ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ-2016»ԻՆ
«Մանկական Եւրոտեսիլ-2016» մրցոյթին Հայաստան այս տարի կը մասնակցի զուգերգով մը։ Այսպէս, «Մանկական եւրոտեսիլ-2016» երգի միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթին այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Մերի Վարդանեանն ու Անահիտ Ադամեանը: Անոնց թեկնածութիւնը հաստատած է Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբը՝ ներքին ընտրութեան իբրեւ արդիւնք:
13-ամեայ Անահիտ Ադամեան ծնած է Սոչի։ Ան մանկութենէն ի վեր կը սիրէ երգել, իսկ երաժշտական առաջին մասնագիտական քայլերուն սկսած է 2013 թուականին, ուսանած է նաեւ Հայաստանի մէջ: Իսկ Մերի Վարդանեան, որ նոյնպէս տասներեք տարեկան է, ծնած է Գեղարքունիքի Վարդենիս քաղաքին մէջ: Երաժշտութեան մէջ առաջին լուրջ քայլերուն սկսած է 2011 թուականին եւ սկսած է ուսանիլ «Էմի-փի» ընկերութեան «Տօ-ռէ-մի» եարժշտական դպրոցին մէջ:
Մրցութային երգը պիտի ներկայացուի աշնան սկիզբը:
Հայաստան «Մանկական եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին կը մասնակցի 2007 թուականէն ի վեր: