց մասին:

«Հայաշխարհի մէջ սուրճը առաւելապէս հասու եղած է քաղաքաբնակներուն եւ ունեւորներուն, ուստի անիկա սովորական դարձած է նախ Օսմանեան մայրաքաղաքի հայերուն համար:

«19-րդ դարու վերջերը եւ 20-րդ դարու սկիզբը Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի քաղաքային բնակչութեան կենցաղ մուտք գործած է սուրճի եւ աւելի պակաս չափով՝ քաքաոյի գործածումը: Հայ արհեստաւորները Կիւմրիի, Երեւանի մէջ եւ այլուր, պատրաստած են սրճեփներ, սրճաղացներ, սուրճ խարկելու գործիքներ, սրճամաններ, սուրճի սպասք: Ղարաքիլիսէի՝ այժմեան Վանաձորի մէջ, եղած է սուրճի գործարան մը, որ փակուած է 1923-ին», իր ելոյթին ընթացքին սուրճին վերաբերեալ հետաքրքրական մանրամասնութիւններուն կողքին յայտնեց Արծուի Բախչինեան:

Հակառակ ներկայ Հայաստանի մէջ այդքան վաղ թուականներուն սուրճի գործածութեան մասին յիշատակումին, այնուամենայնիւ, ինչպէս Բախչինեան ալ փաստեց, Հայաստանի մէջ սուրճը լայնօրէն տարածում գտած է հայրենադարձներուն՝ Մերձաւոր Արեւելքէն Հայաստան գաղթած հայրենադարձներուն հետ: Տեղացիները դժուարութեամբ ընդունած են զայն, բայց յետոյ այնքան սիրած են, որ այսօր դժուար է պատկերացնել կեանքը առանց սուրճի:

Պատմութեան մէջ միշտ չէ, որ սուրճը փառաւոր ընդունելութիւն գտած եւ լաւ համարում ունեցած է, Բախչինեան յիշեցուց, որ այսօր Վիեննայի մէջ մեծ տարածում գտած սուրճը վիեննացիները ժամանակին կոչած են սատանայական ըմպելիք, իսկ խորհրդային փակ հասարակութեան մէջ սուրճը յաճախ զուգորդուած է ծխելուն եւ ազատ վարքին հետ եւ միշտ չէ, որ սուրճ խմելը ողջունելի եղած է:

Արծուի Բախչինեան իր խօսքին մէջ պատմական գիրքերէն, յուշագրութիւններէն եւ մանաւանդ մամուլէն մէջբերումներ կատարեց հայոց մէջ սուրճի տարածման մասին. նշեց յատկանշական թիւեր, փաստեր, անուններ, անցեալ դարուն հայերուն պատկանած, տարբեր երկիրներու մէջ գործած նշանաւոր սրճարաններ, որոնց մէկ մասը այսօր տակաւին կայ:

Բանախօսը ընթերցեց նաեւ գեղարուեստական գրականութենէն հատուածներ, որոնք կը վերաբերին սուրճին, ատոնց կարգին նաեւ իր գրած քերթուածը՝ նուիրուած սուրճին:

ՍՐՃԱՐԱՆՆԵՐԸ

«Սուրճ-Սէր-Թանգարան» նախագիծի երկրորդ հանդիպման բանախօսը լրագրող, Ճարտարապետութեան թանգարանի տնօրէն Մարք Գրիգորեանն էր, որ խօսեցաւ Երեւանի 1960-70-ականներու սրճարաններուն մասին, որոնք քաղաքային միջավայրի անբաժանելի մասն են: Ան նկատել տուաւ, որ Երեւանը սկսաւ կայանալ որպէս քաղաք ու որպէս միասնական միջավայր այդ նոյն տարիներուն եւ Երեւանի սրճարաններուն մէջ իրենց ուրոյն տեղը ունէին «Սկվազնյաչոք», «Պապլաւոք» եւ «Կազիրոք» երեք նշանաւոր սրճարանները, ուր գաւաթ մը սուրճին շուրջ կը հաւաքուէին մտաւորականներ, յայտնի մարդիկ եւ ժամանակ կ՚անցընէին՝ յաճախ նաեւ կարեւոր ու վճռորոշ հարցեր քննարկելով:

Մարք Գրիգորեանի դիտարկմամբ, 1960-ականներուն, Հայաստանի քաղաքական միտքի, արուեստի աշխարհի, նորաձեւութեան եւ կարգ մը այլ բնագաւառներու մէջ ի յայտ եկած թարմ շունչին տարածման մէջ մեծ դեր ունէին սրճարաններուն եւ հոն ծաւալող մտերմիկ զրոյցները։ «Սրճարանները գոյութիւն չէին ունենար առանց մարդոց, մարդիկ էին, որ բովանդակութիւն հաղորդած են սրճարաններուն», ըսաւ Մարք Գրիգորեան: Ան այն երջանիկներէն է, որուն բախտ վիճակուած է ըլլալ այն սերունդի ներկայացուցիչներէն, որոնց համար դաստիարակութիւնը նաեւ սրճարաններուն մէջ եղած է:

«Կարգ մը սրճարաններուն մէջ սուրճի գաւաթներուն կոթերը կոտրուած էին ու մենք ատիկա այսօր ժպիտով կը յիշենք: Նոյնիսկ դժուար է ըսել, թէ ինչո՞ւ կը կոտրուէին: Կ՚ըսէին, թէ կը կոտրէին, որ այցելուները այդ գաւաթները իրենց հետ տուն չտանէին: Բայց այնքան ալ տուն տանելիք գաւաթներ չէին, նոյնիսկ խորհրդային այդ տարիներուն: Բայց եղած է այսպիսի դէպք մը, երբ ռուս նշանաւոր դերասան մը եկած էր Երեւան եւ իմ ծանօթներէն մէկը սրճարանէն ուղղակի փախցուց այն սուրճի գաւաթը, որով խմած էր արուեստագէտը. գաւաթին կոթը նորէն կոտրուած էր, երկար ատեն պահեց, յետոյ չեմ գիտեր ինչ ըրաւ», ուրիշ պատմութիւններու կարգին պատմեց Մարք Գրիգորեան:

Ան նաեւ յիշեց, որ այդ տարիներուն մարդիկ, լաւ զգալով, այնքան երկար կը նստէին սրճարաններուն մէջ, որ տէրերը ստիպուած կ՚ըլլային յայտարարել, թէ երէկուընէ նստողները թող ելլեն եւ իրենց տեղը զիջին նոր եկողներուն: Մարք Գրիգորեան նաեւ յիշեց, որ սրճարաններուն մէջ միշտ չէ, որ ազատ էր միջավայրը, հոն մշտական այցելողները գիտէին, որ կ՚ըլլային նաեւ ազգային անվտանգութեան աշխատակիցներ, որոնք մշտական ներկայութիւն ունէին սրճարաններուն մէջ, յաճախ զանոնք դէմքերով կը ճանչնային եւ կը զգուշանային անոնց ներկայութեամբ որեւէ նիւթի շուրջ խօսելէ:

Սրճարանները, բացի իրենց պաշտօնական անուններէն,  ունէին նաեւ ժողովրդական անուններ, որոնք դիպուկ էին եւ կը բնորոշէին սրճարանին շատ իւրայատուկ երեւոյթ մը կամ նկարագրութիւն մը:

Բանախօսը յիշեց նաեւ, որ յայտնի արուեստագէտներէն իւրաքանչիւրը իր նախընտրած սրճարանը ունէր եւ յաճախ այս կամ այն սրճարանը նշանաւոր կը դառնար մշտական այցելող արուեստագէտին շնորհիւ: Հրաչեայ Ներսիսեանի որդին, օրինակ, ճանչցուած գրականագէտ Լեւոն Ներսիսեանը, կը նստէր Նկարիչներու միութեան սրճարանը եւ իր շուրջ կը հաւաքուէին այլ նշանաւորներ: Մարք Գրիգորեան յիշեց նաեւ, որ ժողովուրդը այդ սրճարանը «Հանճարնոց» կոչած էր:

«Լեւոն Ներսիսեանը այդ սրճարանին մէջ ֆրանսերէն կը խօսէր Երուանդ Քոչարին հետ եւ ատիկա հեռուէն լսելի կ՚ըլլար: Մենք դասէն ետք կ՚երթայինք այդ սրճարանը՝ Լեւոն Ներսիսեանը տեսնելու եւ ինչ որ ինք կը խմէր, մենք ալ նոյնը կը պատուիրէինք: Ատիկա նոյնպէս ազատութեան դրսեւորում էր: Այդ սրճարանին մէջ սովորաբար շամփայն կու տային», կը յիշէ Մարք Գրիգորեան:

Ան պատմեց նաեւ Լոնտոնի մէջ ապրած տարիներու իր փորձառութենէն, ուր տարիներ շարունակ անյուսօրէն փնտռած է հայկական սուրճին բոյրը եւ զայն պատահականօրէն գտած է եթովպական աղքատ կրպակի մը մէջ: Ան ըսաւ, թէ հիմա Երեւանի մէջ ըլլալով երջանիկ է նաեւ այն բանին համար, որ կրնայ անվերջ խմել իր սիրած հայկական սուրճը: Նկատել տուաւ, որ անցեալ դարու կէսերուն հայկական սրճարաններուն սուրճը առանձնապէս թերեւս փայլուն որակ չունէր։ «Բայց ատիկա սուրճին համը չէր, այդ մէկը մեր երիտասարդութեան, զգացողութիւններուն եւ սիրոյ համն էր, որ մեզ կ՚ուղղէր սրճարաններ», ըսաւ Մարք Գրիգորեան:

Ներկաները յիշեցին, որ ժամանակին կեանքը աւելի երջանիկ էր, երբ սրճարաններուն մէջ մարդոց ձեռքը բջիջային հեռաձայններ չկային եւ լիուլի կը վայելէին զիրար, իսկ կային սրճարաններ, ուր կարելի էր յատուկ ծաղկամանի մը տակ գրութիւն ձգել եւ իրարու տեղեկացնել, թէ ո՛ր ժամին, ո՛վ, ո՛ւր կ՚ըլլայ: 1960-70 թուականներու սրճարաններուն մէջ նաեւ երաժշտութիւն չկար, որ երբեմն հաղորդակցութիւնը խանգարող հանգամանք է այսօր:

«Սուրճ-Սէր-Թանգարան» նախագիծի ձեռնարկներէն մէկը նուիրուած է պոլսահայութեան, սիրով յառաջիկային կը ներկայացնենք մանրամասնութիւնները:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021