ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՍԱՐՈՒԽԱՆ ԿՐԿԻՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայ երգիծանկարիչ, հրապարակախօս եւ խմբագիր Ալեքսանտր Սարուխանի թոռնուհին՝ Սիլվա Ներետեան-Բլատեան ստանձնած է իր անուանի մեծ հօր ստեղծագործութիւններու պահպանման եւ տարածման պատասխանատուութիւնը:

Անոր արտօնութեամբ վերջերս Հայկ Գաւալճեան Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանին փոխանցած է Ալեքսանտր Սարուխանի մասնակցութեամբ հրատարակուած հինգ գիրքի թուային տարբերակ, որոնք արդէն հասանելի են Համահայկական թուանշային գրադարանին մէջ: Այդ հինգ հրատարակութիւններէն երկուքը Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Բ. Փանջունի ի Ծապլուար եւ Վասպուրական» (Գահիրէ, 1938-ին) եւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» (Գահիրէ, 1962) գիրքերն են, որոնց նկարազարդումները կատարած է Սարուխան:

Գիրքերէն մէկն ալ կը կրէ «Մենք մեր ակնոցով» խորագիրը եւ կը ներկայացնէ Ալեքսանտր Սարուխանի՝ հայկական, մանաւանդ սփիւռքահայութեան կեանքին վերաբերող ծաղրանկարներն ու գծանկարները:

Չորրորդ գիրքը «Ալեքսանտր Սարուխան, 1898-1977. Երգիծանկարիչ» գիրքն է, որ արուեստագէտին կինը՝ Սիրվարդ Սարուխան ձօնած է իր ամուսինին յիշատակին եւ հրատարակած Գահիրէ, 1990:

Գիրքերուն մէջ կայ նաեւ «Յուշեր» խորագրով հատորը, որուն հեղինակը ինք՝ Սարուխանն է, եւ կը պատմէ, թէ ինչպէս, Կովկաս ծնած ըլլալով, ուսանած, ապրած, աշխատած է Պոլիս, Եգիպտոս, ապա մեկնած է Եւրոպա, կը ներկայացնէ յատկանշական մանրամասնութիւններ իր կեանքէն: Այս գիրքը լոյս տեսած է 2018 թուականին եւ Ալեքսանտր Սարուխանին վերաբերող ամենավերջին հրատարակութիւնն է: Կրկին հրատարակուած է Գահիրէ:

Կը ներկայացնենք «Յուշեր» գիրքէն Ալեքսանտր Սարուխանի գրութենէն հատուած մը, ուր ան սրամիտ կերպով կը պատմէ մանաւանդ իր եւ եղբօր պատրաստած ձեռագիր «Ղուղիկօ» թերթին մասին (Պոլսոյ մէջ, 1910-1912 թուականներուն), որուն ողջ թիւերը, Պոլսոյ մէջ տիրող ժամանակի իրավիճակէն ելլելով՝ իրենք իրենց ձեռամբ ոչնչացուցած են եւ միայն մէկ օրինակ փրկուած է, որ այսօր կը գտնուի Վիեննայի մխիթարեաններու վանքին մէջ:

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԵՐԳԻԾԱՆԿԱՐԻՉ ԵՂԱՅ

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՍԱՐՈՒԽԱՆ

Որո՞ւն հոգը, թէ ինչպէս երգիծանկարիչ եղայ։ Ամէն ոք, կեանքի մէջ ասպարէզ մը ընտրած է, դուն ալ երգիծանկարիչ եղեր ես։ Մե՜ծ բան։ Կը հասկնայինք, եթէ միլիոնատէր մը պարզէր հարստանալու իր գաղտնիքը։ Չկայ մարդ, որ չերազէ օր մը՝ տիրանալ միլիոններու։ Ա՜յ, եթէ Կիւլպէնկեան մը, Մանթաշէֆ մը, Ալեք Մանուկեան մը եւ ոսկիներու մէջ լողացող ուրիշ միլիոնատէրեր փափաքէին տալ ոչ թէ ոսկիներ, այլ՝ անոնց տիրանալու գաղտնիքը, կը հասկնայինք։ Ասկէ զատ, եթէ երգիծանկարիչ ըլլալուն կերպն իսկ ունենանք, ո՞վ պիտի փափաքէր մտնել այդ ասպարէզը։

Այս է հանրութեան կարծիքը այդ արուեստին մասին, ընդհանուր առմամբ։ Եւ իրաւունք ունին։ Եղողը ի՞նչ եղեր է որ իրենք ալ փորձուին։

Բայց այսօր ընդհանուր զարգացումի դարուն մէջ կ՚ապրինք։ Ամէն բանի մասին գաղափար ունենալը անհրաժեշտութիւն է։

Ընտրուած ասպարէզը կախում ունի մարդուն խառնուածքէն, նախաձեռնութեան ոգիէն, զինք շրջապատող պայմաններէն եւ վարած կեանքէն։ Ահա թէ ինչու, երբ մէկը կը խօսի իր ընտրած ասպարէզին մասին, ուզէ կամ չուզէ կը ստիպուի անդրադառնալ իր կեանքի զանազան փուլերուն մասին։ Երբեմն ասպարէզն է որ մարդը կը գտնէ եւ ոչ թէ մարդս՝ իր ասպարէզը։ Այս վերջինը՝ կերպով մը կը պարտադրէ ինքզինքը։ Չեմ գիտեր, թէ ուրիշներ ի՛նչ կերպ վաճառական, ատաղձագործ, ճարտարագէտ, բժիշկ կամ վաշխառու եղած են, բայց իմ պարագայիս երգիծանկարիչ եղած եմ, որովհետեւ... անգործ էի։ Հիմա հարցնողներ պիտի գտնուին, թէ ամէն անգործ դատապարտուա՞ծ է երգիծանկարիչ դառնալու։ Հարցնողը թող ըլլայ... Ես այս վերջին դասակարգին կը պատկանիմ։ Ահա, թէ ինչո՛ւ հիմա քանի մը դրուագներ պիտի տամ, որոնք իրենց դրոշմը դրած են կեանքիս յետագայ ուղիին վրայ։

Ծնած եմ Կովկասի Արտանուշ քաղաքը 1898-ին, Վրաստան, Կովկաս։ Կեանքս մինչեւ 11 տարեկան անցուցած եմ Պաթում քաղաքի մէջ, որուն գիմնազիային (նախակրթարան) մէջ ստացած ենք մեր նախնական կրթութիւնը, կրտսեր եղբայրս եւ ես։ Տարօրինակ կերպով երկուքս ալ շեշտուած հակում ցուցաբերած ենք գծագրութեան հանդէպ։ Մեր առաջին փորձերը ըրած ենք տան մէջ, ղեկավարութեամբ հօրս, որ ... գծել չէր գիտեր։

Սիկառէթի տուփերուն վրայ կը գծէր բաներ մը, որոնք ենթադրուած էին մարդ, կով եւ կամ տուն ըլլալու։ Իսկ մենք, քաջալերուած անոր օրինակէն, տան մէջ ճերմակ թուղթի կտոր չկար՝ որուն վրայ մեր «փորձերը» չընէինք, լեցնելով մինչեւ իսկ դասագիրքերուն պարապ անկիւնները։

Գիմնազիայի գծագրութեան ռուս ուսուցիչին մասնաւոր ուշադրութիւնը գրաւած էինք մեր վրայ։ Ինք ունէր ուսուցանելու իր մեթոտը։ Հակառակ էր գծագրութիւններու վրայէն, կամ սեղանի վրայ դրուած այլազան առարկաներու վրայէն գծելու դրութեան։ Ինք կը ջանար աշակերտին մօտ երեւակայութիւնը զարգացնել եւ ըլլալ ինքնուրոյն։ Կ՚արհամարհէր ընդօրինակուած գծագրութիւնները, աչք մ՚իսկ չէր նետեր անոնց վրայ, զանոնք նկատելով ձեռքի ճարտարութեան արդիւնք, ոչինչ աւելի։ Իսկ ո՛չ սափոր, ո՛չ ալ ուրիշ որեւէ առարկայ կը դնէր սեղանի վրայ, ինչպէս սովորութիւն եղած է, բայց հեռու է ստեղծագործական աշխատանք մ՚ըլլալէ։ Եղած են աշակերտներ, որոնք կը գանգատէին, թէ բրո՞ւտ պիտի ըլլային ապագային, տեւապէս սափոր գծելով, որքան ալ իրարմէ տարբեր ըլլային անոնք՝ ձեւով, մեծութեամբ եւ ուրիշ մանրամասնութիւններով։ Իր մեթոտը այլ էր։

Նախքան որեւէ բան՝ կը հարցնէր աշակերտներուն թէ Քրիլոֆի (ռուս Լա Ֆոնթէնը) ո՞ր մէկ առակին ծանօթ էին։

Ապա, զատելով անոնցմէ մին կը յանձնարարէր նկարազարդել անոր դրուագներէն մին։ Օրինակ, առնենք աղուէսին, ագռաւին եւ պանիրին առակը։ Դիւրացնելու համար աշխատանքը, քարետախտակի վրայ կը գծէր աղուէս, ագռաւ եւ ծառ մը։ Ու ապա 2-3 վայրկեան ուշադրութեամբ զննել տալէ ետք, սպունգով կ՚աւրէր զանոնք եւ կը յաձնարարէր սկսիլ գծագրութեան։ Տղաքը ստիպուած էին գլուխ քերել, չարչարել իրենց միտքը եւ գծել իրենց նախընտրած դրուագը։ Աշակերտներուն գործին աւարտին, ուսուցիչը շրջան մը կ՚ընէր դասարանին մէջ եւ կանգ առնելով իւրաքանչիւրին մօտ, կու տար բացատրութիւններ։ Ապա եւ կ՚ընէր թելադրութիւններ։

Անցնելով քարետախտակին մօտ, այս անգամ ինք կը գծէր նկարը, իր լաւագոյն ձեւով։ Իւրաքանչիւր աշակերտ իր գծագրութիւնը կը բաղդատէր ուսուցիչին գծածին հետ, ու կ՚ընէր վերջնական սրբագրութիւնը։

Ինքնուրոյն ըլլալու, ստեղծագործելու այս դրութիւնը խորապէս ազդած է գէթ վրաս այնքան, որ կեանքիս մէջ կիրարկած եմ զայն գործունէութեան զանազան մարզերու ընթացքին, ըլլան անոնք գծագրութիւն, գրութիւն, բանախօսութիւն, եւ այլն։ Ոմանք, կառչած կը մնան հնաւանդ սովորութիւններու, որոնցմէ ամենափոքր շեղումն իսկ իրենց համար անմարսելի, չըսելու համար... ծաղրելի է։

Ի հարկէ, ասոնց կարծիքը ոչ մէկ կշիռ կրնար ունենալ մեր նժարին մէջ։ Այս մտայնութեամբ տոգորուած էինք կրտսեր եղբայրս՝ Լեւոնը եւ ես, երբ Օսմանեան սահմանադրութիւնը վրայ հասաւ, եւ հայրս 1909-ին քարիւղի իր գործը փոխադրեց Պոլիս, իր հետ քաշելով ընտանիքը բոլոր անդամներով՝ երեք աղջիկ եւ երկու մանչ։

Ամէն ինչ նոր էր մեր շուրջ, սկսեալ թրքերէնէն, որմէ մէկ բառ իսկ չէինք հասկնար ռուսերէնէն ետք։

…Իբրեւ պատանիներ, մեր ընդվզումը արտայայտելու ուրիշ միջոց չունէինք, եթէ ոչ՝ հրատարակել շաբաթաթերթ մը, որուն մէջ թէ՛ գրութիւններով, թէ՛ նկարներով, պիտի յայտնէինք մեր «պոռթկումը» եւ մղէինք ժողովուրդը «ինքնագիտակցութեան»։ Այս «յանդուգն» ծրագիրը գործադրող «օրկան»ը պիտի ըլլար ձեռագիր, տպագիրի նմանատիպութեամբ եւ երկու օրինակ տպաքանակով, չորս էջի վրայ...

Ո՜վ պատանեկութիւն, ի՜նչ բաներու ընդունակ չես դուն։ Եւ ասիկա այն օրերուն, երբ հօրս ձեռնարկած քարիւղի գործը ձախող ըլլալով, տան մէջ 6-8 հոգիի բաւելիք դրամ հազիւ կը մտնէր։ Ինչո՞ւ երկու օրինակ։ Որովհետեւ թուղթին դրամն իսկ չունենալով, երկրորդ օրինակ մը եւս հանելու ստիպուած էինք մեր կնքահօր համար, որ կը հայթայթէր տարեկան դրամը՝ 5 ղրուշ, հանդիսանալով միակ բաժանորդը։ Թերթին անո՞ւնը։ Լաւ է չհարցնէք։ Ամենէն արտառոց անունը, զոր կրնաք երեւակայել։ «Ղուղիկօ»..., կամ «Մանկական Փունջ»։

Սահմանադրութեան սկիզբները բազմաթիւ հայերէն թերթեր բուսած էին Պոլսոյ մէջ, որոնցմէ «Կավռօշ» երգիծաթերթը՝ Երուանդ Թօլայեանի եւ «Կիկօ»ն՝ Գրիգոր Թորոսեանի խմբագրութեամբ։ Այս «Կիկօ» անունը տարօրինակ կը թուէր, իր նշանակութիւնը Կովկասի մէջ ցցուած կոկորդ էր։ Ինքնուրոյն ըլլալու մեր մոլուցքին մէջ առինք «ուղեղ» բառը եւ զայն վերածեցինք «Ղուղիկօ»ի։

Թերթին գրական եւ տպագրական գիրերով գրելու մասը առաւելաբար ստանձնած էր Լեւոնը, իսկ նկարչական, մանաւանդ երգիծագրական մասը՝ ես։

Ինքնուրոյն էր նաեւ թերթը ծախելու եւ կարդալու ձեւը։

Թերթը հրապարակ կ՚ելլէր կիրակի առաւօտները։ Այդ առաւօտ մեր ամբողջ ընտանիքին համար բացառիկ օր մը կ՚ըլլար։ Բոլորս ալ սենեակը կը հաւաքուէինք՝ մէջը ըլլալով մեր անբաժան միակ բաժանորդը, որ իր «մեկենասութեան հանգամանքով» ամենէն հպարտ կեցուածքը կ՚ունենար բոլորին մէջ։ Չորս կողմը ինքնագոհ ակնարկներ կը նետէր՝ «թուղթին փարան ես տուած եմ» նշանակութեամբ։

Այդ միջոցին դուռը կը բացուէր եւ թեւերուն տակ մէկ երկու թերթ՝ «Ժամանակ», «Կավռօշ» եւ այլն բռնած, ներս կը մտնէր մեր ամենէն փոքրիկ քոյրը՝ Սաթենիկ, բարձրաձայն պոռալով.

«Ժամանա՜կ, Կավռօ՜շ, Կիկօ՜, Ղուղիկօ՜...»։ Ամէն կողմէ բարձրաձայն կը կանչէին «Ղուղիկօ՜, կէ՛լ (եկու՛ր)»։ Այդ միջոցին թերթավաճառը կը վերածուէր ընթերցողի եւ թերթը կը կարդար մէկ ծայրէն միւսը, որուն կը հետեւէին բուռն ծափահարութիւններ։ Ապա, թերթը ձեռքէ ձեռք կ՚անցնէր՝ դիտելու համար երգիծանկարները, որոնց թիւը 4-էն 6-ի կը հասնէր։ Այդ միջոցին, մենք՝ խմբագիրներս, լուռ ու մունջ ու ժպիտը մեր դէմքին՝ կը հետեւէինք դէպքին։

Մօտ երկուքուկէս տարի այս արարողութիւնը կը կազմէր մեր տան աւանդական միակ զուարճալի ժամանցը։ Ժամանց մը, սակայն, որ մեր մէջ ամրացուց յարատեւութեան, ինքնուրոյնութեան եւ մտային փնտռտուքի տեւական մարզանք մը, որ իր կնիքը պիտի դնէր յետագայ մեր կեանքի գործունէութեան վրայ։

Ծնողացս Կովկաս վերադարձէն ետք, մենք դրուեցանք Պոլսոյ Բանկալթիի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, իբրեւ գիշերօթիկ։ Առաջին պատերազմին ծագումով՝ վարժարանէն թէ՛ աշակերտութիւնը, թէ՛ ուսուցչութիւնը իրենց նուազագոյն աստիճանին իջան։

Բարձրագոյն կարգերէն չորսը գոցուեցան՝ օտար ուսուցիչներուն մեկնումով եւ ուսանողութեան մեծ մասին զինուորագրումով։ Ջնջուեցաւ գիշերօթիկի դրութիւնը եւ մնացինք վեց հոգի՝ քառասունին վրայ։ Եղբայրս եւ ես՝ ռուսահպատակ, մնացեալ երեքը՝ էրզրումցի, իսկ մէկը՝ բաբերդցի, որոնք իրենց ընտանիքին մօտ երթալու ի վիճակի չէին…

…Օր մը, դասամիջոցին, ուսուցիչէն գաղտնի՝ ընդօրինակելու վրայ էի «Ղուղիկօ»ի զոյգ օրինակը, երբ օրուան հսկիչը՝ տնօրէն Հ. Վարդան Մելիքսէթեան, աղուէսի մը խորամանկութեամբ եւ արագաշարժութեամբ կռնակէս յափշտակեց պատրաստ օրինակը, եւ իբրեւ պատիժ՝ չվերադարձուց զայն, հակառակ բոլոր խնդրանքներուս։ Ու այսօր, անիկա ապահով եւ ամէն վտանգէ զերծ՝ կը հանգչի ամենէն ապահով տեղը։

Պատիժ մը, որ իսկական բարիք մը եղած էր, հայութեան աննման գանձ մը, մէկ հատի՜կը ամբողջ աշխարհի մէջ։

ՍԱՐՈՒԽԱՆ-125

Մեծ երգիծանկարիչին կեանքը ուսումնասիրողները կը նկատեն, որ Սարուխան քառասուն տարիներու ընթացքին գծած է շուրջ 40 հազար երգիծանկար: Այս գործերէն մեծագոյն մաս մը ցրուած է արաբական, հայկական եւ ֆրանսական մամուլի էջերուն մէջ: Կատարած է նաեւ ծանօթ մարդոց դիմանկարներ, նկարազարդած է գիրքեր:

Ալեքսանտր Սարուխան (Սարուխանեան) ծնած է 1 հոկտեմբեր 1898 թուականին՝ Կովկասի Արտանուշ աւանը: Երկու տարեկան էր, երբ ընտանեօք կը փոխադրուին Պաթում, Վրաստան, ապա 1909 թուականին Պոլիս, ուր կը յաճախէ Բանկալթիի Վիեննական Մխիթարեան Հայրերու լիսէն: Համաշխարհային Ա. պատերազմին պատճառաւ Ալեքսանտր Սարուխան ու իր եղբայրը՝ Լեւոն, որպէս գիշերօթիկ սաներ կը մնան մխիթարեաններուն մօտ, մինչ ընտանիքը կը վերադառնայ Արտանուշ:

1922 թուականին, երբ նոր վտանգ կը սպառնայ Պոլսոյ հայութեան, Սարուխան ու իր եղբայրը կը միանան Պելժիա գտնուած իրենց հօրեղբօր՝ Առաքել Սարուխանի, որ նախկին տնօրէնն էր «Մանթաշէֆ» ընկերութեան: Այսպիսով այլեւս վերջնականապէս կը բաժնուին իրենց ծնողքէն ու քոյրերէն: Նկատելով իր եղբօրորդւոյն նկարչական տաղանդը, հօրեղբայրը զինք կ՚ուղարկէ Վիեննա, ուր ան կը հետեւի գեղանկարչութեան ու վիմագրութեան արուեստին, զոր կ՚աւարտէ երկու տարի ետք: 1924 թուականին ընդառաջելով եգիպտացի ուսանողի մը առաջարկին, որպէս երգիծանկարիչ աշխատելու իր հրատարակելիք թերթին մէջ, կու գայ Գահիրէ: Դժբախտաբար, թերթը միայն երկու թիւ լոյս տեսնելէ ետք, կը փակուի: Իր ապրուստը ապահովելու համար Սարուխան գծագրութեան ուսուցիչի պաշտօն կը ստանձնէ Գալուստեան Ազգային վարժարանին եւ Պէրպէրեան գոլէճին մէջ: 1925 յունուարին, Սարուխան կը յաջողի իր կեանքին երազը իրականացնել՝ հրատարակել «Հայկական Սինեմա» երգիծական ամսաթերթը, որ նիւթական դժուարութիւններու պատճառաւ, ցաւօք, կը փակուի 50 թիւ լոյս տեսնելէ ետք: 1927-ին, Մուհամմէտ Էլթապիի առաջարկին ընդառաջելով, ան որպէս քաղաքական երգիծանկարիչ մաս կը կազմէ անոր խմբագրած «Ռօզ էլ Եուսէֆ» շաբաթաթերթի անձնակազմին: Այսպէս է, որ ծնունդ կ՚առնէ իր գործակցութիւնը Եգիպտոսի արաբական մամուլին հետ: Ան կը նկատուի Եգիպտոսի քաղաքական երգիծանկարչութեան ռահվիրան մինչեւ իր մահը՝ 1 յունուար, 1977 թուական: Սարուխան իր բեղուն կեանքին ընթացքին մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ կազմակերպած անհատական ցուցահանդէսներ՝ Եգիպտոսի, Հայաստանի, Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ: Երգիծանկարիչը հրատարակած է շարք մը գիրքեր, որոնց մէջ ամենէն նշանաւորն է «Cette Guerre» («Այս պատերազմը») ալպոմը, որ լոյս տեսած է Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի աւարտին՝ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով: 1960 թուականին, Սարուխան կ՚արժանանայ «Երգիծանկարներ խաղաղութեան համար» շքանշանին՝ Միացեալ Նահանգներու «Ժողովուրդէ ժողովուրդ» երգիծանկարիչներու յանձնաժողովէն: Հայկական միութիւններու նուիրուած անդամ եղած ու երկար տարիներ ատենապետի պաշտօն վարած է ՀԲԸՄ Գահիրէի մասնաճիւղին, Հայ գեղարուեստասիրաց միութեան, Կոկանեան սրահի եւ Հայ ազգային հիմնադրամի վարչութիւններէն ներս: Իր ստեղծագործութիւններէն մաս մը պահուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի արխիւներուն մէջ: Այսօր, Հելիոպոլսոյ փողոցներէն մէկը կը կրէ իր անունը: 15 ապրիլ 2018 թուականին, Եգիպտոսի երգիծանկարիչներու միութիւնը գնահատանքի յուշանուէր մը շնորհած է Սարուխանի անունին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2023