ՆԱԽԱՆՁՈՎԴ ՔՈՒ Ա՛ՆՁԴ Է ՈՐ ԿԸ ԿՈՐԾԱՆԵՍ
Իր նմանակիցը թակարդի մէջ ձգելու եղանակը այլեւս սովորութենականացած երեւոյթ է դարձած այսօրուան աշխարհայնացած կեանքին մէջ։ Մարդկային կեանքը առաջին իսկ օրէն այս ախտով ընթացք առած է, այս սկզբնակէտով առաջնորդուած է եւ այդպէս ալ «պիտի» շարունակուի։ Սակայն մինչեւ ե՞րբ…։
Դժբախտաբար նախանձելու վատաբարոյ արարքը վերջերս սկսած է թափընթաց յորձանքի նման ոչ միայն երեւան գալ, այլեւ մարդուս նկարագրին անբաժանելի մէկ մասնիկը եւ «խորհրդատու» յուշարարը դառնալ։ Նախա՛նձ. ամէնուրեք, ամենաուժգին ու ամենազօրեղ վատ «արարք»-զգացումը, որ տեւականօրէն ահուդողի կը մատնէ շատերը։
Ընկերային կեանքին մէջ փոխյարաբերութիւնները չէզոքացնող, բարեկամութեան կապերու խզման հիմնական դրդապատճառը հանդիսացող, անկեղծութիւնը նսեմացնող եւ սիրալիր յարաբերութեան կապը ջլատող «ձգտում» մըն է նախանձ կոչուած սա յոռի արարքը։ Ստութեան հօր՝ Բանսարկուին նախանձի ու հպարտութեան մեղանչումէն եւ Կայէն ու Աբէլի եղբայրասպանութեան պատմութեամբ սկիզբ առած եւ մինչեւ այսօր շարունակուող բարոյաքանդ այս զգացումը՝ նախանձը, իր բազմերես դիմակներով առկայ է մեր խօսակցութեան, մտերմութեան, բարեկամութեան եւ ամուսնական կեանքին մէջ։ Երեւոյթ մը, որ անլուռ ու դարձդարձիկ մօտեցումներով աւերներ կը գործէ՝ տուեալ անձնաւորութեան մէջ բազմադիմի ու յեղյեղուկ նկարագիր մը յառաջացնելով։
Կեանքի փորձառութիւնդ ինքնին ցոյց կու տայ, որ իւրաքանչիւր քայլափոխիդ անպայման «ժպտադէմ» նախանձոտ մարդոց կը հանդիպիս։ Ասկէ փախուստ չկայ։ Փերեզակներ, որոնք մէկական ծպտեալ «ազնուախոհ»ներ եւ բարիին «նախանձախնդիր» մարդիկ են։ Նախանձոտ մարդը այնպիսի ճարտարութեամբ իր նախանձը կը ծածկէ, որ նոյնիսկ երբեմն քովէդ կը քալէ եւ իբրեւ «խրատատու» ընկեր հանդէս կու գայ, սակայն ան իսկութեան մէջ բարիին հակառակորդն է, աշխատելու եւ պայքարելու միակ խոչընդոտը։ Երբ ձեռնարկած գործդ յաջողութեամբ չպսակուի եւ կամ ձախորդութեան մատնուիս, ծպտեալ-«խորհրդատու»ն անմիջապէս իր ափսոսանքը եւ մխիթարանքը կը սկսի յայտնել, մինչդեռ ի ներքուստ կը հրճուի ու նոյնիսկ խնջոյքի սեղան կը սարքէ։
Նախանձոտ մարդը երբ յաջողութիւնդ կը լսէ, խորքին մէջ տանջանքի «բեռ»ը իր վրայ ինքնակամ վերցուցած կ՚ըլլայ։ Կրակը երբ մոխիրով ծածկուի, անմիջապէս չի մարիր եւ ոչ ալ կրակ ըլլալէ կը դադրի։ Նոյնպէս նախանձոտը, թէեւ իր նախանձի ժանտահոտութիւնը «բարեսրտութեան» քօղին տակ կը պահէ, սակայն իր հոգւոյն մէջ նախանձի բոցը միշտ հրաբորբոք վիճակի մէջ կը գտնուի։ Երբ յաչաղկոտ բարեկամդ վերելքդ կը տեսնէ, իսկոյն մախանքէ գրգռուելով՝ կը շանթահարուի եւ անշիջանելի հուրով ինքզինք կը տոչորէ։ Միշտ յիշէ՛, որ արեւը մշտապէս կը ճաճանչէ եւ իր լոյսը կը ծագեցնէ ամէնուրեք, բայց ամպերը կը մթագնեն անոր լոյսը։ Առաքինի ու յաջողակ մարդիկ մշտապէս կը փայլին իրենց գործերով ու ձեռքբերումներով, սակայն նախանձոտը միշտ պատրաստ է խնդրոյ առարկայ մարդու հասցէին ցեխարձակումներ կատարելու եւ անոր անունը մրոտելու։ Ինչպէս որ գնդակը անկիւն չունենալով՝ շարունակ կը գլորուի, նոյնպէս ալ նախանձոտ ընկերդ խիղճ չունենալով՝ բարի գործերդ կը քննադատէ եւ յաջողութիւններդ կը փորձէ ձախողութեան մատնել։
Մանկավարժական տեսութեամբ նախանձը մարդուն հետ ծնունդ կ՚առնէ, անոր հետ կ՚աճի եւ մարդուն հետ միասին հողին տակ վերջ կը գտնէ։ Այսպէս, մանուկ մը երբ աշխարհ կու գայ, երբ կը սկսի ընկալել եւ հասկնալ իր չորսդին կատարուող երեւոյթները, խօսակցութիւններն ու անցուդարձերը, նախանձն ալ ինքնաբերաբար զուգընթաց եւ գաղտագողի կը սկսի ծիլ արձակել ու գործել իր ներսիդին։ Կա՞յ մանուկ մը, որ չ՚ուզեր բոլորին ուշադրութեան առարկայ չդառնալ։ Երբ տակաւին իր ընտանիքին նոր անձ մը միանայ՝ ընդհուպ իր մէջ կը սկսին նախանձի գրգռութիւնները ի յայտ գալ։ Դպրոցական կեանքին մէջ նոյնիսկ յառաջադէմ ու առաջատար ըլլալու, բոլորին ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը գրաւելու փափաքը նոյնպէս նախանձի դրդումով է որ յաճախ տեղի կ՚ունենայ։
Ըստ հոգեբաններու, մարդուս մէջ չորս տեսակի նախանձ կայ, որ կը կերպարանաւորուի անոր նկարագրի կերտման ու յղկման ընթացքին։ Առաջինը զոյգերու կեանքին մէջ գոյացող նախանձն է, որուն տուն տուող պատճառները անհաւատարմութիւնն ու դաւաճանութիւնն են եւ որուն հետեւանքը կ՚ըլլան վիճաբանութիւն, անհամաձայնութիւն, վարկաբեկում, պառակտում եւ ապա ամուսնալուծում։ Երկրորդ տեսակը գործի ասպարէզի եւ մակարդակներու տարբերութեանց նախանձն է, որ անձը կը մղէ դէպի իրմէ աւելի վեր ձգտելու, աւելի բարձր պաշտօններ ձեռք ձգելու եւ իր կեանքը բարեկեցիկ դարձնելու։ Ընկերոջ ունեցած կարողութեան եւ անոր ձիրքերուն տենչանքը նոյնպէս նախանձի երրորդ կարգին վրայ կարելի է դասել։ Բնական է, որ բոլոր երիտասարդներն ալ կը փափաքին կատարեալ ըլլալ ե՛ւ ուսմամբ, ե՛ւ արտաքնապէս, ե՛ւ նկարագրով, ե՛ւ տնտեսապէս, սակայն կը մոռնան, թէ բոլորն ալ Աստուծոյ համար հաւասար են իրենց ինքնուրոյնութեամբ ու ինքնատիպ նկարագրով։ Չորրորդ եւ ամենէն վտանգալից տեսակն է՝ «անբնական» կոչուած նախանձը, որ իր մէջ կը պարփակէ հալածախտութեան, հոգեբանական ախտի, անչափաւորեալ ու անսահմանաւորեալ վիճակի հիւանդութիւնները։ Ամենէն մտահոգիչ թուացող այս հիւանդագին վիճակը, նախանձի սահմանները անդրանցնելով՝ մարդուս մէջ յառաջ կը բերէ հոգեկան բարդոյթներ, տարտամ վիճակ, երերուն նկարագիր եւ նամանաւանդ անվստահելիութեան զգացում։
Կարգ մը ճոռոմաբան մարդիկ իրենց իսկ թիւրըմբռնողութեամբ ու ինքնահաճ բացատրութեամբ կը պատրուակեն՝ ըսելով, թէ իրենք չար նախանձ չունին, այլ բարի նախանձէն մղուած՝ կ՚ուզեն իրենց ընկերոջ նկարագիրը նմանակել, անոր ունեցածը ցանկալ, անոր արտայայտչաձեւն ու խօսելակերպը կապկել, անոր պէս յարդարուիլ ու հագուիլ։ Գալիֆորնիոյ համալսարանի նշանաւոր հոգեբան Փրոֆ. Ռալֆ Հափքա (Ralph Hupka) խօսելով այս տիպի մարդոց մասին եւ սահմանելով նախանձի տարողութիւնը՝ կ՚ըսէ. «Նախանձը կանխատեսելի զգացում մըն է (anticipatory emotion), որ կը յայտնուի նման խելացնոր մարդոց մէջ, որոնք իրենց անձերը կը դիտարկեն յարաբերաբար իրենց բարեկամին կամ ընկերոջ հետ»։ Ո՛րքան ալ փորձես դուն քեզ բաղդատել այլոց հետ, ուրիշներու նմանիլ, դուն քեզ գերադաս նկատել, քու հասցէիդ զուր տեղ ինքնագովասանք հիւսել, այդ «բարի» նախանձը, ընդհակառակը, շրջանակիդ մէջ քեզ անախորժ ու անընդունելի կը դարձնէ։ Անձնական կեցուածքդ, խօսքդ ու կարծիքդ ունեցիր եւ պիտի տեսնես, որ նախանձը մէջէդ արմատախիլ եղած է եւ եսդ սիրով փոխարինուած։
Նախանձոտը երբեք ինքնավստահ չի կրնար ըլլալ եւ ոչ ալ կը ձգտի դժուարութիւններու հանդիպելով՝ իր նպատակը իրագործել։ Անինքն ավստահութեան ախտէն տառապելով՝ պարզապէս նախանձ կոչուած «բոյն»ը կ՚ընդարձակէ եւ այլոց բարի ընթացքը կ՚արգելակէ ու «կ՚անդամալուծէ»։ Եթէ կը նախանձիս, ուրեմն կրնաս նաեւ ատել, ստել, չարաբանել, խարդախել եւ կեանքիդ իմաստն ու նպատակը ամբողջապէս յոռեշրջել։ Թրթուրը ծառը կ՚ուտէ եւ արմատախիլ կ՚ընէ, իսկ ցեցը՝ բուրդը, այդպէս ալ նախանձի հուրը նախանձողիդ ոսկորները կը խժռէ եւ հոգիդ կ՚ապականէ։ Մի՛ նախանձիր, դուն քեզ երբեք մի՛ արժեզրկեր, մի՛ յուսալքուիր, այլ դուն ալ փորձէ՛ եւ արարէ՛։ Կրնայ ըլլալ առաջին իսկ վայրկեանէն չյաջողիս, բայց դարձեալ փորձէ՛ ու անպայման գործդ յաջողութեամբ պիտի պսակուի։
Եկեղեցւոյ հայրերը նախանձի կործանիչ բնոյթը եւ զազրելիութիւնը նկատելով, զայն համարած են որպէս մահացու մեղք։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զղջման աղօթքին մէջ կը կարդանք. «Տակաւին, մեղանչեցինք այն եօթը յանցանքներով որոնք մահացու մեղքերն են.- հպարտութեամբ, նախանձով, բարկութեամբ, ծուլութեամբ, ագահութեամբ, որկրամոլութեամբ, պղծասիրութեամբ, եւ ասոնց բոլոր տեսակներովը՝ մեղանչեցինք Աստուծոյ դէմ»։ Մահացու մեղք համարուող նախանձը իր վեց ընկերակից արբանեակներով մարդուն կեանքը կը պարունակազրկէ եւ իր հունէն ամբողջապէս կը շեղեցնէ։ Ինչպէս որ երբ արեւը կը ծագի, այդ ժամանակ շուքը մարդուն առջեւ կը յայտնուի, նոյնպէս ալ առաքինի մարդու բարի գործերու յաջողութենէն ետք՝ նախանձը ծնունդ կ՚առնէ։ Եթէ կ՚ուզես յաչաղկոտ ընկերոջդ սրտաթափ ընել, առանց ետեւ նայելու՝ նպատակդ հետապնդէ՛։ Միշտ մտաբերէ՛, որ առաքինագործ մարդու բարի համբաւը նախանձոտ մարդու կեանքի դահիճն է։
Պօղոս առաքեալ Գաղատացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը թուարկէ մարմնի գործած չարապատիր գործերը, նախ կը յուշէ նախանձը, ապա չար կամեցողութիւնը՝ ըսելով. «Մարդկային գործերը յայտնի են, ինչպէս՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, անբարոյութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, կռիւ, ՆԱԽԱՆՁ, բարկութիւն, հակառակութիւն, երկպառակութիւն, բաժանումներ, ՉԱՐ ԿԱՄԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ» (Գղ 5.19-21)։ Իսկ այլուր կ՚ըսէ. «Սէր ունեցողը չի նախանձիր» (Ա.Կր 13.4)։ Եթէ սիրոյ փոխարէն նախանձի սերմեր ցանած ես, այդ պարագային այժմ պահն է եսդ ու եսասիրութիւնդ, ուրիշներու հանդէպ ունեցած նախանձի ու ատելութեան զգացումներդ, անտարբերութիւնդ ու ծուլութիւնդ արմատախիլ ընելու։ Գրիգոր Նիւսացի կ՚ըսէ. «Նախանձը չարութեան սկիզբն է, մահուան մայրը, մեղքի դուռը եւ ամէն չարիքի արմատը»։ Նախանձը հոգիդ կը կրծէ եւ սեւամաղձ թոյնով կը մրոտէ, միտքդ ու ողջ էութիւնդ ուրիշներու յաջողութեան վրայ կը կեդրոնացնէ եւ կեանքիդ իմաստը ամբողջապէս կը յոռեշրջէ։
Շատեր ի՜նչ-ի՜նչ նպատակներով, ծրագիրներով ու երազներով կը սկսին իրենց երիտասարդական կեանքին, բայց հազիւ թեւակոխած կեանքի առաջին հանգրուան, կուրօրէն իրենց «անկեղծ» կարծուած բարեկամներուն կողմէ սարքուած թակարդին մէջ կ՚իյնան։ «Սերտ» համարուած ու ժպտաշուրթն դէմքով քեզի ներկայացած բարեկամդ իր թունալից լեզուով քու մասիդ կը բամբասէ, հասցէիդ լուտանքներ կ՚արձակէ՝ երջանկութեանդ, յաջողութեանդ ու վերելքիդ նախանձելով։ Իսկական ընկերդ այն անձն է, որ ուրախութեանդ չի նախանձիր, այլ ուրախութիւնդ կը բաժնեկցի։ Հարազատ բարեկամդ այն է, որ քու կոտտացող ցաւերուդ ցաւակից, կարեկից ու մխիթարակից կը դառնայ, կը սփոփէ եւ կ՚ամոքէ վէրքերդ՝ գէթ վիշտերդ մեղմելու համար։ Աչք ունեցողը թող տեսնէ։
Մարտական արուեստի ծեր վարպետը կ՚որոշէ այլեւս երբեք չմարտնչիլ։ Բայց օր մը ինքնավստահ երիտասարդ մարտիկ մը զինք մարտի կը հրաւիրէ՝ պնդելով, որ ինք իր ծերունի ուսուցիչէն աւելի փորձառու է եւ ուժեղ։
Վարպետ ուսուցիչը պարզապէս կը նստի եւ հպարտ երիտասարդին խօսքերուն չ՚արձագանգեր։ Այն ատեն երիտասարդը կը սկսի վիրաւորել զինք, որպէսզի կարողանայ իրեն հետ մարտնչիլ։ Տեսնելով որ իր բոլոր հրահրող խօսքերը ապարդիւն են, յոյսը կը կտրէ ու կը հեռանայ։
Աշակերտները, որոնք լռութեամբ կը հետեւէին իրենց ուսուցիչին պատասխանին, կը զարմանան ու կը քննադատեն զինք՝ ըսելով.
-Արդեօք ձեզի համար ձեր պատիւը կարեւոր չէ՞։
Այն ատեն իմաստուն ուսուցիչը կը պատասխանէ.
-Երբ ձեզի նուէր կու տան, դուք զայն չէք ընդունիր, այդ ժամանակ այդ նուէրը որո՞ւ կը պատկանի։
-Անշուշտ անոր, որ կը նուիրէ։
-Նոյնն է պարագան նախանձի, չարութեան ու ատելութեան։ Եթէ մենք զանոնք չենք ընդունիր, ապա այդ բոլորը տուողին կը պատկանին։
Սիրելի՛ ընթերցող, կեանքը անծայրածիր ճանապարհ մըն է զանազան ակօսներով լեցուն։ Երբ կը քալես այդ ակօսներուն ընդմէջէն, երբեք միտքդ մի՛ չարչրկեր, մի՛ յուսալքուիր ու մի՛ ազդուիր նախանձոտ մարդոց չարադաւան վերաբերմունքէն, այլ ընդհակառակը, ապրէ՛ կեանքդ եւ իրագործէ՛ նպատակներդ ու երազներդ, որովհետեւ նախանձոտը յաջողութիւնդ տեսնելով՝ աւելի եւս կը տանջուի։
Լսուած խօսք է, թէ «Սէրը հեռադիտակի միջոցով կը նայի, իսկ նախանձը՝ մանրադիտակի»։ Մի՛ նախանձիր, այլ սէր ցանէ, որպէսզի սէր ստանաս։ Եթէ նախանձը քու մէջդ բոյն դրած է, այդ ժամանակ դուն քեզ երբեք ուրիշներու հետ մի՛ համեմատեր, այլ փորձէ վայրկեան մը առաջ այդ ախտէն ձերբազատուիլ։ Իւրաքանչիւր արարած կեանքի ճանապարհ մը ունի եւ ինքն է այդ ճանապարհը հարթողը, խնամողը եւ գեղեցկացնողը։ Ընկերոջդ նախանձելով՝ կը չարանաս եւ անզգալաբար չարութեան կողմնակիցը կը դառնաս։ Աստուծոյ առաջնորդութիւնն ու ապաւինութիւնը խնդրէ՛, ուժերուդ վստահէ՛, ինքնավստահութիւնդ վերստին ձե՛ռք բեր, նախքան գործդիդ սկսիլը՝ լա՛ւ ուսումնասիրէ եւ ըստ այնմ քայլդ կատարէ՛։ Փորձելով է, որ տեղ կը հասնիս եւ ոչ թէ նախանձելով ու ձեռնածալ նստելով՝ մեծ յաջողութիւններու կը հասնիս։
Նախանձելովդ քու ա՛նձդ է, որ կը տրտմեցնես ու կը կործանես եւ ոչ թէ այլ մէկը։ Շարունակէ՛ կեանքդ ապրիլ խաղաղութեամբ, աշխատասիրութեամբ եւ արարելով…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024