ԿԵԱՆՔԻԴ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԵՐԲԵՔ ՍԽԱԼԱ՞Ծ ԵՍ

Մեծամտութիւնը եւ անսխալականութեան մտայնութիւնը երբեմն քեզ ոլորապտոյտ ճամբաներէ, սաղարթախիտ տափաստաններէ, ելեւէջներէ ու խոչընդոտներէ կ՚առաջնորդեն՝ անուղղայ եւ մութ ճամբէքի մէջ ձգելով բանաւոր արարածդ։ Իսկ դուն, որպէս անփորձառու էակ, նմանակելով շատերու օրինակը, ինքնակամօրէն կը փորձես քալել այդ դարձդարձիկ ու վերջնակայան չունեցող ուղիներէն, փաստել դուն քեզ՝ ցոյց տալով ջանադրութիւնդ ու «քաջութիւն»դ։

Վերոթուարկեալները տարբեր շարժառիթներու եւ պատահարներու ընթացքին կրնան քեզ ամբողջապէս յուսադրելու փոխարէն՝ յուսալքել, քաջալերելու փոխարէն՝ յուսախաբել, խթանելու փոխարէն՝ ճախճախուտի մէջ ձգել, արգասաւոր վայրեր առաջնորդելու փոխարէն՝ ապակողմնորոշել, խոնարհեցնելու փոխարէն՝ հպարտացնել, «մենք»ի մասին մտածելու փոխարէն՝ եսակեդրոն ու եսապաշտ դարձնել...։

Բոլորս ալ այս երկնակամարին վրայ ապրող արարածներ ենք։ Ստեղծուած ենք ու գոյաւորուած նոյն Ստեղծիչին կողմէ, նո՛յն տարրով՝ հողով, նո՛յն շունչով ու հոգիով, նո՛յն ձեռքով, սակայն տարբեր ազգի ու կրօնի, տարբեր ծնողի ու ընտանիքի, տար-

բեր քաղաքի կամ երկրի մը մէջ։ Շատեր կրնայ ըլլալ հարուստ խաւի մէջ է, որ ծնած են եւ հասակ առած, իսկ ուրիշներ ճիշդ ներհակ կեանքը ունեցած են. աղքատ դասակարգի մէջ սնած են եւ չքաւորութեամբ իրենց կեանքը անցուցած։ Ոմանք համալսարաններ աւարտած են, վկայականներ եւ տոքթորական աստիճաններ ստացած են, իսկ շատեր կամքէ անկախ պատճառներով անուս մնացած են եւ լծուած գործի ասպարէզ։ Շատեր բարձր պաշտօններու տէր անձնաւորութիւններ են, իսկ կան մարդիկ, որոնք պարզ պաշտօններու վրայ գտնուելով հանդերձ, գոհունակ սրտով կը տառապին՝ իրենց օրապահիկը վաստկելու համար։ Ի՞նչն է որ զիրենք կը նոյնացնէ ու կը միազանգէ. ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻ՛ՒՆԸ։

Իւրաքանչիւր ստեղծուած մարդ հաւասար է Աստուծոյ աչքին։ Հաւասար՝ նոյնագոյութեամբ, ազատութեամբ, կոչումով ու նպատակով, սակայն տարբեր կերտուածքով եւ մանաւանդ նկարագրով ու խառնուածքով։ Հաւասարութեան գաղափարաբանութիւնը յաճախ այսօրեայ ընկերութեան կողմէ յեղաշրջուած ու թիւր հասկցուած է։ Աւելի բարձր խաւին պատկանող ներկայացուցիչը ընդհանրապէս «անսխալական» կը համարուի եւ հաւասար չի սեպուիր աւելի համեստ խաւի մարդոց հետ։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ բարձր խաւին պատկանողը ղեկավարի դիրքի վրայ կը գտնուի եւ իր շրջապատին կողմէ «յարգուած» ու «սիրուած» է։ Սխալը ծածկելը եւ սխալով հակադարձելը նման մարդոց վահանն է, որոնք սխալներ կը գործեն եւ զայն կը վերագրեն տկար մարդոց։ Ականջ ունեցողը թող լսէ…

Յաճախ ժողովուրդը «Մարդը սխալական է» արտայայտութիւնը կ՚օգտագործէ։ Ոմանք զայն կ՚օգտագործեն իբրեւ պատրուակ, ինքնամխիթարանք կամ արդարացում՝ պարզապէս իրենց վրայէն թօթափելու գործուած սխալը եւ կամ իրենք զիրենք համոզելու, որ իրենք մէկական «անմեղ գառնուկ»ներ են։ Կան նաեւ մարդիկ, որոնք կը գիտակցին, որ սխալ են, բայց չունին քաջութիւնը զայն ընդունելու կամ խոստովանելու։ Ճարահատ՝ սուտին վրայ սուտ բարդելով, սխալին վրայ սխալ աւելցնելով ու աւելի մեծ սխալներ գործելով՝ իրենք զիրենք սխալներու տարափին մէջ կը շղթայեն։ Այդպիսիք տգէտ, ինքնահայեաց, կարճատես մարդիկ են, որոնք չեն կրնար իրենց սուտերու բուրգին պատճառաւ իրենց ապագան յստակ պատկերել ու տեսնել եւ ճշմարիտ ուղիով ընթանալ։ Իսկ ոմանք վերոյիշեալ խօսքը կը գործադրեն իրենց անկատարութիւնը ընդունելու, կատարուած սխալը դարձեալ չկրկնելու եւ ինքնակատարելագործուելու համար։ Կեանքիդ մէջ վստահաբար փոքր եւ մեծ սխալներ կատարած ես։ Սխալներ, որոնք կեանքդ ամբողջապէս ձախորդութեան մատնած են եւ կամ քեզ ուշքի հրաւիրած՝ կատարած սխալէդ սորվելու եւ ապագային նմանօրինակ սխալներ շրջանցելու համար։ Կիկերոն կ՚ըսէ. «Ամէն մարդ կը սխալի, բայց միայն յիմա՛րն է, որ իր սխալը կը պնդէ»։

Մանկավարժներ շարունակ դիտել կու տան, թէ վաղ տարիներէն սկսեալ, պէտք է գնահատել, «պատուաստել» ու «հօտել» մանուկներուն մէջ գտնուող բնածին եւ աստուածատուր շնորհքները, կարողութիւնները, նախասիրութիւնները՝ ապագայի ընկերութիւնը առողջ հիմերու վրայ ամրակայելու համար։ Վստահաբար բոլոր ծնողներն ալ անխտիր կ՚ուզեն իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ իրենց սրտահատորեակները լաւագոյնս դաստիարակել եւ ապագային լաւ բեմահարթակներու վրայ տեսնել զիրենք։ Արդեօք անոնք միշտ կը յաջողի՞ն այս սրբանուէր կոչումը լիակատար դրսեւորել։ Ո՛չ. որովհետեւ բազմաթիւ ծրագիրներ կը մշակեն, բայց կեանքի պայմանները եւ դէպքերը արգելք կը հանդիսանան զանոնք իրագործելու։ Երբ զաւկիդ բոլո՛ր փափաքները կը կատարես, երբ «անձնական բառարան»իդ մէջ չունիս «Ո՛չ» բառը, մեծ հաւանականութեամբ երբ զաւակդ ինքնագիտակցութեան գայ՝ չկարենաս զայն հակակշռիդ տակ առնել, որովհետեւ ծնունդի օրէն իսկ «այո՛» ըսած ես եւ աչք փակած անոր ամենադոյզն ու փոքր թուացող յանցանքներուն։ Մանկավարժ-հոգեբաններ այս ուղղութեամբ յստակ կերպով կը թելադրեն մանուկին սխալները առաջին իսկ օրէն շտկել, հետեւողականօրէն հետապնդել անոր քայլափոխը եւ պիտանին մատուցել։ Մարմինէդ մարմին առած երեխադ տատանող եղէգի պէտք չէ վերածես, այլ հաստաբուն ու խորամուխ արմատներով՝ բարոյական արժէքներով հանդերձաւորես վաղուան խոստմնալի ու կարողունակ երիտասարդը։

Հոգեբանական գետնի վրայ ուսումնասէր հոգեբաններ երկար աշխատասիրութիւններէ եւ փորձարկումներէ ետք փաստարկած են, թէ մեր միտքը սխալելէ խուսափելու համար, երկու միջոցներու կը դիմէ. առաջինը «զգաստացուցիչ» կոչուող միջոցն է։ Երբեմն վճռորոշ որոշումներ կայացնելու հանգրուաններու դէմ յանդիման կը գտնուինք եւ յաճախ մեր տկարութեան ու անփորձառութեան պատճառով սխալ որոշումներ կ՚առնենք՝ հետեւանքը ուշ թէ կանուխ կրելով։ Միտքը, այս պարագային, յաջորդ հանգրուանին կը զգաստացնէ ու կը սթափեցնէ մեզ մեր թմբիրէն, որպէսզի վերստին նոյն գործած սխալը չգործենք եւ նախապէս լարուած նմանատիպ թակարդին մէջ չիյնանք։ Երկրորդ տեսակը՝ «լռելեայն» կոչուող միջոցն է, ուր միտքը չէզոք վիճակը կ՚որդեգրէ եւ մեզ հեռու կը պահէ բացասական մտածումներէ եւ որոշումներէ։ Տուեալ տեսութիւնները նկատի առնելով, Քելլի Մկոնիքըլ (Kelly McGonigal) կը թելադրէ՝ ըսելով. «Իւրաքանչիւր գոյակ կ՚ուզէ շինիչ մտածումներ ունենալ եւ երբեք չսխալիլ իր կեանքի ընթացքին։ Ուստի, ոմանք աւելի ուշադրութիւն կը դարձնեն իրենց անձին՝ միշտ իրենց անցեալէն դասեր քաղելով եւ իրենք զիրենք դիտելով իրենց «ինքնանկար»ին (self-image) դիմաց։ Անոնք՝ որոնք համոզուած են, որ միտքը միշտ սորվելու ընդունակ է եւ պատրաստ է սրբագրելու մարդուս յոռի կէտերը, այդպիսիք կրնան սորվիլ իրենց կատարած սխալներէն։ Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ միտքը անշարժացած ղեկ մըն է մարդուն մէջ դրուած, կտրականապէս ու չարաչար կը սխալին՝ իրենց ողջ կեանքը գլորելով դէպի անդունդ»։

Սիրելի՛ բարեկամ, սխալը ընդունիլը տկարութիւն չէ, այլ չընդունիլը ամենամեծ սխալն ու տկարութիւնն է։ Շրջապատիդ մէջ անպայմանօրէն հանդիպած ես մարդոց, որոնք ո՛չ միայն չեն ընդունիր իրենց սխալը, այլ յամառօրէն կը պնդեն, որ իրենք սխալական կամ մեղաւորներ չեն։ Սխալը ընդունիլը վեհանձնութիւն է եւ քաջութիւն։ Սխալդ ընդունէ, նախքան վերջին խօսքդ ըսելը պահ մը մտածէ, մտածումներդ ու խօսքերդ կշռադատէ ու պիտի տեսնես, որ սխալած ես։ Սխալդ ընդունելով՝ եսդ ու արժանապատուութիւնդ ոտնակոխած չես ըլլար, ոչ ալ յաղթուածի հոգեբանութեամբ դուն քեզ տոչորած կ՚ըլլաս։ Հետեւաբար, չսխալելու համար շատ մտածէ, իսկ սխալդ շտկելու համար շատ լսէ։ Մտքիդ պահարանի մէկ անկիւնին վրայ հետեւեալ մտածումը դաջէ, թէ մտածող մարդը իր սխալներէն աւելի գիտելիքներ կը քաղէ, քան՝ իր յաջողութիւններէն։

Աւետարանին մէջ յիշուած «Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին» առակը կը խօսի իր սխալը երբեք չընդունող, ինքնահաւան փարիսեցիի եւ մեղքի զգացումով Աստուծոյ մօտեցած մաքսաւորի մասին։ Աւետարանը կը պատմէ, թէ երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ փարիսեցի էր, իսկ միւսը՝ մաքսաւոր։ Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ՚աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ, որ ուրիշ մարդոց նման յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ, այլ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»։ Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ՚ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»։ Ապա Քրիստոս կ՚եզրակացնէ՝ ըսելով. «Մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Հմմտ. Ղկ 18.10-14)։

Փարիսեցին Աստուծոյ ներկայութեան կանգնած՝ ինքզի՛նք էր որ կը գովէր, մոռնալով Առակաց գիրքին խօսքը որ կ՚ըսէ. «Քեզ ուրիշը թող գովէ եւ ո՛չ թէ քու բերանդ» (Առ 27.2)։ Փարիսեցին մշտագործ ու մեծագործ Աստուծոյ դիմաց կեցած՝ իր գործերուն մասի՛ն էր որ կը պատմէր, մոռնալով Քրիստոսի խօսքը. «Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ» (Յհ 5.17)։ Փարիսեցին արդարութեան ու արդարացնող երկնաւոր Հօր առջեւ կանգնած՝ ինքն իր արդարութեան մասի՛ն էր որ կը խօսէր՝ մոռնալով որ «միայն Քրիստոսի հաւատացողը կ՚արդարանայ» (Հռ 10.4)։ Ան փոխանակ Աստուծոյ մեծութիւնը ներբողելու, իր անձին մեծութիւնը կը ներբողէր: Ան փոխանակ իր սխալներն ու մեղքերը խոստովանելու եւ Աստուծմէ մեղքերու թողութիւն ստանալու, մաքսաւորին սխալներն ու յանցանքները մատնացոյց կ՚ընէր։

Փարիսեցին գոռոզ եւ ինքնահաւան էր, չէր ընդուներ իր մեղքերը, անկատարութիւնը, թերութիւնները, սխալականութիւնը, մարդկային տկարութիւնը, իր նմանակիցներուն հանդէպ կատարած անարդարութիւնները…։ Իր սխալը չընդունողը, ուրիշին աչքին շիւղը իբրեւ գերան կը տեսնէ, բայց իր աչքի գերանը երբեք չի տեսներ։ Իր սխալը չընդունողը գոռոզ ու ինքնահաւան մըն է, որ միայն ինքզինք կը հաւնի, միայն իր կատարած գործերուն եւ իրագործումներուն մասին կը խօսի։ Ինքնահաւան մարդը չի տեսներ ուրիշին արժէքն ու կարողութիւնները, այլ խոշորացոյցով կը պեղէ այլոց սխալներն ու փոքր բացթողումները։

Մաքսաւորը ի տարբերութիւն փարիսեցիին, հեռուն կեցած էր, չէր համարձակեր խօսք մը իսկ արտասանել եւ աչքերը դէպի վեր բարձրացնել, այլ կը խնդրէր՝ ըսելով. «Աստուա՜ծ, ներէ՝ մեղաւորիս մեղքերը»։ Չխոստովանուած մեղքը կը ստրկացնէ մեզ եւ մեր հոգին կը տանջէ, մեր սիրտը կը մեղկացնէ եւ մեր ոսկորները կը մաշեցնէ (Հմմտ. Սղ 32.3)։ «Եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, վստահ եղէք՝ թէ Աստուած, որ արդար է, պիտի ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ պիտի սրբէ մեր բոլոր անիրաւութիւններէն» (Ա.Յհ 1.9)։ Մաքսաւորը ընդունեց իր մեղաւորութիւնը, յանդուգն գտնուեցաւ եւ իր մեղքերը խոստովանեցաւ։ Ան հաւատաց Աստուծոյ ներումին, հաւատաց Աստուծոյ քաւութեան եւ ապաւինեցաւ Աստուծոյ գթութեան ու ողորմութեան, իսկ Աստուած ներեց իր մեղքերը։ Մինչդեռ փարիսեցին Աստուծմէ ներում չխնդրեց, Աստուծոյ ողորմութիւնը չհայցեց, այլ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց իր անձին եւ իր կատարած գործերուն վրայ եւ այդպէսով իր անձը թաթախեց մեղքի տիղմին մէջ։

Սիրելի՛ ընթերցող, ըսուած է խօսք է, թէ «Մենք իրերը չենք տեսներ այնպէս ինչպէս որ են, այլ՝ կը տեսնենք այնպէս ինչպէս որ մենք ենք»: Կեանքը ինչպէս կամ ինչ ձեւով որ կը դիտարկես՝ կեանքդ ալ այդպէս կը ձեւակերպուի։ Կեանքը ինչպէս սահմանես, վախճանդ այդպէսով կը ճշդուի: Եթէ կ՚ուզես կեանքիդ մէջ Աստուծոյ նպատակները յաջողցնել ու անոր անօթը դառնալ, ապա հրաժարէ՛ քու անձնական համոզումներէդ, ընդունէ՛ սխալներդ ու մեղանչականութիւնդ եւ յիշէ՛, թէ կեանքը քեզի վստահուած աւանդ մը եւ ժամանակաւոր պարտականութիւն մըն է: Ամենափոքր եւ աննշան թուացող երեւոյթն անգամ բաժին ունի քու քրիստոնէական նկարագրիդ կերտման գործընթացին մէջ:

Իմաստութիւն է չգիտցածը գիտնալ. իսկ առաքինութիւն է՝ իր թերութիւնը ընդունիլ։ Միշտ մտաբերէ՛, որ նոյնիսկ լաւագոյն նշանառուն կրնայ իր նշանակակէտը վրիպիլ։ Սխալներ անպայման պիտի գործես, բայց այդ սխալներու մէջ պէտք չէ կորսուիս եւ ոչ ալ կեանքդ պէտք է ամօթխածութեան ոգիով ապրիս։ Ընդունէ՛ սխալներդ, նորոգուած հոգիով դարձեալ փորձէ եւ անպայման յաջողութիւն պիտի գտնես։ Առ այդ, երբ սխալ մը գործես կամ երբ քննադատական յանդիմանութիւն մը ստանաս, երբեք մի՛ նեղանար ու վշտանար։ Համոզուէ՛, որ այդ բոլորը կեանքի դասընթացքներ են, ուր կան թէ՛ ձախորդութիւն եւ թէ յաջողութիւն։ Ձախողութի՛ւնն է, որ քեզ յաջողութեան կ՚առաջնորդէ, անշուշտ եթէ մտադիր ես յաջողակ անձնաւորութիւն մը դառնալ… 

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018