ՅՈՅԶԵՐՈՒ ԹԱՐԳՄԱՆ ԲԱՌԵՐ՝ ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆԷ
Բոլոր լեզուները իւրայատուկ են, անկասկած։ Սակայն գերմաներէնը այնքան անզուգական լեզու մըն է, որ կարելի է միայն մէկ բառով բացատրել այն, ինչ որ կը նկարագրուի երկար նախադասութիւններով։ Ահաւասիկ այդ բառերէն մի քանին։
*
1. SCHADENFREUDE
Երբ վատ բան մը պատահի մեր այդքան ալ չսիրած անձի մը եւ այս բանէն հաճոյք կը զգանք ու երջանիկ կ՚ըլլանք այդ իրավիճակէն, ճիշդ այդ տարօրինակ պահուն համար գերմանացիները ընտրած են «schadenfreude» բառը։
2. ZWEISAMKEIT
Գերմաներէնի ամենազգայուն բառերէն մին է այս մէկը, որ կը նշանակէ երկու մարդու նոյն մարմնին մէջ «համադրումը»։ Այսինքն «մէկ» ըլլալը՝ նոյն մարմնին մէջ։
3. RÜCKKEHRUNRUHE
Հաճելի արձակուրդէ մը տուն վերադառնալու ժամանակ անիմաստ անհանգստութիւն կը զգանք անխտիր բոլորս։ Գերմանացիներ անհրաժեշտութիւն զգացած են այս զգացումը նկարագրել մէկ բառով եւ զայն անուանած են՝ «rückkehrunruhe»։
4. WELTSCHMERZ
Չափազանց բարձր խտութեամբ բառ մը, որ կը նշանակէ համաշխարհային ցաւ, գիտակցիլը, որ մեր ապրած աշխարհին մէջ որեւէ բան մեր ուզածին նման պիտի չըլլայ։
5. BACKPFEIFENGESICHT
Գեմաներէն հետաքրքրական բառերէն մին է. այդ կը նշանակէ հարուածի կամ ապտակի «արժանի» երես։ Կը կարծեմ, ապտակուելիք դէմք ըսուածը այս բառն է։
6. GEBORGENHEIT
Եթէ դուք ձեզ ապահով կը զգաք ձեր սիրած անձի մը մօտ, չափէն դուրս կը վստահիք անոր եւ կը կարծէք, թէ ոչ ոք կրնայ վնասել ձեզ. նման պարագաները արտայայտելու համար գերմաներէնի մէջ գոյութիւն ունի «geborgenheit» բառը։ Կը կարծեմ այս զգացումը մեր բոլորին պէտք է։ Յուսամ ձեր բոլորի կեանքէն «geborgenheit» պակաս չըլլայ։
7. WALDEINSAMKEIT
Ընտիր բառերէն մին է, որ կը նշանակէ անտառի մէջ առանձին մնալ, առանձնութենէ գոհ ըլլալ եւ բնութեան գիրկը ըլլալ։ Երբ առանձին կ՚երթաք անտառ՝ զբօսնելու, անպայման պէտք է բնութեան հետ նոյնանալ նման բառը օգտագործելու համար։
8. TORSCHLUSSPANIK
Երբեք զգացա՞ծ էք, թէ ժամանակը որքան սրընթաց կ՚ընթանայ եւ ձեզի այնպէս կը թուի, թէ բանի մը կ՚ուշանաք։ Այս զգացումը կոչուի «torschlusspanik»։ Ինչպէս բառին վերջաւորութեան ալ նշուած է, չմոռնանք գործել առանց խուճապի։
9. FERNWEH/HEIMWEH
Երբեք փափաքա՞ծ էք հեռանալ՝ զգալով, որ ձեր գտնուած վայրին չէք պատկանիր։ Ահա թէ ինչպէս գերմանացիներ զգացին այդպէս եւ անհրաժեշտութիւն նկատեցին այս վիճակը անուանել «fernweh»։ Կարճ խօսքով՝ կարելի է ըսել «հեռաւորութեան կարօտ», այսինքն «հայրենիքի կարօտ» նշանակող «heimweh» բառին ճիշդ հակառակը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ