ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՅԱՋՈՂԱԿ ԶԷՆՔԴ

Անպատասխանատուութիւնը անտարբեր մարդուն գործելաոճն է, բայց պատասխանատուութիւնը՝ յանձնառու մարդուն կեանքի ընթացքն ու դափնեպսակն է։ Պատասխանատու մարդը իր կեանքի գնացքին մէջ ամենադոյզն պաշտօններուն մէջն անգամ բծախնդրութեամբ, ջանադրութեամբ եւ անձնուիրութեամբ իր գործը յաջողութեամբ պսակին կը հասցնէ, որովհետեւ պատասխանատուութեան վառ գիտակցութիւնը իր մտասեւեռակէտին վրայ միանգամընդմիշտ թաջուած է։ Մինչդեռ անփոյթ մարդը յանձն առնուած գործէն խուսափելու, իր յանցանքն ու անկարողականութիւնը ուրիշին վրայ բեռցնելու մտմտուքներու մէջ շատ յաճախ «կ՚ընկղմի» եւ անել վիճակի մէջ մատնուելով՝ կը յանձնուի կեանքի ամենափոքր դժուարութեանց դիմաց։

Կեանքին յանձնուիլը եւ անոր ահեղավազ յորձանուտին մէջ գլորուիլը տկար ու անպատասխանատու մարդուն յարիր կենսաոճ են։ Անտարբերութիւնը մեռած բջիջ մըն է, որ կը խորտակէ եւ կ՚ապականէ ամենապայծառ խանդավառութիւնններդ ու նպատակասլացութիւնդ։ Անտարբերութիւնը այն տղմոտ ճահիճն է, որ իր նեխած ջուրովը կը խեղդէ շինիչ գաղափարներդ եւ կը չորցնէ հոգւոյդ մէջ սերմանուած ատոք սերմերը։ Անտարբերութիւնը կրաւորաբար կը գործէ, բայց միաժամանակ նենգաբար կը հրկիզէ իւրաքանչիւր ձեռնամուխ եղած գործունէութիւնդ։

Պատասխանատուութիւնը կեցուածք է. խօսք է ու գործ է։ Կեցուածքը կ՚ենթադրէ անյողդողդ կամք, որ չի յանձնուիր կեանքէն եկող ու կեանքին պատկանող փորձութեանց ու «ինքնակոչ հիւրերուն»։ Խօսքը մտածումին նախընթաց ուրուագիծն է, որ մարմին կու տայ մարմին առնելու կոչուած գործին։ Իսկ յանձնառութիւնը, զոհաբերութիւնն ու ինքնընծայումը իւրաքանչիւր գործի սկզբնաղբիւրներն են, որոնց միջոցաւ գործը յաջողութեամբ եւ առանց ձախորդութեան կ՚իրականանայ։

Պատասխանատուութիւնը սակարկութիւն չի ճանչնար, որովհետեւ թանձրական իր մը չէ՝ մարդոց քմահաճոյքին համաձայն աճուրդի դրուելու, շատերու բերնէն արտաբերուած գինով վաճառուելու եւ անպատասխանատու մարդոց բարենիշ դառնալու համար։ Այսօրուայ աշխարհին մէջ դժբախտաբար կիսակատար եւ կիսամբողջ պատասխանատուութիւնները այնքա՜ն շատցած են, ուր անպատասխանատուները դարձած են «պատասխանատու», անճարակները՝ «կարողունակ», ծոյլերը՝ «աշխատասէր», անսկզբունքները՝ «սկզբունքի տէր», աննպատակները՝ «նպատակասլաց», անտարբերները՝ «շրջահայեաց»։ Դիմակաւորուած «սկզբունքայնութի՛ւն»…։

Կեանքիդ ընթացքին երբեք աներեւոյթ թշնամիներու հանդիպա՞ծ ես։ Այո՛, հանդիպած ես, բայց չես անդրադարձած, որ ան իւրաքանչիւր քայլափոխիդ, մտածումիդ եւ որոշմանդ մէջ անկոչ ու մնայուն ընկերդ է։ Խօսքը կը վերաբերի մարդուն մէջ մնայուն կերպով արմատ դրած ԾՈՒԼՈՒԹԵԱՆ։ Ծուլութիւնը քեզի կ՚ընկերակցի ամէնուր. թէ՛ ուսմանդ եւ թէ համալսարանական տ արիներուդ, թէ՛ գործունէութեանդ եւ թէ կազմակերպչական աշխատանքներէդ ներս, թէ՛ ընտանեկան եւ թէ զաւակներդ դաստիարակման գործընթացին մէջ, թէ՛ առանձնական եւ թէ ընկերային կեանքէդ ներս…։ Ծուլութիւնը անճիտող ու կրծող որդ է, որ անյագօրէն կը ծծէ ներքին ուժականութիւնդ, կը ջախջախէ պատասխանատութեանդ գիտակցութիւնը՝ քեզ մորփէոսի գիրկը առյաւէտ նետելով։ Կ՚ուզե՞ս պատասխանատու դառնալ եւ կեանքդ փոխակերպել։ Ուրեմն, վայրկեան մը առաջ կրաւորական վիճակէդ դուրս եկուր, ձեւապաշտ մտածումներէդ հրաժարէ, ինքնամփոփ եւ այլամերժ դիտարկումներէդ, անձնակեդրոն ու խափուսիկ ցանկութիւններէդ ձերբազատուէ…։ Ֆրանքլին կ՚ըսէ. «Ծուլութիւնը մտքի ու մարմնի ժանգն է», իսկ Սամուէլ Ճենսըն ծուլութեան ինչութիւնը ցոյց կու տայ՝ ըսելով. «Դժուարութիւնը երբեմն ծուլութեան զաւակն է»։

Ազատութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ընդելուզուած գործօններ են, իսկ պատասխանատուութեան ձեւաւորումը սերտօրէն կապուած է մարդ անհատի ինքնուրոյնութեան եւ որոշումներ ընդունելու ազատութեան հետ: Սակայն շատեր ազատութիւն բառէն «կը խորշին», փախուստ կու տան, կ՚ուզեն ուրիշին ենթակայ ըլլալ՝ պատասխանատուութենէ եւ հաշուետուութենէ խուսափելու համար։ Նման մարդիկ քաջ կը գիտակցին, որ ազատութիւնը պատասխանատուութիւն կ՚ենթադրէ եւ պատասխանատուութիւնը՝ զգօնութիւն։ Ազատութիւնը առհասարակ գլխաւոր առանցքն է զարգացած ու մշակուած մարդու մտածումներուն. խօսքին, աշխարհահայեացքին, մտաթռիչքներուն, երազներուն, անծանօթ հորիզոններ արշաւելու եւ նուաճելու փորձերուն, հեռանկարներուն: Սակայն զարգացումը առանց ազատութեան կը մնայ անկատար եւ ապազդեցիկ, իսկ ազատութիւնը՝ անարժէք եւ անբովանդակ, երբ անոր չի յարակցիր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը: Պատասխանատուութիւնը կը դառնայ անկազմակերպ, թոյլ եւ ճառագայթումի անկարող, երբ չի պատուաստուիր, չի ջրդեղուիր խոհականութեամբ, պատրաստակամութեամբ եւ աներեր կեցուածքով։

Պատասխանատու մարդուն բնորոշ են ճշդապահութիւնը, հաւատարմութիւնը, պատրաստակամութիւնը, պատասխանատուութեան զգացումը, ինչպէս նաեւ սկզբունքայնութիւնը, ազնուութիւնը եւ արդարամտութիւնը: Բայց անձնային նշեալ որակները յաջողութեամբ կեանքի կը կոչուին, երբ անոր աղերսուած են որոշակի կամային որակներ եւ ջանք՝ յամառութիւն, կայունութիւն, տոկունութիւն, ջանասիրութիւն եւ համբերութիւն։ Մեծագոյն պատասխանատուութիւնը նախեւառաջ քու անձիդ նկատմամբ պատասխանատուութիւնն է։ Որքա՛ն ալ փորձես պատասխա-նատուութիւններդ կրկնապատկել, շրջապատիդ մէջ պատասխանատու եւ օրինակելի երեւալ, սակայն եթէ ինքնապատասխանատուութիւն չունիս, ստանձնած «պատասխանատուութիւններուդ» բուրգը ուշ կամ կանուխ փուլ կու գայ։

Հոգեբանութիւնը մարդկային պատասխանատուութիւնը կը կապէ մարդու մտային հասունացման հետ։ Եթէ մարդ անհատի մարմնական եւ սեռական հասունութիւնը կ՚որոշուի կենսաբանական չափանիշներով, անձնագրային տարիքը՝ տարիներու քանակով, ապա հոգեբանական տարիքը եւ մարդ էակի հասունութիւնը կ՚որոշուի անոր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։ Հոգեբանական տեսակէտէն դիտուած, հասուն կարելի է համարել անոնք, որոնք արդէն նշանակալի չափով լուծած ու անդրանցած են զարգացման տարիքային խնդիրները, կը գիտակցին իրենց  պատասխանատուութիւնը եւ ընդգրկուած են ընկերային տարբեր շրջանակներու մէջ։

Վերջին շրջանին հոգեբանութեան մէջ ամրապնդուած է այսպէս կոչուած անձի «լոքուս-վերահսկողութեան» (locus of control) տեսութիւնը, զոր շրջանառութեան մէջ դրած է երկու տիպի պատասխանատուութեան հայեցակարգ՝ արտաքին (external) եւ ներքին (internal)։ Առաջին տիպը ի յայտ կու գայ այնպիսի իրադրութիւններու ընթացքին, երբ մարդը անպատեհ դէպքի հետեւանքները կը վերագրէ ուրիշներուն, արտաքին հանգամանքներուն, պատահականութեան եւ բախտի քմահաճոյքին։ Այս խումբին պատկանող մարդիկը յոռետես կ՚ըլլան, իրենք զիրենք այս կեանքին մէջ ընդամէնը որպէս խաղազինուորներ ու կամակատարներ կը համարեն եւ իրենց սեփական յաջողութիւններն ու ուրախութիւնները այլ մարդոց կամքին կը վերագրեն։ Երկրորդ տիպը կը գործէ այն ժամանակ, երբ  մարդ իր վրայ կը վերցնէ տեղի ունեցածի ողջ պատասխանատուութիւնը, իր ձախողութիւններուն համար չքմեղանքներ չի փնտռեր, ոչ ալ ժամանակի եւ միջավայրի պայմանները յանցաւոր կը գտնէ՝ իր անճարակութիւնը արդարացնելու համար։ 

Այս ուղղութեամբ կատարուած հոգեբանական շարք մը հետազօտութիւններ կը փաստեն, որ ներքին վերահսկողութիւն ունեցողները աւելի ինքնավստահ, հանգիստ եւ բարեացակամ մարդիկ կ՚ըլլան, կը տարբերուին միւս խումբի մարդոցմէ ընկերային պատասխանատուութեան բարձր զգացումով, կեանքի իմաստի եւ կենսական նպատակներու բարձր գիտակցմամբ, ուղղամտութեամբ, անկեղծութեամբ, ինքնավերահսկումով եւ յուզական կայունութեամբ։ Իսկ առաջին տիպին՝ արտաքին պատասխանատուութեամբ տոչորուող մարդոց մօտ միշտ առկայ է բարձր տագնապայնութիւնը, անհանգստութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը, անկամութիւնն ու անկարութիւնը, խառնաշփոթութիւնը, այլոց նկատմամբ յարձակողապաշտութեան բարձր մակարդակը…:

Մատթէոս Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ մարդ մը կար, որ կ՚որոշէ ուրիշ երկիր մը երթալ։ Կը կանչէ իր ծառաները եւ անոնց կը յանձնէ իր ստացուածքը, որպէսզի իր բացակայութեան ժամանակ շահարկեն։ Անոնց կարողութիւններուն համաձայն, մէկուն հինգ հարիւր ոսկի դրամ կու տայ, միւսին՝ երկու հարիւր եւ ուրիշի մը՝ հարիւր։ Եւ ապա կը ճամբորդէ։

Հինգ հարիւր ոսկի դրամ ստացող ծառան, անմիջապէս կ՚երթայ, դրամը շահարկութեան կը դնէ եւ հինգ հարիւր եւս կը շահի։ Նոյն ձեւով կը կատարէ նաեւ երկու հարիւր ոսկի դրամ ստացողը եւ երկու հարիւր ալ կը շահի։ Բայց ան որ հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, հողը կը փորէ եւ իր տիրոջ դրամը հոն կը պահէ։

Ժամանակ մը ետք, այդ ծառաներուն տէրը կու գայ եւ անոնցմէ հաշիւ կը պահանջէ։ Ան որ հինգ հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, հինգ հարիւր եւս կը բերէ եւ կ՚ըսէ. «Տէ՛ր, ինծի հինգ հարիւր ոսկի դրամ տուիր, ահաւասիկ հինգ հարիւր եւս շահեցայ»։ Տէրը կ՚ըսէ. «Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ գումարը շահարկելու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, քեզ աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ, եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան»։ 

Ան որ երկու հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, կը մօտենայ եւ կ՚ըսէ. «Տէ՛ր, ինծի երկու հարիւր ոսկի դրամ տուիր, ահաւասիկ երկու հարիւր ալ շահեցայ»։ Տէրը կ՚ըսէ. «Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ գումարը շահարկելու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, քեզ աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ։ Դո՛ւն ալ եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան»։

Վերջին մօտեցողը կ՚ըլլայ հարիւր ոսկի ստացած ծառան, որ կ՚ըսէ. «Տէ՛ր, գիտէի որ խիստ մարդ ես, կը հնձես ինչ որ չես սերմանած եւ կը հաւաքես ինչ որ չես ցանած։ Վախցայ, ուստի գացի եւ տուած հարիւր ոսկի դրամդ հողին մէջ պահեցի։ Ահա տուածդ քեզի»։ Տէրը կը պատասխանէ. «Չար ու ծո՛յլ ծառայ, եթէ գիտէիր որ կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած եւ կը հաւաքեմ ինչ որ չեմ ցանած, պէտք էր որ քեզի յանձնած դրամս շահարկողներուն տայիր, որպէսզի վերադարձիս տոկոսով միասին ետ առնէի զայն։ Հիմա առէ՛ք անկէ հարիւր ոսկի դրամը եւ տուէք անոր՝ որ հազար ունի։ Որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի՝ նոյնիսկ աւելիով, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած փոքր բաժինն ալ։ Իսկ այս անպիտան ծառան դուրսը մութին հանեցէք։ Թող հոն լայ եւ ակռաները կրճտէ» (Հմմտ. Մտ 25.14-30)։

Քրիստոնէական հասկացողութեամբ իւրաքանչիւր գոյակ Քրիստոսի մշակն է։ Ինչպէս որ մշակը իր տիրոջ համար է որ կ՚աշխատի, այնպէս ալ Քրիստոսի մշակները, Քրիստոսի համար է որ պէտք է աշխատին։ Դուն ո՛չ միայն Քրիստոսի մշակն ես, այլեւ՝ Անոր տնտեսը, եւ իբրեւ տնտես, կոչուած ես Քրիստոսի կողմէ քեզի յանձնուած «ստացուածքը»՝ բարիքները, պարգեւները, շնորհքները նմանակիցներուդ մատակարարելու, ինչպէս Պետրոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իբրեւ Աստուծոյ բազմատեսակ պարգեւներուն իրաւ տնտես՝ իր ստացած շնորհքը ուրիշներուն թող մատակարարէ» (Ա.Պտ 4.10)։

100 ոսկի դրամ ստացող ծառան չկրցաւ շահարկութեան դնել իր ստացածը։ Խորքին մէջ ո՛չ թէ «չկրցաւ» շահարկութեան դնել դրամը, այլ «չուզեց» շահարկութեան դնել՝ աւելորդ բեռ եւ պատասխա-նատուուութիւն չվերցնելով իր վրայ։ Բնագիրը մեզի չ՚ըսեր, որ փորձեց շահարկութեան դնել եւ չկրցաւ, այլ կը հաստատէ, թէ «գնաց հողը փորեց եւ իր Տիրոջ դրամը հոն պահեց»։ Հետեւաբար, 100 ոսկի դրամ ստացող մարդուն մօտ մենք անկարողութիւն չէ որ կը գտնենք, այլ՝ անկամութիւն, յօժարակամութեան եւ պատասխանատուութեան անգիտակցութեան պակաս։ Որեւէ մէկ գործ կամ պարտականութիւն, որ կը փորձենք եւ կ՚ուզենք ընել բայց անկարող ենք ընելու՝ Աստուծոյ կողմէ չենք դատապարտուիր։ Սակայն գործ մը, որ կրնանք ընել բայց չենք կատարեր՝ ա՛յդ է, որ մեզ դատապարտութեան ենթակայ կը դարձնէ։ Նմանատիպ մարդիկ ինքնամփոփ եւ ինքնանպատակ կեանք ապրողներն են, որոնք Աստուծոյ տուած բարիքները առանձին կը վայելեն եւ անոնցմէ ուրիշին բաժին չեն հաներ։

Աշխարհային հասկացողութեամբ, կրնաս շատ վառվռուն եւ աշխատունակ անձ մը ըլլալ, բայց եւ այնպէս Աստուծոյ հայեացքով կրնաս ծոյլ նկատուիլ։ Երկնաւոր Հայրդ ամէն բանէ առաջ քեզմէ պատասխանատուութիւն կը սպասէ Աստուածաշունչով յայտնուած Իր խօսքին հանդէպ։ Եթէ անձ մը իր պատասխանատուին կողմէ իրեն տրուած պարտականութիւնը ամբողջապէս կը կատարէ, սա չի՛ նշանակեր, որ Աստուծոյ ակնոցով դիտուած՝ աշխատասէր եւ պատասխանատու մէկն է։ Աստուծոյ պրիսմակէն դիտուած, աշխատասէր մարդիկը անոնք են, որոնք Ի՛ր կամքը կը կատարեն եւ ո՛չ թէ իրենց նմանակիցներուն աշխարհահաճ կամքը, Ի՛ր ծրագրի իրականացման համար կ՚աշխատին եւ ո՛չ թէ մարդկային սնամէջ ծրագիրներու իրականացման համար, Ի՛ր թագաւորութեան տարածման համար կը քրտնին եւ ո՛չ թէ մարդոց վաղանցուկ թագաւորութեան տարածման համար։

Սիրելի՛ ընթերցող, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը կը նմանի լուսաւոր փարոսի, խորասոյզ մտածողութեան, սուր փայլատակող տրամաբանութեան, որոնց շնորհիւ անկարելի թուացող գործերը՝ կարելի եւ իրագործելի կը դառնան։ Պատասխանատու մարդը ո՛չ միայն չի վարանիր ընդունելու իր յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները, այլեւ՝ ձախողութիւններէն ուսանելի դասեր կը քաղէ՝ ապագային զանոնք չկրկնելու համար։

Պատասխանատու մօտեցումը կեանքի ընթացք է, ապրելու ոճ է, մտածելու ձեւ է, զորս պէտք է ի գործ դնես գիտակցական կեանքիդ առաջին իսկ օրէն։ Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը երբեք մի՛ թերագնահատեր, մի՛ արհամարհեր անոր զօրութիւնն ու ներգործութիւնը, մի՛ խուսափիր քեզի յանձնարարուած պատասխանատուութիւններէն եւ ոչ ալ փախուստ տուր քեզի վստահուած հասարակական եւ ընկերային պարտաւորութիւններէդ։ Երկնաւոր Հայրդ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը քու մէջդ դրած է, բայց դուն պէտք է զայն միշտ արծարծ պահես իւրաքանչիւր քայլափոխիդ ընթացքին։ Պատասխանատուութիւնը յաղթանակի յաջողակ զէ՛նքդ է…

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 15, 2017