ՄՈԼՈՐԱԿԻ ԴԱՀԻՃ ԿԵՐՊԸՆԿԱԼԸ

Ձուկը գլուխէն կը հոտի...

Մարդկութիւնը գրեթէ ունի բոլոր հարցերու պատասխանը, բոլոր հիւանդութիւններու բալասանը: Բացայայտած է գաղտնիքը խաղաղութեան, յաջողութեան ու երջանկութեան, սակայն կը շարունակէ ինքզինքը դնել աւանակի տեղ... անկարող ձեւանալով...

Անելանելի վիճակի մը մէջ յայտնուած մեր երկիր մոլորակը կ՚աղերսէ մեզմէ գթասրտութիւն, կարեկցանք, իսկ մենք կը շարունակենք անտեսել վերջինիս աղաչանքները... Մարդը իր կեանքի որակը բարձրացնելու, իր առօրեայ հոգերը թեթեւցնելու նպատակաւ ունակ է ամէն արարքի, զոր մենք շատ յաճախ սովոր ենք կոչել՝ գիւտ:

Անոնցմէ մին է կերպընկալի գիւտը, որ պարզապէս կործանիչ ռումբ մըն է բնութեան, ինչպէս նաեւ մեր առողջութեան համար: Ժամանակակից աշխարհը, տեսակ մը՝ անկարելի է պատկերացնել առանց կերպընկալի: Կերպընկալը ամէնուր է: Ան կը կազմէ անբաժանելի մէկ մասը մեր առօրեայի: Մենք կը դժուարանանք պատկերացնել մեր կեանքը առանց սա երկարակեաց չարիքի:

Յարմարաւէտութենէ դրդուած, ինչպէս նաեւ՝ շատ չյոգնելու, ժամանակ շահելու նպատակաւ, մենք կը գերադասենք մէկանգամեայ օգտագործման կերպընկալէ գաւաթներ, պնակներ, սպասքի պարագաներ եւ, ամենակարեւորը՝ տոպրակներ: Չէ՞ որ բնաւ անհրաժեշտութիւն չկայ մատը մատին տալու. խմեցիր, գործածեցիր՝ նետէ՛... Կերպընկալը աժան է եւ յարմարաւէտ, կարծես ըլլայ հրեշտակ մը, որ ո՛չ մեր գրպանին կը վնասէ, ո՛չ ալ մեզի անհանգստութիւն կը պատճառէ...

Իսկ բնութի՞ւնը... Բնութիւն, բնութիւն, ինչ բնութիւն... հոգ չէ, այդ վիթխարի հսկան ունակ է վերածնելու, վերակենդանանալու, այդ մենք ենք՝ մարդիկս, որ ժամանակաւոր հիւր մըն ենք սա կեանքի մէջ, ուրեմն պէտք է ապրինք զայն մեր ուզածին պէս… Այսօր կանք, վաղը չկանք, իսկ բնութիւնը յաւերժ է:

Բնութիւնը յաւերժ էր, իսկ այսօր՝ հիւանդ: Անոր հիւանդութեան անունը կերպընկալ է, մասնաւորապէս սա նիւթէն ստացած տոպրակները:

Կերպընկալէ տոպրակները ի յայտ եկած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 1950-ական թուականներուն եւ արագ տարածում գտած՝ աշխարհի երեսին: Անոնք փոխարինած են նախապէս գործածուող թուղթէ ու կերպասէ տոպրակները: Այս ամէնը իւրատեսակ յեղաշրջում մը յառաջացուց մարդոց առօրեայ կեանքին մէջ, քանզի նոր տոպրակները չէին զբաղեցներ շատ տեղ, յարմար էին եւ, ամենակարեւորը՝ աժան: Որոշ ժամանակ անց, սակայն, բոլոր աշխարհի բնապահպանները սկսան ահազանգել կերպընկալէ տոպրակներու՝ շրջակայ միջավայրի վրայ թողած բացասական ազդեցութեան մասին:

Մասնաւորապէս, ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ կերպընկալը կը քայքայուի շուրջ 400-500 տարուայ ընթացքին, այսինքն՝ Երկիր մոլորակի վրայ մինչեւ այսօր ո՛չ մէկ կերպնկալէ տոպրակ ինքնուրոյն քայքայուած է: Ասիկա ալ կը յանգեցնէ մոլորակի ապականութեան մակարդակի ա՛լ աւելի խորացման, մասնաւորապէս երբ մարդիկ իրենց աղբը կը թափեն կերպընկալէ տոպրակներով:

Ըստ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տուեալներու, աշխարհի մէջ տարեկան կը գործածուի 4 թրիլիոն կերպընկալէ տոպրակ, որոնք ալ, իրենց հերթին պատճառ կը դառնան գրեթէ 1 միլիոն թռչունի, 100 հազար ծովային կաթնասուններու, եւ ձուկերու անհաշուելի քանակի մահուան: Բաց աստի, Ատլանտեան ովկիանոս արտանետուող աղբի մէջ հիմնական մաս կը կազմէ կերպընկալը: Ամբողջ աղբը, որ բնութեան կողմէ ենթակայ չէ մշակման ու քայքայման, ժամանակի ընթացքին քամիի, անձրեւներու ու գետերու հոսանքի միջացաւ կը թափուի լիճերու, ծովերու եւ ովկիանոսներու մէջ, ինչ որ կը յանգեցնէ կենդանիներու ոչնչացման. ձուկերն ու ծովային միւս կենդանիները լողացող աղբը կ՚ընդունին որպէս որս եւ կուլ կու տան:

Իսկ թէ ինչո՞ւ ես այսօր յիշեցի կերպընկալի մասին՝ կը պատմեմ յաջորդիւ...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020