ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ կը շա­րու­նա­կուի «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին 13-րդ փա­ռա­տօ­նը, որ այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի հաս­նի իր ա­ւար­տին։ Փա­ռա­տօ­նի պա­տուոյ հիւրն է յայտ­նի դե­րա­սա­նու­հի Ժագ­լին Պի­սէ, որ վեր­ջին օ­րե­րուն կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «Ոս­կէ ծի­րան»ի շրջագ­ծով կը ներ­կա­յա­ցուին իր մաս­նակ­ցու­թեամբ նկա­րա­հա­նուած զա­նա­զան հին ժա­պա­ւէն­ներ։

Ե­րէկ, Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Ժագ­լին Պի­սէ յայտ­նեց, թէ հիա­ցած է հայ ե­րաժշ­տու­թեան։ Անգ­լիա­ցի դե­րա­սա­նու­հին նշեց, որ թէեւ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր չի գտնուիր Ե­րե­ւա­նի մէջ, սա­կայն ար­դէն ու­նե­ցած է հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը վա­յե­լե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու պա­րած է։ Ժագ­լին Պի­սէ յոյս ու­նի, որ իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի մա­սին կ՚ը­նէ նոր բա­ցա­յայ­տում­ներ ու կը ծա­նօ­թա­նայ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին, մա­նա­ւանդ՝ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան։ Ան ա­ւել­ցուց, որ չի գի­տեր, թէ ուր­կէ պէտք է սկսիլ։

«Ես Հա­յաս­տա­նի մա­սին շատ բան չեմ գի­տեր, բայց Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ, ուր կ՚ապ­րիմ, հա­յե­րը շատ ու­րա­խա­ցան՝ ի­մա­նա­լով, որ կ՚այ­ցե­լեմ Հա­յաս­տան։ Ես գի­տեմ, որ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ձեր եր­կի­րը բա­խած է մեծ դժուա­րու­թիւն­նե­րու ու ես կը ցա­ւիմ այս բա­նին հա­մար», ը­սաւ Ժագ­լին Պի­սէ։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ժագ­լին Պի­սէ կնքա­մայրն է աշ­խար­հահռ­չակ դե­րա­սա­նու­հի Ան­ճե­լի­նա Ճո­լիի՝ լրագ­րող­նե­րը ի­րեն հար­ցու­ցին նաեւ այդ մա­սին։ Ի պա­տաս­խան Պի­սէ նշեց, թէ շատ լաւ չի ճանչ­նար Ան­ճե­լի­նա Ճո­լին, ո­րու մօր հետ ե­ղած էր շատ մտե­րիմ։ Սա­կայն Պի­սէ հա­մո­զուած է, թէ Ան­ճե­լի­նա Ճո­լի շատ ի­մաս­տուն, բազ­մազ­բաղ եւ հրա­շա­լի անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է։ Ան յոյս ու­նի ա­պա­գա­յին ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նա­լու Ան­ճե­լի­նա Ճո­լին։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան Ժագ­լին Պի­սէ նշեց, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ իր վրայ տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծած են հիւ­րըն­կա­լու­թիւնն ու ջեր­մու­թիւ­նը։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016