ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ - ԵԶԱԿԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ, ԵԶԱԿԻ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ
Հայ գիրքի մատենագիտութիւններու շարքը հարստացաւ եւս մէկով: Օրերս հետազօտողի սեղանին դրուեցաւ «Հայ գիրքը Թուրքիոյ մէջ» մատենագիտական շարքի Ա. հատորը, որուն մէջ ներկայացուած են Իսթանպուլի քաղաքային գրադարանէն ներս պահուող հայերէն եւ հայատառ թրքերէն գիրքերու մատենագիտական նկարագրութիւնները: Եզակի այս աշխատութիւնը հրատարակութեան պատրաստած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանը՝ աշխատասիրութեամբ Աստղիկ Վարդանեանի (հետազօտական խումբի ղեկավար), Տիգրան Զարգարեանի (գիրքի խմբագիր), Մայա Գրիգորեանի (գիրքի համախմբագիր, առաջատար հետազօտող, մատենագիտութեան պատրաստման պատասխանատու), Արմենուհի Մսըրլեանի (հետազօտող, մատենագիտութեան պատրաստման պատասխանատու), Իրենա Գրիգորեանի (հետազօտող), Թինա Քոպմայի (հետազօտող, թարգմանիչ)։ Գիրքը հրատարակուած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ՝ «Աջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին» ծրագրի ծիրէն ներս: Այս մատենագիտութեան հեղինակները իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիււններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէնութեան, Իսթանպուլի քաղաքապետութեան «Աթաթիւրք» գրադարանի տնօրէնութեան եւ այդ գրադարանի գրադարանավարներուն, ինչպէս նաեւ «Եւրոասիա համագործակցութիւն հիմնադրամ»ի անձնակազմին ու «Հրանդ Տինք» հիմնարկի աշխատակազմին՝ մատենագիտութեան կազմութեան առընչուող բոլոր հարցերուն մշտական օգնութիւն ցուցաբերելու համար:
Ներկայացնենք նաեւ այն նախապատմութիւնը, ուրկէ սկսած է այս համագործակցութիւնը եւ արդիւնքին մէջտեղ եկած է եզակի պատմական աշխատութիւն:
2017-2018 թուականներուն Հայաստանի Ազգային գրադարանի երկու մատենագէտ մասնակցեցան «Հրանդ Տինք» հիմնարկի Հայաստան-Թուրքիա փորձի փոխանակման նախագծին՝ հիւրընկալուելով Իսթանպուլի քաղաքապետութեան «Աթաթիւրք» գրադարանին մէջ, ուր կը պահուին մեծ թիւով հայերէն եւ հայատառ թրքերէն գիրքեր, պարբերական հրատարակութիւններ, նօթագրութիւններու տետրակներ։ Այցելութեան արդիւնքները ամփոփելէն ետք հայ մասնագէտները մեծ նախագիծ սկսելու գաղափար յայտնեցին, քանի որ պարզեցին, թէ այդ գրադարանին մէջ ուսումնասիրութեան ենթակայ հայերէն գիրքերու քանակը չափէն աւելի է։ Արդէն 2020 թուականին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանը (որպէս յայտատու) եւ Իսթանպուլի քաղաքապետութեան «Աթաթիւրք» գրադարանը (որպէս համակատարող) «Եւորասիա համագործակցութիւն հիմնադրամ»ի դրամաշնորհի միջոցով համախմբուեցան այդ գաղափարին շուրջ՝ հետազօտել Իսթանպուլի այդ գրադարանի հայերէն գիրքի հաւաքածոն՝ ամբողջութեամբ եւ արդիւնքները ներկայացնել մատենագիտական ցանկի տեսքով։
Հայազգի մասնագէտներու հետազօտական խումբը երեք տարուայ աշխատանքի արդիւնքին պարզած է, որ Իսթանպուլի քաղաքային գրադարանին մէջ այսօր կայ է 1766 անուն (1933 միաւոր) հայերէն եւ հայատառ թրքերէն գիրք: Այդ անուններուն մէջ հայաստանցի մասնագէտները յայտնաբերած են 185 նորայայտ անուն գիրք, այսինքն՝ տպագրութիւններ, որոնց մատենագիտական նկարագրութիւնները ներառուած չեն հայ գիրքի համահաւաք մատենագիտական ցանկերուն մէջ կամ նկարագրուած են աստղանիշով:
Պարզած են, որ թրքական նշանաւոր այդ գրադարանին մէջ կը պահպանուին 92 անուն հայերէն հնատիպ գիրք։ Հինգ հնատիպ գիրքի նկարագրութիւն ամբողջացուած է նոյն այս հետազօտական աշխատանքի արդիւնքին:
Գրադարանին մէջ յայտնաբերուած նորայայտ անուններու (գիրքերու) նկարահանուած պատճէնները ներառուած են զատ շտեմարանի մը մէջ, որ հասանելի է գիրքի մէջ զետեղուած արագ արձագանգման պայմանշաններու (QR code) միջոցով:
Ինչպէս տեղեկացանք՝ այս հետազօտական խումբի անդամները կը նախատեսեն շարունակել պրպտումները Թուրքիոյ այլ գրադարաններու մէջ՝ ակնկալելով առաւել ամբողջական դարձնել հայ գիրքի եւ տպագրութեան պատմութիւնը: Անժխտելի է, որ հայ գրատպութեան պատմութեան մէջ խոշոր դեր ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործած հայ տպագրիչները, որոնք հիմնելով տպագրատուներ, տպագրած են աննախադէպ թիւով հայերէն գիրքեր, որոնց մէկ մասը, աշխարհի այլ վայրերու մէջ տպագրուած այլ հայերէն գիրքերու հետ կը պահպանուի Թուրքիոյ գրադարաններու, արխիւներու, հաւաքածոներու, այլ կեդրոններու մէջ: Իսթանպուլի այդ գրադարանին մէջ հայերէն գիրքերը անընդհատ կը շատնան, նշուած թիւերը աճելու միտում ունին, քանի որ գրադարանը պահոցներ ունի, որոնցմէ ժամանակ առ ժամանակ նոր գիրքեր կը հանէ եւ նաեւ համալրումներ տեղի կ՚ունենան գրադարանին մէջ, որոնց մէջ կան նաեւ հայերէն գիրքեր:
Իբր այդ, հանդիպում մը ունեցանք նշանաւոր գրադարանագէտ, Հիմնարար գիտական գրադարանի գիտական գծով փոխ-տնօրէն Տիգրան Զարգարեանին հետ, որ յայտնեց, թէ ըլլալով ամենաշատ հայերէն տպագիր արտադրանք տուած երկիրներէն մին, Թուրքիան նաեւ հայ մասնագէտներուն համար ամենաքիչ ուսումնասիրուած հայ տպագրութեան կեդրոններէն մէկն է: Եւ ատիկա ունի իր պատճառները:
-Ինչո՞ւ հայաստանցի մատենագէտներու համար Թուրքիոյ մէջ պահուող գիրքերը երբեք չեն ուսումնասիրուած:
-Խորհրդային շրջանին յայտնի պատճառներով չէր կրնար նման ուսումնասիրութիւն կատարուիլ, Հայաստանի անկախութենէն ետք առաւել եւս հնարաւոր չէր ուսումնասիրել: Այդ պատճառով թրքական գրադարանները մեզի համար գանձարաններ դարձած են: Ի դէպ, իրենք, շատ լաւ կը պահեն գիրքերը՝ գիրքերու պահպանման բոլոր կանոններով: Մեզի յուշած են, որ Թուրքիոյ մէջ ուրիշ գրադարաններ ալ կան (համալսարանական եւ այլն, այդ կարգին՝ Իզմիրի մէջ), ուր տեսականօրէն պէտք է, որ ըլլան հայերէն գիրքեր, որոնց մէջ մեզի համար կարեւորը հնատիպ գիրքեր պեղելն է:
-Ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպած էք այս աշխատանքի ընթացքին:
-Գրադարանի մը հետ աշխատիլը առհասարակ դիւրին է, ամենամեծ դժուարութիւնը համավարակն էր, որու ընթացքին անընդհատ սահմանափակումներ կ՚ըլլային թէ՛ մեր, թէ՛ իրենց մօտ՝ երկիրներու եւ կառոյցներու մակարդակով: Խանգարող հանգամանք կը թուէր նաեւ յետպատերազմական իրավիճակը եւ, ըստ էութեան, ասիկա ձախողուած ծրագիր դառնալու միտում ունէր, բայց յամառութիւն դրսեւորելով՝ անընդհատ փոխեցինք աշխատանքին ձեւաչափերը, մօտեցումները եւ խորանալով՝ ծրագիրը ուղղորդեցինք մատենագիտական նման ձեռնարկի ստեղծման, որ եզակի աշխատանք է: Թուրքիոյ առընչուող նման աշխատանք երբեք չէ կատարուած հայ մատենագիտութեան մէջ: Գիրքէն օրինակներ պիտի ուղարկուին նաեւ Իսթանպուլի քաղաքային գրադարան, իրենց Ազգային գրադարան, Քոնկրէսի գրադարան եւ աշխարհի այլ կարեւոր գրադարաններ ու հայագիտութեան կեդրոններ:
-Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման այս շրջանին նման աշխատանքը ինչպէ՞ս կը գնահատէք:
-Դրական կը գնահատեմ, քանի որ հայերը այդ տարածաշրջանին մէջ ապրած են դարերով, ստեղծած են մշակոյթ՝ թէ՛ տպագիր, թէ՛ ձեռագիր, թէ՛ բանաւոր խօսքի, թէ՛ ճարտապետութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Հիմա մենք ալ պարտաւոր ենք այդ փոշին մաքրել եւ ի պահ տալ յաջորդ սերունդներուն: Այսինքն մշակութային երկխօսութիւնը միշտ ողջունելի եւ գովելի է: Գիրքը յանցաւոր չէ, եւ հոն գրատպութիւն ստեղծողները յանցաւոր չեն, որ այդ գործով զբաղած են եւ մեր պարտքն է այդ աշխատանքը վեր հանել: 185 նորայայտ անունը, որ յայտնաբերած ենք Թուրքիոյ մէջ, լուրջ թիւ է, կատարուած է մնայուն գործ, բոլոր գիրքերը նկարուած եւ հասանելի են արդէն: Վստահ եմ, որ միւս գրադարաններու մէջ ալ աշխատելու պարագային նոր անուններ կ՚ունենանք:
-Նորայայտ անուններուն մէջ կա՞ն գիրքեր, որոնք ուշագրաւ կը նկատէք:
-Սկզբունքօրէն բոլորն ալ հետաքրքրական են գրականագիտական առումով: Արձակուրդային այս շրջանը անցնի, գիրքը տարածուի եւ գրականագէտները, մասնագէտները իրենք արդէն կ՚ըսեն՝ ի՛նչ գիրքեր են, ի՛նչ արժէք կը ներկայացնեն եւ այլն: Գրքասէրներու, գիրքը հետազօտողին եւ գիրքի պատմութիւնը ուսումնասիրողին համար 185 անունը արդէն լուրջ թիւ է՝ գտածոյ է: Մատենագէտի խնդիրն է գիրքը գտնել եւ հետազօտողի սեղանին դնել, ինչ որ ըրած են մեր մասնագէտները:
-Ինչպիսի՞ գրադարան է Իսթանպուլի քաղաքային գրադարանը:
-Անիկա իմ գիտցած լաւագոյն գրադարաններէն մէկն է, 24 ժամ կ՚աշխատի՝ առանց տօն օրերուն գոցուելու, պայմանները կատարեալ են, միշտ ընթերցողներով լեցուն, մանաւանդ՝ երիտասարդներով, ուսանողներով:
-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս գիրքը կազմած մատենագէտներուն աշխատանքը:
-Խումբը տառապալից աշխատանք կատարած է եւ անդամներուն աշխատանքը գերազանց կարելի է գնահատել: Անոնք աշխատանքի ընթացքին նաեւ սխալներ կը շտկէին՝ թէ՛ մասնագիտական, թէ՛ ոճային, լեզուական խնդիրներ կային, մանաւանդ հայատառ թրքերէն գիրքերու պարագային: Բնական է՝ վրիպակներ կը պատահին, թերութիւններ կ՚ըլլան, ոչ մէկ այսպիսի ծաւալուն հատոր զերծ չէ սխալներէ, բայց ինք երեւոյթը աննախադէպ կարելի է գնահատել եւ այս աշխատանքը պէտք է շարունակել: Ո՞վ կը շարունակէ՝ չեմ գիտեր, ամէն մէկ հետաքրքրուած կառոյց ալ կրնայ շարունակել, կարեւորը գաղափարը կայ, կաղապարը պատրաստ դրուած է, աշխատող ձեւաչափ է՝ ամէն մարդ ալ կրնայ շարունակել այն պարագային, երբ ճանապարհը արդէն բացուած է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024